ՇԻՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Արդարին ճամբան շիտակ է։ Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ՚ուղղես» (ԵՍԱՅԵԱՅ ԻԶ 7)։ Կան չորս առաքինութիւններ, որ առանցքային դեր կը կատարեն։ Այս իսկ պատճառով անոնք կոչուած են «գլխաւոր առաքինութիւններ»։ Միւս բոլոր առաքինութիւնները կը խմբուին անոնց շուրջը։ Այս չորս առաքինութիւններն են՝ «խոհեմութիւն», «արդարութիւն», «զօրութիւն» եւ «ժուժկալութիւն»։ Արդարեւ ուղղամտութիւնը կամ շիտակութիւնը կը ստեղծեն առաքինութիւններ, քանի որ անոնք պտուղներն են անոնց վաստակին, անոնց գործունէութեան։ Շիտակութիւնը այն առաքինութիւնն է՝ որ կը կայանայ ճշմարտութեան մէջ։ Երբ ճշմարտութեան ճամբէն քալելու սովորութիւնը ունի մարդ՝ շիտակ մարդ է, կամ ուղղամի՛տ։ Այն որ չի շեղիր ճշմարտութենէ՝ շիտա՛կ մարդ է եւ ուղղամիտ։ Ուրեմն ուղղամտութիւնը կապ ունի մեծ մասամբ ճշմարտութեան հետ։ Այն որ կը ճանչնայ ճշմարտութիւնը եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքը կը կանոնաւորէ անով եւ նպատակ ունի հասնելու ճշմարտութեան։
Արդարեւ Աստուած շիտակութեան եւ ուղղամտութեան մէջ հաճութիւն ունի. «Եւ գիտեմ, ո՛վ Աստուած իմ, որ դուն սրտերը կը փորձես եւ ուղղութիւնը կը սիրես։ Ասոնց ամէնքը ես ուղիղ սրտով ու յօժար կամքով ընծայ ըրի ու հիմա ուրախութեամբ տեսայ թէ հոս գտնուած ժողովուրդդ քեզի կամաւոր ընծայ կը մատուցանէ» (Ա. ՄՆԱՑ. ԻԹ 17)։ Եւ սակայն անկարելի է որ գայթակղութիւններ, ուղղութենէ շեղումներ չըլլան այս աշխարհի վրայ. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չպատահին. բայց վա՜յ անոր՝ որուն ձեռքով կու գան» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 1)։ Ուստի ան որ վայելած իշխանութիւնը կը կիրարկէ այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք չարը գործելու կ՚առաջնորդեն, անիրաւութիւններու առիթ կ՚ընծայեն, ան յանցաւոր կը դառնայ գայթակղութեան եւ պատասխանատու չարին, որուն ուղղակի կամ անուղղակիօրէն իր նպաստը բերաւ։
Շատ մը յանցանքներ մերձաւորը կ՚անիրաւեն եւ կ՚իրաւազրկեն։ Հարկ է կարելին ընել՝ զանոնք հատուցանելու համար, զոր օրինակ՝ վերադարձնել ան ի՛նչ որ գողցուած է, վերականգնել համբաւը կամ վարկը՝ բամբասուած կամ զրպարտութեան ենթարկուած անձին եւ կամ դարմանել ամէն վիրաւորանք։ Պարզ արդարութեան պահանջքն է ասիկա։ Բայց աւելին կայ. յանցանքը, ուղղութենէ շեղումը կը վիրաւորէ եւ կը տկարացնէ թէ՛ յանցաւորին, թէ՛ անոր յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ մերձաւորին հետ։ Յանցանքին ներումը կամ թողութիւնը կը բառնայ յանցանքը, սակայն չի դարմաներ յանցանքին պատճառած բոլոր անկարգութիւնները։ Յանցանքէն վերականգնելէ ետք, մեղաւորը պարտի տակաւին վերագտնել իր հոգեկան ամբողջական ու կատարեալ առողջութիւնը։ Դարմանելու համար իր յանցանքները՝ շեղումները ուղղութենէն եւ անոր պատճառած հետեւանքները, ան պարտի ուրեմն աւելի բան մը եւս ընել նպատակայարմար եւ պատշաճ կերպով «հատուցանել» կամ «քաւել» իր յանցանքները։
Այս հատուցումը, ահաւասիկ կը կոչուի՝ «ապաշխարանք»։
