ՕՏԱՐ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ «ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ»
Որոշ ժամանակ կը կարծէի, թէ օտար ամուսնութեան դէմ պայքարելու հիմնական ու կարեւոր պայքարը միայն սփիւռքի մէջ պէտք է տարուի, նկատի ունենալով, որ սփիւռքի մէջ մեր զաւակները աւելի՛ առիթներ ունին սայթաքելու ու խոտորելու: Սակայն ժամանակ մը ետք համոզուեցայ, որ ինչքա՛ն սփիւռքի, նոյնքան ալ հայրենիքէն ներս սպառնացող աղէտ մըն է օտար ամուսնութիւնը:
Վերջերս հայրենիքի մէջ հոգին աւանդած գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ ու բժիշկ Թորոս Թորանեան 2008 թուականին Հալէպ հրատարակուած «Պատիւ այնթապահայութեան եւ... խօսք արկածահարեալէս» օրագրութեան 23 ապրիլ 2008-ի թուականին տակ աղջկան ընկերուհիներուն մասին կը գրէ. «Աղջկանս երկու ընկերուհիները այցելեցին մեզի: Պէյրութէն՝ Սիլվա եւ Նելլի Սարեանները, շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով ինծի։ Ես անոնց ծնողները կը ճանչնամ, մայր, մեծ մայր... եւ ահա հայեցի դաստիարակութեամբ ուսանելէ ետք, հայ ընտանեկան տաքուկ բոյներ կազմելէ ետք, ծնունդ տուին բոյլ մը երեխաներու, որոնք նոյնպէս հայեցի դաստիարակութիւն ստացան, բայց յետոյ, ահա կը լսեմ, թէ այդ երեխաները պատրաստուած են բարձրագոյն ուսում ստանալու համար եւ եղած է այնպէս, որ անոնցմէ մին օտար ամուսնութիւն կնքած է: Սփիւռքը ինչպէ՞ս պայքարի այս հողմավար կացութեան դէմ» (էջ 48):
Զարմանալի չէ, որ գրողը նախքան աղջիկներուն մասին խօսիլը, կը խօսի անոնց ծնողքին մասին եւ կը շեշտէ անոնց «հայեցի դաստիարակութիւն» ստանալը, որովհետեւ ե՛ս ալ հաւատացողներէն եմ, թէ ամէ՛ն բան սկիզբ կ՚առնէ կրթութենէն եւ ուսումէն եւ վստահ եմ Թորանեանի միտքին մէջի «հայեցի դաստիարակութիւն»ը հեռո՛ւ է օտար ամուսնութեան գաղափարէն ու երեւոյթէն: Թորանեան իր գրութեան մէջ աղջիկներու որոշումը չէ՛ որ կը քննադատէ, այլ հարցականի տակ կը դնէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ նման «հայեցի դաստիարակութիւն» ստացած անհատներ նման քայլերու դիմել:
«Հայեցի դաստիարակութեան» վրայ շեշտը աւելիով դնելու համար Թորանեան կը յիշէ նաեւ իր Մելգոնեանի ընկերներէն մին՝ Ասատուր Մեսրոպեանը, որուն զաւակներուն համար կը գրէ. «Ըսեմ նաեւ, որ Մելգոնեանի Ասատուրին երեք աղջիկներն ալ շրջանաւարտ են Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն: Աւելցնեմ նաեւ, որ երեքն ալ աշխատասէր էին, մեր լեզուն ու պատմութիւնը իմացող հայուհիներ: Հիմա ըսէ՛ք, ի՞նչ ընենք... մեզ հետաքրքրողը արդիւնքն է»:
Այստե՛ղ է, որ նժարի վրայ կը դրուի փոխանցուած կրթութիւնն ու գերիշխող արդիւնքը:
Ես ալ ծնած եմ սփիւռքի մէջ. իմ ծնողքս օր մը չէ՛ ըսած, թէ չես կրնար արաբ ընկերուհի կամ սիրած ունենալ, օր մը չէ ըսած, որ օտարի հետ չե՛ս կըր-նար ամուսնանալ, սակայն այդ «հայեցի դաստիարակութիւն»ը որով հասակ առինք, ինքնաբերաբար իր մէջ կը ներառէր այդ բոլորը:
Թէեւ կրթութիւնը մեծ դեր ունի, սակայն շատ անգամ անթերի կերպով դաստիարակուած անհատներ նոյնիսկ կը դիմեն օտար ամուսնութիւններու, ինչ որ վիհեր կը ստեղծէ անհատին եւ իր ընտանիքին միջեւ:
Ամերիկա հաստատուած աղջիկ մը իր բարեկամին կը պատմէ ընտանիքին հետ ունեցած իր խնդիրները. «Ամիսներէ ի վեր շարունակուող անհամաձայնութեան պատմութիւն մըն է եղածը ծնողքիս հետ: Պատճա՞ռը. սիրած տղաս... հրեայ է եղեր: Չեմ հասկնար պարզապէս: Ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ընէ տղուն ազգութիւնը: Հակառակ իրենց զարգացումին, մեր ծնողներէն շատեր չկրցան փոխել իրենց մտայնութիւնը: Արեւելքէն միասին բերին իրենց գլուխները: Չե՛ն ըմբռներ, թէ Արեւելք չեն. տարբեր է մեր կեանքը, տարբեր՝ մեր մտածելակերպը, զգալու եղանակը, ազգութեան գաղափարն ու պահանջքները»:
Ցաւ ի սիրտ, սփիւռքը՝ մանաւանդ քիչ մը աւելի «զարգացած» երկիրներու մէջ, հայ անհատին մէջէն դուրս կը դնէ սեփականը ու ուրոյն ազգային գիտակցութիւնները ու անոնց տեղ կը դնէ ընդհանրացած այլ ուրիշ մը, որ համաշխարհայնացման մէկ մասնիկն է պարզապէս: Մեր ծնողները որքա՛ն ալ պայքարին անոնց դէմ, որոշ ժամանակ ետք՝ նուազագոյնը երկու-երեք սերունդ ետք բնականաբար անձնատուր պիտի ըլլան: Մաքուր ու ջինջ ջուրին մէջ ածուխ կամ ցեխ խառնելով կարելի՞ է սպասել զուլալ ջուր ունենալ։ Նո՛յնն է պարագան ամուսնութեան. երբ ընտանի տունէն ներս մուտք կը գործէ արաբը, ամերիկացին, անգլիացին եւ կամ ուրիշը, այդտեղ կը միաձուլուի հայութիւնը օտարինով եւ հայու զգացումը պարզապէս ինքնախաբէութեան մը կը վերածուի:
Հիմա ազգութիւն, հայրենիք ու հայկականութիւն դրուած են մէկ կողմ եւ ամուսնութիւնը վերածուած է շահագրգռական երեւոյթի մը. այդ վտանգը այսօր հայրենիքի մէջ կը դառնայ ծանրակշիռ, որովհետեւ շատեր հայրենիքէն դուրս գալու գնով, «դրամ տեղացող ափեր» երթալու երազանքով տրամադիր են կատարել որեւէ մէկ ձեւի ամուսնութիւն, նոյնիսկ սիրահարութենէ հեռու՝ լոկ նիւթական ակնկալութիւններով:
Վերջերս անձ մը կը յայտնէր, թէ կարելի է ամուսնանալ օտարի հետ, իր միջոցով քաղաքացիութիւն ձեռք բերել եւ բաժնուիլ... այսքա՛ն դիւրին է կեանքը շատերու համար:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ
(1908-1988)
Մեր թուականէն 33 տարիներ առաջ՝ 4 նոյեմբեր 1988-ին Երեւանի մէջ մահացած է երաժշտահան, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Գրիգոր Եղիազարեան:
Եղիազարեան ծնած է 8 դեկտեմբեր 1908-ին, Սուրմալու գաւառի Բլուր գիւղին մէջ: Փոքր տարիքէն ընտանիքի անդամներուն հետ տեղափոխուած է Երեւան, սակայն 1918-1920 թուականներուն կորսնցնելով հայրն ու մայրը մնացած է որբ: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է զինուորական ծառայութեան, ուր եօթ տարի եղած է զինուորական նուագախումբի փողահար, որուն շնորհիւ սկսած է մասնագիտական երաժշտութեան ասպարէզին: Եղիազարեան ուսում ստանալու նպատակով մեկնած եւ ընդունուած է Մոսկուայի երաժշտանոցի կից գտնուող երաժշտական ուսումնարանի տեսական բաժինը եւ ապա հետեւած՝ երաժշտահանութեան դասընթացքներուն: Երաժիշտը Մոսկուայի երաժշտանոցի իր ուսումը աւարտած է 1935 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք տեղափոխուած է Կիւմրի, գործակցելու Մռավեանի անուան թատրոնին, որ եղած է իր երաժշտական յօրինումներու առաջին հարթակը. ներկայացումներու համար յօրինած է երաժշտութիւններ: Կիւմրիի մէջ սկսած է զբաղիլ նաեւ մանկավարժութեամբ: Եղիազարեան ժամանակ մը ետք՝ 1938-ին դարձեալ տեղափոխուած է Երեւան եւ սկսած է երաժշտութիւններ յօրինել Կիւմրիի եւ Երեւանի գեղարուեստական թատրոններուն համար, միաժամանակ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալելով Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին եւ Երեւանի երաժշտանոցէն ներս:
Երաժշտահանը 1948 թուականին որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն ներս. 1953-1957 թուականներուն եղած է Հայաստանի Երաժշտահաններու միութեան վարչութեան նախագահ, իսկ 1954-1960 թուականներու միջեւ՝ Երեւանի անուան պետական երաժշտանոցի վերատեսուչ:
Եղիազարեան եղած է հայ արդի երաժշտահաններու դպրոցի հիմնադիրներէն մէկը. անոր աշակերտած են երաժիշտ Գէորգ Արմենեան, Էմին Արիստակէսեան, Գեղունի Չթչեան, Երուանդ Երկանեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Գրիգոր Եղիազարեան հեղինակ է բազմաթիւ ջութակի եւ նուագախումբի համար գրուած ձայնանիշներու, որոնցմէ յայտնի են «Արեւածագին» եւ «Սեւան» թատերապարերը:
Երաժշտահանը շնորհիւ իր վաստակին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի «Վաստակաւոր գործիչ», «Ժողովրդական արուեստագէտ» կոչումներուն, «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ» շքանշանին, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Պետական մրցանակին՝ 1970 թուականին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