ՄՈՌՆԱ՛ԼՆ ԱԼ ՕԳՏԱԿԱ՛Ր Է

Մարդիկ, ընդհանրապէս դրական բաներու օգտակարութեան կը հաւատան. զոր օրինակ, գիտնալու, յիշելու, ամէն բանի մասին տեղեկութիւն ունենալու, շահելու, եւ այլն։ Այս պատճառով, կ՚ուզեն միշտ ունենալ, չկորսնցնել եւ պահել, փոխանակ չունենալու, կորսնեցնելու։ Մարդ կը փափաքի միշտ «առաւել»ը ունենալու, եւ բնականաբար չ՚ուզեր, որ «պակսի» որեւէ բան, նիւթական կամ բարոյական, իր ստացուածքէն։ Մարդ տալէ աւելի առնել կ՚ուզէ, կորսնցնելէ աւելի շահիլ կը փափաքի եւ վնասէ եւ վտանգէ աւելի կ՚ուզէ, որ ապահովութեան մէջ վարէ իր ամբողջ կեանքը։

Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ երբեմն բացասական իրողութիւններ աւելի օգտակար են քան դրականները։

Զոր օրինակ, չգիտնալը, երբեմն աւելի երջանկաբեր է, քան գիտնալը, տեղեկութիւն չունենալը, քան տեղեկութիւն ունենալ որեւէ հարցի շուրջ։ Արդարեւ, մարդուն մոռնալու տրամադրութիւնը թերեւս յիշելու կարողութեան չափ օգտակար կրնայ ըլլալ իրեն, իր կեանքին մէջ, պարագաներու համեմատ։

Եւ դարձեալ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ վատ օրինակը, գէշ օրինակը «օրինակ» չի՛ կրնար ըլլալ. բայց կեանքի մէջ կան այնպիսի պարագաներ ալ, որ վատ օրինակ մը՝ նպաստաւոր, օգտակար օրինակ մը կրնայ կազմել, գոնէ անոր հակառակը նկատի ունենալով։ Ուստի «օրինակ»ը եթէ նպաստաւոր արդիւնք պիտի տայ, անոր վատ կամ լաւ ըլլալը կարեւոր չէ, քանի որ անիկա ըմբռնումի հարց մըն է վերջապէս։ Մէկ խօսքով, կարելի է որ բացասական, ժխտական որեւէ երեւոյթ, իրողութիւն դրական՝ օգտակար հետեւանք մը ունենայ։

Ահաւասիկ, օրինակ մը եւս։ Հանրաշարժով ճամբորդող մէկը, որ հանգիստ նստած իր շուրջը կը դիտէ, կամ իր լրագիրը կը կարդայ, եւ կամ իր ընկերոջ հետ կը խօսակցի, կամ յանձնուած է իր առանձին խոհերուն եւ մտածումներուն, քիչ անգամ կը մտածէ, թէ ճամբուն վրայ սուրացող հանրաշարժը կրնայ իր հանգիստ եւ խաղաղ ճամբորդութիւնը վտանգել եւ ողբերգութեան մը վերածել։ Բայց մարդիկ քիչ անգամ կը խորհին արկածներու, վտանգներու կարելիութեան վրայ, եւ թերեւս հանդարտ եւ հանգիստ նստած ապագայի ծրագիրներ կը մշակեն, եւ չեն մտածեր իսկ որեւէ արգելքի մը մասին։

Եւ լա՛ւ է որ մարդիկ չխորհին բացասական որեւէ բանի մը, իրենց ապագայի ծրագիրներուն արգելքի մը մասին, այլապէս անտանելի պիտի ըլլար կեանքը՝ վախերով, մտահոգութիւններով եւ միշտ յոռետես ըլլալով։ Լա՛ւ է որ մարդ մոռնայ վտանգներու գոյութիւնը եւ հաւանականութիւնը՝ որոնք կեանքը շարունակ պիտի թունաւորէին եւ մինչեւ իսկ դժոխքի մը պիտի վերածէին։ Եւ ի՜նչ անտանելի բան է տեւական վախով ապրիլ…։

Ուստի «վախը մոռնալ» երջանի՛կ կ՚ընէ մարդը։

Եւ կամ, խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, տեւական հիւանդանալու վախով ապրիլ, տեւապէս երեւակայական հիւանդութիւններով ապրիլ ո՜րքան կը վատթարացնէ մարդուս առողջութիւնը, եթէ նոյնիսկ որեւէ հիւանդութիւն չունի ան, եւ դարձեալ ի՜նչքան կը փոխէ մարդուս տրամադրութիւնը, մինչեւ իսկ ամլութեան եւ անշարժութեան մատնելով զայն։ Ուրեմն, մոռնալ հիւանդութիւնը աւելի նպաստաւոր է, քան շարունակ յիշել զայն, եւ միշտ անոր հետ ապրիլ։ Արդարեւ, երեւակայական հիւանդութիւն մը աւելի վնասաբեր է մարդուս առողջութեանը համար, քան իրական հիւանդութիւնը՝ որուն դեղն ու դարմանը կայ, եւ բժշկուելու հաւանականութիւնը շատ է։

