ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անգամ մը եւս համայն աշխարհ խանդավառուած է Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հրաշալի երեւոյթին յիշատակման առթիւ։ Արդարեւ քրիստոնեայ աշխարհի մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն մը կը ստեղծէ Սուրբ Ծննդեան յիշատակի այս տօնը՝ որ հիմնուած է եզակի դէպքի մը վրայ՝ Աստուծոյ մարմնացման եւ մարդեղութեան ճշմարտութեան վրայ։ Այս դէպքը եզակի է եւ աննման, քանի որ Աստուած՝ Ի՛նք կու գայ մարդուն՝ մարմնացեալ եւ մարդացեալ, կը հաւասարի մարդուն, որպէսզի զայն փրկէ եւ բարձրացնէ դէպի Իրեն։
Արդարեւ մե՛ծ է Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը, քանի որ անոր կը վկայեն ու կը մարգարէանան Հին Ուխտի մարգարէներ եւ կ՚աւետեն այս հրաշալի՜ եւ եզակի դէպքը։ Եւ ահաւասիկ Եսայի մարգարէ բացայայտօրէն կ՚ըսէ. «Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի» (ԵՍԱՅԻ, Է 14)։
Ուստի Մարգարէն, Էմմանուէլ կը կոչէ այն՝ որ կը նշանակէ. «Աստուած մեզի հետ է»։ Մարգարէական այս վկայութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կոյսէն ծնածը մարմնացեալ եւ մարդացեալ Աստուա՛ծն է։
Երկինքի վրայ անսովոր պայծառութեամբ փայլատակող աստղը, ահաւասիկ, մարդոց աւետեց Բեթլեհէմ քաղաքը՝ մսուրի մէջ ծնած Մանուկը՝ Աստուծոյ միածին Որդին։ Արդարեւ, մեծ եւ սքանչելի՜ Խորհուրդ մըն էր այս դէպքը, աննման զարմանահրաշ երեւո՛յթ մը։ Թէեւ ամէն ծնունդ հրաշք երեւոյթ մըն է մարդուս համար, բայց այս Ծնունդը իր ամբողջութեամբ՝ սկիզբով, պատճառով եւ նպատակով անզուգական, անբաղդատելի, եզակի՛ երեւոյթ մըն էր ամբողջ պատմութեան մէջ՝ հիմա եւ մի՛շտ։
Եւ Աստուած ա՜յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ, ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս Աւետարանիչ. (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
Համայն տիեզերքի Արարիչը, Աստուած՝ Ի՛նք, աստուածային Իր անչափելի բարձունքներէն իջաւ աշխարհ, ընդունեց Իր իսկ ստեղծած արարածին՝ մարդուն կերպարը, մարմնացաւ եւ մարդացաւ, յանձն առաւ կրել երկրային կեանքի՝ մարդուն բնորոշ ապրումը եւ յոյզը, դարձաւ աղքատ եւ կարօտեան, հեզ ու խոնարհ, ճաշակեց ամէն դառնութիւն, ցաւ ու վիշտ, ենթարկուեցաւ եւ տարաւ համբերութեամբ ամէն նուաստացում եւ չարչարանք, խաչ բարձրացաւ, որպէսզի Իր կեանքով, Իր Խաչի ճանապարհով փրկէ մարդը յաւիտենական մահէն։ Այս կերպով՝ Ի՛նք՝ ճշմարտութիւնը եւ ճանապարհը, Ի՛նք՝ Աստուած, մարդկային մարմին ստացաւ, մարդեղացաւ, աշխարհ եկաւ, որպէսզի ինկած մարդը բարձրացնէ՝ խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդէ եւ անյոյս թափառումներէ, շեղումներէ եւ անորոշութիւններէ՝ դէպի ապահով նաւահանգիստներ հասցնէ եւ մահէն դէպի փառաւոր յաւիտենականութիւն առաջնորդէ։
Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է բանաւոր եւ անվիճելի պատճառը՝ որ համայն քրիստոնեայ աշխարհի համար Տիրոջ ծննդեան յիշատակումը եւ տօնակատարումը անձնական եւ անանձնական բոլոր տօներու տօնն է. այսինքն՝ Արքայատօնը։
