ՄԿՐՏԻՉ Ա. ՎԱՆԵՑԻ ԽՐԻՄԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (1892-1907)

5 մայիս 1892 թուականին, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, «ընտրութեամբ ազգիս»՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսական գահ կը բարձրանար Մկրտիչ Արք. Խրիմեան՝ որ 1873 թուականին Պոլսոյ պատրիարքութենէ հրաժարած էր, երբ 1869 թուականին գահ բարձրացած էր։ Իր նախորդն էր Իգնատիոս Ա Քաքմաճեան, որ վախճանած էր արդէն 1869-ին։

Մկրտիչ Արք. Խրիմեան կը գտնուէր Երուսաղէմ, Պոլսոյ պատրիարքութենէն հրաժարելէ ետք։

Ան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք ընտրուեցաւ 1869 թուականին, սակայն լուրջ տարակարծութիւններ էր ունեցած Ազգային Վարչութեան հետ՝ գաւառական գործերու կարգադրութեան հարցին մէջ։ Խրիմեան կողմնակից էր եւ ջատագով, գաւառներու մէջ «Տեղական Վարչութիւն»ներու հաստատման, ինչ որ կը հակասէր 1863-ի «Ազգային Սահմանադրութեան» տրամադրութիւններուն։

Այս մասին վէճը սակայն անլոյծ, հետեւաբար Մկրտիչ Պատրիարք Խրիմեան ներկայացուց իր հրաժարականը պատրիարքութենէ, 1873 թուականին։

Խրիմեանի իր այս քայլը բախեցաւ նախ Ազգային Վարչութեան ընդդիմութեան. հրաժարականը ետ մղուեցաւ. ապա, ժողովրդային ցոյցեր ծայր տուին՝ ինչ որ պատճառ դարձաւ Օսմանեան Կառավարութեան միջամտութեան։

Այսպէս, Բարձրագոյն Դրան կարգադրութեամբ, Խրիմեան ի վերջոյ դարձաւ «աքսորական»՝ Երուսաղէմի մէջ, 1873 թուականին։

Իր ընտրութիւնը, իբրեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, հետեւանքն էր Մակար Ա Թեղուտցիի (1885-1891) վախճանման՝ 15 ապրիլ 1891 թուականին։ Աւելի քան տարուան մը ընդմիջումէն ետք, Մայր Աթոռը կ՚ունենար արժանաւոր իր գահակալը, որ սակայն, դառնութեան եւ ծանր տագնապի օրեր պիտի անցընէր հայրապետական իշխանութեան իր շրջանին, Հայաստանի մէջ տիրող դժնդակ պայմաններու գոյութեան հետեւանքով։

Մկրտիչ Արք. Խրիմեան, Թրիէսթէի ճամբով հասաւ Ռուսաստան, քանի որ Պոլսէն անցքը չէր արտօնուած։ Եւ հոկտեմբեր 1893-ին տեղի ունեցաւ օծումը՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։

«Ռուսացման քաղաքականութիւն»ը ի զօրու էր նաեւ այդ օրերուն։ 1885-ին արդէն, Ձարական իշխանութիւններու հրահանգով փակուած էին Հայ վարժարաններ՝ որովհետեւ չէին կրցած ընթացք տալ պետական այն հրահանգին, որ Հայ ուսուցչին կը պարտադրէր «ռուսական կառավարութենէն հաստատուած վկայական» ունենալ։ Մակար Ա Կաթողիկոսի դիմումներուն ընթացք տալով, իշխանութիւնները վեց տարուան պայմանաժամ մը տուած էին եւ արտօնած՝ որ վերաբացուին դպրոցները։

1891-ին այդ պայմանաժամը լրացած ըլլալով, Խրիմեան, նոր խնդրանք մը ներկայացուց եւ վեց տարուան պայմանաժամ մը եւս ապահովեց։

Սակայն 1897-ին եւս օրինական պահանջը ընթացք գտած չըլլալուն՝ ռուս կառավարութիւնը փակեց 320 հայ վարժարանները։ Անոնց կարգին էր նաեւ բարեգործական եւ մշակութային հաստատութիւններ, թերթեր, եւ այլն։ Գրաքննութիւն հաստատուած էր նոյնիսկ Մայր Աթոռի պաշտօնաթերթ «Արարատ»ի վրայ։ Այս թուականէն վերջ, պատմական ծանր դէպքեր հետզհետէ յաջորդեցին այս քաղաքականութեան։

Յունիս 1903-ին կը բռնագրաւուէին Հայ եկեղեցական կալուածները, ա՛յն վերագրումով որ Եկեղեցին նիւթապէս կ՚օժանդակէր քաղաքական կազմակերպութիւններու։ Հայութիւնը խռովալից օրեր ապրեցաւ, բողոքի եւ ընդվզումի ալիքը Երեւանէն եւ Ալեքսանդրապոլսէն լսելի դարձաւ։

Հայրապետ Խրիմեան Հայրիկ օգոստոս եւ սեպտեմբեր 1903-ին յաջորդական երկու կոնդակներով թեմական մարմիններուն կը յանձնարարէր ո՛չինչ յանձնել Ձարական պաշտօնեաներուն առանց իր գիտութեան։ Իր բոլոր ճիգերը՝ Ձարին ներկայանալու, իր բոլոր աղերսագիրները անհետեւանք մնացին դժբախտաբար։

Վորոնցով-Տաշկով, ուզեց սիրաշահիլ հայերը՝ աւելի արդարադատ եւ խղճամիտ վարուելով եւ վերադարձնելով բռնագրաւեալ կալուածներու մէկ մասը։

Հայրապետ Խրիմեան Հայրիկ խոր տարակարծութիւններ ունեցաւ իշխանութիւններու հետ նաե՛ւ ընտրական եւ վարչական հարցերու շուրջ։ Ուստի, ան փորձեց ժողովուրդին  վերադարձնել «Առաջնորդներ եւ Առաջնորդական փոխանորդներ ընտրելու իրաւունք»ը եւ մայիս 1906 թուականին, այս իմաստով կոնդակ մը ղրկեց բոլոր ներքին թեմերուն։

Ռուս կառավարութիւնը, սակայն, արգելք հանդիսացաւ նաե՛ւ Խրիմեանի այս քայլին, ինչպէս ընդդիմացած էր ժողովրդական ամէն տեսակի շարժումներուն եւ նախաձեռնութիւններուն։

Հայրապետ Խրիմեան Հայրիկ, տասնհինգ տարիներու (1892-1907) իր հայրապետութեան շրջանը անցուց դառնութիւններով, ծանր դժուարութիւններու դէմ յանդիման, եւ վախճանեցաւ նոյեմբեր 1907 թուականին։

Հանրային եւ գրական մարզերու մէջ «մեծութի՛ւն» մը, իբրեւ մարդու թէ հոգեւորականի բարձր նկարագիր մը, իբրեւ խառնուածքի՝ իր ժողովուրդին հանդէպ բոլորանուէր հօր մը դերին եւ դիրքին վրայ մնաց միշտ եւ «Հայրիկ» վերագիրը արժեւորեց անսակարկ նուիրումով մը եւ արժանաւորապէ՛ս։

«Խրիմեան Հայրիկ ուխտաւորն է այն կենսանորոգ շարժումին, որ ԺԹ. դարու վերջամասին ծաղկեցաւ յանկարծ Հայ Մտքի անդաստաններէն, եւ հայ մշակոյթի պատմութիւնը զայն ողջունեց -գաւառապաշտութիւն- անունին տակ։ Խրիմեան եղաւ այդ պաշտամունքին եզական քրմապետը, որ մինչեւ վերջին շունչը անոր կիրքովը եւ կրօնքովը ապրեցաւ. զայն քարոզեց խորանէն թէ տարբեր բեմերէ, աղօթեց անոր համար եւ անոր երազը պահեց միշտ բիբերուն մէջ, ուսուցիչ եւ վարդապետ, առաջնորդ եւ հանրային գործիչ, Պատրիարք եւ Կաթողիկոս ըլլալէ առաջ։ Տեսակ մը Ղեւոնդ Երէց, որ կարծես նոր ժողովուրդ մը կերտել ուզեց տոհմային աւանդութեանց համաձայն, եւ խաչը ձեռքին՝ մաքառեցաւ այս նպատակին համար, ողբաց, պատուիրեց եւ աղաղակեց, առանց անդրադառնալու այն ժխտական ուժերուն, որ զինքը խոցեցին անխնայ…», կ՚ըսէ Եդուարդ Սիմքէշեան իր «Ջահակիրները» գիրքին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 31, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018