Արդարեւ, որքան հրահանգիչ են Յիսուսի խօսքերը երբ կ՚ըսէ. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ, հոգ ընելով, իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 25)։ Եւ դարձեալ երբ կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ համար մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէ՛ք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (ՄԱՏԹ. Զ 34)։

Ուրեմն միշտ յիշե՛լ, այսինքն տեւական վախով եւ մտահոգութեամբ ապրիլ՝ կեանքը անտանելի կը դարձնէ, եթէ այսօր լաւ է, ուրեմն վաղն ալ լաւ պիտի ըլլայ, գոնէ լաւ ըլլալու հաւանականութիւնը կայ։ Ա՛յս է ահաւասիկ լաւատես տրամադրութիւնը, ինչ որ աւետարանական պատգա՛մ մըն է նաեւ։ Եւ այս կ՚ենթադրէ անգիտանալ հիւանդութեան մասին, մոռնալ հիւանդութեան հաւանականութիւնը, մինչեւ իսկ անոր գոյութիւնը։

Մինչդեռ մարդ երբ տեւական յիշէ հիւանդութիւնը եւ կամ ուրիշ որեւէ աննը-պաստ եղելութիւն, եթէ նոյնիսկ հիւանդ չէ, կը խանգարուի առողջութիւնը, քանի որ կը կորսնցնէ ամէն լաւ տրամադրութիւն։ Ուրեմն, մոռնալ, չգիտնալ թէեւ ժխտական երեւոյթներ են, բայց կրնան դրական եւ օգտակար հետեւանքներու առիթ տալ։ Պարզ է՝ մարդ երբ չի գիտեր, թէ աննպաստ բան մը պատահած է, տրտմելու, տխրելու եւ դժբախտ ըլլալու պատճառ մը չունի, եւ երջանիկ կը զգայ ինքզինք։ Եւ կամ մոռցած է աննպաստ որեւէ իրողութիւն, չի տրտմիր, դժբախտ չի զգար ինքզինք, երջանիկ կրնայ համարել ինքզինք։

Անշուշտ չգիտնալ, մոռնալ, չյիշել՝ այս տրամադրութիիւնները պէտք չէ շփոթել անտարբերութեան, անհոգութեան եւ անփութկոտութեան հետ. անտարբեր ըլլալ ուրիշ բան է, եւ չգիտնալ՝ ուրի՛շ։

«Զգո՛յշ ըլլալ»։ Այս բարեմասնութիւնը իր մէջ երկու իրողութիւն կը խտացնէ։ Նախ կը մատնանշէ վտանգներուն գոյութիւնը՝ որոնց կրնան զոհ երթալ մարդիկ։ Յետոյ ցոյց կու տայ գոյութիւն ունեցող վտանգներէն, զոր օրինակ, հիւանդութիւններէ խուսափելու, պահպանուելու կարելիութիւնը՝ ուշադրութեան շնորհիւ։

Արդարեւ, «զգո՛յշ ըլլալ», փորձառութեան, ուշադրութեան եւ պատասխանատը-ւութեան գիտակցութեան արդիւնք բարեմասնութիւն մըն է. կարենալ ներդաշնակել, կարենալ չափաւորել մտահոգութիւնը եւ զգուշութիւնը, կարենալ սահման դնել՝ երեւակայականին եւ իրականին միջեւ։

Ուստի անտարբերութիւնը ներելի չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ մարդ, որպէս բանաւոր եւ ազատ կամքի տէր էակ, պատասխանատուութիւնը ունի ինքզինք պահպանելու, պահելու ամէն վտանգի դէմ։ Ո՛չինչ ընել, եւ ամէն աննպաստ եղելութիւն «ճակատագիր»ի վերագրել, մարդկային արժանապատուութեան ներհակ է, հակառակ՝ մա՛րդ ըլլալու առանձնայատկութեա՛ն։

«Զգո՛յշ ըլլալ» կը նշանակէ ուշադիր ըլլալ, քանի որ ուշադրութեան վրիպումը կրնայ պատճառ ըլլալ վնասներու։ Իսկ անտարբերութիւնը բացայայտ հրաւէ՛ր մըն է ամէն տեսակ վտանգի։

Ուրեմն, «զգոյշ ըլլալ»ու կարեւորութիւնը պէտք է քանդակուի միտքերու վրայ, քանի որ խելագար եւ գահավէժ ընթացք մը պատճառ կրնայ ըլլալ անակնկալ վտանգներու եւ վնասներու՝ կեանքի զառիթափերուն վրայէն, մարդուս մարմնին եւ մտքին բովանդակութեան ազդելով։

Մտքի եւ սրտի չքնաղ յատկութիւններով օժտուած մարդիկ ալ կան, որոնք ժառանգած կամ ստացած են նաեւ, դժբախտաբար, յոռի ունակութիւններ եւ տրամադրութիւններ։ Անոնց ալ կը վերաբերի «զգոյշ ըլլալ»՝ անդրադառնալ եւ ուշադրութիւն դարձնել կեանքի ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան, փոխանակ անտարբերութեամբ վարելու իրենց կեանքը։

«Զգոյշ ըլլալ»՝ մարդուս առաջնակարգ պարտականութիւնն է՝ գոյութիւնը պահելու եւ գոյատեւելո՛ւ համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 2, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017