ՎՆԱՍԸ ԵՒ ՎՆԱՍԱԿԱՐԸ

Ժողովրդական իմաստութեան արտայայտութիւն մըն է սա առածը, որ կ՚ըսէ. «Այն որ վնասը յանձն կ՚առնէ, ան կը շահի»։ Արդարեւ, այս ցոյց կու տայ, թէ ամէն վնաս «վնաս» չէ, այլ շահ ապահովելու միջոց մը, ճամբայ մը։

Մարդիկ, ընդհանրապէս կը խուսափին վնասէն՝ վնասակար ամէն բանէ, բայց չեն խորհիր որ, պէտք է կարգ մը անպատեհութիւններ յանձն առնել՝ պատեհութիւններ ձեռք ձգելու համար։ Մարդոց վնասէն խուսափիլը բնական զգացում մըն է, քանի որ մա՛րդ կորսնցնել չ՚ուզեր, կ՚ուզէ միշտ շահիլ, աւելի եւ աւելի շահիլ, ունեցածը պահել եւ պահպանել եւ աւելցնել, որքան որ կարելի է։ Ուստի, կորսնցնելը, վնասուիլը գոյապահպանման եւ գոյատեւման արգելք մը կը նկատուի, եւ ընդհակառակը՝ շահիլը՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւման գրեթէ մի՛ակ ազդակը եւ միջոցը։

Ոգին՝ որ կը ներգործէ ժամանակին վրայ, յառաջդիմական ամէն ուժերով կը մղէ մարդը. ամէն կարեւոր եւ կենցաղօգուտ գիտելիքներ հետզհետէ կ՚ընդհանրանան եւ լայն տեղ մը կը գրաւեն, վնասը արգելք մը, բեռ մը միայն կը նկատուի այն միտքերուն համար՝ որ կեանքի պայքարէն կը խուսափին եւ կ՚ուզեն դիւրին եւ կարճ ճամբով հասնիլ իրենց նպատակին, այսինքն շահին, առանց աշխատելու, առանց ջանք թափելու։ Բայց մարդ կոչուած է աշխատելու եւ «իր ճակտի քրտինքով շահելու»։ Մինչդեռ շահելու համար պէտք է պայքարիլ. որո՞ւ դէմ, անոր որ արգելք կը հանդիսանայ շահելու, գոյատեւելու։ Ի՞նչ է այդ։ Վնասը եւ վնասակա՛րն է։ Ուրեմն, շահելու համար պէտք է ընդունիլ, յանձն առնել կորուստը, վնասը, հանդիպիլ վնասակարին եւ պայքարելով անոնց հետ հասնիլ նպատակին, այսինքն շահի՛լ…։

Բայց կարեւորը «շահ»ի շիտակ ըմբռնումն է. հասարակաց բարիքը կը պահանջէ նոյնինքն մարդուն ընկերային բարեկեցութիւնը եւ բարգաւաճումը։ Բարգաւաճումը համառօտումն է ընկերային բոլոր պարտականութիւններուն։ Ճիշդ է որ իշխանութեան անկ է հասարակաց բարիքին անունով իրաւարար կանգնիլ, անհատական տարբեր շահերու միջեւ, բայց ան պէտք է իւրաքանչիւրին մատչելի դարձնէ ամէն ինչ, որուն ան պէտք ունի՝ ճշմարտապէս մարդկային կեանք մը ապրելու համար։ Ուրեմն երբ «շահ»ի  մասին է խօսքը, պէտք է զանազանուի «անձնական շահ»ը եւ «հասարակութեան շահ»ը։ Ողջամիտ եւ գիտակից մարդը բծախնդիր կը վարուի եւ զգոյշ է ընդհանրապէս իր արարքներուն, որպէսզի անոնք անձնական շահը հասարակութեան շահին հակադրելու փորձութեան առիթ չընծայեն։ Արդարեւ, կան պարագաներ՝ ուր պէտք կ՚ըլլայ զոհել անձնական շահը ի նպաստ հասարակութեան շահին։  Եւ այս ատեն ալ կորուստը կամ վնասը կը ծառայէ հասարակութեան շահին։

Մարդիկ որքան գիտեն շահիլ, պէտք է գիտնան նաեւ զոհել, այսինքն կորսնցնել՝ վնասուի՛լ։

Արդարեւ, շահն ալ ազատութեան պէս հիմնական իրաւունք մըն է, այն պայմանով որ հետապնդուած շահը ուրիշի մը վնասին պատճառ չըլլայ։ Ուրեմն սապէս կարելի է ըսել. շահին սահմանը ուրիշի մը շահելու սահմանն է, եւ կամ անվնասութեան գիծը։ Ահաւասիկ, այս կէտին զոհողութեան ազնիւ զգացումը կը յայտնուի, որ արդէն ընկերային-հասարակական կեանքին մէկ պարտաւորութիւնն է։ Արդարեւ, ընկերային կեանքը կը պահանջէ անձնական շահերէ զոհողութիւն ընել՝ հասարակաց բարիքին ի նպաստ։

Անձնական շահերու եւ հասարակաց բարիքին համապատասխանատուութիւնը բարոյապէս կը պահանջեն փոխադարձ զոհողութիւն։ Բայց ընդհանրապէս պէտք է նախ նկատի ունենալ հասարակաց բարիք, որուն մէջ մաս եւ բաժին ունի նաեւ անձնական-անհատական բարիքը։ Եւ հասարակաց բարիքին հաւասար եւ արդար բաժանումը ի վերջոյ կը նպաստէ անհատներու անձնական շահերուն։ Այս իմաստով ահաւասիկ, քաղաքական իրաւունքներ եւ անձնական շահեր կրնան եւ պարտին տրուիլ ըստ պահանջներուն հասարակաց բարիքին։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Հատուցէ՛ք իւրաքանչիւրին իրենց պարտքերը. որուն հարկ՝ հարկը, որուն մաքս՝ մաքսը, որուն երկիւղ՝ երկիւղը, որուն պատիւ՝ պատիւը» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 7)։

Ուստի անհատներ իրենց անձնական շահերով պէտք է աջակցին ընկերութեան բարիքին՝ ճշմարտութեան, արդարութեան, միասնականութեան եւ ազատութեան ոգիով։

Անհատական կամ հաւաքական կարճաժամանակ շահերուն հետապնդումը չի կրնար օրինաւորել այն ձեռնարկումները, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն ընդհանուր իրաւակարգը։

Անարդարութիւններ, տնտեսական կամ ընկերային կարգի չափազանց անհաւասարութիւններ, մախանք, նախանձ, անվստահութիւն, անկայունութիւն եւ հպարտութիւն, որ կը տիրեն մարդոց վրայ, խաղաղութեան դէմ անվերջ վտանգ կը սպառնան եւ խռովութիւններու, անհամաձայնութիւններու, հակառակութիւններու պատճառ կ՚ըլլան։ Եւ այս ճամբաներով շահ ապահովելու աշխատիլ երբեք ընդունելի չ՚ըլլար։ Այս անկարգութիւնները յաղթահարելու ամէն միջոց, ամէն արարք կը նպաստէ արդար շահեր ձեռք ձգելու՝ խաղաղութիւնը հաստատելու ընկերային խաւերէն ներս։

Տնտեսական կեանքը հարց կը ստեղծէ յաճախ իրարու հակադրուող զանազան շահերու միջեւ։ Հարկ է ջանք թափել զանոնք մեղմացնելու՝ բանակցութեամբ իւրաքանչիւր ընկերային կողմի իրաւունքները եւ պարտականութիւնները յարգող մարդոց միջեւ. ընդմէջ գործառնութիւններու ձեռնարկներուն պատասխանատուներուն։

Արդար շահը օրինաւոր պտուղն է աշխատանքին. «Քանի աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին» (ՄԱՏԹ. Ժ 10)։

Արդարօրէն վարձահատոյց ըլլալու համար, հարկ է միանգամայն նկատի առնել իւրաքանչիւրին կարիքները եւ բերած նպաստները։

Ուրեմն, կը տեսնուի որ «չափաւորութիւն»ը շահելու եւ կորսնցնելու, վնասուելու հարցին մէջ ալ կարեւոր եւ կենսական դեր մը ունի. հմտութիւն կը պահանջէ արդարեւ, ներդաշնակել եւ հաւասարակշռուած պահել «շահ»ը եւ «վնաս»ը։

Կեանքը ամէն տեսակէտէ հակադիր, իրերամերժ արժէքներու ներդաշնակութեան վրայ հիմնուած ընթացք մըն է։ Եւ այս ընթացքը ունի իր վախճանը, նպատակը։ Մարդ այս ընթացքին մէջ եւ վերջաւորութեան կ՚ուզէ միշտ շահաւոր ըլլալ, չվնասել եւ չվնասուիլ, չկորսնցնել եւ տեւական շահիլ։ Կարելի՞ է ասիկա։ Կեանքը՝ ընդհանուր փորձառութիւնը միշտ ցոյց տուած է, թէ տեւական շահ եթէ ո՛չ անկարելի, բայց հազուադէպ իրողութիւն մըն է։ Կեանքը միշտ ունի ելեւէջներ, քանի որ ան «ճամբա՛յ» մըն է եւ ամէն ճամբայ ունի ելեւէջներ։ Արդէն միօրինակ ճամբաները միշտ անտանելի կ՚ըլլան՝ կեանքին իմաստ տուողը ահաւասիկ այդ ելեւէջներն են եւ անոնցմէ կարեւորագոյնն է՝ շահիլ եւ կորսնցնել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 31, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020