«ԷՍԱԵԱՆԻ ՈԳԻՆ»
4 ՅՈՒՆԻՍ 2016, Շաբաթ, Էսաեան վարժարանի «ԲԱԺԱԿԻ ՕՐ» է։ Յիշատակներու վերակոչման, ոգեւոր եւ խանդավառ օր մը՝ բոլոր անոնց համար, որ Էսաեան վարժարանէն յիշատակ մը ունին, ապրուած կեանք մը, սիրոյ եւ ջերմ զգացումներու շրջան մը, որ անջնջելի դրոշմ մը թողած է իրենց հոգիին խորը։
Եւ այս տրուպ գրիչը երբ առաջին անգամ 1972 թուականին ծանօթանալու հաճոյքը ունեցաւ Աննիկ Պալքըշի հետ, մօտէն ծանօթացաւ նաեւ Էսաեան վարժարանի հետ, քանի որ այդ թուականէն վերջ միշտ յիշուեցաւ, միտքով եւ հոգիով ապրուեցաւ Էսաեան վարժարանը, քանի որ ան նոյնացած էր Աննիկ Պալքըշի անձին հետ։ Երախտապարտութեան եւ պատկանելիութեան այսքան ջե՛րմ զգացում, պէտք է անկեղծութեամբ խոստովանիմ, թէ՝ երբե՛ք չէի տեսած մինչեւ այդ թուականը։
Անշուշտ ամէն սան, ամէն աշակերտ կապուած է իր վարժարանին, բնակա՛ն է ասիկա, բայց անիկա «ընտանիքի հարազատ մէկ անդամ»ը, անբաժան մէկ տարրը համարել, եւ սիրով ու երախտագիտութեան զգացումներով արտայայտուիլ անոր մասին, ամէն առիթով, հազուադէպ պարագայ մըն էր, գոնէ ինծի համար։
Նուիրուածութեան, անշահախնդիր կապուածութեան բացառիկ երեւոյթ մըն էր ասիկա։
Հիացա՛յ։
Եւ ահաւասիկ, տարի մը եւս, 24 Մայիս 2003, Շաբաթ, Էսաեան վարժարանի «Բաժակի օր» մը եւս։
Այս անգամ իր ընտանիքի շրջապատէն դուրս՝ գիրով կ՚արտայայտէ իր ջերմ ու անկեղծ զգացումները, Էսաեան վարժարանի Նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Աննիկ Գալփաքճեան։
Ուստի, քանի որ 4 Յուլիս 2016, Շաբաթ օր յիշատակներ վերակոչելու, «ապրուած»ը վերստին ապրելու օրն է, յարմար նկատեցինք Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի գրութիւնը ներկայացնել մեր ազնիւ բարեկամներուն։
Աննիկ Գալփաքճեանի գրութիւնը նոյնութեամբ կը ներկայացնենք, որուն վերնագիր այսօրուան մեր գրութեան որպէս խորագիր ընտրեցինք, այսօրուան մեր սիւնակը յատկացնելով իրեն։
Մենք կեանքէն շատ բան բաժնեցինք մեր երէցկնոջ՝ Աննիկ Գալփաքճեանի հետ, կեանք, ընտանիք, բայց բաժնեցինք նաեւ Էսաեան վարժարանի սէրը, անոր հանդէպ բարի զգացումները, երախտապարտութիւնը, պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, ստացուած կրթութեան եւ ուսման փոխանցումը սերունդներու եւ յաւերժութիւնը ամէն արժէքի՝ որ կազմած եւ ձեւաւորած է կեանքը…։
Ահաւասիկ այս զգացումներով կը ներկայացնենք սոյն գրութիւնը։
ԷՍԱԵԱՆԻ ՈԳԻՆ
Վարժարանը ընդհանրապէս կը նմանցուի բոցավառ վառարանի մը, որուն բոցերուն ջերմութենէն հետզհետէ կը տաքնան մատղաշ եւ դեռատի սիրտեր, իսկ շողշողուն լոյսի շողերէն կը լուսաւորուին՝ նորածիլ խարխափող միտքեր։
Վարժարանը կը նմանցուի նաեւ ջահի մը, որ նոյն յատկութիւններով սահմանուած՝ մանուկներու մէջ կ՚արթնցնէ մարդասիրական զգացումներ եւ անոնք կ՚առաջնորդէ՝ լուսաւոր մտածումներու յստակ եւ վճիտ ապագայի մը խոստումով։
Մենք Էսաեանցիներս, անցեալին, ներկայիս եւ ապագային՝ ամէնքս կը սիրենք մեր ջահը, մեր վառարանը, որ մեզ դեռ մանուկ հասակին, մարդասիրական զգացումներով տաքցուց, եւ հաստատ սկզբունքներով տոգորեց մեր միտքերը։
