ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԸ ԱՌԻԹ՝ ԳԻՏԱԿՑԵԼՈՒ ՄԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՍՏԵՂԾ ԷՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ
Տարի մը եւս անցաւ եւ դարձեալ կը գտնուինք Յիսուս Մանուկի Ծնունդը նշելու նախօրեային: Անցնող տարուան ընթացքին շա՜տ իրադարձութիւններ կատարուեցան, բազմաթիւ դէպքեր պատահեցան, բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարուեցան թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ալ հաւաքական գետիններու վրայ, սակայն կարծէք մէկ բան չփոխուեցաւ՝ մեր ուտել խմելուն հետ ունեցածսէրը: «Սէր» կ՚ըսենք, բայց իրականութեան մէջ ախտ մըն է, հիւանդութիւն մըն է, որովհետեւ մենք մեր արժէքները, աւանդութիւնները, մեր նախնիներէն ժառանգած սովորութիւնները կը զոհենք կեր ու խումի հանդէպ ունեցած մեր այդ «սիրոյն»:
Որպէսզի մեր ընթերցողները չկասկածին մեր ըսածներուն, այստեղ կը մէջբերեմ անցեալ տարուան մեր Սուրբ Ծնունդին նուիրուած գրութեան սկիզբի մասը, որպէսզի ընթերցողը ի՛նք եւս համոզուի, որ հակառակ որ բազմաթիւ բաներ փոխուած են մեր առօրեային մէջ, սակայն կեր ու խումի նկատմամբ «սէր»ը կարծէք ա՛լ աւելի խորացած է. «Յաճախ գրած ու խօսած ենք փոփոխութեան մասին. մեր կեանքին մէջ այսօր գրեթէ փոխուած է ամէ՛ն ինչ, ներառեալ տօնական ու ծննդեան այս օրերն ու անոնց արժէքը: Անցեալին իր մէջ խորհուրդ մը պարունակող այս օրերը իր արժէքներէն մերկանալով դարձած է լոկ կեր ու խումի առիթ: Գրեթէ ամէն արժէք մեր մօտ սկսած է կամաց-կամաց դառնալ կեր ու խում, անցեալէն պահելով լո՛կ իր անունը: Փորձեցէք կարդալ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող հաւաքներու վերնագրերը. «Խրախճանք Ս. Խաչի տօնի առիթով», «Սուրբ Ծննդեան ճաշկերոյթ մասնակցութեամբ սիրուած երգիչ...». թէ՛ Սուրբ Խաչը եւ թէ Սուրբ Ծնունդը, որ իրականութեան մէջ մեր հաւատքին հետ առընչուող սրբազան տօներ են, սկսած ենք եկեղեցիներէն հեռու՝ արաբական կամ այլ չեմ գիտեր ո՛ր երգիչին նուագին տակ տօնել: Սկսած ենք տօնել ծնունդ՝ ուր Ծնեալը չկայ, Խաչի տօն՝ որ բացի խաչէն ամէ՛ն բանի կարելի է նմանեցնել: Հայ ժողովուրդը գրեթէ միւս բոլոր տօներէն աւելի սիրած է Ծնունդը, որովհետեւ անոր կեանքը մի՛շտ մահէն դէպի ծնունդ գացող պայքար մը եղած է աշխարհի երեսին: Մեր մեծերէն շատեր սիրած են Ծնունդը՝ վերածնունդի յոյս մը տեսնելով անոր մէջ, իսկ ուրիշներ ատա՛ծ են Ծնունդը՝ նկատի ունենալով, որ հայու ճակատին գրուած է միայն մահը եւ ո՛չ ծնունդ: Ծնունդի դէմ ըմբոստացողներէն մէկն ալ Ռուբէն Սեւակն է, որ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Մենք Ծնունդ չունինք, մենք Մահն ենք դաժան»: Ինչպէ՞ս եղաւ որ նման ծնունդ մը իր հոգեւոր իմաստէն արժեզրկուելով գնաց չէզոքութեան եւ ապա վերածուեցաւ խնջոյքի եւ կեր ու խումի»։
Սուրբ Ծնունդի տօնը, արդարեւ, ո՛չ թէ կեր ու խումի առիթ պիտի ըլլայ, այլ՝ ա՛ռիթ մը, հրաւէր մը մեր ինքնութիւնը ճանչնալուն, գիտակցելու մեր աստուածաստեղծ էութեան, ինչպէս Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կը պատգամէ, իր 1987 թուականի Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի պատգամին մէջ, երբ կ՚ըսէ. «Ս. Ծննդեան տօնով մենք բոլորս հրաւիրուած ենք հեղ մը եւս գիտակցելու եւ անդրադառնալու աստուածաստեղծ մեր էութեան եւ գոյութեան, որուն մէջ լոյսը մաս կը կազմէ մեր բնութեան: Առանց լոյսի՝ մարդը կը դադրի մարդ ըլլալէ: Առանց կեանքի ճշմարիտ հասկացողութեան եւ հարազատ ու