ԲԱՐՁՈՒՆՔԷՆ ԴԻՏԵԼ ԿԵԱՆՔԸ

Թերեւս նիւթական արժէքներ լա՛ւ տեսնելու եւ հասկնալու համար, պէտք է կարելի եղած չափով մօտէն դիտել։ Բայց բնական գեղեցկութիւններ եւ մանաւանդ գաղափարական արժէք ներկայացնող ճշմարտութիւններ լաւ հասկնալու, անոնց իմաստին թափանցելու համար ո՛չ թէ մօտէն, այլ պէտք է քիչ մը հեռուէն՝ բարձրէն դիտել։ Արդարեւ ճշմարտութիւնը հասկնալու լաւագոյն կերպն է՝ զայն դիտել բարձրէն, թափանցելով անոր խորքը եւ ուսումնասիրել կարելի եղած չափով տարածուն գետնի մը վրայ։

Բարձրէն, խորը թափանցելով եւ տարածուն գետնի մը վրայ դիտել կը նշանակէ՝ անոր մօտենալ առարկայաբար եւ ո՛չ թէ ենթակայական նայուածքով։

Բարձրէն՝ խորը, տարածուն գետնի վրայ դիտել կը նշանակէ՝ բազմակողմանի դիտել իրականութիւն մը՝ որպէսզի ստուգուի անոր ճշմարտութիւնը։

Արդարեւ բնական տեսարաններն ալ երբ դիտուի բարձունքներէ, աւելի լաւ կը տեսնուի անոնց գեղեցկութիւնները։ Եւ ո՛չ միայն կը տեսնուի, այլ եւ կը հասկցուի անոնց գեղեցկութեան բո՛ւն արժէքը։

Կեա՛նքն ալ լաւ հասկնալու համար պէտք է զայն դիտել եւ ուսումնասիրել՝ դուրսէն եւ ո՛չ թէ ներսէն։ Դուրսէն դիտուած ամէն գեղեցկութիւն աւելի լաւ կ՚արտայայտէ իր ընդհանուր էութիւնը, քան ներսէն, մօտէն դիտուածը։

Ուստի, գեղեցիկ վայելքի մը հեռապատկերը ունենալու համար իր աչքին առջեւ, մարդ պէտք է դիտել փորձէ զայն հեռուէն՝ բարձունքի մը վրայէն։

Բարձունքէն պարզուած բովանդակ գեղեցկութեան առջեւ, մարդուս զգայուն հոգին, յանկարծ անոր զգլխիչ տպաւորութեան կ՚ենթարկուի։ Եւ այն գեղեցկութիւնը աւելի՛ ազդու կ՚ըլլայ երբ բարձրունքէ մը դիտուի, քան՝ մօտէն։ Հեռուի գեղեցկութիւնը միշտ աւելի տպաւորիչ է, քան՝ մօտինը։ Հեռուի գեղեցկութիւնը միշտ խորհրդաւոր արժէք մը ունի իր մէջ՝ անհասանելի եւ անմատչելի՛։ Արդարեւ, հեռուինը միշտ խորհրդաւոր էութիւն մը ունի. մարդ անոր մօտենալ, անոր հասնիլ կ՚ուզէ եւ ան միշտ աւելի կը հեռանայ, եւ գեղեցկութեան խորհուրդն ալ, ահաւասիկ այդ անմատչելի ըլլալուն մէ՛ջ է։ Հեռանկար մըն է գեղեցկութիւնը եւ կարծես երբ կարելի ըլլար անոր մօտենալ եւ հասնիլ, պիտի կորսնցնէր իր գեղեցկութիւնը եւ պիտի ըլլար հասարակ, սովորական եւ պա՛րզ…։

Զոր օրինակ, հորիզոնը՝ գեղեցիկ է, քանի որ անմատչելի է, երբեք կարելի չէ՛ մօտենալ եւ հասնիլ անոր՝ որքան մօտենալ փորձէ մարդ, անիկա այնքան կը հեռանայ, բայց միշտ աւելի գեղեցիկ է, մանաւանդ մայրամուտին, եւ բարձունքէ մը դիտէ զայն մարդ։ Եւ ամէն անոնք որ բնական տեսարաններու գեղեցկութիւններէն քիչ շատ տպաւորուելու եւ ազդուելու ընդունակ հոգի մը ունին, եւ գտնուած են բարձրունքի մը վրայ, կրնան դիւրաւ երեւակայել այդ պահը՝ ուր դիտողին հիացիկ բացագանչութիւնները եւ անոր զմայլանքն ու հոգեկան գոհացումը կը տարածուի ամբողջ բնութեան մէջ՝ այդ եզական հրաշալի՜ տեսարանին առջեւ։

