ԾԱՂԿԱՍՏԱՆ ՉԷ՛ ԿԵԱՆՔԸ

Յաճախ կը հարցնենք. «Ի՞նչ է կեանքը»։ Կեանքը որ կ՚ապրինք, շատ անգամ չենք անդրադառնար իսկ անոր գոյութեան՝ իմաստին կամ նպատակին։ Արդարեւ, այս կերպով, կեանքը «միատարր փորձութիւն» մը ըլլալ կը թուի, փորձառութիւն մը՝ որ անզգալիօրէն կը սկսի եւ անակնկալ կը վերջանայ։ Կ՚ապրինք կեանք մը՝ որոշ ժամանակ մը որպէսզի ի՞նչ ըլլայ. միայն վայելենք անխառն երջանկութի՞ւն, միայն յաջողութի՞ւն, միայն յաղթանա՞կ, միայն առողջութի՞ւն, միայն շա՞հ, միայն հարստութի՞ւն։ Անշուշտ, ո՛չ։ Հապա ի՞նչ է այս «կեանք»ը, որ կ՚ապրինք, կը վայելենք կամ նեղութիւններու, ցաւերու կը մատնուինք։

Կեանքը միայն վայելք չէ, վայելելու ընթացք մը չէ անիկա, այլ կ՚ապրինք նաեւ տառապելո՛ւ համար։ Առանց տառապանքի կարելի չէ կեանք ապրիլ, քանի որ հաճոյք եւ տառապանք համընթաց են, կերպով մը կը հակակշռեն, կը ներդաշնակեն կամ կը հաւասարակշռեն կեանքը։

Ոմանք կրնան աւելորդ նկատել խորհիլ, հարցումներ հարցնել կեանքին բնոյթին մասին, քանի որ հասկնանք-չհասկնանք կ՚ապրինք զայն, եւ անոր մասին տեղեկութիւն ունենալ, զայն հասկնալ չի փոխեր անոր բնոյթը եւ կերպով մը կը շարունակենք ապրիլ, եւ մանաւանդ չենք կրնար փոխել անոր բնական ընթացքը, եւ ուրեմն այդ մասին միտք յոգնեցնել դրական արդիւնքի մը չի հասցներ եւ ժամանակի վատնում մը կ՚ըլլայ միայն։ Այդպէս կը մտածեն ոմանք։

Բայց բանաւար մարդ էակին համար հետաքրքրութիւնը բնատուր պահանջք մըն է՝ մարդ հետաքրքրութեամբ է որ կ՚ապրի, կը սորվի եւ որքան որ սորվի, կը գոհանայ մտապէս եւ ինքզինք երջանիկ կը զգայ։ Ուստի, կեանքին իմաստին վրայ խորհիլ «պահանջք» մըն է մարդուս համար։ Այլապէս, անտարբերութիւնը կ՚ամլացնէ մարդը, եւ հետզհետէ կը հեռանայ իր էութենէն, «մեքենայ»ի մը կը վերածուի՝ որ «կեանք» ըսուած դրութեան մը մէջ կը գործէ։

Այսպիսի կեանք մը զո՛ւրկ է զգացողութենէ եւ գիտակցութենէ, ինչ որ ներհակ է մարդ էակին բանականութեան եւ արժանաւորութեան։

Ուրեմն, կեանքի մէջ կայ հաճոյք եւ տառապանք անխուսափելիօրէն։

Տառապանքը երկու աղբիւր ունի. մէյ մը ուղղակի մե՛նք ենք մեր տառապանքներուն ստեղծիչը, մէյ մըն ալ՝ թերեւս աւելի յաճախ՝ ուրիշներ։

