ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՌՈՒՄՆԵՐ

Սուրբ Գիրքի մէջ իբրեւ նշանակ կամ այլաբանութիւն գործածուած են բառեր։ Ստորեւ կը ներկայացնենք գլխաւոր բառերէն նմոյշներ իրենց այլաբանական նշանակութեամբ։

ԱԿՆ. այսինքն՝ պատուական քար կամ գոհար, նշանակ է շքեղութեան եւ գեղեցկութեան. «Քաղաքին պարիսպի հիմերը բոլոր տեսակի թանկագին քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ կարկեհան, չորրորդը՝ զմրուխտ, հինգերորդը՝ եղնգաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպագիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնմէկերորդը՝ յակինթ եւ տասերկուերորդը՝ մեղեսիկ։ Տասներկու դռները տասներկու մարգարիտներով շինուած էին, իւրաքանչիւր դուռը՝ մէկ կտոր մարգարիտով, եւ քաղաքին հրապարակը զուտ ոսկի էր՝ թափանցիկ ապակիի պէս» (ՅԱՅՏ. ԻԱ 19-21)։

ԱՂԵՂ. նշանակ է պատերազմի եւ յաղթութեան. «Եւ ահա տեսայ ճերմակ ձի մը. եւ ան որ հեծած էր անոր վրայ՝ ունէր աղեղ մը. եւ անոր պասակ մը տրուեցաւ. եւ եկաւ յաղթողը՝ որ յաղթէ» (ՅԱՅՏ. Զ 2)։

Եւ որովհետեւ «աղեղ»ը կրնայ ծռիլ կամ կորանալ, կը նշանակէ նաեւ նենգութիւն. «Անոնք կը դառնան, բայց ո՛չ Բարձրեալին։ Անոնք խաբեբայ աղեղի պէս են։ Անոնց իշխանները իրենց լեզուին կատաղութեանը համար սուրով պիտի իյնան։ Ասիկա պիտի ըլլայ անոնց նախատինքը Եգիպտոսի մէջ» (ՈՎՍ. Է 16)։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ. կը նշանակէ զայն որ իշխանութիւն ունէր իր եղբայրներուն վրայ. «Անոր հայրը Իսահակ ըսաւ անոր.- Դուն ո՞վ ես։ Եւ անիկա ըսաւ.- Ես քու որդիդ, քու անդրանիկդ, Եսաւն եմ… Եւ Իսահակ պատասխան տուաւ եւ ըսաւ Եսաւին.- Ահա զանիկա քեզի տէր ըրի եւ անոր բոլոր եղբայրները իրեն ծառաներ ըլլալու տուի եւ զանիկա ցորենով եւ գինիով հաստատեցի. ալ հիմա քեզի ի՞նչ ընեմ, որդեակ իմ» (ԾՆՆԴ. ԻԷ 32-37)։

«Անդրանիկ»՝ եւ կամ զայն որ իր ընտանիքին Քահանան էր. «Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիները առի։ Իսրայէլի որդիներէն Ղեւտացիները բոլորովին Ահարոնին եւ անոր որդիներուն տուի, որպէսզի վկայութեան խորանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ծառայեն եւ Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ՝ երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան» (ԹՈՒ. Ը 18-19)։

«Անդրանիկ», դարձեալ, կը նշանակէ զայն որ Աստուծոյ նուիրեալ էր. «Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.- Սրբէ՛ ինծի ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդ կամ անասուն։ Ան իմս է…» (ԵԼՔ. ԺԳ 1-16)։

Եւ «անդրանիկ»ը իր հօր զօրութեան սկիզբը ըլլալով երկու բաժին կ՚առնէ ժառանգութեան մէջ. «Հապա ատելիին զաւակը անդրանիկ նկատելով՝ բոլոր իր ձեռքը գտնուածէն երկու բաժին անոր պէտք է տայ. վասնզի իր զօրութեանը սկիզբը անիկա է։ Անդրանկութեան իրաւունքը անոր կը պատկանի» (Բ ՕՐՆ. ԻԱ 17)։

Նաեւ Քրիստոսի կը տրուի «անդրանիկ» տիտղոսը. «Որովհետեւ զանոնք որ նախապէս կը ճանչնար՝ նախասահմանեց կերպարանակից ըլլալու իր Որդիին պատկերին, որպէսզի ան ըլլայ անդրանիկը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ. եւ զանոնք որ նախասահմանած էր՝ զանոնք ալ կանչեց. եւ զանոնք որ կանչեց՝ զանոնք ալ արդարացուց. եւ զանոնք որ արդարացուց՝ զանոնք ալ փառաւորեց» (ՀՌՈՄ. Ը 29-30)։ «Ան պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ, անդրանիկը բոլոր արարածներուն, որովհետեւ անո՛վ ստեղծուեցաւ ամէն բան, ինչ որ երկնքի մէջ է եւ ինչ որ՝ երկրի վրայ, ինչ որ կ՚երեւի եւ ինչ որ չ՚երեւիր, թէ՛ գահեր, թէ՛ տէրութիւններ, թէ՛ պետութիւններ, թէ՛ իշխանութիւններ. ամէն ինչ անո՛վ եւ անո՛ր համար ստեղծուեցաւ, եւ ամէն բանէ առաջ ան. եւ ամէն բան անո՛վ կանգուն է ամբողջականօրէն» (ԿՈՂՈՍ. Ա 15-17)։

