ՅԻՍՈՒՍ ՄՈՒԹԻՆ ԾՆԱՒ ԵՒ ՄՈՒԹԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (ՄԱՏԹ. Ա 23)։ Եւ Յիսուս ծնաւ՝ մո՜ւթ էր, խաւա՜ր էր աշխարհ, եւ աշխարհի խաւարը լուսաւորուեցա՛ւ, քանի որ Աստուած մարդացաւ եւ Աստուած մեզի հետ եղաւ։
Յիսուսի ծնունդով լուսաւորուեցաւ աշխարհ, քանի որ Աստուած եկաւ մարդոց՝ որ մութ ու խաւար աշխարհի վրայ կ՚ապրէին, լուսաւորուեցաւ մութ աշխարհը, քանի որ Աստուած Լո՛յս է, Անոր բնութի՛ւնն է, հանգամա՛նքն է, յատկանիշն ու խորհո՛ւրդն է լոյսը՝ որ կը լուսաւորէ մութ ու խաւար աշխարհը, ո՛չ միայն աշխարհը, այլ խաւարին ամենէն մութը, ամենէն վտանգաւորը՝ մտքի՛ խաւարը…։
Աստուած մարմնացաւ, Աստուած մարդացաւ, որպէսզի աշխարհի խաւարը փարատի՝ մութը ցրուի եւ լոյսը տիրէ՝ լուսաւորուի մարդ, լուսաւորուին միտքեր ու հոգիներ եւ փրկուին խաւա՜ր աշխարհէն։
Արդարեւ լոյսը յո՛յս է, կեա՛նք է, ուժ է եւ զօրութիւն, վստահութեան խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ, քանի որ Աստուած Ի՛նք լոյս է՝ յստակ եւ պայծառ լոյս՝ որ ամէն ինչ տեսանելի կը դարձնէ։
Աւետիք Իսահակեան կը պատմէ, թէ ժամանակին արեւելքի հրաշագեղ երկրի մը մէջ արդարամիտ ու խելացի թագաւոր մը կ՚ապրէր։ Ան ունէր երեք որդի։
Պատահեցաւ որ թագաւորը ծերացաւ եւ երկրի կառավարութեան ղեկը փափաքեցաւ տակաւին ողջ ու առողջ՝ յանձնել իր որդիներէն անոր՝ որ աւելի ընդունակ է այդ դժուարին ու ծանր գործը կատարելու։
Ուստի օր մը կանչեց իր որդիները եւ ըսաւ.
«Սիրելի որդիներ, կը տեսնէք, որ ձեր հայրը այլեւս ծերացած է եւ ալ կարող չէ կառավարել երկիրը։ Ես աւելի առաջ իջած կ՚ըլլայի իմ գահէն, եթէ կատարուած տեսնէի այն փափաքս, որ երկար տարիներ պաշարած էր հոգիս։ Եւ հիմա ձեզմէ ո՛վ որ կարողանայ իմաստուն կերպով իրականացնել այդ փափաքս, ան պիտի ստանայ իր թագը եւ պիտի կառավարէ իր ժողովուրդը»։
Որդիները կը համաձայնին եւ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ է իրենց հօր՝ թագաւորին փափաքը։
Հայրը ցոյց կու տայ մե՜ծ շտեմարան մը՝ ամբարանոց մը եւ կը յանձնարարէ որդիներուն, լեցնել զայն աշխարհի ամենապիտանի բանով, որով կարելի պիտի ըլլայ երջանիկ դարձնել ամբողջ ժողովուրդը։
Թագաւորին որդիները կը համբուրեն իրենց հօր ձեռքը եւ ճամբայ կ՚ելլեն՝ փնտռելու «ամենապիտանի բան»ը։
Աշխարհէ՜ աշխարհ, երկիրէ՜ երկիր ման կու գան՝ կը շրջին, կը պտըտին եւ բաւական թափառելէ յետոյ, անոնք կը վերադառնան տուն եւ կը յայտնեն, թէ ամէն մէկը գտած է աշխարհի «ամենապիտանի բան»ը։
Շտեմարանին մուտքին կը կանգնին թագաւորին երեք որդիները եւ թագաւորը, պալատականները եւ ամբողջ ժողովուրդը ու անհամբերութեամբ կը սպասեն, թէ իւրաքանչիւր որդին ի՞նչ է բերած որպէս «ամենապիտանի բան»։
