ԱՂՔԱՏՆ ԱԼ ԿԸ ՀԻՒԱՆԴԱՆԱՅ

Եկեղեցական կեանքիս ամենէն դժուար օրերէն մէկը մահամերձ մանուկի մը համար հիւանդանոց աղօթելու գացած օրս էր։ Հայր Արտաւազդին եւ ինծի տեղեկացուցին, թէ Լիբանանի ամենէն խեղճ ու աղքատ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահամերձ հայ մանուկ մը կայ եւ խնդրեցին երթալ եւ աղօթք մը կատարել։

Հիւանդանոցը մեր սպասածէն շա՜տ աւելի հին, շատ աւելի խեղճ վիճակ մը ունէր։ Զանազան միջանցքներէ անցնելէ ետք հասանք սենեակ մը, ուր ինն ամսուան մանուկ մը կը քնանար։ Իր փոքր մարմինին վրայ ունէր աւելի քան քսան ծակեր՝ խողովակներով կապուած զանազան սարքերու։ Ինն ամսուան մանուկը ծնած էր հիւանդութեամբ մը, որ աշխարհի վրայ տասը միլիոն մարդու մէջ մէկ հոգի կ՚ունենայ։ Մանուկին ոսկորները չէին աճեր եւ գրեթէ ոսկոր չունէր։ Չէր կրնար նստիլ, չէր կրնար ձեռքերն ու ոտքերը շարժել եւ մինչեւ իսկ չէր կրնար ուտել կամ խմել։ Մարդկային բոլոր պէտքերը կը կատարուէին խողովակներու օգնութեամբ։

Հաւանաբար ես ու Հայր Արտաւազդը մարդկայնօրէն պատրաստ չէինք այդ տեսարանին։ Աղօթքէն այնքան ալ բան չհասկցուեցաւ։ Ես կու լայի, Հայր Արտաւազդը կու լար, իսկ ծնողքին աչքերուն մէջ այլեւս արցունք չէր մնացած։

Փաստօրէն անբուժելի հիւանդութիւն մը չէր, սակայն բուժումը միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կարելի էր ձեռք բերել։ Ծնողքը հետաքրքրուած էր գրեթէ բոլոր ձեւերուն եւ միջոցներուն մասին։ Լիբանանի ամենէն խեղճ հիւանդանոցի ծախսերը հազիւ հոգալ կրցող զոյգը պէտք էր ամսական 250 հազար տոլար գումար վճարէր՝ որպէսզի կարենար կամաց կամաց իր զաւակը առողջութեան առաջնորդել։

Այդ օր զգացի, որ կարծուածէն շա՜տ շատ աւելի անարդար էր աշխարհը։

Աշխարհի վրայ տեղ մը մարդիկ միլիոններ կը մսխեն ինքնաշարժներու, նաւերու, անձնական օդանաւներու համար, անիմաստ ու ժամանակաւոր հաճոյքներու համար միլիառներ կը ծախսուին, իսկ անդին ծնողք մը իր զաւակին մահը կը դիտէ՝ նիւթականի պակասի պատճառով։

Հիւանդ մանուկը կեանքի կապելու համար ուզուած գումարը մեծ էր, սակայն վստահ եղէք այսօր աշխարհի վրայ բուժումի համար ամենանուազագոյն գումարի կարօտը ունին։

Վերջերս Ափրիկէի մէջ արդէն իսկ 27 տարի կուրութեամբ ապրողի մը աչքերը վիրահատեցին։ Վիրահատութեան համար ուզուած էր 200 տոլար, որու չգոյութեան պատճառով իր կեանքին մէկ մասը խաւարի դատապարտուած էր։

Եթէ աշխարհի վրայ աներեւակայելի քանակութեամբ դրամ ու հարստութիւն կայ, ինչո՞ւ համար ամենէն մարդկայինը՝ բժշկութիւնը ձրիաբար չի կատարուիր։ Եւ կամ կ՚ուզեմ գիտնալ՝ ի՞նչն է որ այդ բժշկութիւնը 250 հազար տոլար կը դարձնէ։ Բժշկութիւնը արհե՞ստ է՝ թէ ոչ ծառայութիւն։

