ԴՐԱՄԻ ՈՒՂԻՂ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄԸ

«Ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ», (ՂՈՒԿ. ԺԹ 26)։

Կը պատմուի, թէ թագաւոր մը, նախանձոտ մարդու մը եւ ագահ մարդու մը կը խոստանայ տալ իրենց ի՛նչ որ կ՚ուզեն, բայց պայմանո՛վ մը, որ վերջին խնդրողին կրկնապատիկ պիտի տայ։ Եւ երբ երկուքն ալ կը դադրին խնդրել թագաւորէն, կը հրամայէ, որ նախ նախանձոտ մարդը խնդրէ։

Կարելի՞ է երեւակայել, թէ ի՞նչ կը խնդրէ նախանձոտ մարդը։ Ան կը խնդրէ իր մէկ աչքը հանել՝ ո՛ր մէկը որ ըլլայ։ Չէ՞ որ թագաւորը ուզեց օգնել իրեն ուզածը կատարելու. ապա ինչո՞ւ նախանձոտ մարդը ուզեց, որ թագաւորը իր որեւէ մէկ աչքը հանէ։

Կարծել շատ դժուար պիտի չըլլայ նախանձոտ մարդուն ուզածին պատճառը, պարզ է. ան չուզեց բարի կամ լաւ բան մը, որպէսզի թագաւորը ագահ մարդուն կրկնապատիկ բարիք չընէ աւելին տալով անոր։ Եւ այս պատճառով է որ «նախանձ»ը ո՛չ թէ պարզ մեղք, այլ՝ մահացու մեղքերէն է՝ հպարտութեան, ծուլութեան, բարկութեան, ագահութեան, ցանկասիրութեան եւ շատակերութեան շարքին։

Առակը կը պատմէ Յովսէփ Քահանայ Յակոբեան։

Եւ ահաւասիկ, երկու մահացու մեղքեր՝ նախանձ եւ ագահութիւն։ Եւ այս երկու մեղքն ալ կապ ունի նիւթի՝ նիւթական արժէքներու հանդէպ մարդկային տկարութիւններու եւ թերութիւններու հետ։

Նիւթը, նիւթականը եւ ընդհանրապէս «դրամ»ը եթէ գործածուի բարի նպատակներու համար, եւ չշահագործուի մարդկային տկարութիւններու, թերութիւններու միջոցով, ան արժէք մը կը ներկայացնէ մարդուս կեանքին մէջ, թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքապէս օգտակար տարր մը՝ առարկայ մը կ՚ըլլայ։ Եւ ինչպէս ամէն առիթով կը կրկնենք, առարկան՝ ի՛նք ո՛չ բարի է եւ ոչ ալ չար, քանի որ ան ինքնաբերաբար չի կրնար շարժիլ, այլ զայն գործածողին նպատակն է որ զայն «բարի» կամ «չար» կ՚ընէ՝ գործածութեան բարի կամ չար, նմանապէս՝ օգտակար կամ վնասակար նպատակով շարժման անցընելու համաձայն։

Ուրեմն, առարկան, իրը, ըստ էութեան բոլորովին «չէզոք» է՝ ո՛չ բարի, ո՛չ չար, ո՛չ օգտակար, ո՛չ վնասակար, այլ զայն գործածողին՝ շարժման անցընողին նպատակը եւ գործածութեան եղանակն է որ կ՚որոշէ անոր կացութիւնը։ Զոր օրինակ, հակառակ որ դրամին ընդհանրապէս «չա՛ր» առարկայ մը ընդունելու համուզումը տարածուած է ընկերութեան մէջ, անիկա եթէ բարի նպատակներով գործածուի, բարի եւ օգտակար «միջոց» մըն է։ Եւ երբ «միջոց» կ՚ըսենք, այս բառը արդէն ցոյց կու տայ դրամին տեղը, դերը եւ դիրքը մարդկային կեանքին մէջ։ Արդարեւ, դրամը, իր ամենալայն առումով, «միջոց» մըն է միա՛յն եւ ո՛չ թէ «նպատակ» մը։

Եւ եթէ որեւէ արժէք «միջոց» է՝ այս նախ եւ առաջ պէտք է զանազանուի «նպատակ»էն։ Արդարեւ «միջոց»ը կամ առարկան «նպատակ»ին հասնելու, կամ նպատակ մը իրականացնելու գործի՛ք մըն է, եւ անշուշտ հպատակ՝ գործողին։ Քանի որ նպատակը չ՚արդարացներ միջոցը, այսինքն միջոցին էութիւնը կախում ունի նպատակէն, ապա ուրեմն եթէ նպատակը բարի է, միջոցն ալ բարի՛ է։ Ամէն ի՛նչ որ օգտակար է, բարի՛ է, եւ ուրեմն երբ դրամը օգտակար նպատակի մը համար կը գործածուի, բարի՛ է։ Եւ ո՛ւր որ օգտակարութիւն կայ, հոն չարը չի կրնար մշտապէս տիրապետել, բարին ի վերջոյ կը տիրապետէ։

Արդարեւ, հո՛ն ուր կեանք կայ, այդ կեանքը բարիին սկիզբը ունի արդէն իր մէջ, ըլլա՛յ բնութեան բղխում, ըլլա՛յ միտքի ծնունդ՝ որ գոյութիւն մը կը կազմէ, կը նշանակէ, թէ նպատակի մը պիտի ծառայէ, կոչումը ունի օգտակարին ե՛ւ բարիին՝ բաւական է որ ձեռք մը շարժէ եւ վարէ զինք դէպի այդ կէտին։

Ուստի, «չար»ը՝ խեղաթիւրումը, ապականումն է «բարի»ին։ Ամէն ինչ բարի է սկիզբէն, յետոյ զանազան պատճառներով կը փոխուի եւ «չար» կ՚ըլլայ։ Այս այն անայլայլելի եւ մշտնջենական ճշմարտութիւնն է, թէ՝ Աստուած ամէն ինչ «բարի՛» է ստեղծած եւ անոնք խեղաթիւրուելով չարացած են։ Արդարեւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը կը սկսի «բարի»ով. «Աստուած ըսաւ.- Լոյս ըլլա՛յ եւ լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է եւ Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց», (ԾՆՆԴ. Ա 3-4) Ուրեմն ամէն ինչ բարի սկսաւ, եւ բարի ըլլալուն համար ստեղծուեցա՛ւ։

Բարին չարի կը վերածուի միշտ մարդոց անզգոյշ տհասութեան պատճառով։ Եւ դրա՛մն ալ, որ իր ծագման մէջ բարի է ամէն կերպով, քանի որ ստեղծուած է բարի նպատակով՝ մարդոց կեանքը, մարդկային փոխյարաբերութիւնները դիւրացնելու համար, այսինքն՝ օգտակարութեան համար։

Դրամը այն ատեն վերածուեցաւ՝ յոռեշրջուեցաւ չարութեան գործիքի մը՝ այն ատեն միայն սկսաւ նկատուիլ իբրեւ չարութիւն ստեղծող գործիք մը, երբ մարդիկ անտեսեցին անոր բարի յարմարութիւնները եւ ծառայեցուցին զայն իբրեւ գործիք կամ միջոց իրենց փառատենչ ցանկութիւններուն։

Ահաւասիկ, ի՛նչ որ ըսինք նախապէս, թէ՝ միջոցը պէ՛տք է զատել նպատակէն, այլապէս, եթէ միջոցը նպատակի վերածուի, այն ատեն բարին կը յոռեշրջուի, եւ կ՚ըլլայ չա՛ր։ Ամէն գործիք, ուրեմն զայն գործածողին ձեռքին մէջ է որ «բարի» կամ «չար» կ՚ըլլայ։ Դրամն ալ կարելի չէ իբրեւ նպատակ ըմբռնուիլ, այլ՝ միա՛յն միջոց, ճամբայ մը որեւէ նպատակի առաջնորդող։ Դրամը, ուրեմն, միջոց պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ երբեք՝ նպատակ։

Դրամը բարի միջոց մը, գործիք մըն է անհատին համար, մարդս իր շահած դրակը պէտք է պահէ կամ խնայէ միայն իր անձին համար։ Հարկաւոր օգուտը պէտք է ջանայ քաղել անկէ իր կեանքին համար։ Նախ իր մարմնական եւ իր մերձաւորներուն մարմնական եւ բարոյական առողջութիւնը ապահովելու, եւ այդ մասին պարտականութիւնները կատարելու համար մարդ օգտագործելու է դրամը…։

Արդարեւ, առողջութիւնը ամենէն էական պէտքն է մարդուն, ամենէն թանկագին գանձը՝ դրամագլուխը կեանքի գործունէութեան, ամենէն անխարդախ բարեկամը անձին։ Եւ առողջութեան պահպանման՝ բժշկութիւն ապահովելու համար դրամ խնայել՝ իր եւ իր մերձաւորներուն նկատմամբ, եթէ ո՛չ դրամի չար գործածութիւն մը, սակայն նկարագրի տկարութիւն կը նշանակէ, եւ դրամին նպատակի արժէք ընծայել, փոխանակ՝ միջոցի։

Դրամը տեղին չօգտագործողներ՝ կեանքի արժէքը չգնահատող անգո՛ւթներ են, որոնք ա՜յնքան կը սիրեն դրամը՝ որ ի վերջոյ թշնամի կ՚ընեն իրենց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 3, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018