ՄԵՐ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՊԱ՛ՐՏՔԸ
Մարդ, ըստ էութեան ունի բազմաթիւ պարտականութիւններ այս աշխարհի վրայ, քանի որ ան ստեղծուած է նպատակի մը համար, օգտակարութեան կոչո՛ւմով։ Եւ երբ նկատի ունենանք մարդուն հաւաքական-ընկերային կեանքը՝ անոր առաջնակարգ պարտականութիւնն է օգնել իր նմաններուն, զօրացնել զանոնք իրենց տկարութիւններուն մէջ եւ սրբագրել անոնց թերութիւնները։ Եւ այս կ՚ենթադրէ իրերօգնութիւն ամէն մարզի մէջ։ Փոխադարձ հոգածութիւն մը, խնամք մը կը պահանջէ ասիկա անշուշտ։
Մարդկային բարոյական կեանքին մէջ ալ կան առաջնակարգ նուիրական պարտականութիւններ։ Եւ այս ուղղութեամբ, մարդկային ամենէն նուիրական պարտականութիւնն է պահպանել իր նմաններուն անբռնաբարելի իրաւունքները՝ պաշտպանել զանոնք մարդկային բովանդակ կորովով, բծախնդրութեամբ եւ տէ՛ր կանգնիլ անոնց մեծ ուշադրութեամբ։
Ուստի, երանելի՜ է այն մարդը՝ որ իր սեփական ուժերուն անբաւական գտնուած ժամանակ արտաքին ամէն կարելիութեամբ եւ զօրութեամբ, կարո՛ղ կ՚ըլլայ իշխել «կեանքի զսպանակ»ներուն եւ ընթացքը կեցնել վտանգաւոր զառիթափներուն վրայ։
Բայց ասիկա, յաճախ կարելի չ՚ըլլար իրականացնել սեփական եւ սահմանաւոր ուժերով, քանի որ անբաւարար կը մնան անոնք, ահաւասիկ այդ միջոցին կարեւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն կ՚ըլլայ՝ դիմել ուրիշի մը օգնութեան՝ միացնելու համար իր ուժերը անոր ուժերուն հետ եւ զօրանալ ու դիմադրել կեանքի դժուարութիւններուն։
Անշուշտ, սեփական ուժերովը պայքարողի մը կորովի զսպումը զմայլելի է, նախանձելի՝ անոր յաղթանակը սխրալի։ Բայց ասիկա պէտք չէ՛ արգելք հանդիսանայ իրերօգնութեան բարձր նուիրումին, քանի որ մարդ արարածը ստեղծուած է ա՛յդ կոչումով իսկ։
Արդարեւ, ուրիշներու օգնութեանը կարօտիլ՝ երբեք տկարութիւն չէ՛, չի նուաստացներ մարդս եւ պէտք չէ արժանապատուութեան վիրաւորանք նկատուի, քանի որ բնական է այդ եւ բանաւոր՝ ըստ մարդկային ստեղծագործութեան իմաստին եւ նպատակին։
Կեանքի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ զառիթափեր, եւ անոնցմէ են նաեւ՝ շահու, նիւթականի, փառքի, համբաւի, դիրքի եւ աստիճանի զառիթափերը։
Եւ այդ զառիթափերէն անցնելու ժամանակ, մարդը՝ կեանքի այդ «անծանօթ» ճամբորդը տեւական ուշադիր՝ իր ուշադրութիւնը դարձնելու եւ ձեռքով շօշափելու է զսպանակները։ Շահելու, դիրքով ու աստիճանով բարձրանալու, հարստանալու եւ ասոնց նման բնական եւ մարդուս կեանքին համար օգտակար տենչանքները մոլուցքներ դառնալու հակամիտութիւններն ալ ունին, եթէ մարդ անոնցմէ զատ եւ անոնցմէ վեր ուրիշ որեւէ արժէք չտեսնելու կուրութեամբ վարակուած է։
Ահաւասիկ, միջոցը եւ նպատակը կարենալ զանազանելու, իրար չշփոթելու առաքինութեան, չափաւորութեան կարեւորութիւնը։ Եւ որքա՜ն իմաստալից է ժողովրդական այն իմաստութեան արտայայտութիւնը, որ կ՚ըսէ. «չափաւորութիւնը կէս աստուած է…»։ Չէ՞ որ ամբողջ տիեզերքը հաստատուած է չափաւորութեան, ներդաշնակութեան եւ հաւասարակշռութեան վրա՛յ։ Եւ կեանքն ալ կը պահանջէ իրերամերժ ուժերու ներդաշնակութիւնը՝ հաւասարակշռութիւնը եւ անշուշտ չափաւորութիւնը այդ բոլոր արժէքներուն։