Նախապէս յօդուածի մը մէջ գրած էինք, որ «հիւանդութիւնը հարուստներուն է այսօր»։ Աղքատին կարելի է ըսել ինքնաշարժ չունենալ, կարելի է ըսել խրախճանքներու չմասնակցիլ, կարելի է ըսել միսի փոխարէն ոսպ ու բրինձ ուտել, սակայն ինչպէ՞ս ըսել «մի՛ հիւանդանար», չէ՞ որ աղքատութիւնը ինքնին հիւանդութիւն է։

Աշխարհի վրայ ուսուցիչներու դերը շա՜տ կարեւոր է, որովհետեւ անոնց շնորհիւ զարգացած ապագայ մը կ՚ունենանք։ Անոնք են որ կը պատրաստեն ապագայ բժիշկը, նախարարը, վարչապետն ու զինուորականը, այլ խօսքով մարդոց միտքերը կ՚ուղղեն ու կը բուժեն, սակայն չեն գնահատուիր այնպէ՛ս ինչպէս բժիշկը կը վարձատրուի։ Որովհետեւ այս բոլորը կարգաւորող մը գոյութիւն չունի։

Տարիներ առաջ հայրս լեարդի վիրահատութեան մը կարիքը ունեցաւ։ Լիբանանի մէջ պահանջեցին 150 հազար տոլար, Ֆրանսա 250 տոլար, իսկ ամենէն յարմարը գտանք Պարսկաստան՝ 50 հազար տոլար։ Վերջապէս այս հիւանդութեամբ կրնայ աղքատն ալ տառապիլ չէ՞… ինչո՞ւ համար նման գումար մը վիրահատութեան համար եւ իրապէս կ՚ուզէի բժիշկ մը անկեղծութեամբ տար այս հարցին պատասխանը։

Աշխարհի ամենասուղ ինքնաշարժները մեծ գումարներով կը վաճառուին, որպէսզի ամէն մարդ չունենայ եւ ունեցողին համար որոշ մակարդակ մը ներկայացնէ, սակայն հիւանդութի՞ւնը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար եթէ նման հիւանդութեամբ տառապող մը ըլլար անտուն մուրացկան մը։

Այս բոլորն են պատճառը որ հեգնանքով նայիմ բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն, որոնք կը խօսին մարդասիրութեան, իրերօգնութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու մասին։ Եթէ իրաւունք կը պաշտպանեն, թող գիտնան, որ ցաւ ի սիրտ, աղքատն ալ հիւանդանալու «իրաւունք»ը ունի։

Թէեւ անէծքը մեղք մըն է, սակայն անիծուին բոլոր այն բժիշկները, որոնք նիւթականը մարդու կեանքէն աւելի առաջնահերթ կը նկատեն։ Թող իրենց մորթին վրայ կրեն հիւանդութեան ցաւը, որպէսզի գիտնան որ աշխարհի բոլոր հարստութիւններու տէր ալ դառնաս հիւանդութեան ցաւը մի՛շտ նոյնը կ՚ըլլայ։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -87-

Հօրս մօրաքոյրը բժիշկի չերթալու հիւանդութիւն մը ունէր։ Կը հաւատար, որ անոնք գումար վաստակելու սիրոյն հազար ու մէկ քննութիւններ կը նշանակեն, տեղի եւ անտեղի դեղեր կը ճշդեն, պարզը բարդ կը դարձնեն՝ որպէսզի դրամ աշխատին։

Օր մը շատ հիւանդացաւ. վիճակը տանելի չէր եւ զաւակները որոշեցին հիւանդանոց փոխադրել։ Տունէն մինչեւ հիւանդանոց «մի՛ տանիք, շատ դրամ կ՚առնեն» ըսաւ անընդհատ։ Այսօր ո՛չ ինքը կայ եւ ո՛չ դրամը։

Այս է մարդկային դժբախտ կատակերգութիւնը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2022