հաւատարիմ ապրումին՝ մարդը ուրիշ արարեալ էակներէն եւ գոյութիւններէ տարբեր եւ վեր էակ մը չի՛ կրնար ըլլալ: Երբ Լոյս-Աստուածը բացակայի մեր մէջէն՝ խաւարին մատնուած կոյր գոյութեան մը կը վերածուի մեր կեանքը: Բեթղեհէմի աստղը երկինքի մէջ՝ խորհրդանիշն է աստուածաճառագայթ լոյսին, որ «ի ներքս ի մեզ է», մեր հոգիի երկինքին վրայ բացուած եւ անկէ՛ մեր մտածումներուն, զգացումներուն եւ արարքներուն առջեւ փարոսացած: Այսօր, Աստուածայայտնութեան լուսաճաճանչ տօնին, մեր աչքերը թող վերստին բացուին եւ բռնե՛ն այդ երկնային աննիւթական բայց մարմնացեալ Լոյսը, որ առհասարակ կեանքի սովորական օրերուն կը ստուերանայ, մարդուն կողմէ անկէ հեռացումին, մեղանչումին եւ սայթաքումին հետեւանքովը:
«Այսօր, սակայն, մենք հրաւիրուած ենք այդ Լոյսով եւ այդ լոյսին մէջէն մեր նայուածքները տարածելու մեր շրջապատին, եւ սեւեռելու մեր նմաններուն վրայ, որպէսզի Աստուծոյ հետ մեր վեր-հաղորդութիւնը կարենանք թարգմանել մեր կեանքերուն մէջէն իրերահաղորդութեամբ մեր նմաններուն կեանքերուն մէջ: Չենք կրնար Լոյսին հետ հաղորդ ըլլալ առանց այդ հաղորդութիւնը արտայայտելու մեր նմաններուն հետ, խաղաղութեան, հաճութեան, եղբայրութեան, միութեան, գործակցութեան քրիստոսաբեր ու աւետաբեր սկզբունքներուն կիրարկութեամբը, իրացումովը, գործնականացումովը մեր հաւաքական կեանքի անդաստանին մէջ: Աստուած-մարդ այսպէս կոչուած «ուղղահայեաց» բնական յարաբերութիւնը իր յանգումը ունի մարդ առ մարդ այսպէս կոչուած «հորիզոնական» յարաբերութեան բիւրեղացումին մէջ: Ով որ կը խորհի եւ կը հաւատայ, որ կը քալէ Աստուծոյ լոյսին մէջ, բայց կ՚ատէ իր եղբայրը ու կ՚արհամարհէ իր նմանը, պարզապէս ինքզինք կը խաբէ եւ կամ յայտնապէս սուտ կը խօսի: Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը ընկերային տարածք մը ունի իր սահմանումին իսկ մէջ»:
Ահա այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք Սուրբ Ծնունդին եւ ինքնամփոփուելով եւ մենք մեզ քննելով օգտագործենք այս առիթը, ճանչնալու մենք մեզ, գիտակցելու այն բացարձակ ճշմարտութեան, թէ մենք՝ մարդիկս Աստուծոյ ձեռագործներն ենք եւ մեր մէջ կը կրենք Անոր պատկերն ու նմանութիւնը, որով կոչուած ենք գործելու եւ արարելու Անոր նմանութեամբ: Իսկ Աստուծոյ նմանութեամբ կը գործենք եւ կ՚արարենք, երբ կը դադրինք զիրար ատելէ եւ կը սկսինք իրարու օգնել, աշխատիլ իրարու բարօրութեան համար:
Գրութիւնս կ՚աւարտեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Զարեհ Փայասլեան Կաթողիկոսի հետեւեալ պատուէրով.
«Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ մեր պատուէրն է Հայց. Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուդ, որ ըլլաք ոչ թէ ատելութեան, այլ սիրոյ աղբիւր եւ օրինակ. դառնաք խաղաղութեան եւ հաճութեան առաքեալներ, եւ երբեք խռովութեան կամ բաժանումի, թշնամանքի գործիքներ: Ձեր հայ քրիստոնեայ կոչուելուն ու մեր սուրբ եկեղեցւոյ հարազատները նկատուելուն առթիւ, դարձեալ կը յիշեցնենք Ձեզի մեր Տիրոջ պատուէրը. «մեծագոյն նշանը որով մարդիկ պիտի ճանչնան թէ իմ աշակերտներս էք, Ձեր սէրը պիտի ըլլայ իրարու հանդէպ» (Յովհ. ԺԳ. 35):
«Ձեր բոլորին կը մաղթենք շնորհաբեր Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, ու սրտագին կ՚աղօթենք առ մանկացեալն Փրկիչ, որ աշխարհիս խաղաղութիւն ու ազգիս հայոց սէր եւ միութիւն պարգեւէ…»:
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
(Վաղարշապատ)
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024