Աւելի քան դար մըն է որ վառ կը մնայ այս կրթական օճախը, իր կրթանուէր մշակներով, ուր հասան անհամար անձնուէր, գթասէր զգայուն սիրտեր եւ մարդօգուտ լուսաւոր միտքեր։
Եւ այսօր մեր պարտքն է՝ անցեալէն մեզի փոխանցուած այս ոգին փոխանցել նոր սերունդներուն՝ նոր Էսաեանցիներուն եւ այս օճախը վա՛ռ պահելու համար չխնայել ամէն ճիգ։
Էսաեանցի ըլլալու զգացումը արդէն ինքնաբերաբար կը ստեղծէ եւ կը զարգացնէ այս ոգին եւ այս եռանդը։
Էսաեանցի ե՛նք, Էսաեանցի մնա՛նք։
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Էսաեան Վարժարանի
Նախակրթութեան Բաժնի
Տնօրէնուհի
24.05.2003
Այս է ահաւասիկ երախտագիտութեան ազնիւ զգացումով լեցուած սրտի մը եւ մտային պաշարով օժտուած մտքի մը անկեղծ արտայայտութիւնը, եւ վստա՛հ ենք կը շարունակուի, պիտի շարուանակուի սերունդէ՜ սերո՛ւնդ…։
Արդարեւ, ժողովուրդ մը, ազգ մը՝ թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար, որ գիտէ գնահատել «արժէք» ու «արժանիք», այն ընկերութիւնը, որ կը դիմէ բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտին միայն, եւ կը ձգտի ազնիւ գաղափարներու իրագործման, կ՚ըսենք, թէ՝ այդ ընկերութիւնը՝ ժողովուրդ կամ ազգ, «մշակոյթ» ունի։ Արդարեւ, «մշակոյթ»ը՝ զարգացում, հարստացում, ազնուացում է հոգիի զանազան կարողութիւններուն, ընկալեալ, ընդոծին եւ ստացական առաքինութիւններու ամբողջը, ժողովուրդի մը բարոյական կրթութիւնը, ուսումը, կարգուսարքի ծանօթութիւնները՝ որ դիւրատար կ՚ընեն կեանքը։ Եւ անոնք որ անձնուիրաբար, նուիրուելով, զոհելով ու զոհուելո՛վ եւ ամենէն կարեւորը՝ անշահախնդիր, առանց որեւէ ակնկալութեան եւ անկեղծութեամբ կը ծառայեն մարդուն՝ սերունդներու մտաւոր զարգացման եւ հոգեւոր ազնուացման սրբազան գործին՝ անոնք չե՛ն մոռցուիր, պէտք չէ՛ մոռցուին, քանի անոնց կը պարտին ապագայ սերունդներ իրենց գոյութեան պահպանումը եւ տեւականացումը։ Անշահախնդիր եւ նուիրուած ծառայողներ են որ կը կազմեն ու կը ձեւաւորեն զարգացած, մշակուած եւ ազնիւ հոգիներէ բաղկացած ապագայ առողջ եւ երջանիկ սերունդներ…։
Սէրը, ապա ուրեմն զգացումները երբեք վախճան չունին, թուականները խորհրդանշող թուանշաններ կարելի է որ փոխուին, եւ սակայն սէրը եւ զգացումները միշտ վա՛ռ կը մնան, քանի որ անոնք հոգիին արտայայտութիւններն են եւ հոգին երբեք չի՛ մեռնիր։
Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան, վերոյիշեալ տողերուն շա՜տ աւելի զգայացունցը, վստա՛հ ենք պիտի գրէր այսօր ալ, բայց այդ պարտականութիւնը վիճակեցաւ այս տրուպ գրիչին, թէեւ ո՛չ այնքան ցնցիչ, եւ ոչ այնքան տպաւորիչ… եւ պատի՜ւ է միջնորդ ըլլալ ազնիւ զգացումներու, վկայել անոնց անկեղծութեան, անոնց ճշմարտութեան, քանի որ տարի՜ներ շարունակ վկայած է անոնց էութեան, իրականութեա՛ն։
Մարդ մարմնական, իմացական եւ բարոյական կեանք մը կը յայտնաբերէ ինք իր մէջ, ուստի իրերազդող այս արժէքներուն ներդաշնակութիւնն է մարդ էակին ամբողջութիւնը։
Կրթութիւնը մե՜ծ դեր կը խաղայ այս ներդաշնակութեան մէջ՝ որուն ճարտարապետներն են կրթական մշակները…։
Երախտագիտութիւնը առաքինութի՜ւն է, իսկ երախտապարտութիւնը՝ ազնուութի՛ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024