Ուստի Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցին՝ առաքելական ժամանակներէ ի վեր, ամէն տարի Յունուար 6-ին խորհրդապաշտական եւ սքանչելի խորհրդակատարութեամբ, մեծ ցնծութեամբ կը կատարէ Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնըն-դեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։
Պատմութեան ընթացքին դարե՜ր շարունակ, Յունուար 5-ի երեկոյեան մատուցուող Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը, հաւատացեալը կը փոխադրէ այն հեռաւոր երանելի՜ օրերուն՝ ուր գիշերապահ հովիւներու հետ կը դառնայ ականատեսը Տիրոջ փառքին, անոնց հետ կ՚ունկնդրէ մարդկութեան Բարի Հովիւին ծնունդը ազդարարող եւ աւետող հրեշտակի քաղցր աւետիսը եւ երկնային զօրքերու օրհներգութիւնը, կը վայելէ երկնակամարի վրայ պայծառ Աստղին շողարձակումը եւ մոգերու՝ աշխարհակալ երկրային երեք թագաւորներու ներկայութիւնը եւ մասնակից կ՚ըլլայ կեանքի ստեղծիչն ու հիմը՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան փառքին։
Իսկ Յունուար 6-ին մատուցուող Սուրբ Ծննդեան Սուրբ Պատարագին, հաւատացեալ ժողովուրդը կ՚ընդունի աւետումը Տիրոջ՝ Յսիուս Քրիստոսի ո՛չ միայն Ծննդեան, այլեւ Անոր Մկրտութեան, մարդոց մէջ որպէս Աստուած յայտնութեան, եւ կը ճաշակէ ու կը միանայ Տիրոջ Մարմնին եւ Արիւնին եւ կը դառնայ Անոր յաւիտենական կեանքին մասնակիցը։
Քրիստոսի Ծնունդը, որոշ Եկեղեցիներ կը տօնեն Դեկտեմբեր 25-ին։ Այս տարբեր թուականներու գոյութեան պատճառը այն է, թէ՝ նախապէս Սուրբ Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօները միասին կը տօնուէին Յունուար 6-ին, բայց յետոյ այդ փոխուեցաւ՝ Բեթլեհէմի եւ Յորդանանի իրարմէ ունեցած հեռաւորութեան պատճառով։ Յունուար 6-ին մարդիկ ուխտի կու գային Քրիստոսի ծննդեան եւ մկրտութեան վայրերը, սակայն ուխտաւորներէ շատեր ի վիճակի չէին ըլլար իրենց ուխտը կատարել՝ նոյն օրը երկու վայրերն ալ այցելել չկարողանալով։ Այս պատճառով, ահաւասիկ, երուսաղէմացիները Սուրբ Ծննդեան տօնը փոխեցին Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Հայաստանի քրիստոնեաները, ինչպէս սորված էին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն, այդպէս ալ պահեցին եւ չխախտեցին իրենց աւանդուածը։
Ուստի Հայ ժողովուրդը այսօր ալ հաւատարիմ կը մնայ աւանդութեան այնպէս՝ ի՛նչպէս աւանդուած է իրեն, առաքեալներու եւ Եկեղեցւոյ հայրերու կարգածին համաձայն՝ Փրկչի Ծնունդը կը տօնէ ճիշդ աւանդական օրը՝ Յունուար 6-ին։
Շարունակենք Ադամ Քահանայ Մակարեանի շահեկան տեղեկութիւններով.
«Յունուար 6-ին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնն է։ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պատմութիւնը բոլորս ալ գիտենք, սակայն մի քանի մանրամասներ կարող են լոյս սփռել այս հրաշալի իրադարձութեան վրայ։
«Այսպէս, երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը Մարիամի յայտնեց Յիսուս Քրիսոտսի ծննդեան մասին, Մարիամ հարցուց.- Այդ ինչպէ՞ս կարող է պատահիլ։ Քանի որ Աստուած ընտրեր էր ամենախոնարհ, ամենահեզ, ամենաառաքինի, Աստուծոյ ամենահաւատարիմ կինը, ապա հարցումն ալ կը բխէր ո՛չ թէ անոր թերահաւատութենէն, այլ ճշմարտութիւնը իմանալու ցանկութենէն։
