ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՍԷՐ ԵՒ ԴԺՈԽՔ - Ա. -

Մարդկային միտքը յաճախ զբաղեցնող հարց մըն է՝ թէ քանի որ Աստուած Սէր է, Բարի է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կայ ատելութիւնը, կայ չա՛րը։ Եւ քանի որ Աստուած ամենակարող է եւ ամենակալ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ արտօնութիւն կու տայ, որ չարը գործէ։ Եւ քանի որ Աստուած ամէն բանին ստեղծիչն է, ինչո՞ւ ստեղծած է նաեւ չարը։ Եւ այս հարցումները կը յանգին վերջապէս, թէ՝ Աստուծոյ բարութեան դէմ ինչո՞ւ գոյութիւն ունի «դժոխք»ը։

Ինչպէս ըսինք, մարդուս միտքը յաճախ զբաղեցնող հարցեր են այս բոլորը, անշուշտ բոլոր անոնց համար, որոնք անտարբեր չեն հոգեւոր կեանքի իրականութեան եւ կ՚անդրադառնան իրենց էութեան՝ որպէս մարդ, որպէս Աստուծոյ արարածը, եւ կ՚ապրին «ժամանակաւոր» կեանք մը այս աշխարհի վրայ, եւ կը հաւատան «հանդերձեալ կեանքի, յաւիտենական կեանք»ի գոյութեան։

Այս մասին խորհրդածելէ առաջ, պէտք է տեսնել, թէ ի՛նչ է «դժոխք»ը կամ «գեհեն»ը։

Ըստ Լեւոն Սարգիսեանի, «դժոխք» կամ «գեհեն» Աստուծոյ ներկայութենէն թափուր, պարպուած վայր կամ վիճակ կը նշանակէ, որ յաւիտենական տանջարան, անլոյս պատժարան, անհանգչելի կրակ է, եւ «աստուածային արդարութեան սահմանում»ով, նախատեսուած է Սատանայի, իր արբանեակներու՝ անկեալ հրեշտակներու, դեւերու եւ անոնց կամակատար «մարդոց» կամ հոգիներու համար։ Այս իմաստով «դժոխք»ը հակոտնեա՛յ է «դրախտ»ի։

Այս բացատրութեան մէջ ուշագրաւ է՝ «աստուածային արդարութեան սահմանում» եզրը՝ ուր կը նշմարուի դարձեալ Աստուծոյ ամենակալ եւ ամենատիրական հանգամանքը։

Արդարեւ, ասիկա, «բարի»ի եւ «արդար»ի համեմատութեան հարց մըն է, թէ՝ բարի ըլլալ կը նշանակէ՞ նաեւ արդար ըլլալ։

Ուստի, բարի կրնայ ըլլալ ոեւէ մէկը, բայց միանգամայն արդար ալ կրնա՞յ ըլլալ։

Ուրիշ խօսքով մէկու մը «բարի» ըլլալը անոր նաեւ «արդար» ըլլալը ցոյց կու տա՞յ։

Եւ ահաւասիկ, կարծեմ, բուն հարցը հո՛ս է։

Բնաւորութեամբ, նկարագրով «բարի» ըլլալ բնական երեւոյթ մըն է, եւ այդ պատճառով ալ, «դիւրին» է բարի ըլլալ, բայց դժուա՛ր է «արդար» ըլլալ, քանի որ անիկա կը պահանջէ նաեւ եւ մանաւանդ՝ «իմաստութի՛ւն»։

Եւ Աստուած որքան որ բարի է, սէր է, նաեւ իմաստո՛ւն է։ Աստուած ամենակարող է նաեւ բարին եւ արդարութիւնը համեմատելու, հակակշռելու եւ ըստ այնմ վարուելու։

Ուրեմն, կը հետեւի, թէ «դժոխք»ը՝ Աստուծոյ բարութեան եւ արդարութեան հրաշալի՜ մէկ արդի՛ւնքն է, եւ կերպով մը Աստուծոյ տնօրինութեամբ, իմաստուն կարգադրութեամբ հաստատուած «վայր» մը կամ «վիճա՛կ» մը։

Դարձեալ դառնանք Լեւոն Սարգիսեանի խորհրդածութիւններուն դժոխքի մասին։ Ան կ՚ըսէ. «Դժոխք՝ եբրայերէն - շէոլ - եւ յունարէն - հադէս - բառերու հայերէն համարժէքն է. կը նշանակէ՝ մեռեալներու հոգիներուն օթեւան, ըստ ոմանց՝ մահէն անմիջապէս յետոյ, ըստ ուրիշներու՝ օրերու վախճանին՝ -Ահեղ դատաստան-էն յետոյ։ Մինչդեռ - գեհեն -ը կը գործածուի իբրեւ -դժոխք - բառի հոմանիշ, եղած է Երուսաղէմի հարաւային կողմի հովտի՝ ձորի անունը՝ ուր Յուդայի Աքազ թագաւորը -… իր որդին կրակէ անցուց - (Դ ԹԱԳ. ԺԶ 3)՝ ի պատիւ Մելքոմ - Մողոք - կուռքի։ Այդ հովիտը Յովսիա թագաւորի օրով վերածուած է աղբանոցի։ Որպէս անարգանք նախկին կռապաշտութեան՝ այստեղ կրակին են յանձնած քաղաքի անմաքրութիւնները, մահապարտները եւ պղծուած կենդանիներու դիակները»։

Եւ շարունակելով իր խորհրդածութիւնները, Լեւոն Սարգիսեան կ՚ըսէ.

«Մշտավառ կրակի պատճառով այն կոչ-ւած է - գեհեն -։ Յիսուս Քրիստոս այդ անունը գործածած է դժոխքի իմաստով.- … եւ ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի։ Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի, եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի. (ՄԱՏԹ. Ե 22)։

«Գեհենը՝ դժոխքը, յաւիտենական կրակ ըմբռնումով գործածուած է Մատթէոսի (Ե 22, Ե 29, Ե 30, Ժ 28, ԺԸ 9, ԻԳ 15, ԻԳ 33), Մարկոսի (Թ 43, Թ 47), Ղուկասի (ԺԲ 5) աւետարաններուն մէջ եւ Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակին մէջ (Գ 6)։

«Դժոխքը կը յիշատակուի նաեւ սաղմոսներուն մէջ.- … քանի որ դժոխքի մէջ չես թողուր դուն զիս. (ՍԱՂՄ. ԺԵ 10)։ Որպէս - ներքեւում -, վարը գտնուող եւ ցեց եւ որդ արտադրող պատժավայր կամ անհանգչելի կրակ՝ կը նկարագրուի Եսայիի մարգարէութեան մէջ.- … դժոխքը վարէն քեզի համար դղրդեցաւ…։ (ԵՍ. ԺԴ 9), - Քու փառքդ եւ տաւիղներուդ ձայնը գերեզմանը իջան, եւ քու մեծ ուրախութիւնդ դժոխք իջաւ, եւ քու տակդ զեռուններ տարածուեցան եւ որդերը քեզ կը ծածկեն։ (ԵՍ. ԺԴ 11), եւ .- Անոնք պիտի ելլեն եւ իմ դէմս ապստամբողներուն դիակները պիտի տեսնեն, քանի որ անոնց որդը պիտի չմեռնի, անոնց կրակը պիտի չմարի, անոնք ամէն մարմնի զզուելի՛ պիտի ըլլան…։ (ԵՍ. ԿԶ 24)։

- Յաջորդով պիտի շարունակուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018