ԱՆՏԱՌ. նշանակ է քաղաքի կամ թագաւորութեան. «Եւ անոր անտառին եւ բարեբեր ագարակին փառքը, հոգին եւ մարմինը, պիտի հատցնէ եւ ան մարող հիւանդի պէս պիտի ըլլայ։ Անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան, այնպէս որ տղայ մը կարենայ անոնց թիւը համրել» (ԵՍ. Ժ 18-19)։ «Եւ անիկա անտառին խիտ ծառերը երկաթով պիտի կտրէ եւ Լիբանան Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ» (ԵՍ. Ժ 34)։ «Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ եւ քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի» (ԵՍ. ԼԲ 19)։ «Բայց ես ձեզ ձեր գործերուն պտուղին համեմատ պիտի պատժեմ, կ՚ըսէ Տէրը եւ անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ եւ ան անոր բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ՛» (ԵՐԵՄ. ԻԱ 14)։ «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի հարաւ դարձուր եւ դէպի հարաւ խօսէ եւ հարաւային դաշտին անտառին վրայ մարգարէութիւն ըրէ եւ հարաւային անտառին ըսէ՛.- Տէրոջը խօսքը լսէ՛, Տէր Աստուած այսպէս կ՚ըսէ.- Ահա եւս քու մէջդ եղած ամէն կանանչ ծառ եւ ամէն չոր ծառ պիտի ուտէ։ Բռնկած բոցը պիտի չմարի եւ անով հարաւէն մինչեւ հիւսիս բոլոր կողմերը պիտի այրին» (ԵԶԵԿ. Ի 46-47)։

ԱՇՏԱՆԱԿ կամ ՃՐԱԳ. նշանակ է լոյս ուրախութեան, ճշմարտութեան եւ կառավարութեան. «Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար եւ ապաշխարէ եւ քու առաջ-ւան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի եւ քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես» (ՅԱՅՏ. Բ 5)։

«Զուտ ոսկիէ աշտանակ մը շինէ՛։ Կռածոյ ըլլալու է աշտանակը։ Անոր բունը, ճիւղերը, սկահակները, գնդակները եւ ծաղիկները իրմէ պէտք է ըլլան։ Անոր քովերէն վեց ճիւղեր պէտք է ելլեն. աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ եւ միւս կողմէն երեք ճիւղ ելլեն» (ԵԼՔ. ԻԵ 31-32)։

Իսկ «ճրագ» կը նշանակէ՝ յաջորդ. «Եւ անոր որդիին ցեղ պիտի տամ, որպէսզի իմ ծառաս Դաւիթ իմ առջեւս միշտ ճրագ մը ունենայ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար» (Գ ԹԱԳ. ԺԱ 36)։ Նաեւ՝ «Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ եւ ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար» (ՍԱՂՄ. ՃԼԲ 17)։

ԱՉՔ. նշանակ է գիտութեան, հաւատարմութեան եւ փառքի. «Քանզի ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց։ Մարդիկ պիտի ուրախանան երբ տեսնեն կապարալարը Զօրաբաբելին ձեռքին մէջ։ Այս եօթը Տէրոջը աչքերն են, որոնք բոլոր երկրի մէջ կը պտըտին» (ԶԱՔ. Դ 10)։ Դարձեալ, առաջնորդութեան. «Կոյրին աչքեր էի։ Եւ կաղին՝ ոտքեր» (ՅՈԲ. ԻԹ 15)։

«Չար աչք» կը նշանակէ՝ նախանձ. «Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար» (ԱՌԱԿ. ԻԳ 6)։ «Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլայ թէ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցընես եւ եօթներորդ տարին, շնորհներու տարին, մօտ է՝ մտածելով՝ աղքատ եղբօրդ վրայ անգութ աչքով նայիս եւ անոր փոխ չտաս, ան ալ քեզի դէմ Տէրոջը աղաղակէ եւ դուն մեղքի տէր ըլլաս» (Բ ՕՐ. ԺԵ 9)։

«Բարի աչք»՝ առատաձեռնութիւն. «Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ՚ըլլայ, վասնզի իր հացէն աղքատին կու տայ» (ԱՌԱԿ. ԻԲ 9)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 2, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020