ԶԱՒԱԿԱՑ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Խրիմեան Հայրիկ ծնողական պարտաւորութեան մասին խօսելէ ետք իր 13-րդ գլուխով «Զաւակաց պարտիք առ ծնողս» խորագրին տակ կը խօսի զաւակներու պարտաւորութիւններուն մասին. ընտանեկան կեանքը փոխադարձ պարտաւորութիւններով լեցուն կեանք մըն է եւ այդ պարտաւորութիւններու փոխադարձ կիրառումն է, որ սէր ու խաղաղութիւն կը ստեղծէ ընտանիքէն ներս:

Զաւակներու առաջին պարտաւորութիւնը ծնողներու հանդէպ սէրն է եւ զաւակը այդ սէրը փոխադարձաբար կը սորվի ընտանիքէն. այդ սէրը վստահաբար պարտի ըլլալ փոխադարձ։ Երբ մանուկը լոյս աշխարհ կու գայ, չի՛ ճանչնար սէրը եւ ան այդ մէկը կը սորվի մօր գիրկին մէջ եւ այդ գիրկին մէջ ինչքա՛ն սիրով շրջապատուած հասակ առնէ, անոր սիրտին մէջ այնքան մեծ կ՚ըլլայ սէրը: Այդ սիրոյ գիտակցութեան մէջ է, որ մանուկը կը հասկնայ, թէ զինք լոյս աշխարհ բերողը ծնողքն է. ան պարզապէս չգոյութիւն մըն էր առանց իր ծնողներուն եւ հետեւաբար այդ երախտապարտութիւնը իր սիրոյ ճամբով պարտի յայտնել:

Հայրիկ կը կարեւորէ ծնողական սէրը, որովհետեւ անոր բառերով «չկայ աշխարհիս վերայ ուրիշ ոք, ո՛չ եղբայր, ոչ քոյր, ոչ բարեկամ, ոչ ազգական եւ ոչ իսկ ամուսին, որ զինք այնչափ գորովով սիրէ ու խանդաղատի, ինչպէս ծնողք»:

Զաւակ մը պարտի ճանչնալ, որ իրենց տան թագաւորութեան թագաւորն ու թագուհին հայրն ու մայրն է եւ հետեւաբար պէտք է հպատակիլ ու հնազանդիլ. այդ մէկը սակայն ծառայի եւ տիրոջ հպատակութիւն մը չէ, այլ ծնողքին կողմէ սիրոյ, իսկ զաւակին կողմէ երախտագիտութեան զգացում եւ արտայայտութիւն մըն է. ընտանեկան կեանքին մէջ փոխադարձ է ամէն բան։ Երբ մանուկը փոքր է, ծնողքը ամէն տեսակ յոգնութիւն, չարչարանք ու տառապանք կը քաշէ եւ այս զոհողութեան դիմաց զաւակները կը հատուցանեն անոնց ծերութեան ժամանակ. փոքր ժամանակ ծնողքի մը պարտաւորութիւնն է զաւակը խնամել, իսկ երբ անոնք ծերանան, զաւակի մը պարտաւորութիւնն է խնամել զիրենք մինչեւ գերեզման: Նման զաւակներ Հայրիկ կը կոչէ «օրհնեալ զաւակներ». օրհնեալ զաւակներ են անոնք՝ որոնք «մինչեւ ցվախճան ծնողաց ամէն պարտիքները կատարելու միշտ յօժարափոյթ են». սակայն Հայրիկ կը դժգոհի, որովհետեւ կը սկսի հայ ընտանիքներու մէջ տեսնել «անխրատ, ապիրատ, անգութ, աննուէր, ստահակ, անհնազանդ ծնողաց, անհաւան եւ անառակ զաւակներ», որոնք հօր եւ մօր բոլոր զոհողութիւնները մոռցած, խնամք, սէր ու գութ ոտնահարելով անառակ կեանք մը կ՚ապրին:

Հայրիկ այդպիսիները կը նմանեցնէ Աւետարանին մէջ յիշուած անառակ որդիին եւ հարց կու տայ, թէ մերօրեայ անառակ որդիներէն քանի՞ն դարձեալ հօր տուն կը վերադառնան եւ կը գիտակցին իրենց ըրած սխալին. ու պէտք է մտածել, որ այսօր ալ կա՞ն ծնողներ, որոնք գրկաբաց ընդունին անառակ որդիին վերադարձը:

Այստեղ Հայրիկ կը յիշէ ընտանիքներ, որոնք իրենց անառակ զաւակի վերադարձին դիմաց խստասիրտ կը գտնուին. «աններող խստասրտութեամբ ծնողական սիրոյն եւ գթոյն դուռը փակելով՝ թողուն, որ տարամերժեալ թշուառ զաւակը հայրենի տան դրան առաջ ինկած՝ Ղազարոսին պէս անտէրունչ եւ սովատանջ մեռնի: Եւ ի՞նչ կ՚ընեն յայնժամ փառասէր ու խստասիրտ ծնողք, իսկոյն կը հաշտուին անշշունջ դիակին հետը, մեծ պատուով եւ շքով յուղարկաւորութեան հանդէս կը կազմեն եւ կը թաղեն անառակ որդին իբրեւ մեծատան զաւակ», կ՚ըսէ Հայրիկ: Դժբախտաբար այդ երեւոյթը շա՜տ աւելիով կը տեսնենք այսօր. կը տեսնենք, թէ ինչպէս եղբայր ու քոյր, քոյր ու մայր, հայր ու զաւակ երկար տարիներ թշնամաբար չեն խօսիր՝ մինչեւ որ կողմերէն մէկը մահանայ եւ այն ժամանակ կենդանութեան թշնամաբար ապրողը կը դառնայ սգաւոր... գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ:

Հին ժամանակ այնքան ալ կարելի չէր տեսնել նման թշնամանք. մարդիկ չունէին ուսում, սակայն ունէին սրբազան արժէքներ։ Ժամանակը ինչքա՛ն յառաջդիմեց, ինչքան աշխարհը զարգացաւ, այդ արժէքները այդքան ոտնակոխ եղան, որովհետեւ այդ մէկը, ինչպէս Հայրիկ կ՚ըսէ «անդաստիարակ յառաջդիմութիւն» է, ինչ որ յստակ տարբերութիւն մը կը ստեղծէ անցեալին եւ ներկային միջեւ:

Հայրիկի համաձայն, բարեկեցիկ կեանք կ՚ապրին ո՛չ թէ անոնք, որոնք մեծ հարստութիւններու տէր են, այլ անոնք՝ որոնք «օրհնեալ եւ գովեալ են այն բարեյիշատակ ծնողք, որ այդ սուրբ պարտիքները անթերի կը կատարեն». Սողոմոն իմաստուն եւս այս միտքը կը յայտնէ, ըսելով՝ «Պատուա՛ զհայր եւ զմայր, զի բարի լինիցի քեզ». իսկ հայրը մայրը չի պատուելու համար Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «որ անարգէ զհայր եւ զմայր, բիրք աչաց նորա խաւարեսցին»: Աստուածաշունչը խիստ ձեւով կը դատէ ապաշնորհ զաւակները, մինչեւ իսկ յայտնելով, որ «չար յիշատակ զաւակները կուրնան, լոյս եւ արեւ չի տեսնան, խաւար աչքով շրջին աշխարհիս վերայ, որպէսզի տեսնան ու սոսկան հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները», կ՚ըսէ Հայրիկ:

Հետեւաբար Հայրիկ խօսքը ուղղելով մեզմէ իւրաքանչիւրին, կ՚ըսէ. «Ուրեմն ո՜վ դուք, որ աշխարհիս վերայ հայր եւ մայր ունիք. ընտանեկան կենաց ու ծնողական գրկարանին մէջ կ՚ապրիք, թէ՛ մեծ եւ թէ փոքր, թէ՛ անդրանիկ եւ թէ կրտսեր, թէ՛ քոյր եւ թէ եղբայր, առ հասարակ ձեզ յորդոր խօսելով համառօտեմ ճառիս միտքը եւ ձեր պարտիքները, ուշադիր եղիք: Գիտէք, ո՛վ են նոքա որ ձեզ կեանք տուին, այս աշխարհ բերին. նոցա անուն հայր եւ մայր կը կոչուի, եւ ձեր ծնողքն են. դուք պարտաւոր էք նոցա, սէրը՝ սիրոյն դէմ փոխարինել»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար նոր սերունդը գիրք չի կարդար:

Պատասխան. Նոր սերունդին գիրք չկարդալը պայմանաւորուած է մի քանի տարբեր գործօններով.- արուեստագիտութեան զարգացումը, համացանց ու թուայնացուած աշխարհը անոնց կը տրամադրէ «ակնթարթային գոհունակութիւն» եւ աւելի կարճ ուշադրութիւն պահանջելով կը փոխանցէ տեղեկութիւններ, ինչ որ ընթերցանութեամբ աւելի երկար ժամանակ պիտի պահանջէ: Կրթական համակարգը կեդրոնացած է կարճ բովանդակութեան եւ մակերեւութային ըմբռնման վրայ: Միւս կողմէ, համացանցը անվճար աղբիւր մըն է նոր սերունդին համար, մինչ գիրքերը շատ անգամ վճարովի ըլլալով կրնան որպէս «շքեղութիւն» դիտուիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 4, 2024