ԱՂԱՆԴՆԵՐ (Բ.)

Ստորեւ կը շարունակենք «Աղանդներ»ը՝ Մանէս Պարսկի աղանդով։

Այս աղանդը շատ ճիւղաւորութիւններ ունեցաւ եւ շատ տարածուեցան։ Հայաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ եղած սերտ յարաբերութեան շնորհիւ՝ այս աղանդը հայ ժողովուրդին մէջ ալ տարածուեցաւ։ Ղազար Փարպեցին նոյնը կը յիշէ, իսկ Եզնիկ Կողբացի ընդարձակօրէն նոյնը կը հերքէ։ Այնպէս կ՚երեւի, թէ մանիքեցիներու մէկ ճիւղն էր «բորբորիտոն» (տղմային՝ անշուշտ բարոյականի կողմէ), կոչուած աղանդը Հայաստանի մէջ՝ որ սաստիկ հալածուեցաւ Սահակ Պարթեւի կողմէ։ Եւ այս ենթադրութեան կռուան կու տայ այն պարագան՝ որ Եզնիկ (Բ 117) մեծապէս կը դսրովէ՝ կը պախարակէ եւ կը դատապարտէ մանիքեցիներու զեղխ եւ վատթար կեանքը։ Այսպէս նաեւ կարելի է կարծել, որ Կորիւնը յիշատակած է «Սատանայական» աղանդը Հայաստանի արեւմտեան կողմը նոյնպէս մանիքէութեան ուրիշ մէկ ճիւղն էր։ Մաշտոց վարդապետ, այս աղանդի դէմ շատ պայքարած է, կռուած, բայց ան իր գոյութիւնը տակաւին երկար ժամանակ պահպանած է երկար շրջան մը։

գ.- Շահապիվանի ժողովի կանոններու եւ առ հասարակ Հայ եկեղեցական գրականութեան մէջ յաճախ կը յիշատակուին մծղնայ (messalleyane. մեսաղան՝ զայրագործ, պղծագործ, անմաքուր, զազիր, գարշ) աղանդաւորները՝ որոնք ըստ էութեան Հայաստանի մէջ շատ տարածուած էին։ Մծղնեայ (Մեսաղեան, Մասաղեան), որ կը նշանակէ՝ «աղօթաւոր», կը կոչուէին այն ասորի աղանդները՝ որոնք կ՚ուսուցանէին, թէ կատարեալ կեանքի համար, կատարեալ կեանքի հասնելու եւ Սուրբ Երրորդութիւնը աչքով տեսնելու միակ միջոցը անդադար աղօթելն է։

Անոնք չէին ընդուներ, որ եկեղեցւոյ խորհուրդները, մկրտութիւնը մարդուս մեղքը կը ջնջեն, այլ այդ կը կատարուի միմիայն աղօթքով։ Կը հաւատային, թէ ամէն մարդու մէջ ի ծնէ դեւ մը կայ, որ կը դրդէ մեղանչելու. կը մերժէին ամուսնութիւնը, աշխատանքը եւ կ՚ապրէին մուրացկանութեամբ եւ բացօթեայ։

Այս աղանդը 300 թուականներուն հրապարակ ելաւ Ասորեստանի մէջ եւ դրացի երկիրներու մէջ շատ տարածուեցաւ։ Օտարներ կը յիշատակեն, թէ այս աղանդաւորները Հայաստան եկան եւ արդէն Շահապիվանի ժողովի 19-րդ կանոնը բացարձակ կը հաստատէ, որ իսկապէս այդ աղանդը շատ տարածուած էր Հայաստանի մէջ։ Ժողովը խիստ պատիժներ սահմանեց աղանդաւորներու դէմ կ՚երեւի ոչ թէ միայն անոր համար, որ անոնք եկեղեցւոյ խորհուրդները կը մերժէին, եւ իրենց հետեւորդներուն դատարկ եւ անաշխատ կեանքի համար։ Անոնք կը սիրէին յափշտակութիւն՝ բռնի գրաւում, խլում, կորզում, թալան, եւ այս պատճառով, պատիժներ սահմանուած էր անոնց՝ ո՛չ միայն եկեղեցւոյ խորհուրդները մերժած ըլլալնուն համար, այլ եւ յատկապէ՛ս անոնց անառակ, պիղծ եւ անմաքուր կեանքին համար, որոնք կը սիրէին անիրաւ հարստացում՝ անառակութեան անձնատուր ըլլալով։

Անոնք կոչուած են նաեւ՝ «Էնթուզեաններ»։

դ.- Տիեզերական Եկեղեցին յուզող աղանդներէն «արիոստականութիւն»ն ալ ըստ երեւոյթին ունեցած է հետեւողներ հայ եկեղեցականներու մէջ. այդ կարելի է նկատել՝ Երուսաղէմի Մակարիոս եպիսկոպոսի Վրթանէսին գրած նամակին մէջ, թէ Բասէնի Տուրք եպիսկոպոսի մասին, որ կը յիշատակուի, թէ քիչ մը «արիոսականներ»ու կողմն է անցեր։

Մեծն Ներսէսը (Տ. Ս. Ներսէս Ա Պարթեւ. Ծն. 329 - Վախճանում + 373, Հայրապետութիւն՝ 353-373) 352 թուականին Աշտիշատի ժողովի մէջ դաւանական միութիւն հաստատեց՝ ընդունիլ տալով Նիկիական հանգանակը։

Մամբրէ վերծանողի Ղազարու Յարութեան նուիրուած ընդարձակ ճառին մէջ լայն կերպով մեկնաբանուած է այս նիւթը՝ ուր աղօտ կերպով կը յիշէ Փաւստոսը. եւ Հանգանակը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շարունակելի…

Օգոստոս 3, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2023