ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՆՈՂԸ

Կան մար­դիկ, ո­րոնք ո­րոշ շրջա­նա­կի մը կը ծա­ռա­յեն, կան մար­դիկ, ո­րոնք ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը կամ տե­ղի մը կը պատ­կա­նին, եւ կա՛ն մար­դիկ ալ, ո­րոնք հա­մայն մարդ­կու­թեան կը ծա­ռա­յեն, հա­մայն մարդ­կու­թեան պատ­կա­նող ան­հատ­ներ են։ Ար­դա­րեւ, աշ­խարհ հա­կա­ռակ գի­տու­թեան, ա­րուես­տի եւ շատ մը ու­րիշ մար­զե­րու մէջ ցոյց տուած հսկա­յա­քայլ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­նե­րուն, շատ դան­դա­ղօ­րէն կ՚առ­նէ բա­րո­յա­կան այն քայ­լա­փո­խը, այն­քան բազ­մա­պի­սի, բարդ եւ խո­րա­խոր­հուրդ ծա­ռա­յու­թեան մտա­ծում­նե­րու հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը։

Մար­դիկ, մինչ­դեռ ե­թէ ի­րենց զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը, անձ­նուի­րու­թիւն­նե­րը, ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը մա­տու­ցա­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ցոյց տան հա­մայն մարդ­կու­թեան, անխ­տիր, փո­խա­նակ ո­րոշ շրջա­նա­կի մը, ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը եւ ո­րոշ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը, ա­նոնք շատ ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ պի­տի զգան ի­րենք զի­րենք, քան ու­րիշ­նե­րու՝ ո­րոնք մաս­նա­կի ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նեն։ Մար­դոց հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը, ո՛վ կ՚ու­զէ ըլ­լայ, ո՛ւր կ՚ու­զէ ըլ­լայ, «մարդ ըլ­լալ»ու հան­գա­մանքն ալ ա՛յս կը պա­հան­ջէ։

Մարդ կրնայ ո­րոշ կրօ­նի մը, ո­րոշ ազ­գի մը, ո­րոշ երկ­րի մը պատ­կա­նիլ, եւ բնա­կան ու բա­նա­կան է ա­սի­կա, բայց մարդ կը պատ­կա­նի նաեւ մարդ­կու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին։ Այս կը նմա­նի հսկայ շէն­քէ մը ներս տար­բեր յար­կա­բա­ժին­նե­րու մէջ բնա­կող տար­բեր ըն­տա­նիք­նե­րու, ա­նոնք տար­բեր բա­ժին­նե­րու մէջ են, բայց մէկ տա­նի­քի տակ կ՚ապ­րին եւ ու­նին հա­սա­րա­կաց նկա­րա­գիր՝ նոյն բա­նը բաժ­նե­լու, նոյն բա­նը օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ նոյն տա­նի­քին ներ­քեւ «մեծ ըն­տան­իք» մը ըլ­լա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Մարդ­կու­թիւնն ալ աշ­խար­հի վրայ, հա­սա­րա­կաց այդ մեծ դաշ­տին վրայ կ՚ապ­րի եւ ա­նոր ան­դամ­նե­րը որ­քան ալ ու­նե­նան տար­բեր պատ­կա­նե­լիու­թիւն­ներ, ու­նին նաեւ հա­սա­րա­կաց պատ­կա­նե­լիու­թիւն մը՝ մարդ­կա­յին մեծ ըն­տան­քին պատ­կա­նե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Աշ­խար­հի տա­նի­քին ներ­քեւ ապ­րող մար­դիկ «ըն­տա­նիք» կը կազ­մեն, ո­րոնց ա­մէն մէկ ան­դա­մը ի­րա­րու կա­պուած են սեր­տօ­րէն՝ բնա­կան եւ ա­մուր կա­պե­րով։

Զոր օ­րի­նակ, գի­տու­թեան մարդ մը՝ իր ամ­բողջ ու­սու­մը, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, աշ­խա­տու­թիւ­նը կ՚ը­նէ հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար, անխ­տիր բո­լոր մար­դոց օգ­տին, ա­նոնց ծա­ռա­յե­լու նպա­տա­կով։

Գի­տու­թիւ­նը, իր ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, ո՛չ կրօնք ու­նի եւ ո՛չ ալ ազ­գու­թիւն, ան հա­մայն մարդ­կու­թեան պատ­կա­նող ար­ժէք մըն է։ Նաեւ ա­րուես­տը՝ ան ալ հա­մաշ­խար­հա­յին ար­ժէք մըն է՝ ընդ­հա­նուր եւ ան­ժա­մա­նա՛կ։ Ուս­տի կան կարգ մը մտա­ծում­ներ, ո­րոնց հա­մար մարդ­կա­յին միտ­քը կը բո­ղո­քէ, չ՚ըն­դու­նիր։ Ա­սի­կա ըմ­բոս­տու­թիւն պէտք չէ հա­մա­րուի, այլ՝ ճշմար­տու­թեան եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան հա­ւա­տար­մու­թիւն, մարդ­կա­յին ար­ժա­նի­քին, մա՛րդ ըլ­լա­լու շնոր­հին յայտ­նա­բե­րո՛ւ­մը։

Եւ այս ի­մաս­տով, գի­տու­թիւն եւ ա­րուեստ, այս եր­կու ար­ժէք­նե­րը սե­փա­կա­նաց­նել կա­րե­լի չէ, քա­նի որ ա­նոնք կը պատ­կա­նին հա­մայն մարդ­կու­թեան, հա­մայն աշ­խար­հի։ Ար­դա­րեւ մար­դուս միտ­քը եւ հո­գին, մտա­ծում­նե­րը եւ զգա­ցում­ներն ալ հա­մա­մարդ­կա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին են եւ պէտք է բաժ­նել զա­նոք բո­լոր մարդ ան­հատ­նե­րու հետ, անխ­տիր եւ հա­ւա­սա՛ր։