Որդիներէն մէկը գրպանէն կը հանէ ափի պարունակութեամբ հացահատիկ՝ ցորեն եւ շտեմարանին մէջ լեցնելով զայն, կ՚ըսէ որ հացով պիտի լացնէ զայն, քանի որ հացէն աւելի անհրաժեշտ ու պիտանի բան չէ գտած։
Երեքի միջեւ երկրորդ զաւակը՝ միջնեկը գրպանէն կը հանէ ափ մը լեցուն հող եւ լեցնելով շտեմարանին մէջ, կ՚ըսէ որ հողով պէտք է լեցուի շտեմարանը, քանի որ աւելի պիտանի ու անհրաժեշտ բան չէ գտած։
Կրտսեր որդին՝ տարիքով փոքրագոյնը հօրը հարցումը կը պատասխանէ, թէ՝ լոյսով կը լեցնէ շտեմարանը։
Եւ ան կը շարունակէ. «Աշխարհ ման եկայ, ամէն կողմ շրջեցայ, եւ լոյսէն աւելի անհրաժեշտ ո՛չինչ գտայ։ Լո՛յսն է ամենապիտանի բանը աշխարհի վրայ։ Առանց լոյսի հողը հաց չ՚ըլլար, առանց լոյսի հողի վրայ կեանք գոյութիւն չ՚ունենար։ Շա՜տ պտըտեցայ, շատ թափառեցայ, շատ աշխարհներ, երկիրներ տեսայ եւ գտայ ու համոզուեցայ, որ «գիտութեան լո՛յս»ն է ամենապիտանի եւ անհրաժեշտ բանը, եւ միա՛յն գիտութեան լոյսով կարելի է կառավարել ժողովուրդը, ամբողջ աշխարհը»։
«Ապրի՜ս», գոչեց ուրախացած հայրը, եւ շարունակեց. «Դո՛ւն արժանի ես իմ գահին, քանի որ լոյսով ու գիտութեամբ պիտի լեցնես թագաւորութիւնը»։
Ներկայ ժողովուրդը, պալատականները, բոլորն ալ ցնծութեամբ ողջունեցին նոր, երիտասարդ, շրջահայեաց, իմաստուն, երկիրը լոյսով լեցնող թագաւորը։
Ուստի այն մարդիկ, որոնք լոյսով չեն գործեր, լուսաւորուած չէ իրենց դիտաւորութիւնն ու գործունէութիւնը, անոնք որ մութին ու խաւարին մէջ կ՚աշխատին, որոնց գործերը, փափաքներն ու նպատակները հակառա՛կ են Աստուծոյ կամքին, չեն կրնար տանիլ, չեն կրնար հանդուրժել ու դիմանալ Յիսուսի խօսքերէն ճառագայթող ճշմարիտ լոյսին, եւ անոր համար ալ կը մերժեն լոյսը եւ կը նախընտրեն խաւարը։
Տիեզերքի ամենէն արագընթաց երեւոյթն է լոյսը, ան իր անմրցելի եւ եզական, անբաղդատելի արագութեամբ մէկ երկվայրկեանի մէջ՝ եօթը անգամ կրնայ շրջիլ աշխարհի բոլորտիքը, քանի որ ան երկվայրկեանի մը մէջ 300.000 քիլօմեթր կը սուրայ։
Լոյսին այս հանգամանքը մեզ կը տանի սա եզրակացութեան, թէ՝ ան նոյն պահուն ամէն տեղ է։
Եւ «նոյն պահուն ամէն տեղ» ըլլալու գաղափարը կը յիշեցնէ Աստուած, աստ-ւածային այն ճշմարտութիւնը, թէ «Աստուած ամէն տեղ է, ամէն կողմ» եւ միշտ ներկա՛յ։
Եւ ուրեմն բանականօրէն կրնանք անգամ մը եւս բացայայտնել սա ճշմարտութիւնը՝ թէ Աստուած, ինչպէս «սէր» եւ «իմաստութիւն», նաեւ՝ «լո՛յս» է։
Արդարեւ Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ կա՛յ՝ զգացում եւ միտք, որոնք կը յայտնուին լոյսի միջոցով՝ լուսաւորութեամբ։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ կ՚ըսենք, թէ՝ Աստուած մութին մէջ մարմնացաւ ու մարդացաւ եւ մութը լուսաւորուեցա՛ւ։
Սիրոյ արտայայտութիւնը կարելի է իրականանայ՝ մաքուր, լո՜յս հոգիով, լուսաւորութեամբ, ինչպէս մտքի արտայայտութիւնն ալ կը կատարուի՝ յստակ եւ պայծառ միտքով, լոյս ու լուսաւորուած մի՛տքով։
Սէրը՝ Աստուծոյ զգացումներու միջոցով յայտնութիւնն է, իսկ իմաստութիւնը՝ Անոր մտքին։ Եւ այս երկուքը փաստեր են, որ Աստուած «Անձ» է՝ աննման, եզական, նախատիպար անձ, եւ թէ կը յայտնուի լոյսի մէջ՝ լուսաւոր կերպով, քանի որ Անոր զգացումները բարի են եւ միտքը՝ իմաստուն։
Յիսուսի ծնունդի պարագային ալ՝ լուսաւոր աստղ մը հետեւեցաւ Իրեն, եւ «Լոյսը աշխարհ եկաւ» բնակելու համար մարդոց մէջ՝ լուսաւորելու համար զանոնք։ Լոյսը կը մաքրէ սիրտերը, կ՚ազնուացնէ զգացումները եւ կը պայծառեցնէ միտքերը, կը զարգացնէ մտածումները եւ կ՚իմաստաւորէ զանոնք։
Առաջին անգամ Եսայի մարգարէի կողմէ «Էմմանուէլ» անունով կոչուեցաւ գալիք Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոսը։
«Անոր համար Տէրը ի՛նք նշան պիտի տայ քեզի. ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի» (ԵՍ. Է 14), որ կը նշանակէ «Աստուած մեզ հետ» (ՄԱՏԹ. Ա 23)։ Երբ Ս. Մարիամ Աստուածածնի նշանածը՝ Յովսէփ տրտմութեան եւ տարակուսանքի մէջ էր Ս. Մարիամի յղութեան պատճառով, Աստուծոյ հրեշտակը այցելեց անոր եւ յիշեցուց Եսայի մարգարէի այս մարգարէութիւնը՝ բացայայտելով եւ պարզելով դա՜րերով պահուած աստուածային խորհուրդը, որով Աստուած երկիր իջաւ եւ միացաւ մեզ հետ, եւ այս իսկ պատճառով Քրիստոսի Եկեղեցին շարունակ կը ցնծայ՝ բացագանչելով եւ յայտարարելով. «Աստ-ւած մե՛զ հետ»։
Արդարեւ տօներու եւ հոգեւոր ուրախութիւններու սկիզբը բոլոր հաւատացեալներու համար Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնն է, որը կարգեց Յակոբոս առաքեալ՝ որ ըստ մարմնի, եղբայրն էր Յիսուս Քրիստոսի եւ ականատեսն էր Անոր տնօրինական գործերուն։ Ան սահմանեց տէրունական տօները եւ ըսաւ, թէ՝ Յունուար 6-ը Քրիստոսի ծննդեան օրն է։ Եւ երեսուն տարի յետոյ, դարձեալ Յունուար 6-ին կատարուեցաւ Տիրոջ մկրտութիւնը։
Այս մասին կը վկայէ Երուսաղէմի Կիւրեղ Եպիսկոպոսը։
Նաեւ Կղեմէս Ալեքսանդրացի կը գրէ, թէ առաքեալները սահմանած են Տիրոջ Ծնըն-դեան տօնը Յունուարի 6-ին։
Յունուարը տարուան առաջին ամիսն է՝ սկիզբը, իսկ 6-ը խորհրդաւոր թուանշան է, քանի որ Աստուած վեցերորդ օրը ստեղծեց Ադամը։ 6-ը նաեւ վեցհազարեան դարերու խորհո՛ւրդն է, որ կը յայտնէ, հետեւաբար՝ վեցերորդ դարու վեցերորդ օրը ծնաւ «Նոր Ադամ»ը՝ արարածներու Արարիչը՝ գտնելու եւ նորոգելու իր վեցօրեայ արարածը՝ «հին Ադամ»ը՝ որ մոլորած էր վեցեակ յանցանքներով։ Եւ այդ օրը ծնաւ «Բանն Աստուած» եւ այդ օրը Հինգշաբթի՛ էր…։
Շնորհաւոր Ծնունդ…։
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 25, 2015, Իսթանպուլ