Արդարեւ, նիւթականը, շահը, համբաւը, դիրքը, աստիճանները, բարձրաստիճան պաշտօնները ո՛չ թէ նպատակ, այլ միջոցներ են զիրար երջանկացնելու, սեփական ուժերը բաժնելու՝ մասնակից ընելու անոնք ուրիշներու տկարութեան կամ թերութեան ջնջման։ Այսինքն՝ իրերօգնութեա՛ն, որ նպատակը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ողջամիտ եւ գիտակից անձնաւորութեան։ Ուստի ինչ դիրքի վրայ կ՚ուզէ ըլլայ մարդ, պէտք է գիտակցի իր նուիրական պարտականութեան՝ թէ ինք կոչուած է իր նմաններուն օգնելու, անոնց բարիք ապահովելու, խնամելու եւ հոգալու, եւ ո՛չ թէ իշխելու անոնց իր անձնական շահերուն համար։ Դիրք եւ աստիճան՝ պաշտօնատարութեան սահմաններ միայն ցոյց կու տան, իսկ իշխանութիւնը՝ զանոնք գործածելու, օգտագործելու կարողութիւնը, միջոց մը միա՛յն…։
Ուստի որեւէ դիրքի կամ աստիճանի տէր պաշտօնեայի մը մէկ երկվայրկեանի անհոգութիւնը, անտարբերութիւնը՝ տեսողութեան եւ ուշադրութեան վրիպումը, մինչեւ իսկ ձեռքի, մատի սխալ շարժում մը կրնան երջանիկ կեանքեր դժբախտ ընել՝ լուսաւոր վայրեր խաւարի մատնել, լոյսը մութի դատապարտել, սիրտեր ու միտքեր ամլացնել։
Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը զսպանակ մըն է՝ որը պէտք է օգտա-գործուի ամէն մարզի մէջ, ամէնքին կողմէ։ Եւ խիղճը՝ այդ հրաշալի՜ բնական դրութիւնը, մարդուս ուղեցոյց մը պէտք է ըլլայ՝ չարը եւ բարին, վնասակարը եւ օգտակարը կարենալ զանազանելու դժուար գործին մէջ։ Պէտք է անկեղծօրէն խոստովանիլ, թէ՝ մարդ այս մասին յաճախ կը սխալի. չարը՝ բարի, վնասակարը՝ օգտակար կը կարծէ, կը խաբուի եւ կը սխալի, թէ՛ իր եւ թէ՛ իր շուրջիններուն դժբախտութեանը պատճառ կը հանդիսանայ։
Անշուշտ այս կէտին ալ կարեւոր է՝ միտքը եւ խիղճը, բանականութիւնը եւ զգացումները հաւասարակշռել, ներդաշնակել եւ ամէն մէկը տեղին՝ պատշաճօրէն կեանքի վերածել։
Խիղճը «ազդանիշ» մըն է՝ որ մարդ պէտք է միշտ իր աչքին առջեւ պահէ իր ամբողջ կեանքին մէջ, մանաւանդ քանդակէ իր մտքին վրայ, քանի որ միտքը կրնայ սխալիլ իր որոշումներուն մէջ, բայց խիղճը՝ ո՛չ։
Մտքի եւ սրտի չքնաղ յատկութիւններով օժտուած մատղաշ հոգիներ կրնան ժառանգած կամ ստացած ըլլալ դժբախտաբար, յոռի ունակութիւններ եւ տրամադրութիւններ։ Կրնան սխալիլ անոնք որեւէ ներքին կամ արտաքին ազդեցութեան պատճառով։
Եւ սխալներու հոսանքը զիրենք կը տանի դէպի զառիթափեր՝ խուլ, կոյր եւ անուշադի՛ր։ Եւ յաճախ չեն անդրադառնար, թէ իրենց յոռի սովորութիւններու եւ ունակութիւններու ժխտական ուժը անզսպելի թափի մը կը վերածուի, եւ չեն կրնար կանգ առնել, ետ կենալ, ուստի վայրէջքը անդիմադրելի եւ անխուսափելի, իսկ կործանումը ստո՛յգ կը դառնայ։ Եւ ո՜րքան կեանքեր, ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ իմացականութեամբ կործանած են ախտաժէտ երեւակայութեան, ծուլութեան, անտարբերութեան, մեծամտութեան, անհոգութեան զառիթափերու վրայ, քանի որ խուլ են մնացած բանականութեան, իմացականութեան, իմաստութեան, փորձառութեան ձայնին, չեն լսած, կամ լսել չեն ուզած իրենց խղճին ձայնը եւ չեն փորձած զայն հաւասարակշռել իրենց ցանկութիւններուն եւ կիրքերուն հետ, որպէսզի չափաւորութեան բարիքը վայելեն։
Պա՛հ մը կ՚արժէ խորհիլ եւ անդրադառնա՛լ այս մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2017, Իսթանպուլ