«Ուստի, երբ հրեշտակի պատասխանը լսեց, հնչեց անոր միանգամայն տրամաբանական հնազանդութինւը.- Ահաւասիկ ես կը մնամ Տիրոջ աղախինը։ Այսօր, դժբախտաբար ցաւով պէտք է յայտնենք, թէ բազմաթիւ մարդիկ այդ հարցումը կու տան առաջին հերթին թերահաւատութեամբ եւ երբեմն ալ ծաղրանքով, իբրեւ թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է որ կոյսը որդի ունենայ։
«Սակայն Աստուած մարդիկը միշտ կը նախապատրաստէ նման մեծ ու կարեւոր իրադարձութիւններու եւ հրաշքներու համար, որպէսզի կատարուի այն՝ ի՛նչ որ կատարուած է Հին Կտակարանի մէջ, նախօրինակն ու ստուերն էին այն մեծ իրադարձութիւններու՝ որոնք կատարուելու էին Նոր Կտակարանի մէջ։ Աստուած կը նախապատրաստէ նման իրադարձութիւնները եւ հրաշքները նաեւ, որպէսզի երբ անոնք տեղի ունենան, մարդիկ գայթակղութեան մէջ չիյնան։ Ուստի շատ դէպքեր կատարուած են որպէս նախապատրաստութիւն եւ նախատիպար կատարուելիք դէպքերու եւ իրադարձութիւններու։
«Աշխարհի ստեղծագործութեան՝ արարման ժամանակ երկիրը բոյսեր աճեցուց եւ պտղաբերեց առանց սերմի եւ առանց աշխատանքի, եւ Աստուած կարող է ընել ասիկա միշտ, քանի որ Ան անսկիզբ, անվախճան-յաւիտենական Արարիչ է եւ ամենակարող, եւ այդ ամէնքը կը կատարուին միայն Իր խօսքով՝ Աստուծոյ կամքով. «թող ըլլա՛յ»։ Եւ այդ մէկ խօսքով կատարուեցաւ, ստեղծուեցաւ, գոյացաւ ամէն ինչ, ե՛ւ մարդը հոգի ստացաւ Աստուծոյ շունչով։ Ճիշդ նոյն կերպով ալ այս դէպքին մէջ, առանց մարդկային սերմի, միայն Աստուծոյ ամենակարողութեամբ ու զօրութեամբ կոյսը յղացաւ եւ Որդի ծնաւ։
«Քրիստոս ծնաւ Բեթլեհէմի մէջ։ Աւետարանի վկայութեան մէջ այս մասին գրուած է, թէ՝ Մարիամ եւ Յովսէփ Բեթլեհէմ հասան, Մարիամի ծննդաբերելու օրերը լրացան, եւ ան քարայրին մէջ ծնաւ իր անդրանիկ Որդին, խանձարուրի մէջ փաթթեց ու դրաւ մսուրի մէջ։ Այն փաստէն, որ ծննդաբերութեան ժամանակ ոեւէ կողմնակի անձի ներկայութիւն չի յիշատակուիր, եւ կը նշուի, որ Աստուածամայրը ինք Մանուկը խանձարուրի մէջ փաթթեց, Եկեղեցւոյ հայրերը հետեւեալ եզրակացութեան կը յանգին. Աստուածամայրը միայնակ՝ առանց կողմնակի օգնութեան ծնաւ իր Որդին, քանզի այդ ծծնդաբերութիւնը Սուրբ Կոյսի համար չէր կատարուած ծննդաբերող կիներու յատուկ սովորական ցաւերով…»։
Յիսուս Քրիսոտսի ծնունդը՝ այս հրաշալի՜ եւ եզակի իրողութիւնը, այս հրաշքը, ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս անկրկնելի երեւոյթ եւ պիտի մնայ միշտ անկրկնելի՛։
Եւ այս եզակի, անկրկնելի իրողութիւնը իր արժէքը չէ կորսնցուցած դարերու, շրջաններու ընթացքին, եւ այսօր ալ կը պահէ իր կրօնաբարոյական արժէքը, քանի որ ան կը պարունակէ դասեր համայն մարդկութեան համար, մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի, միշտ ի զօրու դասեր, պատուէրներ, որոնք ընթացք կու տան մարդկային ընկերութեան, ուղիղ ճամբան ցոյց կու տան ամբողջ մարդկութեան։ Հաստատ սկզբունքներ ցոյց կու տան՝ միշտ դէպի բարին, միշտ դէպի գեղեցիկը եւ միշտ դէպի ճշմարտութիւն։ Եւ Յիսուս իր մանուկ վիճակով, իր ծնունդէն իսկ սկսեալ կու տայ դասեր՝ ցոյց կու տայ ուղիղ ճամբան եւ կը դաստիարակէ զանոնք՝ ապրիլ եւ պատրաստուիլ խոստացուած յաւիտենական կեանքին։