Պահ մը երեւակայեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, արեւը արեւմտեան հորիզոնին մօտեցած՝ յստակօրէն կը պատկերացնէ հանդիպակաց բլրակները իրենց ամբողջ սիրո՜ւն մանրամասնութիւններով։ Իսկ ուրիշ մէկ կողմ մը՝ ծովուն կապուտակ ու ծիծաղկոտ ջուրերէն վեր բարձրացած՝ տեսարանին այդ մասին սխրալիր երեւոյթ մը կու տայ։ Եւ այդ բոլորը կարելի կ՚ըլլայ տեսնել եւ ապրիլ, եթէ բարձրունքէ մը կը դիտէ մարդ։

Տեսարանին միւս կողմը՝ աւելի հեռուն, լեռներ իրարու ետեւէ կը բարձրանան ամբարտակներու՝ թումբերու, ջուրի եզերքը շինուած արգելակ կամ պատուարներու պէս, իրենց հեռաւորութեան համեմատ պարուրուելով իրենց գորշ քօղին զանազան երանգաւորումներով։ Եւ իրիկնամուտին հետզհետէ թանձրացող մշուշին տակ կիսովին քօղարկուած պատկերի մը խորհրդաւորութիւնը կը ներկայացնէ տեսարանը։ Եւ այս բոլոր գեղեցկութիւնները կարելի է վայելել հեռուէն՝ բարձրէն բարձունքի մը վրայէն եւ ո՛չ թէ մօտէն։ Արեւը որ հետզհետէ կը խոնարհի եւ կը պատրաստուի համբուրել արեւմտեան հորիզոնը՝ գեղեցիկ է, քանի որ հեռո՜ւ է՝ անմատչելի հեռաւորութեան մը վրա՛յ։

Եւ այն բարձունքէն, հազիւ ծովէն քանի մը հարիւր մեթր բարձր, մարդուս առջեւ պարզուող բազմազան եւ այլազան գեղեցկութիւններու, հրաշալիքներու համադրութիւնը, հիանալի՜ ներդաշնակութիւնը՝ ամենէն համբաւեալ բնական տեսարանները կը պարզեն։ Ուստի, արուեստագէտ եւ ո՛չ-արուեստագէտ, հոն կը մնայ պահ մը հմայուած, յափշտակուած, հոն՝ ուր մարդ խօսելէ աւելի կ՚ուզէ դիտել, վայելել գեղեցկութիւնը պարզ ու հարազատ՝ բնակա՛ն։ Եւ այդ գեղեցկութիւններով յափշտակուած զգայուն եւ ազնիւ հոգիներ, կը յուզուին, կը ներշնչուին։ Բայց գիտեն նաեւ, թէ՝ բնութիւնը գեղեցիկ է, քանի որ ան հեռո՛ւ է, անմատչելի եւ երբեմն անճառելի՜։ Եւ միայն երա՜զ…։

Մարդ, արդարեւ, իրականութիւններէ աւելի, երազներով կ՚ապրի, երեւակայութիւններու մէջ կ՚իրականացնէ իր հեռանկարները, իր երազները, իր իսկ ստեղծած գեղեցկութիւննե՜րը, եւ այն հրաշալիքները՝ որոնք երբեք պիտի չիրականային երբ մօտն ըլլային, հասանելի եւ մատչելի ըլլային։

Գեղեցիկը միշտ գաղափար մըն է՝ երբ հեռո՛ւ է մեզմէ, եւ երբ մօտենայ ան կը դադրի այլեւս «գաղափար» մը ըլլալէ, հեռանկար մը ըլլալէ, այլ պարզ, սովորական, հասարակ երեւոյթ մը կ՚ըլլայ, իրական բայց ո՛չ երբեք գաղափարային։

Արդարեւ, գեղեցկութիւնը հեռանկար մըն է, եւ «գեղեցի՛կ» է այնքան՝ որքան հեռո՜ւն է՝ հեռանկար, որուն մօտենալու համար ջանք կ՚ընէ մարդ։ Սա իրականութեան պէտք է անդրադառնալ. այն նպատակին, որ մարդ աշխատանքով, մինչեւ իսկ չարչարանքով եւ տառապելով հասնելու կ՚աշխատի, այդ նպատակը արժէք կը ստանայ, եւ կ՚արժէ անոր համար տառապիլ, հոգ չէ որ չկարենայ հասնիլ իր հեռանկարին, բայց հեռանկարը կը մնայ միշտ գեղեցիկ, միշտ ճշմարի՛տ։

Ուստի մարդ ունենալու է հեռանկարը ի՛ր սեփական, քանի որ «գեղեցկութիւն»ը եւ երջանկութիւնը հո՜ն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 31, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2017