ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Խոհեմութիւն» զգուշաւոր եւ շրջահայեաց ըլլալ, որեւէ գործի մը սկսելէ առաջ լա՛ւ մը խորհիլ եւ մէկ անգամէն որոշում չտա՛լ, կը նշանակէ։ Այս իմաստով «խոհեմութիւն»ը առաքինութիւն մըն է, յատկութիւն մը՝ որ մարդս կը պահէ շատ մը վտանգներէ եւ արգելք կը հանդիսանայ հաւանական վնասներու իրականացման։ Ոմանք այս առաքինութիւնը «վախկոտութիւն» կամ «չէզոքութիւն» կը համարեն, եւ թերեւս ծուլութիւն կամ ամլութիւն։ Բայց խոհեմութիւնը երբեք արգելք չէ՛ գործելու, արտադրելու, այլ՝ պատճառ՝ լաւ գործելու, շիտակ արտադրելու։
Արդարեւ կեանքի մէջ շիտակ որոշում տալ, դժուար գործ է, իսկ «որոշում տալ»ը ա՛լ աւելի դժուար գո՛րծ…։ Ուրեմն մարդ նախ պէտք է որոշում տալու, յետոյ շիտակ որոշում տալու եւ գործելու առաքինութիւնը ունենայ, եւ ահաւասիկ «շիտակ որոշում» տալու ամենալաւ ճամբան է՝ խոհեմութիւնը։
Ուստի խոհեմ մարդը քիչ կը սխալի, քիչ անգամ վնասակար գործ կ՚ընէ, քանի որ սխալներէ բոլորովին խուսափիլ կարելի չէ՛, քանի որ մարդ ունի մարդկային տկարութիւններ, թերութիւններ եւ անկատարութիւններ։
Խոհեմութիւնը, արդարեւ, Աստուծոյ շնորհքին յայտնութեան մէկ կերպն է։ Քանի որ խոհեմութիւնը իմաստութիւն կը պահանջէ եւ Աստուած «իմաստութիւն» իսկ է եւ իմաստութեան ամբողջ արտայայտութի՛ւն։
«Որքա՜ն մեծ է Իր շնորհքը, որ առատօրէն տուաւ մեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ։ Քանի որ Իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած Իր ծրագիրը՝ որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի» (ԵՓԵՍ. Ա 7-9)։
Քրիստոս շատ անգամ խոհեմութեան օրինակը ցոյց տուած է Իր արարքներով։ «Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները։ Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 23) հարցումին տուած պատասխանը, իրապէս խոհեմութեան հրաշալի օրինակ մըն է։
Ուստի հարցումի մը փոխադարձ հարցումով պատասխանել՝ խոհեմութեան տիպար մըն է, որով շատ մը անպատեհութիւններ կարելի կ՚ըլլայ կանխել։
Ինչպէս նաեւ տուրք վճարելու հարցին Յիսուսի տուած «Գացէք եւ ի՛նչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ի՛նչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21), խոհեմութեան հիանալի՜ մէկ օրինակն է։ Խոհեմութիւն է, ուրեմն հարցում մը հարցնողին՝ իր հարցումին վրայ անգամ մը եւս խորհելու առիթ տալ, հարցումին բուն նպատակը լա՛ւ հասկնալ, եթէ կայ հարցումին մէջ ծածկուած, քօղարկուած նպատակ մը, հասկնալ եւ ըստ այնմ վարուիլ։
Ահաւասիկ ա՛յս է խոհեմութեան իմաստը։ Ինչպէս ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ.- երկու անգամ խորհիլ եւ ապա խօսիլ ու գործել։ Երկու անգամ խորհիլ կը նշանակէ՝ ուսումնասիրել, դատել, կշռել եւ յետոյ որոշում մը տալ։ Այս է ողջամտութիւնը եւ այս է խոհեմ մարդու ընելիքը։ Առանց լաւ մը խորհելու՝ չխօսիլ, չգործել…։
Ուստի խոհեմութիւնը՝ միշտ կցուած է եւ համընթաց իմաստութեան հետ, ինչպէս կ՚ըսէ Առակախօսը.
