ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԴԵՐԸ ԵՒ ՏԵՂԸ - Ա -
Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ մամուլը ընկերային աշխարհին լո՛յսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը։
Մարդս ընկերական է։ Իսկ ընկերութիւնը կը բաղկանայ անհատներէ՝ որոնք անոր սկզբնական եւ անհրաժեշտ տարրերն են։ Այս տարրերուն զանազան յատկութիւնները, տարբեր կարողութիւնները եւ փոխադարձ յարաբերութիւնները առանց ընդդիմահարութեան եւ ընդդիմամարտութեան պահելու եւ բարգաւաճելու համար ընկերութիւնը երկու սկզբունք կ՚ընդունի. պարտաւորութիւններու սկզբունք եւ իրաւունքի սկզբունք։
Ընկերութեան բարոյական եւ նիւթական կարգաւորութեան հիմերը այս երկու սկզբունքին վրայ հիմնուած ու հաստատուած են։ Եթէ վերցուի առաջին սկզբունքը՝ ընտանիքն ալ կը վերնայ՝ բարոյականութիւնը կ՚անհետի եւ եսամոլութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք։ Իսկ եթէ չյարգուի երկրորդը՝ զօրաւորը կ՚իշխէ տկարին վրայ, եւ իրաւունքը «սուրին ծայրը» կը հանգչի։
Ուստի յառաջդիմելու համար՝ ընկերութիւնը պարտաւոր է իր տարրերուն փոխադարձ յարաբերութիւններուն ներդաշնակութիւնը ապահովելու։
Այս «ներդաշնակութիւն»ը կ՚ենթադրէ արդարութիւն. իւրաքանչիւր անհատի պարտքերուն կատարման եւ իրաւունքի վայելման կը հսկէ «արդարութի՛ւն»ը, որ վերոյիշեալ երկու սկզբունքին վրայ կը սպասէ միշտ։ Արդարեւ, արդարութիւնը՝ բա՛ռ մըն է, վերացեալ է ան, որուն թանձրացեալն է Օրէ՛նքը։ Եւ ուրեմն, եթէ առանց պարտքի եւ իրաւունքի սկզբունքներու չկա՛յ ընկերային ներդաշնակութիւն, չկա՛յ նաեւ պարտքի կատարման եւ իրաւունքի վայելման ապահովութիւն առանց օրէնքի. ամէն երկնային եւ երկրային մարմին, բանաւոր եւ անբան կենդանի օրէնքի մը կը հնազանդի։
Եւ կա՛յ «բնական օրէնք»ը՝ որուն համեմատ կը կառավարուի նիւթական աշխարհը։ Կա՛յ նաեւ «բարոյական օրէնք»ը՝ որուն համեմատ կը կառավարուի բարոյական աշխարհը։ Եւ բարոյական օրէնքը՝ «Գերագոյն Արդարութեան» ձեռքն է, որ բարոյական օրէնքին արձանագրութի՛ւնն է։
Բնական եւ բարոյական օրէնքէն ետք կու գայ «մարդկային օրէնք»ը՝ որու համեմատ կը կառավարուի ընկերային աշխարհը, եւ որուն նպատակն է անխախտ պահել ընկերական յարաբերութիւններու ներդաշնակութիւնը, եւ ապահովել պարտքի եւ իրաւունքի սկզբունքներուն կիրառութիւնը։
Մարդկային օրէնքը, իր այս նպատակին հասնելու համար պարտաւոր է շարժուն եւ արդար ըլլալ։
Շարժուն, ըստ որում մարդկութեան պիտոյքը եւ ընկերային յարաբերութիւնները ամէն ժամանակ մի եւ նոյն չեն ըլլար, եւ այս է օրէնքներու յառաջդիմական շարժողութեան սկզբնական պատճառը։
Արդար, ըստ որում երբ օրէնք մը արդարութիւնը իրեն հի՛մ չ՚ունենար, ուրիշ խօսքով ըսենք, երբ բնական օրէնքներու համեմատ հաստատուած չէ, բռնաւորական օրէնք մըն է այն, եւ հետեւաբար՝ անընդունելի եւ անգործադրելի՛, ինչպէս կ՚ըսէ Ժ. Սիմոն։ Եւ մարդկային օրէնքին, բարոյական օրէնքին համեմատ հաստատուելու հարկաւորութիւնը ամէն մարդ կը զգայ մի միա՛յն «ա՛զատ» ստեղծուած ըլլալուն պատճառաւ։
Արդ կ՚արժէ հարցնել հոս։ Ո՛րն է այն՝ որ մարդկային օրէնքներու ամենէն նուիրականն է. ո՞րն է այն օրէնքը՝ որուն յատուկ նպատակն է՝ կարգադրել եւ սահմանել յառաջդիմութեան միակ, առաջին եւ վերջին «Բալլատիոմ»ը։ Ո՞րն է այն՝ որու տրամադրութենէն կախում ունի նաեւ ընդհանուր մարդկութեան դարե՜րով յետադէմ մնալը կամ անընդհատ դէպի կատարելութիւն յառաջդիմելը։ Վերջապէս, ո՛րն է այն օրէնքը՝ որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ՝ «հրամայել արե՛ւին»։
Ո՞րն է այն օրէնքը, որ արեւին պիտի հրամայէ. «Լուսաւորէ՛ կամ խաւարէ՛ աշխարհը»։
Տպագրութեան կամ ընդհանուր առումով՝ մամուլի պարտքն ու իրաւունքը կանոնաւորող օրէնքը՝ ա՛յն որ կը հաստատուի մարդկային մտքի ըմբռնումներուն եւ անոնց արտայայտութեան սահմա՛ն մը որոշելու համար։
Ինչպէս ամէն մարդկային օրէնք պարտաւո՛ր է ապահովել անհատին բնական եւ քաղաքային իրաւունքները, նո՛յնպէս ալ պարտաւոր է ապահովել եւ պաշտպանել մտքին իրաւունքները։
Ուստի խորհելու, խօսելու, գրելու եւ մտածումը տարածելու ազատութեան իրաւունքները մարդուս ամենէն նուիրական իրաւունքներն են, եւ ուրեմն այդ նուիրական իրաւունքներու գործադրութեան անսահման դա՛շտն է մամուլը՝ իր ամենալայն առումով այնքան ատեն, երբ ան իր պատասխանատուութեանը գիտակցութեան կ՚անդրադառնայ եւ ըստ այնմ կը շարժի եւ այդ ուղղութեամբ, հաւատարիմ կը գործէ եւ կը ծառայէ մարդկութեան։
Եւ ուրեմն մամուլը արդա՛ր ըլլալու է եւ յատկապէս իրեն նպատակ ունենալու է ո՛չ միայն չհակառակիլ, այլ նաեւ պաշտպան կանգնիլ մարդկային միտքի իրաւունքներուն, մարդկային արժանապատուութեա՛ն։ Նուիրական են մտքի իրաւունքները՝ որոնց շնորհիւ միայն կարելի է օրինաւորապէս տէր ըլլալ անձին եւ ազատութեա՛ն։
Ահաւասիկ, հո՛ս է մամուլին դերը եւ տեղը մարդկային հաւաքական կեանքին մէջ՝ կենսական եւ նո՛յնքան պատասխանատու դեր մը…։
Քաղաքակիրթ ընկերութեան մը մէջ, արդի հաղորդակցութեան շղթային օղակներէն մի՛ն է օրաթերթը, այսինքն մին այն միջոցներէն, որոնցմով, ընկերութիւններու մէջ մտաւոր եւ նիւաթական ինչքերը կը փոխանցուին, կը փոխանակուին՝ զանազան անհատներու միջեւ բարոյական յարաբերութիւն մը ստեղծելով, մտաւոր միութիւն մը կազմելով։ Աւելի խորը թափանցելու՝ աւելին կարենալ հասկնալու համար այն դերին, զոր ամենօրեայ թերթ մը կոչուած է կատարել, շատ հակիրճ կերպով քննենք այն պարագաները՝ որոնց մէջ «լրագիր»ը իր ծը-նունդը առած եւ կարեւոր տեղ մը գրաւած է։
Հին ժամանակներու պատկանող քաղաքային հասարակութիւններ լրագրի մը պէտքը չեն զգացած։ Իրենց հրատարակութեան համար ունեցած բովանդակ պահանջքը կը գոհանար «տեղեկաբեր»ներով եւ երբեմն ալ արձանագրութիւններով։
Միայն երբ հռոմէական պետութիւնը կը տարածուէր Միջերկրականի բովանդակ ցամաքներուն վրայ, անոնց ուղղակի՛ տիրելով կամ զանոնք ազդեցութեան տակ առնելով, նաեւ պէտքը կը զգացուէր այն տեսակ միջոցի մը, որ տիրող դասակարգին պատկանողներէն իբր պաշտօնատար, իբր վաճառական դէպի զանազան գաւառներ գացողները իրարու հետ յարաբերութեան մէջ դնէր։
- Պիտի շարունակուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 29, 2017, Իսթանպուլ