ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ
Ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել եթէ ոչ՝ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։ Մարդկային անձը, որպէս անհատ, կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան, որ անոր համեմատ կարգաւորուած է։ Արդարեւ, մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն՝ որոնք կը բխին արարածի մը, էակի իր արժանապատուութենէն։ Այս իրաւունքները ընկերութենէն կանխագոյն են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն անոր։
Մարդկային անձին յարգանքը կը բխի սա սկզբունքին յարգանքէն.- Թող իւրաքանչիւրը առանց բացառութեան նկատի առնէ իր մերձաւորը իբրեւ «իր միւս անձը»։ Ուստի, ամէն բանէ առաջ, պէտք է նկատի առնէ անոր կեցութիւնը եւ այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են անոր՝ արժանավայել կեանք մը ապրելու համար։ Այս ուղղութեամբ, ոչ մէկ օրէնսդրութիւն պիտի կարենար առանձինն փարատել վախերը, նախապաշարումները, կանխակալութիւնները, հպարտութեան ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան եւ «եսասիրութեան» կեցուածքները, որոնք արգե՛լք կը հանդիսանան իր եղբայրական ընկերութիւններու հաստատումին եւ պահպանումին։
Այս բոլոր շեղած վերաբերմունքները պիտի դադրին միա՛յն եղբայրսիրութեան շնորհիւ, որ իւրաքանչիւր մարդուն մէջ կը տեսնէ «մերձաւոր» մը, եղբայր մը, «մա՛րդ» մը…։
Ուրիշի մը «մերձաւոր» դառնալը եւ անոր ժիրօրէն ծառայելը եւ օգնելը ա՛լ աւելի հրամայական կը դառնայ, երբ այդ «ուրիշ»ը աւելի ընչազուրկ է, ո՛ր մարզի մէջ ալ ըլլայ։ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ընէք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք եղբայրներս են, զայն Ինծի ըրած պիտի ըլլաք». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 40)։
Այս նոյն պարտականութիւնը եւ եղբայրասիրական վարմունքը կ՚ընդգրկէ նաեւ անոնք՝ որոնք մեզմէ տարբեր կերպով կը մտածեն կամ կը գործեն։
Քրիստոսի ուսուցումը կը հասնի մինչեւ իսկ մեզմէ պահանջելու ներումը վիրաւորանքներուն։
Քրիստոս, «սիրոյ պատուիրան»ը, որ նոր Օրէնքին պատուիրանն է, կը տարածէ բոլոր թշնամիներուն վրայ. (ՄԱՏԹ. Ե 43-44)։ Ուստի, Աւետարանի ըմբռնած ազատագրումը անյարիր՝ անկապակից է թշնամիին ատելութեան հետ, բայց ո՛չ այն ատելութեան հետ, որ ունիս թշնամիին գործած չար արարքին հանդէպ։ «Լսեր էք արդարեւ, որ ըսուած է.- Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարի՛ք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն». (ՄԱՏԹ. Ե 43-44)։
Ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած, միեւնոյն հոգիով օժտուած, միեւնոյն բանական հոգին կրող, բոլոր մարդիկը, անխտիր ունին նո՛յն բնութիւնը եւ նո՛յն ծագումը։ Ուստի մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Այս ուղղութեամբ անընդունելի է ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական իրաւունքներուն, կամ հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի գոյնին, ընկերային կացութեան, լեզուի կամ կրօնի վրայ։ Որեւէ խտրականութիւն այս մասին ներհակ է Աստուծոյ ծրագրին։ Իւրաքանչիւր անձ, որպէս անհատ կարիքը ունի ուրիշներուն, եւ այս իսկ պատճառով մարդ կոչուած է իրերօգնութեա՛ն։
Անշուշտ մարդոց միջեւ կը յայտնուին տարբերութիւններ՝ որոնք կապուած են տարիքին, ֆիզիքական կարողութիւններուն, իմացական եւ բարոյական ընդունակութիւններուն, փոխանակումներով ձեռք ձգուած շահերուն, առաւելութիւններուն, հարստութիւններուն բաշխումին։ Այս տարբերութիւնները Աստուծոյ ծրագրին մաս կը կազմեն։ Աստուած կ՚ուզէ որ իւրաքանչիւրը իր պէտք ունեցածը ստանայ ուրիշէն, իսկ անոնք որ իրենց տրամադրութեան տակ ունին յատուկ արժէքներ, զանոնք բաժնեն կարիքաւորներուն հետ։ Մարդոց միջեւ եղած տարբերութիւնները կը քաջալերեն եւ յաճախ կը ստիպեն մարդիկը վեհանձն, եղբայրասէր, բարեացակամ եւ բաժնեկից ըլլալու, կը խթանեն մշակոյթները զիրար փոխադարձաբար ճոխացնելու։ Եւ այս «տարբերութիւն»ներու շնորհի մարդիկ կ՚անդրադառնան իրենց թերութիւններուն եւ տկարութեան, եւ կը հասկնան, որ «անկատար» են եւ կարօտ են իրարու օգնութեան։
Մարդոց թերութիւնները եւ տկարութիւնը՝ անկատարութիւնը աշխարհի մէջ ճշմարտութեամբ աղօթողներու մէջ կ՚արթնցնէ իրենց եղբայրներուն հանդէպ գործօն պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, ըլլա՛յ իրենց անձնական վերաբերումով, ըլլա՛յ մարդկային ընտանիքին հետ իրենց համընկերութեամբ։
Օրէնքը կենցաղի կանոն մըն է, որուն նպատակն է հասարակաց բարիքը։ Եւ այն որ կը հպատակի, եւ պէ՛տք է հպատակի, այս Օրէնքին, իմաստութեամբ եւ բարութեամբ կը հրաժարի անձնասիրութենէ, եսամոլութենէ եւ կ՚ըլլայ այլասէր, այսինքն՝ մարդասէ՛ր։
Հպարտութիւն, ինքնահաւանութիւն, մեծամտութիւն եւ ատելութիւն ախտանիշեր են, որոնք կը բացայայտեն «եսասիրութիւն»ը։ Իսկ համեստութիւն, խոնարհութիւն, ներողամտութիւն, հանդուրժողութիւն ստուգանիշերն են սիրոյ, յատկապէս՝ մարդասիրութեա՛ն։
Վախճանը՝ չ՚արդարացներ միջոցները։
Իր նմանին օգնելու նկատմամբ որեւէ զանցառութիւն չի կրնար ունենալ որեւէ արդարացում։ Մարդ քանի որ կոչուած է իրերօգնութեան, այս կը նշանակէ, որ մարդիկ, ամէն պարագայի մէջ պէ՛տք է օգնեն զիրար եւ իրար լրացնեն, ամբողջացնեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 28, 2020, Իսթանպուլ