ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (4)
Բանաստեղծները ունին իւրայատկութիւն մը, որ զիրենք կը տարբերէ սովորական մարդոցմէ. անոնց ներաշխարհը հարուստ է խորութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ, ինչ որ առիթ կու տայ, որպէսզի անոնք աշխարհը դիտեն ու մեկնաբանեն այնպէս՝ ինչ որ տրուած չէ սովորական մարդոց: Ուրիշներ զգացումները կ՚ապրին, սակայն բանաստեղծն է, որ կը յաջողի այդ մէկը վերլուծել եւ բառեր ստեղծել արտայայտելու այդ զգացումները. բառեր՝ որոնք յոյզեր կը յառաջացնեն եւ միտքերը կը հրահրեն: Այս արուեստի վարպետներէն է Պարոյր Սեւակ, որուն իւրաքանչիւր խօսքերուն մէջ մարդ կրնայ գտնել իր յոյզերը, ապրումները, ուրախութիւններն ու տխրութիւնները. հրաշագործ մըն է Սեւակ, որ կը յաջողի իր բառերով հազարաւոր տարբեր մարդոց յոյզերը միատեղել եւ բոլորին տալ նոյն զգացումն ու ապրումները՝ կեանքի ո՛ր հանգրուանի վրայ ալ գտնուին:
Սեւակ շարունակելով իր խրատները որդիին կ՚ըսէ.
«Դու մի՛ անցիր ասֆալտ ճամբով, գերադասիր ճամբայ շինել».
«Ճամբայ շինել»ը իրականութեան մէջ դժուարին բան մըն է, սակայն Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ, որ իր զաւակը անցնի այդ դժուարին ճամբայէն, որովհետեւ միայն սեփական ուժերով շինուած ճամբան է, որ արժէք կը ստանայ անձի մը համար. սեփական ուժերով շինուած ճամբուն վրայ մարդ կը ձգէ իր սիրտն ու հոգին, իր ապրումներն ու յոյզերը եւ այդ ճամբան իր բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ սրբավայր մը կը թուի: Պարոյր Սեւակի համար իմաստալից կեանքը այդ դժուարինն է, որովհետեւ ի՛նք եւս «ասֆալտ»ը ձգած անցած էր ճամբայ շինելու սրբազան գործին, որ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ աւելի բարձր կը թուէր՝ քան միւսը:
«Դու սիրոյ հետ միշտ հաշտ ապրիր, բայց խոյս մի տա տառապանքից».
Պարոյր Սեւակ սէր եւ տառապանք բառերը նոյն նախադասութեան մէջ կը գործածէ, թէ՛ ընթերցողին եւ թէ՛ իր զաւակին ըսել ուզելով, որ սէրն ու տառապանքը անբաժան զգացումներն են, որովհետեւ իւրաքանչիւր սիրող այդ տառապանքին համը անպայման կը գիտնայ, իսկ իւրաքանչիւր տառապող բարձր կը գնահատէ սիրոյ կարեւորութիւնը, որ մեծագոյն դեղն է վիշտին ու ցաւին: Սիրոյ հետ հաշտ ապրիլը բանաստեղծը կարեւոր կը նկատէ, որովհետեւ չի կրնար պատկերացնել կեանք մը, ուր կը բացակայի սէրը. շատ անգամ մարդիկ չդիմանալով սիրոյ տառապանքին, կ՚ուզեն սէրը վերացնել իրենց կեանքէն, այդ իսկ պատճառով բանաստեղծը կ՚ուզէ հաշտութիւն մը կնքել սիրոյ եւ տառապանքին միջեւ, համոզուած ըլլալով, որ իսկական սէրը այն է, որ կը տառապի, որովհետեւ սիրոյ զգացումը այնքա՛ն զօրաւոր է, որ կրնայ մարդուն կեանքը ամբողջութեամբ ձեռք առնել ու կառավարել. հետեւաբար բանաստեղծը կ՚ուզէ իր զաւակը տառապի, սակայն հեռու չմնայ սիրոյ գերագոյն զգացողութենէն, որովհետեւ առանց սիրոյ կեանքը կեանք ըլլալէ դուրս գալով բնազդային ընթացք մը կը ստանայ:
Իր յաջորդող տողին մէջ բանաստեղծը կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ համար պէտք է հաշտ ապրիլ սիրոյ հետ.
«Նա սրբում է աչքը փոշուց, նա մաքրում է հոգին ժանգից».
