ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՒԱՏԱՆՔ

Տարիներէ ի վեր եւ յատկապէս այս օրերուն, ի տես մեր հայրենիքէն հասնող անթիւ «բանգէտներու» եւ իրենք զիրենք «քաղաքագէտ» կարծող եւ վերլուծողներու հրամցուցած տուեալներուն եւ բացայայտումներուն, մեզի, սփիւռքահայերուս համար, հիմա հարց է, թէ որո՞ւ հաւատանք:

Ու իբրեւ տեղին յիշեցում, նախ ըսեմ, որ ներկայիս հայրենիքի հողերուն վրայ տեղի կ՚ունենան վտանագաւոր իրադարձութիւններ, որոնց համար անտարբեր չենք կրնար մնալ: Ու կը կարծեմ, որ այս բոլորի մասին աշխարհն ալ գիտէ:

Բայց, իմ կարծիքով՝ գիտնալը ուրիշ բան է, իսկ հասկնալը՝ ուրիշ: Որովհետեւ մեր հարցը օտարն ու օտարինը չէ, այլ՝ մերը: Սակայն այս մէկը ի՞նչ կը նշանակէ: Պարզեմ:

Թէեւ քաղաքական վերլուծումներ կատարողի մը սահմաններէն հեռու եմ, շատ հեռու, բայց նման կէտեր յիշելն ու զանոնք թուելը կը կարծեմ, որ «քաղաքականագէտի» հետ կապ չունին:

Արցախի վերջին ու ծանր պատերազմը եկաւ եւ մեր անմեղ երիտասարդներու արեան հոսքին պատճառ դարձաւ, եւ որուն վերջին, իբրեւ դաշնակից, ռուսական խաղաղապահ բանակը «համարձակ» մտաւ Արցախ: Տակաւին քանի մը օրեր առաջ էր, երբ հակառակորդը նոյնքան «անվախ», մեր հողերը մտաւ եւ նոյնիսկ օր ցերեկով, հայ գերիներ ալ վերցուց:

Է՜հ, հիմա հարց տանք, այս ընթացքով, վերջը ո՞ւր պիտի հասնինք: Ո՞ւր մնացին մեր դաշնակիցին, մեզ եւ մեր երկրի տարածքները պաշտպանելու խոստումներն ու պարտաւորութիւնները: Անոր համար... նոյն հարցումը.- որո՞ւ հաւատալ:

Գիտենք, որ աշխարհը հիւանդ է, եւ փոթորկոտ ու յաճախ ալ արիւնալի կռուի դաշտ մը դարձած: Ծանր ցնցումներ ունի, եւ այդ ցնցումները դժբախտաբար մեզ ալ շուարումի մատնած են: Նաեւ գիտենք, որ դարեր առաջ, այս աշխարհի վրայ ժողովուրդներ եղած եւ ապրած են ու պատմութիւն կերտած՝ բայց, այսօր չկան:

Իսկ մե՛նք... մէյ մը նայեցէ՛ք: Մենք մնացած ենք: Կա՛նք: Արդ, ո՞ւր է մեր գաղտնիքը:

Բայց չմոռնանք, որ ներկայ այս ընթացքով, օր մըն ալ մենք, այս աշխարհի մեզի ծանօթ եւ անծանօթ քաղաքական «գայլերը» կրնան մեզ ամբողջ ցեղով եւ օր ցերեկով, յօշոտել: Սպառնալիքները շատ են: Տեսանելի եւ լսելի:

Տողերս, շատ պարզ են, եւ ոչ մէկ գաղտնիք պահած եմ անոնց ետեւ: Որովհետեւ, իրականութիւն է, որ ներկայիս ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկիր մը դարձած է մեր հայրենիքը, որուն գլխաւոր խորհուրդը, այնպէս կ՚երեւի, թէ մարդոցմէ հեռացած է։

Գուշակ ըլլալու պէտք չկայ: Պարտուած երկիր մըն ենք: Անոր համար մեր բոլորին մօտ, ոխն ու վախը իրար խառնուած են: Մեր երազները փլած եւ ուղեղներն ալ՝ սառած են: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեր երէկը կէս ճամբան մնացած է: Յստակ է, թէ մեր մօտ բան մը փուլ եկած է: Ան՝ վստահութիւնն է: Համատարած անվստահութեան մթնոլորտով մը շրջապատուած է մեր երկիրը: Որո՞ւ հաւատաս եւ՝ չհաւատաս: Աւելի ճիշդ՝ որո՞ւ վստահիս: Յստակ է, թէ ժողովուրդը չի վստահիր իր իշխանութեան: Իշխանութիւնն ալ իր կարգին՝ ժողովուրդին: Բոլորը՝ պետութեան: Հին ու նոր իշխանաւորները՝ իրարու: Տակաւին՝ ծնողները, իրենց զաւակներուն ու մտերիմ կարծուած ընկերներն ալ՝ իրարու: Մարդիկ նոյնիսկ չեն վստահիր հեռատեսիլներէն, ձայնասփիւռի կայաններէն եւ զանազան կայքերու վրայ արձանագրուած լուրերուն: Տակաւին նոյնիսկ ընթերցողը կը կասկածի գրողի տողերէն: Մարդիկ սկսած են տարակուսիլ իրենց մասին իսկ: Տեղին է յիշեցնել, թէ պետութեան հանդէպ անվստահութիւնը, նաեւ կը նշանակէ անտեսում պետական շահերուն եւ անոր օրէնքներուն:

Արդ... ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել մեր իրարու հանդէպ ունեցած այս վերաբերմունքն ու հոգեվիճակը եւ նոյնիսկ՝ տրամադրութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնանք ապրիլ այս քաոսին մէջ: Յաճախ կ՚ըսեմ, իրարու հանդէպ եթէ նոյնիսկ վստահութիւն չկայ, գոնէ մարդիկ, «մեծեր» կամ «փոքրեր», «հիներ» եւ «նորեր», լրջօրէն մտածեն այս մասին: Որովհետեւ, երբ պարզ քաղաքացին նոյնիսկ ինքն իր վրայ ունեցած վստահութիւնը կորսնցնէ, ան կամաց-կամաց կը սկսի «փտիլ» եւ ահա... ազգային ողբերգութիւն:

Իմ կարծիքով՝ այս բոլորին առաջքը առնելու համար, օրուան իշխանութիւնները պարտին առաջին քայլը իրենք առնել, եւ մտածեն երկիրը անվստահութեան այս մթնոլորտէն դուրս բերել: Արդեօք ներկայ իշխանութիւնը կրնա՞յ նման քայլեր առնել: Արդեօք ունի՞ այդ քաջութիւնն ու կորովը: Հո՛ս, ալ մեղաւոր փնտռելու ժամանակը չէ: Մեղաւորը, միշտ մեղաւոր է իր փոքր կամ ծանր յանցանքին պատճառով: Անոր համար կը կրկնեմ.- իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն, քաղաքական դէմք եւ ազգային հերոս, կամ զանազան տեսակաւոր կոչումներու տէր մարդիկ, բոլորն ալ յանցաւոր կամ մեղաւորներ են ստեղծուած այս մթնոլորտին համար: Յաճախ վախով կը մտածեմ, թէ նոյն այս մթնոլորտով, ինչպէ՞ս նոր սերունդ պիտի կարենան դաստիարակել:

Սուտը եւ ստախօսութիւնը կը քայքայէ մարդուս ուղեղը: Կրկնած ենք միշտ: Վստահութիւնն է, որ բնականոն կը դարձնէ մարդոց եւ երկիրներու յարաբերութիւնները: Հարց է, թէ ինչպէ՞ս դուրս գալ այս վիճակէն: Ինչպէ՞ս գտնել կեանքի նոր եւ առողջ ձեւը: Ինչպէ՞ս ենթահող պատրաստել: Մէկ կողմէ տեսանելի է, համահայկական մտածողութեան պակասը, իսկ միւս կողմէ՝ մարդոց մօտ տակաւին քարացած մտայնութիւնը առկայ է: Այսինքն՝ կեանքը շուարած է:

Ամէն սխալ կամ խաբկանք, ուրիշին վրայ նետելը լաւ միջոց չէ: Առողջ որդեգրում մը չէ:

Կարծես մաշած բառերու թումբերով սկսած ենք պաշտպանուիլ եւ մեր դիմադրականութիւնը շարունակել: Ի մտի ունենանք, որ շուտով Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ:

Թեկնածուները պարտին իրենց խոստումին կամ խոստումներուն տէրը մնալ: Հեռու՝ ինքնահաճոյ մօտեցումներէն: Վերջ ի վերջոյ բոլորն ալ պէտք է հասկնան, որ ստեղծուած ներկայ մթնոլորտին մէջ, մեր երկիրը կրնայ «ծերանալ» եւ ինքնութիւնը «կորսնցնել»:

Շատերուս համար տառապանք է շեշտաւորուած այս իրականութիւնը: Հաւատացէ՛ք: Իր այս ընթացքով, կարծես հայը ուրիշ աշխարհէ եկած ըլլայ, եւ ուրիշ աշխարհ կ՚երթայ: Հազար անգամ յիշեցուցած ենք, թէ ժամանակն է, որ ճամբայ տանք նոր սերունդին, զարգացածին, պատասխանատու եւ ինքնավստահ երիտասարդին, գիտակից ուսանողին: Մէկ խօսքով՝ արժանաւորին, որպէսզի երկիրը վերաշինուի: Նման մտածողութեան մը կենսական պահանջը կայ: Նեղ բացուածքէ սկսած ենք կեանքը դիտել: Ազգային յանձնառութեամբ, որակ պէտք է դառնանք:

Արդեօք, կը կրկնե՞մ միշտ, ամէն անգամ պէտք է, որ ողբերգութիւնը հասնի մեր դռներուն, որպէսզի մենք ինքնագիտակցութեամբ լեցնենք մեր կեանքը: Դուք ձեզի հարցուցէ՛ք: Եւ որպէսզի հայրենիքը թուղթէ տնակի չվերածուի, ան պէտք է խօսի իր ժողովուրդի սրտին հետ:

Հեռանկար ունենալու պահը հասած է: Նախապայման է, որ բոլորս ալ դառնանք անկախ մտքով եւ սրտով հայեր ու մեր պահանջը ճակատաբաց դնենք աշխարհի հարցերուն: Քաջութեամբ մօտենանք մեր իրականութեան: Կշռենք մեզի հրամցուածը: Մենք զմեզ եւ դիմացինը՝ լաւ ճանչնանք: Մեր շրջապատի ցեխէն դուրս ելլելու քաջութիւնը ունենանք: Ամենէն վատը, սուտի հետ հաշտ ապրիլն է: Միշտ ի մտի ունենանք, որ աշխարհի վրայ ազգերու մօտ մշտական շահեր չկան, ինչպէս նաեւ՝ մշտական դաշնակիցներ: Վերջապէս, մեր հայ ըլլալու եւ մնալու կամքը հաստատենք, եւ մեր երկրի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը մեր զէնքով պահենք: Մեր բախտն ու յոյսը, ուրիշին չկապենք: Որովհետեւ, մեր ապրելու կամքը, մեր պայքարի զէնքն է: Շատեր կը բողոքեն, որ մենք ազգային գաղափարախօսութիւն չունինք: Կ՚ուզեմ աւելցնել, թէ մենք նոյնիսկ չունինք նաեւ ազգային սթափութիւն...:

Ահա միայն է այս «մէկուն» է, որ կը հաւատանք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Ուրբաթ, Յունիս 4, 2021