ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԷ.)
Հին ցաւը մենք ունինք մինչեւ այսօր թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Պոլսոյ մէջ. մեր թուականէն տասներեք տարիներ առաջ, Տատեան վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհի օրիորդ Հերմինէ Պէնլիօղլու Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէր. «Մեր մայրենին օրըստօրէ կը նահանջէ: Տղաքը հայախօս չեն, տուներուն մէջ չի խօսուիր հայերէն: Տարուէ տարի կը նուազի աշակերտութեան թիւը»:
Պոլիսը պարզապէս օրինակ մըն է, որովհետեւ այդ նահանջը այսօր կ՚ապրինք գրեթէ բոլոր գաղութներէ ներս. կը կարդամ հիները. բազմաթիւ դպրոցներ, մի քանի տասնեակ թերթեր ու հրատարակութիւններ. կը տեսնենք, թէ թերթեր կը հրատարակուէին աւելի քան մի քանի հազար օրինակով. այսօր ո՞ր ոլորտին մէջ նահանջ չենք արձանագրած. նոր դպրոցներ բանալու փոխարէն եղածներն ալ փակուած են այսօր. նոր թերթեր հիմնելու փոխարէն անշնչացուցած ենք բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ իրենց գոյութիւնը քաշքշողներն ալ կը փորձենք նոյն ճակատագիրին մատնել։ Նայեցէք ակումբներու պարագան. պիտի տեսնէք, թէ պակսած են այս կամ այն կուսակցութեան նուիրեալները. նայեցէ՛ք եկեղեցւոյ վիճակը եւ պիտի տեսնէք, թէ օրէ օր կը պակսի հաւատացեալներուն թիւը. մեր հայկական իրականութենէն ներս ո՛ր կողմն ալ նայինք, նոյն քաոսային վիճակն է որ պիտի տեսնենք, իսկ աւելի ցաւալին մեր այս բոլորին հանդէպ ցուցաբերած անտարբերութիւնն է:
Պէտք է նկատի ունենանք, որ այս բոլորը իրարու հետ առընչուած են. լեզուի պակասը կը հեռացնէ թէ՛ հայկական մամուլէն, թէ՛ հայկական դպրոցէն, թէ՛ հայկական ակումբէն եւ ընդհանրապէս հայկական շրջանակներէն. այսօր ինչքա՜ն շատ են աշխարհի վրայ անոնք, որոնք պարզապէս իրենց անուանական հայութիւնը ակամայ վիճակով կը շարունակեն ապրիլ. կարելի է յիշել բազմաթիւ հայ յայտնիներ եւ պահ մը ուսումնասիրել անոնց զաւակները. անոնցմէ քանի՞ն հայերէն կը հասկնան. գուցէ ո՛չ մէկը:
Այս անտարբերութեան վերջը բոլորիս ալ յստակ է. օր պիտի գայ պիտի փակուի Տատեան վարժարանը. վերջ պիտի գտնէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ միւս թերթերու գոյութիւնը. եկեղեցիները արարողութիւն ըլլալու փոխարէն որպէս թանգրան պիտի ծառայեն. եկեղեցիներէն ամէն ձեւով պիտի փորձեն վերացնել հազիւ շնչող գրաբարը եւ նոյնիսկ պատարագը կատարուի օտարին լեզուով՝ ինչ որ արդէն իսկ կամաց կամաց կը տեսնենք «խոստացեալ» երկիրներու մէջ:
Կը քննադատենք, հասկնալով հանդերձ որ այս վէրքերը բուժելը շատ դժուար եւ գուցէ անկարելի վիճակ մը ստացած է արդէն:
Այս բոլորին մեծագոյն մեղաւորը կրնանք նկատել դպրոցը, որովհետեւ դպրոցը թուաբանութիւն կամ գիտութիւն սորվելէ անկախ հայու ոգի սերմանելու դարբնոց է եւ այդ ոգիով է որ այդ մանուկ-պատանիները ծնունդ պիտի տան ապագայ ՀԱՅ սերունդ մը: Այդ ոգին ունեցողէն միայն կրնայ հայ ծնիլ, որովհետեւ անուանական հայ ըլլալը մեր կորուստի ճամբան է պարզապէս: Այդ ոգին է որ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն մը կ՚արթնցնէ մարդուն հոգիին մէջ:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ԽԸ.- ՀԱՆԸՄ
Հանըմ բառը մինչեւ օրս կը գործածուի շատ մը պոլսահայերու կողմէ. գրականութեան մէջ եւս բազմաթիւ գրողներու մօտ կարելի է գտնել այդ բառերու գործածութիւնը.-
Օրինակի համար, Արփիար Արփիարեան իր «Հոգու զաւակը» աշխատութեան մէջ կը խօսի Սրբուհի հանըմի մը մասին:
Հանըմ բառը նոյնիսկ կարելի է գտնել աշխատութիւններու խորագիրներուն մէջ. օրինակի համար, Զապէլ Եսայեանի գրութիւններէն մին կը կոչուի «Մելիհա Նուրի հանըմ»: Եսայեան իր միւս աշխատութեան՝ «Սիլիհտարի պարտէզները» աշխատութեան մէջ կը յիշէ Սանդուխտ հանըմ մը:
Գրիգոր Զօհրապ եւս իր «Խղճմտանքի ձայներ» աշխատութեան «Խարիսխը» գրութեան մէջ կը յիշէ Սօֆիկ հանըմ մը:
Այս բառը կարելի է գտնել նաեւ Արփիար Արփիարեանի, Երուխանի, Յակոբ Օշականի եւ այլ գրողներու մօտ:
Յովսէփ Մալէզեան հանըմ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել տիկին բառը:
ԽԹ.- ՀԱՍՐԷԹ
Այս բառը մեծաւ մասամբ կը տեսնենք տաղերու եւ բանաստեղծութիւններու մէջ. կարծես հասրէթ բառը աւելի արտայայտէ ուզուած իմաստը՝ քան անոր հայերէն տարբերակը:
Օրինակ հին բանաստեղծութեան մը մէջ կը կարդանք. «Նա քո սիրուդ հասրէթ մնաց»: Այլ անյայտ հեղինակ մը իր «Տաղ ղարիպի» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Շատ հասրէթ մնացանք անկողնու, տօշկի»:
Թլկատինցի եւս իր «Գեղի նամակներ» աշխատութեան մէջ կը յիշէ այս բառը. «Ղազարոսին մեծատանը պէս ջուրի հասրէթ չքաշէիք»:
Յովսէփ Մալէզեան այս բառի փոխարէն կ'առաջարկէ գործածել կարօտութիւն բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -333-
Նոր հայրենիք փոխադրուած էի։ Մայրս խնդրեց, որ ընկերակցիմ իրեն շուկայ երթալու ոչ սիրելի պտոյտին։ Տան համար լոլիկ պէտք էր գնէինք։ Վաճառողը ցոյց տուաւ փոքր լոլիկ մը եւ ըսաւ «Այս մէկը լոլիկ է», իսկ աւելի մեծ լոլիկ մը ցոյց տալով «պամիտոր է», ըսաւ։ Փորձեցի բացատրել, որ երկուքն ալ լոլիկ են՝ պարզապէս տարբեր չափերով։ Չհամոզուեցաւ. պնդեց, թէ մեծերը լոլիկ չեն, փոքրերն են լոլիկ։ Մինչեւ այսօր լոլիկին ու «պամիտոր»ին տարբերութիւնը չկրցայ հասկնալ։
Հարցը հոն է, որ նոյն համոզումը ունին բոլորը՝ որովհետեւ «պամիտոր»ը հայերէն բառ ըլլալ կը կարծեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան