ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՆԵՐԸ

Յաճախ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ ձեւերով կարելի է լուծել մեր հայկական գաղութներուն մէջ եղող հարցերը եւ ի պատասխան այս հարցին յառաջ կը քաշուին շատ մը առաջարկներ ու կարծիքներ, որոնք շատ անգամ իրապաշտ ըլլալէ աւելի վերացական գաղափարներ կ՚ըլլան լոկ. կարելի է բազմաթիւ լուծումներ թուել, սակայն այդ բոլորէն առաջ ու վեր կայ այլ դարման մը, որ աւելի բարձր ու կարեւոր է՝ քան միւս բոլոր լուծումներն ու առաջարկները. այդ լուծումը ախտի մը վերացումն է, որ անբուժելի հիւանդութեան մը գոյութիւն է գրեթէ մեր բոլոր գաղութներէն ներս. այդ ախտը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ աթոռապաշտութիւնը, որ փոխան միջոցի նպատակ որպէս կ՚ընկալուի շարք մը «ղեկավար» ըլլալու տենչը ունեցող կուսակցականներու եւ անհատներու համար:

Այս հարցը դարաւոր անլուծելի հարց մըն է, որ խեղդամահ կ՚ընէ ամբողջ գաղութ մը. այս ախտին հնութիւնը փաստելու համար կ՚ուզենք այստեղ յիշել մեր թուականէն 78 տարիներ առաջ՝ 1948 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Այսօր» շաբաթաթերթի մէջ հրատարակուած Աւետիս Ալիքսանեանի կողմէ կրուած «Պէտք է խօսիլ բարձրաձայն» խորագրեալ յօդուածը. յօդուածագիրը յիշելով գաղութի աթոռը պաշտող մի քանի անձեր կը գրէ.

«Այս կինը եւ այս մարդիկը ինքզինքնին կը նկատեն «վեր»էն իջած բարձր պաշտօնեաներ, անձեռնմխելի իրաւասութիւններով: Համայնքը, համայնքին կարծիքը, դրական կամ ժխտական, ոչինչով կը շահագրգռէ զիրենք: Այսպիսով, մեր համայնքը իր ամբողջական կազմով իսկ անզօր է որեւէ ազդեցութիւն գործելու այդ հաստատութեան կարգուսարքին վրայ: Որովհետեւ վարիչ նշանակուած անձերը իրենց աթոռները գրաւած են կարգ մը օրէնքներու հակառամկավար ու հակասահմանադրական յաւելուածական տրամադրութեանց շնորհիւ միայն: Համայնքը, հաստատէ կամ մերժէ այդ ընտրութիւնները, իրաւունք չունի ձայն մը բարձրացնելու որեւէ կարգադրութեան մասին»:

Թէ այդ կինը ո՞վ է, ովքե՞ր են մարդիկը՝ այդքան այլ կարեւոր չէ, սակայն անխուսափելի իրականութիւն մըն է, որ իւրաքանչիւր գաղութ իրենց մէջ ունին նման կին ու մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք անսխալական նկատելով ցմահ կը փորձեն գամուած մնալ աթոռներու՝ առանց ուշադրութիւն դարձնելու, թէ իրենց ներկայութիւնը դրակա՞ն թէ ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենայ: Յօդուածագիրը կը գործածէ «համայնքը հաստատէ կամ մերժէ այդ ընտրութիւնը» արտայայտութիւնը։ Եթէ ընտրութիւն մը իրապէս արդար արժեչափերով կատարուի, արդէն իսկ համայնքի հաստատումն ու մերժումը ստուգելու կարիքը չ՚ըլլար, որովհետեւ ճշմարիտ ընտրութիւն մը արդէն իսկ համայնքին կողմէ կը կատարուի, սակայն թէ՛ անցեալին, թէ՛ այսօր ընտրութիւն բառը լոկ խաբէութիւն մըն է, որովհետեւ նախքան ընտրութիւնը հրաշքո՜վ մը արդէն իսկ յստակ կ՚ըլլայ ընտրուողներու անունները՝ անկախ ընտրութեան արդիւնքներէն:

Մեր գաղութներուն մէջ կան անձեր, որոնք գաղութը իրենց սեփականութիւնը կը կարծեն. կը շփոթեն, թէ իրե՞նք են մնայուն՝ թէ աթոռն ու գաղութը եւ մինչեւ խոր ծերութիւն այդ աթոռը ուրիշին չեն զիջիր. կու գայ ժամանակ, երբ ժամանակավրէպ կը դառնայ անոնց գործունէութիւնը եւ համայնքի կողմէ նորի փնտռտուքը դաւաճանութիւն ըլլալ կը թուի, մոռնալով որ բնականոն ընթացքն է այդ մէկը. նորը կը փոխարինէ հինը. անշուշտ, հիները կ՚ուրանան իրենց հնութիւնը եւ հնութեամբ նորը առաջնորդել կը փորձեն, որու շնորհիւ կ՚ունենանք ոչ-փայլուն գաղութներ ու չես գիտեր ինչպէս նոյն անձերը բարձր բեմերէն այս վիճակը կը քննադատեն, ամբողջ մեղքը բարդել փորձելով երիտասարդութեան ու համայնքին վրայ:

Այս երեւոյթը կարելի է փաստել աւելի կենդանի օրինակներով. Լիբանանի մէջ կար մեծահասակ մարդ մը, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետի պաշտօնով. օր մը խնդիր կ՚ունենայ առաջնորդին հետ եւ որոշում կ՚առնէ հեռանալ պաշտօնէն. մի քանի շաբաթ ետք մարդը կը տեսնեմ Լիբանանի Կարմիր խաչի կազմակերպութեան պատասխանատուի պաշտօնին վրայ՝ որպէս ընդհանուր տնօրէն. կարճ ժամանակ մը ետք զինք կը տեսնեմ գաղութի պատասխանատու այլ պաշտօնի մը վրայ. այս մարդը տարբերութիւն չունի 1948 թուականին յիշուած կնոջմէն: Մինչեւ իրենց կեանքին վերջը ապահով է անոնց պաշտօններն ու աշխատավարձը՝ անկախ դրական կամ ժխտական գործունէութենէն. վերջապէս անձեռնմխելի են անոնք. յօդուածագիրը իր գրութեան մէջ տեղ մը կ՚ըսէ. «ապարդիւն աշխատանք մըն է խօսիլ կամ գրել այս մարդոց դէմ», որովհետեւ անոնց դէմ խօսիլ՝ գաղութին ու ազգին թշնամի ըլլալ կը նշանակէ:

Կ՚ուզենք յիշեցնել, որ ո՛չ կուսակցութիւններու ղեկավարները, ո՛չ կաթողիկոսները, ո՛չ նախարարները, ո՛չ վարչապետը եւ ոչ նախագահը ունին պապին անսխալականութիւնը. անոնք կը փորձեն ազգին ծառայել, սակայն չի՛ նշանակեր, որ ամէն որոշում ու քայլ անպայմանօրէն ճիշդ ու ազգօգուտ է. այդ իսկ պատճառով անոնք պէտք է բա՛ց ըլլան համայնքային քննադատութեան եւ այդ մէկը թշնամութեան փոխարէն հասունութեամբ ընդունին, որովհետեւ այդ բոլորը վերջապէս ազգին կը պատկանի եւ ո՛չ իրենց. իրենք ժամանակաւոր պաշտօնեաներ են, որոնք այսօր կան ու վաղը չկան. պարզապէս պէտք է ընդունիլ, որ անոնք աւելի վեր չեն քան գաղութը եւ կամ կազմակերպութիւնը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայաստանի մասին ի՞նչ ժխտական բան կրնաս ըսել:

Պատասխան. Հայաստանը տնտեսապէս անկայուն երկիր մըն է եւ ունի անգործութեան բարձր հանգամանք։ Սահմանափակ հնարաւորութիւններ գոյութիւն ունին մանաւանդ երիտասարդ սերունդին համար: Այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի զարգանայ արտագաղթը. տնտեսական այս պայքարին կու գայ աւելնալ քաղաքական լարուածութիւնը, որ արգելք կ՚ըլլայ բարեփոխումներուն: Այս բոլորին կողքին Հայաստանը ունի տարածաշրջաններու անվտանգութեան խնդիր, որ լրջօրէն կ՚ազդէ միջազգային յարաբերութիւններուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2024