Տառապանքը, իր լայն առումով, «չարութիւն» մըն է։ Իսկ չարութիւնը ունի իրեն յատուկ շատ մը սահմաններ, որոնցմէ մէկն է «գազանավայել ախորժակ» ուրիշները տառապեցնելու։ Եւ կամ Քրիստոսի սորվեցուցած ընկերային փոխյարաբերութիւններու հիմնական սկզբունքին ժխտումը։ Ոմանց համար՝ «Սիրէ՛ ընկերդ» պատուէրը գոյութիւն չունի։ «Սիրել անձը» եւ «ատել ընկերը», ա՛յդ սկզբունքով միայն կ՚ապրին այդպիսիներ, եւ անշուշտ կը տառապեցնեն ամէն անոնք, որոնք կ՚իյնան իրենց ընկերային յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ։

Արդարեւ, «քրիստոնեայ ըլլալ» կը նշանակէ՝ ո՛չ թէ խաչէ խուսափիլ, հանգիստ փնտռել, հապա՝ խաչը կռնակը առած քալել կեանքի ճամբէն՝ քաջ եւ անվտանգ։

Բուրաստան մը չէ՛ կեանքը, եւ ո՛չ ալ անապատ մը, այլ՝ շղթայ մը փորձառութիւններու, որուն օղակներէն ոմանք երջանկութեամբ դարբնուած են, իսկ ոմանք ալ՝ տառապանքով, դժբախտութեամբ։

Եւ ահաւասիկ, մեր կեանքին մէկ պատկերն է այն խորանը՝ իր խաչով եւ ծաղիկներու փունջով։

Բայց աւելին ալ կարելի է տեսնել այս հրաշալի, կեանքի նման պատկերին մէջ։ Խոնարհ եւ կոտրած սիրտը յիրաւի միշտ ընդունելի նուէր է Աստուծոյ։ Մեր շուրջիններուն տառապանքը մասամբ մեղմացնելու համար, կը բաւէ անուշ խօսք մը, պայծառ եւ անկեղծ ժպիտ մը, բարեկամութեան հաւաստիք մը, փոքր բայց օգտակար ծառայութիւն մը…։

Դրացիի մը հանդէպ բարի ըլլալու համար ամբողջ աշխարհի բարերար մը ըլլալու պէտք չկայ։ «Այս պզտիկներէն մէկուն ըրիք. ուրեմն ինծի ըրիք», կ՚ըսէ Յիսուս։ Ուստի, խաչին՝ համեստ ծաղիկ մըն ալ մեծ նշանակութիւն ունի։ Աստուած կ՚ուզէ գործածել մեր համեստ կարողութիւնը եւ մեզմէ կը պահանջէ մեր տարողութեան համեմատութեամբ բայց անկեղծութեա՛մբ։ Ան մեզմէ երբեք չի պահանջեր անկարելին, բայց այն՝ ինչ որ կարող ենք ընելու։

Քրիստոսի անհաշուելի սէրը՝ մենք չենք կրնար փոխարինել որեւէ կերպով, որեւէ ատեն, ինչ որ ալ ընենք, քանի որ անկարելի՛ է անիկա մեզի համար։ Ուստի, անոր սիրոյն հանդէպ՝ Անոր խաչին ոտքը, կրնան միայն մեր համեստ եւ չափաւոր կարողութիւնը դնել՝ որպէս դաշտի ծաղիկ մը, եւ կամ, մեր սէրը՝ մեր ընկերներուն հանդէպ, կամ մեր յաղթութեան հաւատքը, յոյսը՝ մարդկային ճակատագրին մասին, ա՛յդքան։ Աստուած գոհ է մեր ունեցածին չափովը եւ Ան, Ամենատես եւ Ամենագէտ՝ տեղեակ է մեր ամէն մէկուն կարողութեան չափէն։

Խաչին խորհուրդը մարդկային սահմանաւոր մտքէն շատ վե՛ր է։ Եւ ո՞վ կրնայ, ո՞վ կը համարձակի մօտենալ անոր լման փոխարինութիւն մը ընելու յաւակնութեամբ։

Մարդ պէտք է ինքզինք իրապէ՛ս երջանիկ զգայ, որ «աննշան ծաղիկ» մըն է, խաչին ոտքը՝ Աստուծոյ Սուրբ Պատարագի Սեղանին վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 30, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018