Եւ ահաւասիկ, Յիսուս Քրիսոտսի ծնունդի տուած ամենակարեւոր եւ յստակ դասն է՝ խոնարհութեան եւ հեզութեան պատուէրը՝ իր իսկ օրինակով, իր իսկ ծնունդո՜վ։
Հեզութեան, խոնարհութեան եւ համեստութեան մէջ իր բարձրութիւնը եւ արժանաւորութիւնը պահելու հրաշալի՜ դա՛ս մըն է Յիսուսի ծնունդը։
Եւ այդ հրաշալի՜ դասին մէ՛ջն է իրողութեան սիրտերու վրայ ազդեցութեան եւ գեղեցկութեան գաղտնիքը, ատոր համար է որ ան «խորհուրդ» մըն է։
Յիսուսի համեստ պայմաններու մէջ ծնունդն է՝ ուրկէ Աստուծոյ ձայնը խոնարհութիւն, հեզութիւն, հնազանդութիւն կը քարոզէ մարդկութեան, որոնց մէջ կան աղքատութիւն, բարեպաշտութիւն եւ նուիրականութիւն, նուիրուածութի՛ւն։
Ուստի ամէն անոնք որ երկիւղածութեամբ, խոնարհ հոգիով կու գան, կը մօտենան աստուածային սրբութիւններուն, հոն կը սորվին, թէ ի՜նչ մեծ առաքինութիւն մըն է խոնարհութիւնը, հեզութիւնը՝ որ աւելի՛ եւս կը մօտեցնէ, աւելի՛ եւս կը մտերմացնէ զիրենք այդ սրբութիւններուն՝ ամէն ի՛նչ որ աստուածային է եւ նուիրական։
Մարդիկ պիտի սորվին, թէ բարի եւ բարձր նպատակներու համար ինքզինք զոհել՝ կամաւորապէս աղքատանալ, զրկանքներու ենթարկուիլ եւ պարապ փառքերու պատանքներէն սիրով մերկանալ ի՞նչ կը նշանակէ։ Այսպիսի վեհանձնութեան մը համար մարդուս սրտին մէջ ի՜նչ գանձարան մը ըլլալու է՝ անսահման եւ անկշռելի հարստութեան. մարդ ո՜րքան բարի, ո՜րքան ազնիւ ըլլալու է, որ կարենայ իր սրտի ճոխութիւններէն տայ ուրիշներուն, չտարակուսի ունեցածը բաժնելու։ Արդարեւ նկարագրի բարձր մակարդակ կը պահանջէ ասիկա՝ բարձր եւ զօրաւոր նկարագիր, որպէսզի կարենայ տանիլ ամէն նեղութիւն՝ առանց զգացնելու։ Եւ այս բոլորին վախճանն է՝ խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, համբերութեամբ տարուած զրկանքը, քանի որ միշտ՝ տալը աւելի երանելի է քան առնելը։
Հաւատքի, այսինքն հաստատ համոզումի զօրութեամբ, սրտանց եւ խղճով յանձն առնուած հնազանդութեան մէջ ի՜նչ մեծ բարիք կը ծնի ընտանեկան, ընկերային եւ հանրական խաղաղութեան եւ այդ խաղաղութեան պահպանման համար այսպիսի բարիք մը ո՜րքան արժէք կը ներկայացնէ… եւ ահաւասիկ Յիսուսի ծննդեան հրաշալիքը՝ մարդկութեան դաս մը կու տայ հնազանդութեան եւ կը սորվեցնէ հնազանդութեան առաքինութիւնը եւ կը սորվեցնէ նաեւ, թէ խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համեստութեամբ ամբողջացած հնազանդութիւն մը ի՜նչ մեծ բարիքներ, ի՜նչ մեծ հրաշքներ կը ստեղծէ եւ ազատութիւն, խաղաղութիւն կը խոստանայ…։
Արդարեւ տարբեր բան է հարկադրութեան առջեւ խոնարհիլը եւ բոլորովին տարբեր՝ սիրոյ համար ցոյց տրուած անկեղծ խոնարհութիւնը։
Եւ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը հնազանդութեան, աղքատութեան, խոնարհութեան, հեզութեան եւ բարեպաշտութեան անլուռ քարոզ մըն է, Մանուկ Յիսուսի կողմէ արտասանուած, փառաբանութիւն մը՝ երկինքի մէջ հնչող եւ ամբողջ տիեզերքը արձագանգող ձայն մը, դաս մը, յաւիտենական կեանքի աւետի՛ս մը…։
«Խաղաղութեան կո՛չ» մըն է Յիսուսի Ծնունդը՝ համա՜յն մարդկութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14, 2016, Իսթանպուլ