«Ես եմ իմաստութիւնը եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմ եւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ» (ԱՌԱԿ. Ը 12)։ Եւ իմաստունները անուանի են, քանի որ խոհեմութեամբ կը գործեն։
«Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուի եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը աւելի եւս կ՚աւելցնէ» (ԱՌԱԿ. ԺԶ 21)։
Եւ անոնք՝ որ խոհեմութիւն ունին, գիտութիւն կը ստանան. «Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ» (ԱՌԱԿ. ԺԸ 15)։ Եւ խոհեմ մարդիկ իրենց ընթացքը լաւ կ՚որոշեն։
«Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ։ Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի, բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ՚ըլլայ» (ԱՌԱԿ. ԺԴ 15-16)։
Խոհեմ մարդիկ ուղիղ ճամբան եւ ճշմարտութիւնը՝ Աստուծոյ կամքը եւ ուղղութիւնը կը հասկնան եւ ըստ այնմ կը շարժին եւ քիչ կը սխալին։
«Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։ Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են, արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին» (ՈՎՍԵԱՅ ԺԴ 9)։ Քանի որ խոհեմ մարդիկ գիտութեան լոյսով պսակուած են։
«Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն, բայց խելացիները գիտութեամբ կը պսակուին» (ԱՌԱԿ. ԺԴ 18)։ Գիտութեան լոյսը միշտ կը լուսաւորէ խոհեմ մարդիկը եւ անոնք կ՚ընթանան լոյսի ճամբաներու մէջ, եւ այս իսկ պատճառով սխալելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է։
Նաեւ խոհեմութեամբ շարժող մարդիկ, ընդհանրապէս ցոյց չեն տար իրենց գիտութիւնը եւ անոնք չեն հպարտանար իրենց գիտութեամբ։
«Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ, բայց յիմարներուն (անխոհեմներուն) սիրտը (անխոհեմութիւնը) յիմարութիւնը կը հրատարակէ» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 23)։ Անխորհուրդ վարուիլ՝ մարդս շատ անգամ սխալ ճամբաներու կը տանի, եւ կը յայտնէ անխորհուրդ վիճակը իրեն։
Բոլոր այս հատուածները ցոյց կու տան, թէ՝ առաքինութիւն մըն է խոհեմութիւնը, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մարդուս ճշմարիտ բարին եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու։ Խոհեմութիւնը, ուրեմն «ուղիղ կանո՛նն է գործին», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Խոհեմութիւնը պէտք չէ՛ շփոթել ո՛չ երկչոտութեան կամ վախին հետ, ո՛չ երկդիմութեան եւ ծածկամտութեան հետ։
Ուստի խոհեմութիւնը կոչուած է՝ առաքինութիւններուն ռահվիրան։ Ան է որ կ՚առաջնորդէ ու կը զարգացնէ միւս առաքինութիւնները մարդուն մէջ, անոնց ուղղութիւն տալով եւ մատնանշելով անոնց կանոն, չափ, կշիռ ու սահման։
Արդարեւ խոհեմութիւնն է, որ կ՚առաջնորդէ անմիջաբար խղճմտանքի դատողութիւնը։
Խոհեմ մարդը իր ընթացքը կ՚որոշէ եւ կ՚ուղղէ այս դատողութեան համեմատ։ Շնորհիւ այս առաքինութեան՝ մարդիկ անսխա՛լ կը գործադրեն բարոյական սկզբունքները առանձնայատուկ պարագաներու մէջ եւ կը յաղթահարեն տարակոյսներուն ու կասկածներուն՝ կատարելիք բարիին եւ զգուշանալիք չարին մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 19, 2015, Իսթանպուլ