ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ…
ՆԱԽԱԲԱՆ
«Nike» թենիսի յատուկ կօշիկներ («tennis shoes») արտադրող աշխարհահռչակ ընկերութիւն մըն է, որուն կօշիկները սիրուած եւ փնտռուած են աշխարհով մէկ, որքան որ ալ սուղ ըլլան անոնք։ Այս ընկերութիւնը հիմնուած է 1964 թուականին, Օրեկոն նահանգի Իւճին քաղաքին մէջ։
Վերջերս սակայն այդ ընկերութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ տարօրինակ երեւոյթի մը, որ ցնցեց զայն եւ հարկադրուեցաւ դատական միջոցներով վերջ տալ այդ անիրաւութեան։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, որ ինչ է տեղի ունեցածը։
«SATAN SHOES»
Ուրեմն, 2016 թուականին Պրուքլինի մէջ հիմնուած ուրիշ ընկերութիւն մը՝ «MSCHF» անունով, «Nike Air Max 97» տեսակի 160 տոլար արժող կօշիկները կարգ մը բարեփոխումներով վերան-ւանած է «Satan shoes» (տես նկարը) եւ ծախու դրած՝ 1.018 տոլարի։
Այդ կօշիկներէն արտադրած է միայն 666 զոյգ։ Իսկ ի՞նչ է յատկանիշը այդ կօշիկներուն՝ զորս կոչած է «Սատանայ» կօշիկներ։ Անոնց վրայ կարմիրով գրուած է, «Luke» 10:18։ Եթէ Սուրբ Գիրքը բանաք Ղուկասու Աւետարանի 10-րդ գլխու, 18-րդ համարը՝ հոն պիտի կարդաք հետեւեալը. Յիսուս ըսաւ անոնց, «Սատանան փայլակի պէս երկինքէն վար ինկած կը տեսնէի»։
Առաւել՝ այդ կօշիկներուն կռունկներուն մէջ զետեղուած է մարդկային արիւն։ Բայց արիւնը ի՞նչ առընչութիւն ունի Սատանայինն հետ, չհասկցայ։ Բարեբախտաբար «Nike» եւ «MSCHF» ընկերութիւնները իրարու հետ համաձայնած են, որ շուկայէն յետս կոչեն այդ կօշիկները։ Իսկ արդէն անոնք որոնք գնած են այդ կօշիկները, իրենց պիտի վերադարձուի լման գինը, առ ի հատուցում։
«JESUS SHOES»
Զարմանալիօրէն նոյն այդ ընկերութիւնը՝ «MSCHF», «Nike Air Max 97» տե-սակի կօշիկներէն ուրիշ տարբերակ մը հանած է եւ զայն կոչած՝ «Jesus shoes» (տես նկարը) եւ ծախու հանած 4 հազար տոլարի։ «Յիսուս» կօշիկները՝ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, զարդարուած են խաչով եւ անոնց կռունկներուն մէջ զետեղուած է «սրբացած» ջուր… «Holy water»ը Յորդանան գետէն բերուած եւ կղերականի մը կողմէ օրհնուած ջուր է։
Առաւել՝ կօշիկներուն վրայ գրուած է «MT.» 14:25. դարձեալ եթէ Սուրբ Գիրքը բանաք Մատթէոսի Աւետարանի 14-րդ գլխու 25-րդ համարը, հոն պիտի կարդաք հետեւեալը. «Գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս դէպի նաւը գնաց, ծովուն վրայէն քալելով»։ Ուրեմն միտք բանին այն է, թէ այդ կօշիկները հագնողն ալ իբրեւ թէ՝ Յիսուսի նման ջուրի վրայէն կը քալէ…
Բայց՝ եթէ ինծի հարցնէք, ի՞նչ պէտքը կայ Աւետարանը մէջբերելու կօշիկներուն վրայ։ Ուրիշ տեղ չմնա՞ց Աւետարանը քարոզելու։
Յաջորդիւ պիտի նկարագրեմ «Nike» ընկերութեան կողմէ արտադրուած ուրիշ կօշիկներ, որոնք բարեբախտաբար Սուրբ Գրային բնոյթ չունին՝ այլ կը ներկայացնեն պատմական երեւոյթներ, գիտական թէ ֆիլմարուեստի բնագաւառներէն։
«LUNAR SHOES»
Առաջին առթիւ թոյլ տուէք նկարագրել զոյգ մը կօշիկ՝ որ կը ներկայացնէ երեւոյթ մը, գիտական աշխարհէն։ Յունիս 7, 1969 թուականին, ամերիկացի աստղանաւորդ Նիըլ Արմսթրոնկ առաջին մարդը հանդիսացաւ, որ ոտք կոխեց լուսնի վրայ եւ մի քանի քայլ առնելով՝ հոն զետեղեց ամերիկեան դրօշակը։ Պատմական այս երեւոյթը յաւերժացնելու համար՝ «Nike» ընկերութիւնը արտադրած է «Lunar shoes» (տես նկարը), այսինքն լուսնային կօշիկներ՝ որոնց գինը հասած է մինչեւ 100 հազար տոլարի։ Եթէ ուշի ուշով դիտէք նկարը, պիտի տեսնէք, թէ այդ կ՚արտացոլացնէ լուսնի ենթադրեալ մակերեսը։
BACK TO THE FUTURE SHOES
«Nike» ընկերութիւնը շարժանկարի աշխարհէն ալ ընտրած է 1985 թուականին արտադրուած հռչակաւոր «Back to the Future» ժապաւէնը եւ զայն յաւերժացնելու համար արտադրած է զոյգ մը կօշիկ, (տես նկարը) որ այդ ժամանակ ծախուած է 15 հազար տոլարի…
Իսկ ի՞նչ է յատկանիշը այս կօշիկին, այդ որ՝ անոնք առանց կապի են։ Սա երեւոյթ մըն է, որ պիտի իրականանար «ապագային» միայն։ Անշուշտ հիմա այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ։
Վերոյիշեալ հազուագիւտ երեւոյթներ արտացոլացնող կօշիկներու շարքը տակաւին շատ երկար է, սակայն դժուար է բոլորին տեղ յատկացնել, քանի այդ ձանձրացուցիչ պիտի ըլլայ ընթերցողին համար։ Ուստի կը բաւականանանք այսքանով եւ մնացեալը կը թողունք ընթերցողի երեւակայութեան ու վերջ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ որքան ալ «Nike» ընկերութիւնը կ՚ուզէ անմահացնել պատմական թէ ընկերային բացառիկ երեւոյթներ, «bottom line»ը՝ ինչպէս որ ամերիկացիներ կ՚ըսեն, դրամ շահիլն է, չէ՞ք խորհիր!
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Եզրակացնելով անհրաժեշտ է ըսել, որ կօշիկներու վերոյիշեալ բոլոր գիները թէեւ սուղ են, բայց ժամանակի անցումին հետ անոնց նախնական գիները կը նուազին եւ աւելի մատչելի կը դառնան ժողովուրդին համար։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան