ԴՈՒ ՔՈ ՇՈՒՇԱՆՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԹՈՂԵՍ

Մեր թուականէն տասնամեակներ առաջ Յովհաննէս Շիրազ կը բողոքէր այն դառն իրողութեան դէմ, որ հայազգի զաւակներ իրենց որդիներն ու դուստրերը օտար ազգի պատկանող անուններով կը մկրտեն. Շիրազի գրած բանաստեղծութեան մէջ զգալի է ցաւն ու գուցէ ջղայնութիւնը եւս, որովհետեւ այդ պարզ ու սովորական թուացող անուանակոչութիւնը եւս իր կարեւոր տեղը ունի եւ պէտք է որ ունենայ մեր ազգին մէջ, որովհետեւ Շիրազ ունի հետեւեալ համոզումը՝ որ կը քաղենք իր տողերէն.-

«Իր մայր լեզուից ձեռք քաշողը՝
Վերջն էլ կըտայ իր մայր հողը»:

Անուններու մասին Շիրազի ըմբռնումը լաւապէս հասկնալու համար բաւարար է գիտնալ մեծ բանաստեղծին զաւակներուն անունները.- Սիփան, Արա, Մասիս եւ Վանանդ:

Շիրազ իր բանաստեղծութեան մէջ կ՚ուզէ, որ «Աստղիկն այստեղ (Հայրենիքի մէջ) Աստղիկ մնայ». նկատի պէտք է ունենանք, որ Շիրազ այս տողերն ու բողոքը գրած է մեր թուականէն 69 տարիներ առաջ՝ 1954 թուականին, երբ տակաւին օտար անուններու գործածութիւնը այնքան նորաձեւութիւն դարձած չէր՝ ինչքան մեր օրերուն:

Իրականութեան մէջ շատեր կրնան մտածել, որ անունը հայրենասիրութեան հետ կրնայ այնքան ալ աղերս չունենալ, որովհետեւ մարդ կրնայ հայկական անուն կրել՝ սակայն ոչ մէկ հայկականութիւն, սակայն անդին օտարազգի անուն կրող անձ մը առաջինին հակառակ լեցուած ըլլայ հայկականութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, ինչպէս է օրինակ պարագան Ուիլիըմ Սարոյեանի, որ Ուիլիըմ անունը կրելով հանդերձ աւելի հայրենասէր էր՝ քան միւս հայազգի անուն կրողները:

Սակայն կը հաւատանք, որ անունը եւս ունի իր կարեւոր տեղն ու դերը. անունները պարզապէս ինքնութեան թուղթ են անձի ազգութեան ու պատկանելիութեան. այս մէկը Յովհաննէս Շիրազ կը փորձէ բացատրել հետեւեալ ձեւով.- դաշտին մէջ գոյութիւն ունին բազմաթի՜ւ ծաղիկներ. բոլորն ալ ծաղիկ են, սակայն զանոնք իրարմէ տարբերողը իրենց անուններն են. նոյնն է պարագան մարդկութեան. բոլորն մարդ են, սակայն զանոնք իրարմէ զանազանողը իրենց անուններն են՝ այլ խօսքով իրենց անունները: Օրինակի համար, այնպէս ինչպէս «Ճէնիֆըր» անունը ամերիկացի ըլլալու զգացում մը կու տայ մարդուն, նոյնն է պարագան Սիփան կամ Վանանդ անուններուն:

Շիրազի համոզումով, աշխարհը դաշտ է, իսկ մէջի մարդկութիւնը ծաղիկներ են եւ ամէ՛ն ծաղիկ ունի իր բոյրն ու գեղեցկութիւնը. հետեւաբար ինչո՞ւ համար կակաչը վարդ՝ իսկ վարդը կակաչ դառնալ ուզէ եւ այս օրինակը վերագրելով հայութեան, բանաստեղծը հարց կու տայ.

«Դու քո Շուշանն ինչո՞ւ  թողես՝
Օտար դաշտի լիլիան քաղես»:

Սակայն ժամանակները ստիպեցին, որ մենք բոլոր անտարբերութեամբ նայինք անուններուն, որովհետեւ անուններուն կողքին սկսաւ աղաւաղուիլ նաեւ մեր լեզուն՝ ինչ որ աւելի առաջնահերթ էր՝ քան անունները եւ մեր ու Շիրազի ժամանակաշրջանին տարբերութիւնը եղաւ այն՝ որ իրենց ժամանակ անուններն էր աղաւաղուած, իսկ մեր ժամանակը երկուքը իրար հետ:

Այդ աղաւաղումները պարզապէս կարելի է կոչել անտարբերութիւն, որովհետեւ մինչեւ օրս հայրենիքի մէջ կը գործածուին շատ շատ օտար բառեր՝ որոնց հայերէնը գոյութիւն ունի, սակայն չես գիտեր ինչո՞ւ, օտարինը աւելի առաջնահերթ կը նկատուի: Օրինակի համար, չես գիտեր ինչո՞ւ համար մինչեւ օրս Հայաստանի մէջ կը գործածուի «մայոր» եւ «գեներալ» բառերը, երբ անոնց հայերէն տարբերակները գոյութիւն ունին եւ աւելի գրաւիչ են քան յիշուածները:

Այս «մայոր» եւ «գեներալ»ին վրայ աւելցուցէք «Վիյոլեդ», «Ժեմմա» եւ այլ բազմաթիւ օտար անուններ եւ ահաւասիկ ձեզի մերօրեայ հայութիւնը: Պահ մը մտաբերեցէք, թէ վերջին տասը տարիներու ընթացքին ձեր ծանօթներէն քանի՞ն իրենց զաւակները հայկական անունով մկրտեցին. վերջին նորաձեւութեան համաձայն քանի՞ն իրենց զաւակներուն տուին երկու անուններ:

Տակաւին աւելին, կան անձեր իրենց զաւակները երկու անունով կը կոչեն. օրինակի համար, Սեպուհ-Քրիստ կը կոչեն. Սեպուհը կը պահեն պարզապէս հայկականութիւն մը ցոյց տալու համար, սակայն կեանք մը ամբողջ կը գործածեն Քրիստ անունը, սակայն չես կրնար ըսել որ հայկական անուն չունի, որովհետեւ մանուկը անձնագիրին մէջ կը կրէ «Սեպուհ» անունը: Ահաւասիկ մեր հայրենասիրութեան մակարդակը՝ պայմանաւորուած արտաքին երեւոյթներով:

Կար ժամանակ, որ օտար անուն դնելը «մոտա» կը նկատուէր, սակայն հասանք այնպիսի տեղ՝ որ զարմանք կը պատճառէ հայ մանուկի մը մաքուր հայկական անունով մկրտուիլը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -308-

Մեր ծանօթներէն մին իր նորածին մանուկը մկրտեց Յովհաննէս Կարպիս անունով:

Նորածինը լոյս աշխարհ գալէն ետք ընտանիքով գացինք շնորհաւորելու. ընթացքին մանուկին հայրը յայտնեց, թէ Յովհաննէսի կողքին երկրորդ անուն ընտրած են Կարպիս անունը. եղբօրս եօթ տարեկան դուստրը զարմացած հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ.

«Կարպի՞ս... այդ ինչ հին ծերերու անուն է»:

Այս մէկը մտածել տուաւ հետեւեալ հարցին մասին. մի քանի տասնամեակներ ետք մեր մէջ քանի՞ Կարպիս պիտի պակսի եւ «Ժոզէֆ»ներ ու «Լուքաս»ներ աւելնան...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2023