ԹԵՐԶՃԻ ՄԱՐԻ

Մայր մըն էր. գեղադէմ, նոյնքան եւ աւելի խոցուած մայր մը, որ շինծու ժպիտին տակ կը փորձէր սքօղել զինք տոչորող ցաւն ու կսկիծը: Կենդանի մեռելութիւնը քաշկռտող շինծու ժպիտը կ՚ընդդիմանար լքումի ամօթին եւ այդ կեանքի պատիժը ստուերի մը պէս կը բարդուէր վիշտերուն վրայ:

Կեանքի Գողգոթան կնճռոտ երեսէն չէր կրցած խլել նայուածքին գորովն ու գգուանքը, որոնց դիմաց ակամայ կը խորասուզուիմ մռայլ մտածումներու մէջ ու նոր տարուան առաջին օրը փոխան ուրախութեան՝ մեռելոցի հետք մը կը ձգէ հոգւոյս մէջ: Կեանքեր կան՝ որոնց համար յարութիւն չկայ. մեռելո՛ց է ամէն օր:

Նոր տարուան առաջին օրն էր. Յունուար 1: Արշալոյսը, սակայն, կաղանդի ուրախ մթնոլորտ չներշնչեց ու որոշեցի երթալ կեանքի տառապանքի զաւակներուն անճաղ բանտը՝ ծերանոց:

Երբեք չեմ մոռնար, որովհետեւ կեանքիս դժուարին պահերէն մէկն էր մտնել այն շէնքէն ներս, ուր մարդիկ ընդհանրապէս ողջ կը մտնեն ու դուրս կու գան որպէս դիակ...: Ո՜վ գիտէ անոնցմէ քանի՜ն բժիշկի երթալու պատրուակով տունէն դուրս գալով, յաւիտեանս տուն չվերադառնալու դատապարտուած էր: Այդ լուռ հոգիները գիտէի՞ն անգութ այն ճշմարտութիւնը, որ իրենց կեանքի վերջին կայարանը պիտի ըլլար մաշած այդ շէնքը, ուրկէ շրջանաւարտ կրնային ըլլալ միայն անշնչանալով. ո՜վ գիտէ:

Զիս դիմաւորող պաշտօնեային փափաք յայտնեցի տեսնել ծերունի մը, պայմանով որ չզառանցէ: Միջահասակ օրիորդը զիս առաջնորդեց սենեակ մը, ուր խշտեակի վրայ պառկած գտայ Թերզճի Մարին:

Պաշտօնեան հեռացաւ. խեղճը պահ մը կարծեց, թէ գուցէ երկար ժամանակ զինք չայցելող հարազատներէն մէկն է եւ այդ ցնորական ակնկալութեամբ փորձեց մէջքը շտկել: Իրեն համար ի՜նչ հոգեպարար մթնոլորտ պիտի ըլլար տեսնել որդին, տեսնել դուստրը եւ կամ գուցէ թոռները, որոնք պարտէին նուէրներով ու համբոյրներով ջրել սիրոյ ծարաւով խոցոտուած սիրտը: Նման հոգիներու համար նոր տարին լոկ մահուան գնացքին ուշացումն էր, որ կու գար տարի մը եւս որպէս տարեթիւ գրելու իրենց կեանքի հատած վերջին մէկ երկու էջին վրայ:

Թերզճի Մարի ծերանոցի ամենէն տարեցն էր, միաժամանակ ամենէն գիտակիցն ու խելահասը: Դժոխքն իսկ է բանտել ծերուկ մը այնտեղ՝ որ կատարելապէս գիտակ է իր հետ կատարուածին:

Տիրող լռութեան մէջ մեղաւորութիւն մը զգացի. վերջապէս ո՞վ էի ես իրեն համար, օտարակա՜ն մը, իսկ ինք ինծի համար դժբախտ բանտուած մը: Հեղձուցիչ մթնոլորտը երկար չտեւեց. յուսախաբութեան հետ հաշտուած մայրական շոյանքով ողջոյն փոխանցեց, որուն մէջ կար հարազատութիւն: Այո՛, հարազատներ չէինք, սակայն կեանքի տառապանքին մէջ բոլորս ալ հարազատներ ենք:

Թերզճի Մարի 93 տարեկան էր. աչքերուն չանհետացող փայլքը երաշխիքն էին երբեմնի գեղեցկութեան: Տարեկիցներուն բաղդատած բարձրահասակ, զարգացած ու բարեկիրթ անձնաւորութիւն մըն էր: Մայրենի լեզուն զուլալ աղբիւրէ հոսող ջուրի մը պարզութեամբ դուրս կու գար անոր բերնէն: Տակաւին կը յիշէր դպրոցական տարիներուն սորված ֆրանսերէն լեզուն եւ մի քանի անգիր սորված քերթուածներ յիշել կը փորձէր: Հոգիի ինչքա՜ն քաղցր շէն միջավայր մը կը ստեղծուի այդտեղ իմ ու իր միջեւ. անկեալները ամենէն պարզ սիրոյ ու խնամքին դիմաց մանուկներ կը դառնան, որովհետեւ իրենց սիրտը անապատի մէջ սիրոյ ովասիս մը կը փնտռէ:

Սակայն ինչքա՜ն կը սիրեմ անկեալ ու անկարեկիր վիճակի մէջ նոյնիսկ չխորտակուող հայու հպարտութիւնը.

-Զաւակներս մի՜շտ կու գան. տակաւին անոնցմէ մէկը քիչ առաջ այստեղ էր: Կու գան, կը նստին մօտս, հոգ կը տանին: Անցեալ օր տակաւին իմ սիրած ճաշս եփած ու բերած էր: Ո՜չ, ո՜չ, զաւակներս լքած չեն ինծի, պարզապէս վիճակս կը տեսնես տղաս. ո՛չ կրնամ քալել, ո՛չ կրնամ անկողինէն դուրս գալ. խեղճերը երիտասարդ են, ինչպէ՞ս պիտի նային ինծի... խեղճերը տակս ինչպէ՞ս պիտի մաքրեն...

Պոռթկալու անհուն պէտքը կը զգամ: Ինչքա՜ն դաժան է ծածկել ամօթ մը՝ որուն հեղինակը դուն չես ու ի հեճուկս ճշմարտութեան փորձես արդարացնել զայն: Կեղծիքով պահ մը կը փորձենք մխիթարել մեր հոգիները, քաջ գիտնալով որ այդ բոլորը գթութեան ծնունդ են եւ ո՛չ ճշմարտութեան:

-Ես հանգի՜ստ եմ տղաս:

Ու այդ հանգստութեան մէջ այնքա՜ն անհանգստութիւն կար այդ պահուն. զոհի մը յուսահատ ձայնը ամէ՛ն տեղ նոյն երանգը ունի. փողոցի անկիւնը խեղդուող արդարութեան մը ձայնը:

Բազմանդամ ընտանիքի մը մայրն էր. զաւակներէն շատեր Եւրոպայի բարեկեցիկ երկիրներուն մէջ ապրող: Փեսան երկրին մէջ յայտնի մեծատուներէն մէկն էր՝ ծանօթ բոլորին:

Կատարեալ մարտիրոսութիւն մը եղած կեանք մը այժմ ցմահ անկողնի մը գամուած հաստատ քայլերով դէպի վերջին հանգրուան կը դիմէր:

Ժամանակ մը ետք հեռացայ խուցէն, տառապանքի ճամբուն վրայ մինակ ձգելով բեկեալ ծերունին:

Ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն ժամանակ կրցաւ դիմանալ լքումի ամօթին. չե՛մ գիտեր:

Քաղաքի այդ տօնական մըթ-նոլորտին մէջ, քաղաքի մէկ անկիւնը լքուած անմեղ հոգիներ թշուառութեան լուռ ճիչ մը արձակելով կ՚անէանային այդ օր...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԷՈՐԳ ԲԱՇԻՆՋԱՂԵԱՆ
(1857-1925)

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ՝ 4 հոկտեմբեր 1925-ին Թիֆլիզի մէջ մահացած է գեղանկարիչ, գրող եւ հասարակական գործիչ Գէորգ Բաշինջաղեան:

Բաշինջաղեան ծնած է 16 սեպտեմբեր, 1857 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: Նկարչական ուսումը ստացած է Թիֆլիզի Գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ճեմարանէն ներս՝ 1876-1878 թուականներու միջեւ: Ապա ուսումը շարունակած է Սեն Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի դպրոցին մէջ՝ 1879-1883 թուականներուն: Աւարտելէ տարի մը ետք՝ 1884 թուականին մեկնած է Իտալիա եւ եւրոպական մի քանի երկիրներ, ծանօթանալու եւրոպական արուեստին: Գեղանկարիչը իր կեանքի ընթացքին նկարած է աւելի քան հազար կտաւ, որոնց մեծամասնութիւնը բնապատկերներ են, բնութեան մանրազնին պատկերումներով:

Բաշինջաղեանի նկարչական յայտնի գործերէն են «Կովկասեան լեռներ»ը, «Արարատ»ը, «Սեւան. անձրեւային օր»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք կը յատկանշուին իրենց քնարերգակ երանգներով: Անձնական ցուցահանդէսներ ունեցած է Թիֆլիզի, Ռուսաստանի, Փարիզի, Հայաստանի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Շնորհիւ իր «Կեչիների պուրակ» նկարին՝ արժանացած է Սեն Փեթերսպուրկի կաճառի արծաթէ շքանշանին:

Բաշինջաղեան նկարչութեան կողքին զբաղած է նաեւ գրականութեամբ, գրելով նորավէպեր, ուղեգրութիւններ եւ հրապարակախօսութիւններ: Մեծ աշխատանք տարած է Սայաթ Նովայի տաղերը հաւաքելու եւ հրատարակելու գործին մէջ:

Այժմ, Բաշինջաղեանի անունով կը կոչուի Երեւանի Աջափնեակ համայնքի փողոցներէն մին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2021