Հոս կայ կարեւոր կէտ մը. հատուցումը, որքան կարելի է, գործուած յանցանքին, այսինքն ուղղութենէ շեղումին պատճառած վնասին կամ վիրաւորանքին ծանրութեան կամ բնոյթին համապատասխան ըլլալու է։ Այդ հատուցումը, որ նպատակ ունի շեղած ուղղութիւնը շտկել, կրնայ ըլլալ բարեսիրական գործ մը, ծառայութիւն մը, սպասարկութիւն մը մերձաւորին, կամաւոր զրկանք մը, նուիրատուութիւն մը, զոհողութիւններ եւ մանաւանդ համբերատար ընկալումը նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու՝ զորս տանելու կամ կրելու պարտաւոր է մարդ։ Այսպիսի հատուցումներ, մեծ մասամբ կ՚օգնեն մարդուս՝ կերպաւորուելու շիտակութեան եւ ուղղամտութեան տիպար՝ Քրիստոսի հետ, որ առանձին՝ մարդուս մեղքերը մարդկութեան համար մի անգամ ընդ միշտ քաւեց։ Ընդհանուր կերպով ապաշխարանքները թոյլ կու տան մարդոց ժառանգակից ըլլալ յարուցեալ Քրիստոսի. «Քանի որ բաժնեկից ենք Անոր չարչարանքին» (ՀՌՈՄ. Ը 17)։
Արդարեւ յանցանքներու ներումը կամ հատուցումը մարդս կը հաշտեցնէ անոր հետ՝ որուն հանդէպ յանցանք գործուած է եւ վնասի կամ վիրաւորանքի պատճառ դարձուած է…։
«Լաւ ապրիլ»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ուղղամիտ ըլլալ, շիտակ ըլալ՝ չշեղիլ ուղղամտութենէ եւ միշտ հաշտ ու սիրով ապրիլ մարդոց հետ անխտիր կերպով։
Հաշտ ապրիլ՝ թէ՛ ներքին եւ թէ հաւաքական խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է. իսկ խաղաղութիւնը պայման է՝ լա՛ւ ապրելու համար։ Ո՛չ մէկ արգելք պէտք է խախտէ այս խաղաղութիւնը։
Արդարութիւնը՝ որ մարդկային ամէն տեսակ յարաբերութիւններու հիմն է, իր զօրութիւնը կ՚առնէ ուղղամտութենէ, շիտակութենէ։ Արդարութիւնը հիմն է ընկերութեան, քանի որ կը հսկէ կշռադատելու եւ ներդաշնակելու համար բոլոր մարդկային յարաբերութիւնները՝ որպէսզի չըլլայ որ անակնկալի մը հետ դիմաւորուին որեւէ խաբէութենէ, սուտէ եւ խորամանկութենէ, որոնք շեղումներ են ուղղամտութենէ եւ հակառակ՝ շիտակութեան…։
Արդարեւ, շիտակութիւնը եւ ուղղամտութիւնը առաքինութիւն է, եւ մարդկային առաքինութիւններ ձեռք ձգուած եւ դաստիարակութեամբ, ինքնակամ արարքներով եւ միշտ վերսկսած յարատեւ ճիգերով, մաքրազտուած եւ վեր բարձրացած աստուածային շնորհքով։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ ուղղամտութիւնը եւ շիտակութիւնը ստացական արժէքներ են եւ պէտք է պահպանուին՝ համերաշխ, հաշտ ու խաղաղ ընկերային կեանք մը ապրելու, լաւ ապրելո՛ւ համար, ինչ որ կոչումն է մարդուն։
Աստուծոյ օգնութեամբ, առաքինութիւնները կը դարբնեն նկարագիրը եւ հեշտութիւն կ՚ընծայեն բարիին կիրարկումին մէջ։
Բոլոր այս իրողութիւններէն կը հետեւի՝ թէ առաքինի մարդը երջանիկ մարդ է զանոնք գործադրելով։
Արդարեւ դիւրին չէ՛ յանցանքէ մը վիրաւորուած մարդուն համար պահել իր բարոյական հաւասարակշռութիւնը, սակայն ուղղամտութիւնը եւ շիտակութիւնը կը պահանջեն պահել այդ հաւասարակշռութիւնը։ Ուստի աստուածային անկեղծ սէրը մարդուս կու տայ անհրաժեշտ շնորհքը յարատեւելու առաքինութիւններու որոնումին մէջ։ Եւ ուրեմն իւրաքանչիւր անձ պարտի միշտ խնդրել լոյսի եւ զօրութեան այս շնորհքը, դիմել սուրբ խորհուրդներուն, իւրացնել ե՛ւ գործակցիլ Սուրբ Հոգիին, հետեւիլ բարին սիրելու եւ չարէն զերծ մնալու Անոր կոչին։
Բոլոր այս արարքները կարելի է արտայայտել մէկ խօսքով՝ շիտակութիւն, այսինքն ուղղամտութի՛ւն։
Մարդկային բոլոր առաքինութիւնները, ինչպէս շիտակութիւնը եւ ուղղամտութիւնը կ՚արմատաւորուին աստուածային առաքինութիւններու մէջ՝ որոնք մարդուն կարողութիւնները եւ տարողութիւնը ատակ կը դարձնեն մասնակցելու աստուածային բնութեան՝ որ է կատարելութի՛ւն։
Առաքինութիւնները աստուածային բնութեան կը վերաբերին եւ կը տրամադրեն մարդս ապրելու Սուրբ Հոգիին յարաբերութեանը մէջ։ Անոնք իբր ծագում, դրդապատճառ եւ առարկայ ունին Աստուած։
Ուստի լաւ ապրելու համար «լաւ նկարագիր» պէտք է ունենայ մարդ, իսկ լաւ նկարագրի համար անհրաժեշտ է եւ նախապայման՝ ուղղամտութիւնը, շիտակութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 20, 2015, Իսթանպուլ