Բանաստեղծը սէրը կը բնութագրէ որպէս «սրբող» եւ «մաքրող». այս տողերէն իսկ կարելի է հասկնալ, թէ ինչ խոր ըմբռնում ունէր Սեւակ սիրոյ մասին. անոր համոզումով առանց սիրոյ հոգին կը ժանգոտի եւ մարդու աչքը փոշիներու մէջ յայտնուելով իր դիմացը չի՛ կրնար յստակ ձեւով տեսնել. որպէսզի մարդու հոգին թարմ մնայ եւ յաջողի իր դէմը շատ պարզ ու յստակ տեսնել սէրը անհրաժեշտութիւն է:
Կը տեսնենք, թէ Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ, որպէսզի իր զաւակը դժուարին ճամբէն անցնի, վարժուի եւ հաշտ ապրի տառապանքին հետ. գուցէ այս բոլորը ժխտական թուի շատերուն, սակայն բանաստեղծը իր յաջորդող տողին մէջ կը պարզէ այս բոլորին մէջ գտնուող սրբազան գաղտնիքը՝ ըսելով.
«Տառապանքից չեն մեռնում, չէ՛, այլ աւելի են պնդանում».
Այդ տառապանքները իր զաւակը պիտի չտկարացնէ եւ կամ մեռցնէ. թէեւ վիշտ պիտի պատճառէ, սակայն ժամանակ մը ետք այդ բոլորը որպէս փորձառութիւն շատ աւելի զօրաւոր մարդ պիտի դարձնեն իր զաւակը: Այս տողերով ան իր զաւակին մէջ կ՚ուզէ արթնցնել դժուարութիւններուն դիմակայելու յատկանիշը, որովհետեւ տառապանքն ու վիշտը որոշ ժամանակ մարդը տկարութեան մատնելէ ետք շատ աւելի պինդ ու հզօր կը դարձնեն: Պէտք է պարզապէս յաջողին տառապանքը կերպարանափոխել վճռականութեան եւ կամքի աղբիւրի, որովհետեւ իսկական ուժը ի յայտ կու գայ ո՛չ թէ տառապանքի բացակայութեան, այլ գոյութեան ժամանակ:
«Ապաքինուած սիրտը յետոյ գալիք ցաւը հեշտ է տանում».
Մարդ արարած անգամ մը տառապելէ ետք, կամայ թէ ակամայ, կը ծանօթանայ այդ ցաւին, անոր խորութեան եւ երբեք չի՛ մոռնար. ժամանակ մը ետք նոյն ցաւին յայտնութիւնը շատ աւելի դիւրաւ կը տանի մարդ, որովհետեւ նախօրօք լաւապէս կը ճանչնայ այդ ցաւը եւ գիտէ անոր ապրումներն ու յոյզերը: «Գալիք ցաւ» արտայայտութեամբ բանաստեղծը ըսել կ՚ուզէ, որ տառապանքն ու ցաւը անվերջ են. այսօր ցաւդ կրնաս դարմանել, սակայն ան դարձեալ պիտի գայ եւ մարդկային կեանքին մէջ փախուստ չունինք այդ տառապանքներէն, այդ իսկ պատճառով Պարոյր Սեւակ կը յորդորէ հաշտուիլ տառապանքին հետ, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը ան ուրախութեան հետ միասին մի՛շտ մեզի հետ պիտի ըլլայ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ուրախութիւն եւ տխրութիւն ընկերնե՞ր են:
Պատասխան. Ուրախութիւնն ու տխրութիւնը թէեւ հակառակ հասկացողութիւններ են, սակայն փոխկապակցուած են եւ միասնաբար կը հաւասարակշռեն մարդու կեանքը: Տխրութենէն ետք եկած ուրախութիւնն է, որ մարդուն գնահատել կու տայ ուրախութիւնը եւ ուրախութենէն ետք եկած տխրութիւնն է, որ կը զգացնէ ցաւը գացող ուրախութեան: Այս յարաբերութիւնը զանոնք կարեւոր կը դարձնէ, իւրաքանչիւրին տալով յատուկ իմաստ: Առանց տխրութեան ուրախութիւնը կրնայ կորսնցնել իր փայլը, իսկ առանց ուրախութեան, տխրութիւնը կրնայ դառնալ ճնշող: Հետեւաբար ուրախութիւնն ու տխրութիւնը իրապէս ընկերներ են եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսին կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը կ՚ընդգծէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան