ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԷՋ
Ինչպէս յաճախ կ՚ընենք, դարձեալ թղթատեցինք Հայ Մամուլի հին էջերը՝ ուր նկատեցինք հետաքրքրական տողեր, որոնք կը փափաքինք բաժնել մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներուն հետ՝ բաղդատելու համար ներկան եւ անցեալը։
Ուրեմն 11 Սեպտեմբեր 1910 թուականի հետաքրքրական դէպքերը՝ որոնք տեղ կը գրաւեն Հայ Մամուլի մէջ։
ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ
Խառն Ժողովը, Ծնունդ Ս. Աստուածածնայ տօնին առթիւ, փոխանակ Դշ.ի (=Չորեքշաբթի), Գշ. (=Երեքշաբթի) գումար-ւեցաւ։ Սրբազան Պատրիարք Հայրը անցեալ Շբ. (=Շաբաթ) օրէն ի վեր տկար ըլլալով չկրցաւ նախագահել նիստին, եւ Ժողովը երկու ատենապետներուն յանձնեց իր կողմէ երթալ եւ հարցնել որպիսութիւնը Ն. Սրբազնութեան։
Ժողովը զբաղեցաւ հետեւեալ խնդիրներով։
- Նոր Նախիջեւանի հոգեւոր կառավարութիւնը գրով մը տեղեկութիւն տուած էր հանգուցեալ Միքայէլ Յովակիմ Գարասուլեանցի կտակին տրամադրութեանց մասին, որոնց համաձայն հանգուցելոյն «թէրէքէ»ին (=թողօն, ժառանգութիւն) արդիւնքին մէկ քառորդ մասը յատկացուած էր Վանայ ազգային կրթական հաստատութեանց։ Որոշուեցաւ խնդիրը յանձնել Կտակաց Հոգաբարձութեան, որուն կարծիքը ստանալէ վերջ հարկ եղածը ի գործ պիտի դնէ։
- Էյուպի Ս. Աստուածածին թաղի հայ բնակչութիւնը հետզհետէ ցրուած է հազիւ 15 տուն մնացած ըլլալով, Ժողովը նկատելով որ նոյն թաղին մէջ բաւականաչափ ժողովուրդ չի գտնուիր եւ Թաղային Խորհուրդի կազմութեան փորձերը ի դերեւ ելած են, որոշեց առժամաբար նոյն եկեղեցիին մատակարարութիւնը յանձնել Պալաթու Թաղային Խորհուրդին։
ՍԻՈՆ ԼԵՐԱՆ ՍՏՈՐՈՏԸ ԾԱԽՈՒ ՀԱՆՈՒԱԾ՝ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻ ՄՕՏ ԶՕՐԱՆՈՑԸ
Երուսաղէմի Պատրիարքական Տեղապահի խորհրդական Տ. Տրդատ Եպիսկոպոս գրով մը յայտնած է, թէ Սիոն լերան ստորոտը եւ Հայոց վանքին մօտ գտնուած զօրանոցը ծախու հանուած է, եւ այդ շէնքին գնումը ամէն կերպով նպաստաւոր պիտի ըլլայ, եւ առաջարկած է վանքին աւելորդ արծաթեղէնները եւ անհասոյթ կալուածները ծախել, այդ զօրանոցը գնելու համար։
ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՄՈՒՄԸ
Խառն Ժողովը որոշած է «թագրիր»ով (=պաշտօնական գրութիւն) մը Դատական Նախարարութեան դիմել՝ ասկէ առաջ Մուշի շուկային մէջ ձերբակալուած եւ ցարդ արգելափակ մնացած քահանայ հօր ազատ արձակման համար։ Պատրիարքարանը պիտի բողոքէ այս ձերբակալութեան դէմ, նկատելով որ ասով կը բռնաբարուին Պատրիարքական առանձնաշնորհումները, քանի որ հոգւորականները ձերբակալելու համար ըստ օրինի պէ՛տք է Պատրիարքարանի կամ Առաջնորդարանի հաւանութիւնն ստանալ։
ՎՍԵՄ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԷՅ ՏԱՏԵԱՆԻ ՔՈՅՐԸ
Տիկին Նէրիման Խան, կին Վիեննայի Պարսկական նախորդ դեսպան հանգուցեալ Նէրիման Խանի եւ քոյր Վսեմ. Յովհաննէս Պէյ Տատեանի, անցեալ Եշ. օր (=Հինգշաբթի) զոհ գնաց աղիտալի արկածի մը։ Նամակներու ծրար մը ծով նետելու համար մեկնած էր Այ Սթեֆանոյի (=Եշիլգիւղ) Տատեանց ապարանքէն եւ մինչեւ իրիկուն չէ վերադարձած։
Տնեցիներու մտահոգութեան վրայ, խուզարկութիւն կը կատարուի եւ ծովեզերքին վրայ հովանոցը կը տեսնուի. իսկ ժայռի մը ստորոտը՝ անշունչ մարմինը՝ որ ողնայարը ջախջախուած էր եւ քունքին (=ականջին եւ աչքին միջեւ գտնուած մասը) վրայ վէրք մը կար։ Կը կարծուի, թէ ծրարը ծով նետած պահուն հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով ինկած եւ ողնահիւսը ջախ-ջախուած է։
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Կիրակի օր Այ Սթեֆանոյի եկեղեցիին մէջ։
Մեր խորին վշտակցութիւնը կը յայնենք Վսեմ. Յովհաննէս Պէյ Տատեանի եւ իր պարագաներուն։
ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՊՍԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հարսանիք. Գնալըի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին մէջ անցեալ Եշ. օր կատարուեցաւ պսակադրութիւնը Տիար Մկրտիչ Պարտիզպանեանի եւ Օր. Շուշան Բ. Քէչեանի։
Արշարունի Սրբազան Հօր անակնկալ տկարութեան պատճառաւ կը նախագահէր հարիւրամեայ Տ. Դիոնէսիոս Քահանայ, որ խօսեցաւ խրատականը։ Իսկ երկու կողմէն տաներէց Տ. Վահան Քահանայ Խոյեան պարագային յարմար քարոզով մը օրհնեց հարսն ու փեսան եւ գովեց անոնց գնահատելի ձիրքերը։
Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները երկու կողմին ալ, եւ մասնաւորապէ՛ս հարսին ծնողաց՝ Ազային կարող եւ առաջնակարգ հրապարակագիր Տիար Բիւզանդ Քէչեանի եւ իր Ազնուափայլ Տիկնոջ։
***
Կը շարունակենք մեր շրջապտոյտը անցեալի մէջ՝ դէպի 29 Հոկտեմբեր 1911 թուականը։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ՝ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՆԻՍՏԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ
Կրօնական Ժողովը Բշ. օր (=Երկուշաբթի) բացառիկ նիստ գումարեց, թեթեւցնելու համար իր օրակարգին վրայ դիզուած խնդիրները։ Այդ նիստին մէջ ի նկատ առնելով որ Պուլկար Եկեղեցին կը զլանայ Հայ հիւանդներուն Սուրբ Հաղորդութիւն տալ, եւ Հայ ննջեցեալները եկեղեցի ընդունիլ, որոշեց յանձնարարել Վառնայի Թաղային Խորհուրդին, որպէս զի շրջանով Հայ քահա-նաներ ղրկէ, քահանայ չգտնուած տեղերը։
Ժողովը որոշեց Դուրեան Ամենապատիւ Տ. Եղիշէ Սրբազան Արքեպիսկոպոսի քննութեան յանձնել Դպրեվանքի ծրագիրը, եւ այդ մասին Պատուարժան Ուսումնական Խորհրդոյ եւ Տ. Գարեգին Ծ. Վարդապետ Խաչատուրեանի ուղղած դիտողագիրը։
Ամերիկահայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Պօղոս Վարդապետ Գաֆթանեան վարդապետութեան ընծայացու ներկայացուցած էր միադաւան Պ. Գէորգ Նազարեանց՝ որ Դպրեվանքի աշակերտ եղեր է, այժմ համալսարանական։ Որոշուեցաւ իր այդ դաւանանքին վրայ տեղեկութիւն ուզել։
Ժողովը կարգալոյծ հռչակեց Բաղեշի (=Պիթլիս) գիւղերէն Տ. Մարտիրոս Քահանան, որ հայր եւ որդի մը փայտով սպաննած եւ իր ոճիրը հաստատուած է պաշտօնական քննութեամբ։
Նոյնպէս կարգալոյծ հռչակեց Շապին Գարահիսարի գիւղերէն Տ. Սուքիաս Քահանայ Սարգիսեանը, որ երիցուհին (=երէցկինը) մեռած ըլլալով, ուրիշ կնոջ մը հետ «կենակցիլզ»ը հաստատուած է։
Որոշուեցաւ այդ պարագան շրջաբերականով ծանուցանել ամէն կողմ։
Իսկ Դշ. օրը, Ժողովը զբաղեցաւ մէկ քանի ամուսնական խնդիրներով։
Այդ նիստին մէջ ի նկատ առնուեցաւ քահանայական տխուր շահատակութիւն մը՝ զոր կը կատարէ եղեր Մայր Եկեղեցւոյ աւագերէց Տ. Միքայէլ Աւագ Քահանայ Աշճեան, ամէն Կիրակի երեւակայական տնանկ աղքատներու համար ծանուցում ընելով եկեղեցւոյ բեմէն եւ պնակ շրջագայեցնելով։ Ու ժողովրդեան «աղքատի համար տուած ողորմութիւն»ը քահանայական հասոյթներու մէջ կ՚անցնուի եղեր…։
Խնդիրը Թաղային Խորհուրդէն տեղեկագ-րըւած էր Կրօնական Ժողովին՝ որուն բոլոր անդամներն ալ բուռն զայրոյթ յայտնած են այս գձուձ արարքին համար, եւ «օրինակելի պատիժ» պահանջած։
Վերջնական քննութիւն մը անհրաժեշտ դատուած է սակայն, որ պիտի կատարուի Շաբաթ օրը Գումգափուի մէջ։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երուսաղէմի Պատրիարքրին ընտրութեան մասին որոշում չկրցաւ տալ Խառն Ժողովը Դշ. օր (=Չորեքշաբթի)։ Վարչական պատ-ւիրակ Հայկ Էֆ. Խօճասարեան ծանրակշիռ յայտարարութիւններ ըրած է ընտրելեաց ցանկի պատրաստութեան մասին, զոր «անարգանք» մը կը նկատէ ազգային իշխանութեանց դէմ, ինչպէս թերթերու մէջ կը կարդանք…։
Ժողովը վանքին նիւթական մատակարարութեան տագնապալի վիճակը ի նկատ առնելով որոշեց այժմէն կազմել ելեւմտից Հոգաբարձութիւն մը, անդամակցութեամբ տեարց՝ Արամ Հալաճեան, Հայկ Խօճասարեան, Մկրտիչ Մանուկեան, Միհրան Մուրատեան, Յակոբ Էսաեան, Ռուբէն Բաբազեան, Սարգիս Գնաճեան։ Միւս կողմէ Ժողովը որոշեց հեռագրել Խօճասարեան Էֆ.ի առ այժմ մնալ Երուսաղէմ, եւ փութացնել Պատրիարքական ընտրութեան տեղեկագիրը՝ հանդերձ յայտագրով։ Նոյնպէս որոշեց հեռագրել որ Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոս անպատճա՛ռ պէտք է մնայ Երուսաղէմ։
***
Յետ գրութեան աւելցնենք, որ աւելի վերը «Խառն Ժողովի նիստը» խորագրով հատուածին մէջ յիշուած «Սրբազան Պատրիարք Հայր»ը՝ Եղիշէ Ա Պոսլեցի Դուրեանն է (1909-1910)։
Եւ վերջապէս փոքր թելադրութիւն մը ամէն անոնց՝ որ ժամանակավրէպ եւ անպէտ, անօգուտ, աւելորդ կը նկատեն անցեալի հետ հետաքրքրուիլը։
Թո՛ղ չմոռնան անոնք, որ օթեկ հացը թարմ հացէն աւելի օգտակար եւ առողջապահիկ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 3, 2015, Իսթանպուլ