ՆԿԱՐԱԳՐԻ ԽՈՐՔ ՈՒՆԵՆԱԼ…
Մարդուս նկարագիրը իրենց ինքնութեան արտայայտութիւնն է։ Արդարեւ, նկարագիրը դրոշմն է անձին եւ ան կը ճանչցուի իր իսկ նկարագրով։ Եւ այս իմաստով՝ անձը ծանօթ է իր նկարագրով։ Ուստի, ոմանք ունին արմատներ՝ խորունկ ալքերու մէջ հաստատուած, եւ չեն տապալիր «սաստկաշունչ հովեր»էն, ուրիշներ, նմանողաբար աւազի վրայ հաստատուած տան մը տիպարը կը ցուցաբերեն եւ երբեք վստահութիւն չեն ներշնչեր։ Այս պատճառով, երբեք պէտք չէ վստահիլ այնպիսի մարդոց՝ որոնք նկարագրի խորք չունին։ Անոնց նկարագիրը հաստատուած է աւազի վրայ եւ ո՛չ թէ՝ ժայռի։
Նկարագրի խորք չունեցող մարդիկ, որքան ալ «բարեկամ» ձեւանան, թշնամիներ են, որ միշտ վտանգ կը սպառնան եւ պէտք է հեռու մնալ այդպիսիներէն։ Ուստի, ճշմարիտ բարեկամութեան ստուգանիշներն են՝ անկեղծութիւնը եւ վստահելիութիւնը։ Տկար նկարագիր ունեցողներ որոշ գիծ մը, սկզբունք մը չունին. այսօր կը կենան սկզբունքի մը վրայ, վաղը՝ կ՚ուրանան, կը դրժեն զայն. այսօր «ճերմակ» ըսած են, վարը «սեւ» ըսելէ ամօթ չեն զգար։ Ամչնալ, խիպ չունին անոնք. այսօր քրիստոնեայ են, կամ այդպէս կը ձեւացնեն, վաղը՝ հեթանոս, այսօր պարկեշտ են, վաղը՝ խաբեբայ, այսօր խոնարհ են, վաղը՝ գոռոզ եւ ինքնահաւան, այսօր կը սիրեն, վաղը՝ կ՚ատեն… եւ չես գիտեր, թէ ո՞վ են, ի՞նչ են անոնք՝ բարի՞ թէ չա՛ր։ Բայց մէկ բան յայտնի է. անոնք կատարեալ կեղծաւորներ են եւ մէկ խօսքով՝ աննկարագիր եւ բարոյազուրկ՝ տմարդի՛։
Ծանծաղամիտ՝ խորք չունեցող, շփոթ մարդիկ շա՜տ եղած են ամէն շրջանի եւ ամէն հաւաքականութեան մէջ, ասիկա «մարդ»ուն ընդհանուր բնաւորութիւնն է, որ չէ ջնջուած մինչեւ ներկայ ժամանակներ։ Արդեօք մարդուն նկարագի՞րն է «աննկարագիր» ըլլալ անոնց համար, որ չեն կրցած նկարագրի խորք ունենալ…
Այսպիսի մարդոց զգայնութիւնը չարին եւ բարիին մասին՝ նօսրացած է, այնպէս որ շատ յաճախ՝ ի՛նչ որ «չար»ը կ՚ընդունուի իբրեւ «բարի»։ Այս տեսակ բարոյականութիւն մը ընդունելի չէ կրօնական տեսակէտէ, եւ ոչ եւս քրիստոնէական կարելի է նկատել։
Չէ՞ք լսած, սիրելի՜ բարեկամներ, միթէ յաճախ. «բայց ինչո՞ւ մեղք ըլլայ ասիկա…» հարցումով արդարացումի որոնումներ՝ որոնք անիրաւը իրաւացի, անարդարը արդար եւ չարը բարի ցոյց տալու զուր եւ ապարդիւն ջանքեր եւ ճիգեր են միայն։ Չէ՞ որ կ՚ապրինք աշխարհի մը վրայ՝ շրջան մը՝ ուր խարդախութիւնը, խաբեբայութիւնը եւ զեղծարարութիւնը յաճախ ճարպիկութիւն եւ յաջողութիւն կը համարուին… եւ աշխարհ մը, շրջան մը՝ ուր խոնարհութիւնը, համեստութիւնը՝ տկարութիւն եւ աւելին՝ միամտութիւն, պարզամտութի՛ւն։ Սուտով, խաբեբայութեամբ արդարութիւն հաստատել անկարելի՛ է։
Մարդոց արդարացումը «ինչո՞ւ»ներու շարքով մը կը շարունակէ. ասիկա, էապէս հերքում մըն է Աւետարանին պատուիրաններուն։ Կարդա՛նք Քրիստոսի Աւետարանը, եւ յետոյ՝ «Աշխարհք»ի աւետարանը, եւ պիտի տեսնենք, թէ երկուքին միջեւ որեւէ նմանութիւն կա՞յ, թէ ո՛չ։ Իսկ տարբերութիւնը՝ անդնդային է։
Նկարագրի խորք չունեցող մարդիկ՝ թերեւս գեղ եւ հմայք ունին, բայց անձնաւորութիւն եւ նկարագիր չունին։ Արդարեւ, մարդը ինքն է մեծաւ մասամբ պատասխանատու իր վիճակին։ Ի վերջոյ մարդ պէտք է անդրադառնայ իր սխալին, իր տկարութեան եւ իր թերութիւններուն եւ սրբագրե՛լ ջանալու է իր նկարագիրը։
Ի՜նչ մեծ հարստութիւն է անկեղծ՝ հաստատ նկարագրի տէր իսկական բարեկամներ ունենալ, ինչ որ յաճախ կը պակսին այս աշխարհի վրայ եւ մարդ կարօտը կը զգայ անկեղծ բարեկամի մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2, 2023, Իսթանպուլ