ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄՕՏԱԿԱՅ ՍՈՎԸ
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր մեր հայ կուսակցութիւնները, հաստատութիւնները, եկեղեցին ու կազմակերպութիւնները պէտք է լրջօրէն մտածեն ինքնաբաւ ըլլալ եւ իրենց համար նիւթական միջոցներ ստեղծել, որովհետեւ մեր իրականութենէն ներս կամաց-կամաց կը պակսի «բարերար»ի եւ «բարերարութեան» երեւոյթը, որովհետեւ օրերու ընթացքին մարդոց մէջ աւելիով կ՚արմատանայ ԵՍ-ը եւ կը սկսին մոռցուիլ ազգ, հայրենիք, եկեղեցի ու բոլոր սրբազան արժէքները՝ որոնցմով կը փորձենք գոյութիւն մը տալ մեր հայու ինքնութեան:
Մեր կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները, եկեղեցին ու գրեթէ ամէն կառոյց, մանաւանդ սփիւռքի պայմաններու մէջ իր գոյութիւնը ապահոված է բարերարներու շնորհիւ, որոնք իրենց ունեցած յաջողութիւնը ուզած են կիսել ազգին հետ՝ որպէսզի այսպէս կամ այնպէս օգտուին նաեւ այլ հայրենակիցներ:
Անոնցմէ ով իր աւելորդէն տուաւ, որ սրտանց եւ ո՛վ պարզապէս փառքի համար տուաւ թող Աստուած դատէ, սակայն բարերար մը պէտք է ունենայ այն գիտակցութիւնը, որ հաստատութեան մը որոշ գումար նուիրելով անոր ղեկավարներուն չէ, որ բարիք մը կը կատարուի, այլ անոնց ճամբով հայ ազգին է, որ կը ծառայէ այդ բոլորը:
Եթէ պատմութիւնը ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք ու լսենք անուններ՝ որոնք անծանօթ են մեզի, սակայն անոնց բարերարութիւնը իր մեծ ազդեցութիւնը ունեցած է մեր ազգին մէջ. օրինակ՝ Մելգոնեան վարժարանի հիմնադիրներ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեանները, որոնց հաստատութեան մէջ ապաստան գտած են բազմաթիւ որբեր եւ բազմաթիւ աշակերտներ ստացած են իրենց ուսումն ու կրթութիւնը եւ այդ բոլորը ծառայեցուցած իրենց ազգին: Հաստատութիւն՝ ուր կազմուած են հայկական պարախումբ, երգչախումբ եւ այլ մշակութամէտ արժէքներ:
Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներ կրնային այդ հաստատութեան շինութեան ծախսերը մսխել իրենց սեփական հաճոյքներուն համար (ինչպէս որ այսօր կ՚ընեն մեր հայ մեծահարուստներէն շատ շատեր), սակայն մի քանի հոգիի նուազ հաճոյք ստանալը ամբողջ ազգին օգուտ մը կը բերէ. կարդացէ՛ք վերոյիշեալ երկու եղբայրներու կենսագրութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս անոնք յետ մահու իրենց հարստութեան մեծամասնութիւնը հայ ժողովուրդին կը տրամադրեն. այս նոյն եղբայրներուն շնորհիւ է, որ Հայաստանի մէջ իրենց աշխատութիւնները յաջողած են հրատարակել Հրաչեայ Աճառեան, Յակոբ Մանանդեան, Մանուկ Աբեղեան եւ բազմաթիւ այլ գրողներ ու մտաւորականներ: Իսկ եթէ կ՚ուզէք մերօրեայ պատկերը գիտնալ, բազմաթիւ ուսումնասիրողներ ու մտաւորականներ մուրացկանի նման իրենց աշխատութիւնները հրատարակելու կարօտն ու երազանքովը կ՚ապրին:
Մելգոնեան իր հարստութիւնը կը կիսէր Լիբանան՝ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի հետ, Երուսաղէմ, Կ. Պոլիս, Հայաստան եւ հոն՝ ուր հայեր կարիք ունին օգնութեան:
Սակայն ամէն բարերար չէ՛ որ իրապէս նուիրեալ հայ մը ըլլայ. անոնց մէջ շա՜տ շատ են իրենց անուան ու փառքի համար իրենց հարստութիւնը կիսողները. նման անձերու դիմաց գրող մը կ՚ըսէր. «Ազգն ալ իր յետին աղքատութեան մէջ խորին շնորհակալութեամբ ընդունեց վսեմաշուք բարերարին նպաստը»:
Յաճախ կ՚ունենանք այն կարծիքը, որ նման բարերարներ իրենց հարստութիւնը բաժնեկցած են իրենց ազգին հետ ցեղասպանութեան դժբախտ իրողութիւնը նկատի ունենալով. կը կարծուի, թէ այն ժամանակ ազգը աւելի կարիքը ունէր օգնութեան քան այսօր. վստահաբար այդ ժամանակուան դժուարութիւնները անհամեմատելի են մերօրեայ դժուարութիւններուն հետ, սակայն մանաւանդ մեր ազգին պարագային օգնութեան կարիքը միշտ ալ գոյութիւն ունի:
Ցաւ ի սիրտ, մերօրեայ պատմութիւնը ապերախտ է շատ շատերու հանդէպ, սակայն պէտք է ընդունինք, որ այսօր Հայաստանի մէջ բազմաթի՜ւ հայ երիտասարդներ, մանաւանդ սփիւռքէն, կու գան իրենց հայագիտական կրթութիւնը ստանալու եւ ապա իրենց գիտութիւնը օտար ափերու մէջ հայ ժողովուրդին մատակարարելու. այսօր բարերարներ կը վճարեն անոնց կրթաթոշակը, պարզապէս որպէսզի անոնք օգուտ մը ունենան հայ ազգին եւ օտար ափերու մէջ յաջողին պահպանել եւ անոնցմէ շատեր այսօր Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ ափերու մէջ իրենց ստացած օգնութիւնը որպէս ծառայութիւն կը մատուցեն ժողովուրդին:
Սակայն ներկայ ընթացքով ապագան յստակ է. մենք շատ մօտ ժամանակ յետոյ պիտի ունենանք բարերարներու սով մը. ո՛չ այն պատճառով որ մեծահարուստ հայերը պիտի պակսին. ընդհակառակը, օրէ օր հայ մեծահարուստներու թիւը պիտի շատնայ, սակայն անոնց դիմաց պիտի պակսի անոնց բարերարութիւնն ու ազգի մասին մտածելը:
Այսօր գացէ՛ք սփիւռքի մէջ գործող հաստատութիւններ եւ անոնց պատերուն վրայ պիտի կարդաք անուններ, որոնք անցեալին կը պատկանին. օրինակի համար, պատմութիւնը կը յիշէ Կարապետ Մելգոնեանը, սակայն չի յիշեր անոր զաւակը. վստահաբար Կարապետ Մելգոնեան մեծ հարստութիւն մը կտակեց նաեւ զաւակներուն, սակայն անոնք իրենց հօր նման չնպաստեցին հայ ազգին: Պարագան միայն Մելգոնեաններուն չէ. այս երեւոյթը ընդհանրական է, այդ իսկ պատճառով այսօր բարերարներ աւելի շուտ կը պակսին՝ քան կ՚աւելնան:
Թող Աստուած օրհնէ մեր ազգը, որպէսզի ո՛չ մէկ հաստատութիւն կարօտութիւն զգայ. եթէ կ՚ուզէք գիտնալ, թէ իրապէս կը պակսի՞ն բարերարները թէ ոչ... աչքէ մը անցուցէք անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին սփիւռքի մէջ իրենց դռները առ յաւէտ փակող հայ դպրոցներու ճակատագիրին եւ ամէն բան կը յստականայ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -281-
Մի քանի տարիներ առաջ երբ որոշեցինք Լիբանանի մէջ աւելի քան երկու հարիւր հոգինոց բանակում մը կազմակերպել, բարերարներու հետ խօսելու գործը տրուեցաւ ինծի: Լիբանանի մէջ ապրող մեծահարուստ հայերու ցանկ մը տրուեցաւ եւ մէկ առ մէկ զանգելով բացատրեցի բանակումի նպատակն ու առաքելութիւնը:
Անոնցմէ շատեր սիրով ընդառաջեցին. շատեր նոյն օրին իսկ իրենց վարորդներուն կամ օգնականներուն ճամբով պէտք եղած գումարը տրամադրեցին, սակայն եղան նաեւ ուրիշներ...:
Զանգեցի մեծահարուստ հայու մը, որ տակաւին բանակումի առաքելութեան ու նպատակին մասին չխօսած «ի՞նչ... դրամ պիտի մուրաք» ըսաւ:
Պատասխանը հիմա տամ. սեփական անձի համար գումար խնդրելը դժուարին բան մըն է, սակայն երբ գիտես, թէ այդ խնդրուած գումարը աւելի քան երկու հարիւր մանուկներու կրթութեան եւ առօրեային մէջ փոփոխութիւն պիտի առաջացնէ, առանց ամչնալու կրնանք մուրալ. այսօր եւս գիրքի հրատարակութեան, դժբախտութիւն մը վերացնելու համար կը մուրանք, որովհետեւ գիտենք, թէ այդ գումարները անձնական հաճոյքի համար չէ, այլ մասամբ մեր ազգին վիճակը բարելաւելու եւ անոր կամաց ընթացքին մէջ ներդրում մը ունենալու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան