ԱՆՈՒՆԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ընդհանուր առումով «անուն»ը ինքնութեան արտայայտութիւնն է։ Ուրիշ խօսքով, «անուն»ը՝ ի՛նքն է, զայն կրողը, իր անունով ինքզինք կը ներկայացնէ։ Եւ այս իմաստով, անունը ամէն տեսակ յարգանքի արժանի է, ինչպէս յարգանքի արժանի է իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր ինքնութի՛ւն։

Արդարեւ «Տասը պատուիրաններ»ուն երրորդը կը հրահանգէ յարգել Տիրոջ անունը. «Քու Տէր Աստուծոյդ անունը զուր տեղ պիտի չարտասանես» (ԵԼՔ. Ի 7), նաեւ՝ (Բ. ՕՐ. Ե 11)։ Այս պատուիրանը կախում ունի կրօնի առաքինութենէն եւ յատուկ կերպով կը կանոնաւորէ մարդուն խօսքին գործածութիւնը՝ նուիրական նիւթերու շուրջ։

Ուստի, յայտնութեան բոլոր խօսքերուն մէջ, բառ մը կայ եզական, որ Աստուծոյ անունին յայտնութի՛ւնն է։ Աստուած Իր անունը կը վստահի անոնց, որոնք կը հաւատան Իրեն։ Ուրեմն, անունը վստահութիւն ներշնչող եւ փոխադարձաբար վստահելի ըլլալու ակնկալութեան պահանջքը զգացուող կարեւոր արժէք մըն է։ Անո՛ւնն է, որ մարդուս վստահութիւն կը ներշնչէ առաջին ակնարկով։

Աստուած Ինքզինք կը յայտնաբերէ անոնց՝ Իր անձնական խորհուրդին մէջ։ Անունին պարգեւը կը պատկանի մարդոց գաղտնիքի վստահութեան եւ մտերմութեան մէջ։ Ուստի անունը կը վերաբերի վստահութեան եւ մտերմութեան մարզին։

Մարդիկ ալ այդպէս կ՚ընեն. իրենց անունը կը յայտնեն անոնց՝ որոնց հետ մտերիմ են, ծանօթ են ե՛ւ մտերիմ։ Թէ ոչ չեն յայտներ իրենց անունը։ Երբ օտար մը՝ անծանօթ մէկը հարցնէ իրենց անունը, պատճառը կ՚ուզեն հասկնալ եւ կը վարանին իրենց անունը յայտնելու, քանի որ անունը իրենց ինքնութիւնն է, որ պէտք է գաղտնի, ծածուկ ըլլայ օտարներու նկատմամբ, եւ կամ զայն յայտնելու համար բանաւոր պատճառ մը պէտք է գտնուի։ Եւ այս իմաստով՝ անունը նուիրակա՛ն է։

Եւ «Սուրբ է Տիրոջ անունը»։ Այս պատճառով մարդ պէտք չէ՛ զայն վայրապար՝ զուր կամ պարապ տեղ գործածէ։ Պէտք է զայն իր մտքին մէջ պահպանէ սիրազեղ երկրպագութեան մը լռութեան մէջ։ Իր ըսած խօսքերուն մէջ պիտի մէջբերէ զայն՝ միայն զայն օրհնաբանելու, գովաբանելու եւ փառաբանելու համար։

Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ալ կենցաղագիտութեան աւանդական կանոններու ներհակ է մէկու մը անունը գործածել իր բացակայութեան՝ առանց իր տեղեկութեան եւ կամ նախապէս տրուած հաւանութեան։ Բանաւոր պատճառներ եթէ գոյութիւն չունին, մէկու մը բացակայութեան անոր անունը շահագործել, անոր անուան շուրջ կարծիք յայտնել՝ առնուազն կարելի է «բամբասանք» համարել, ինչ որ բարոյագիտական եւ կենցաղագիտական կանոններու հակառա՛կ է եւ անհաւատարմութիւն՝ գաղտնապահութեան, որ առաքինութիւն մըն է եւ ազնուականութեան ստուգանի՛շ։

Աստուծոյ, եւ ընդհանրապէս անձերու անուններուն հանդէպ ակնածանքը անհրաժեշտ է, քանի որ այդ ակնածանքը արտայայտութիւնն է այն ակնածանքին՝ զոր նախ կը պարտի մարդ Աստուծոյ իսկ խորհուրդին եւ ամէն նուիրական իրականութեան՝ որուն յիշեցո՛ւմն է Ի՛նք։ «Նուիրականին զգացողութիւն»ը կախեալ է կրօնի առաքինութենէն։ Յետոյ նոյն ակնածանքը պէտք է ցոյց տրուի մարդոց անուններուն նկատմամբ, քանի որ անունի հանդէպ ակնածանքի արտայայտութիւնը անձին իրաւունքներուն հանդէպ յարգանք կը նշանակէ, եւ անունի հանդէպ ակնածանքը իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի արտայայտութեան համազօր վարմունք մըն է։

Ուստի, երկիւղի, ակնածանքի եւ նուիրական զգացումներու մասին Ճոն Հենրի Նիումանի խօսքերը յիշել՝ այս նիւթին բացայայտութեան նկատմամբ օգտակար պիտի ըլլայ։

«Արդեօք երկիւղին եւ նուիրականին զգացումները քրիստոնեա՞յ զգացումներ են։ Ո՛չ ոք կարող է տրամաբանօրէն տարակուսիլ այս մասին։ Այս զգացումները մենք բարձրագոյն չափով պիտի զգայինք, եթէ Աստուծոյ վսեմութեան տեսութիւնը ունենայինք։ Այս զգացումները, մենք պիտի զգայինք, եթէ -կարենայինք- անոր ներկայութիւնը մեզի շօշափելի դարձնել։

«Մենք զանոնք զգալու ենք, որ չափով որ կը հաւատանք, թէ Աստուած ներկա՛յ է։

«Այդ զգացումները չունենալ, կը նշանակէ ամենեւին չգիտակցիլ, ամենեւին չհաւատալ, թէ Ան ներկա՛յ է»։

Այս իմաստով, ոեւէ անձի անունը որեւէ կերպով երբ կ՚օգտագործէ մարդ, պէտք է այնպէս խօսի այդ մասին, թէ՝ եթէ ան ներկայ ըլլար համարձակօրէն պիտի կարենար խօսիլ եւ ըսել այն ամէն ինչ՝ որ բացակայութեանը կը խօսի եւ կ՚ըսէ։ Ահաւասի՛կ, այս է անուան հանդէպ ակնածանքի եւ նուիրական զգացումը եւ անձնական իրաւունքներու յարգանքը։

Արդարեւ, իրենց հոգեբանական արտայայտութիւնները ունին անունները՝ ըլլան անոնք անձերու, առարկաներու կամ ընկերութիւններու։ Ճի՛շդ այս պատճառով է, որ ընկերութիւններ ծանուցումներու շատ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն եւ մեծ գումարներ կը ծախսեն գտնելու համար լաւագոյն անունը իրենց արտադրած առարկային եւ յաճախ խոշոր, ահռելի դրամական մրցանակներ կը խոստանան անոր՝ որ ամենէն, ըսենք, «քարշողական» բառը կը գտնէ առարկայի մը համար որպէս «անուն»՝ զոր հրապարակ դնել կ՚ուզեն։

Քաղաքական կեանքի մէջ ալ նո՛յնն է պարագան, քաղաքապետութեան, երեսփոխանութեան եւ մինչեւ իսկ նախագահութեան ընտրելիի անո՛ւնն իսկ նկատի կ՚առ-նըւի, այսինքն ինքնութիւնը, որ նոյնացած է իր անունին հետ։ Ուստի բառեր կան՝ որ ամբողջ գաղափարը մէկէն եւ լիուլի կ՚արտայայտեն. անձերու անուններուն համեմատ ընտրելիին ընտրուելու հաւանականութիւնը շատ կամ քիչ կ՚ըլլայ։ Արդարեւ «անուն»ն է, որ շատ անգամ համակրանք կամ հակակրանք կը ստեղծէ։ Անունին հետ համադրուած ինքնութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ եւ ասիկա անուրանալի ճշմարտութի՛ւն մը ըլլալով՝ կը յայտնուի կեանքի ամէն շրջանին եւ մարզին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 31, 2018 Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018