Ան­շուշտ, ամ­բողջ մը կազ­մուած է փոքր մաս­նիկ­նե­րէ, ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ են, որ կը կազ­մեն այդ ամ­բող­ջը, եւ այս պատ­ճա­ռով, չենք կրնար ու­րա­նալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, բայց ա­նոնց վրայ կառ­չած մնա­լով պէտք չէ՛ որ վնաս պատ­ճա­ռուի ամ­բող­ջին կազ­մու­թեան։

Ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով «մշա­կոյթ»ն ալ նոյնն է՝ ա­մէն ժո­ղո­վուրդ, ա­մէն ազգ իւ­րա­յա­տուկ մշա­կոյթ մը ու­նի, բայց այդ մշա­կոյ­թը, որ­պէս ար­ժէք, մաս մըն է ընդ­հա­նուր մարդ­կա­յին մշա­կոյ­թին, մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կաց միտ­քին եւ զգա­ցում­նե­րուն։ Բայց ի վեր­ջոյ՝ մարդ­կա­յին միտ­քի, մարդ­կա­յին զգա­ցում­նե­րու ար­դիւնք է ա­նի­կա։

Մշա­կոյ­թը, որ­քան ալ մաս­նա­կի ըլ­լայ, որ­քան ալ ո­րոշ պատ­կա­նե­լիու­թիւն մը ու­նե­նայ, ա­նու­րա­նա­լի է, թէ ա­նի­կա մար­դուն միտ­քին եւ զգա­ցում­նե­րուն մէկ ար­տադ­րու­թիւ­նը, ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ՝ մշա­կոյթ ըլ­լա­լու հա­մար նախ պէտք է որ «մարդ» գո­յու­թիւն ու­նե­նայ, մարդ­կու­թիւն ըլ­լայ, եւ ու­րեմն մշա­կոյ­թը կը պատ­կա­նի մարդ­կու­թեան։ Եւ ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ մատ­նա­նիշ ը­րինք, գի­տու­թիւ­նը եւ ա­րուեստն ալ, նոյն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ կը պատ­կա­նին հա­մայն մարդ­կու­թեան, քա­նի որ ա­նոնք մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կաց միտ­քի եւ զգա­ցում­նե­րու բնա­կան ար­դիւնք­ներն են։

Եւ մարդ­կու­թեան շատ կա­րե­ւոր մէկ հար­ցը՝ «ար­դա­րու­թի՛ւն»ը։ Ար­դա­րու­թիւնն ալ, որ մարդ­կա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան, ա­զա­տու­թեան, ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, ամ­բողջ մարդ­կու­թեան պատ­կա­նող գա­ղա­փար մը, ար­ժէք մըն է։ Ար­դա­րու­թիւ­նը բա­րո­յա­կան ար­ժէք մըն է, որ պէտք է ի­րա­գոր­ծուի բո­լոր մարդ­կու­թեան ի նպաստ, ա­ռանց ո­րե­ւէ խտրու­թեան, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, ա­ռանց ա­չա­ռու­թեան։

Ար­դա­րու­թիւ­նը երկ­սայ­րի սու­սեր մըն է, որ չի՛ խնա­յեր, թէ՛ տկա­րը՝ իր տկա­րու­թեա­նը հա­մար եւ թէ՛ զօ­րա­ւո­րը՝ իր զօ­րա­ւո­րու­թեա­նը հա­մար։ Եւ քա­նի որ ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած է տկար­նե­րէ եւ զօ­րա­ւոր­նե­րէ, ա­պա ու­րեմն ար­դա­րու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի հա­մայն մարդ­կու­թեա՛ն։

Ուս­տի այն ար­ժէ­քը, որ կը բխի մար­դուս միտ­քէն եւ հո­գիէն, հա­սա­րա­կաց ար­ժէք մըն է եւ կը պատ­կա­նի հա­մայն մարդ­կու­թեան՝ չնա­յե­լով թէ այն մար­դը, որ­մէ բխած է այդ ար­ժէ­քը, կը պատ­կա­նի այս կամ այն հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ կը ծա­ռա­յէ այս կամ այն մտայ­նու­թեան։ Մարդ­կա­յին միտ­քի եւ հո­գիի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը հա­սա­րա­կաց միտ­քի եւ հո­գիի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ են եւ ու­րեմն կը պատ­կա­նին բո­լոր մարդ­կու­թեան։

Գի­տու­թիւն, ա­րուեստ, մշա­կոյթ եւ ար­դա­րու­թիւն մեծ ար­ժէք­ներ են՝ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ստու­գա­նիշ­նե­րը, ո­րոնք մար­դուս բա­նա­կա­նու­թեան, գի­տակ­ցու­թեան եւ զգա­ցո­րու­թեան հե­տե­ւանք­ներն են. մէկ խօս­քով մարդ­կա­յին են, եւ մարդ­կու­թեան կը պատ­կա­նին, պէտք է օգ­տա­գոր­ծեն մարդ­կու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը անխ­տիր, բո­լոր ան­հատ­նե­րը ա­ռանց ո­րե­ւէ բա­ցա­ռու­թեան։

Եւ մարդ­կու­թեան մեծ ըն­տան­քին ան­դամ ըլ­լալ այս կը նշա­նա­կէ եւ ա՛յս կը պա­հան­ջէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 27, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017