ՊՏՂԱՏՈՒ ԾԱՌԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆ

Աշխարհի վրայ ամէն բան՝ որ գեղեցիկ է եւ բարի, անպայմա՛ն իր թշնամին ունի։ Բնութեան մէջ, ամէն ինչ որ ոչ միայն գեղեցիկ է, հապա նաեւ՝ որեւէ կերպով օգտակար է եւ անհրաժեշտ կեանքի պահպանութեան եւ գոյատեւման համար, աւերածութիւններու ենթակայ կ՚ըլլայ։ Այս իմաստով, ամէն պտղատու ծառ իր թշնամին ունի եւ եթէ չպաշտպանուի՝ չի տար իր պտուղը, եւ կամ եթէ որեւէ կերպով տայ՝ տուածը չ՚ուտուիր, այնքան որ վատասերած կ՚ըլլայ ան։

Մա՛րդ իր ցանածը չի կրնար հնձել, եթէ անոր թշնամիներուն դէմ պաշտպանութեան միջոցներ ձեռք չառնէր։ Ուստի ցորենը ցանելու է որ ցորեն հնձուի, բայց սեզը եւ տատասկը ցանելով չի բուսնիր. անոնք կը բուսնին հոն՝ ո՛ւր չեն ցանուած։ Կարծես թէ ի՛նչ որ «չար» է եւ վնասակար, աւելի կենսունակութիւն ունի եւ աւելի՛ յարձակողական, աւելի՛ տիրական է, քան ի՛նչ որ «բարի» է։ Այս մասին օրինակներ կարելի է բազմապատկել, քանի որ այս իրողութեան կարելի է հանդիպիլ կեանքի որեւէ պահուն, երբ «չար»ը միշտ յաղթական եւ տիրական կ՚երեւի. այնքան որ սովորական երեւոյթ մըն է, որ կը յայտնուի յաճախ։

Բնութեան մէջ սովորական երեւոյթ մըն է «չար»ին տիրական ըլլալը ընդհանրապէս։ Բայց կ՚արժէ նոյն երեւոյթը տեսնել նաեւ մարդկային բնութեան մէջ։

Եւ ուրեմն դառնանք «մարդկային բնութեան» վայրկեան մը, քանի որ անոր մէջ ալ կը գտնենք նոյն երեւոյթը։

Ամէն գերազանց յատկութիւն. իմացական, հոգեկան, ֆիզիքական, ունի իր թշնամիները։ Եւ այս «թշնամի»ն կը յայտնուի ընդհանրապէս «նախանձ»ի վա՛տ զգացումով։ Ուստի, տգեղութիւնը զե՛րծ է աչքէ, իսկ գեղեցկութիւնը միշտ զոհուելու ենթակա՛յ՝ ախտաւոր ախորժակներու…։

Ան որ տգեղ է՝ գեղեցիկին կը նախանձի. ան որ անյաջող է՝ յաջողին կը նախանձի. ան որ անկարող է՝ կարողին կը նախանձի եւ ճարահատ կը հալածէ զայն եւ կը քարկոծէ, որպէսզի ան իր գեղեցկութեան, իր յաջողութեան, իր կարողութեան արքասիքները չցանցնէ, չվայելէ։

Ստախօսները չեն սիրեր ճշմարտախօսները, ոչ ալ ծոյլերը՝ աշխատասէրները, աղտոտ սիրտերը՝ վեհանձն, պարկեշտ եւ ազնուական հոգիները։ Չարին եւ բարիին, վնասակարին եւ օգտակարին միջեւ մշտնջենական հակազդեցութիւն մը կայ՝ որ կ՚արտայայտուի որպէս «նախանձ»։ Չարին եւ բարիին անվերջ եւ նոյնքան անիմաստ պայքա՛րն է ասիկա։

Աղօթքը, պաշտամունքը ոմանց համար «ապաստանի քաղաք» է ծածկելու համար իրենց կուտակուած մեղքերը եւ ամօթը։

Ուստի պէտք է զգոյշ ըլլալ «անուշ լեզուով օձ»երէ՝ դիմակաւոր կեղծ բարեկամներէ։ Անպակաս են տեւական բարիքի մասին խօսող չարամիտներ։ Կան՝ որոնք իրենց կեանքով կը հակասեն իրենք զիրենք, եւ կամ իրենց կեանքովը, ապրելակերպովը խայտառակուող սատանայատիպ «բարեպաշտ»ներ։ Եւ այսօր եւս քրիստոնէութեան թշնամիները անհաւատները, թերահաւատները չեն, այլ՝ կեղծաւոր «քրիստոնեաներ», որոնց ներքինը երբեք չի համապատասխաներ իրենց արտաքին երեւոյթին։ Այս կը նշանակէ՝ թէ Եկեղեցիին ուտիչները ներսէ՛ն են։

Առաքելական դարուն հալածանքներով, մահուան սպառնալիքներով ո՛չ թէ տկարացաւ Եկեղեցին, այլ՝ մանաւանդ զօրացաւ, կենսաւորուեցաւ, պտղաբերեց։ Բայց ան տկարացաւ եւ ինկաւ, երբ «ներս»էն հոգեւոր եւ բարոյական փտութիւնը սկսաւ։ Անկեղծութեան, հաւատարմութեան բացակայութիւնն է, որ կը վնասէ ամէն միութիւն, ամէն հաստատութիւն ե՛ւ Եկեղեցին…։ Աւա՜ղ որ արտաքինը՝ կեղեւը չի յայտներ ի՛նչ որ կայ մարդուս հոգիին մէջ։ «Սուտ մարգարէներ» եւ կարծեցեալ հաւատացեալներ Եղիայի պատմուճանով կը ներկայանան, բայց ոչ թէ օգուտ, այլ վնա՛ս կը պատճառեն։ Վա՜յ անոր որ զինք «թաղող»ները իր «փրկիչ»ները կը կարծէ եւ կը վստահի անոնց։ Արդարեւ առաքինութիւն է զատորոշել կեղծը կեղծաւորէն՝ սուտը իրաւէն։

Կայ տիեզերական մշտնջենաւոր օրէնք մը, որ երբեք չի խաբեր։ Սա՛ - թէ՛ չարին բռնատիրութիւնը «ժամանակաւոր» է։ Մէկ օրը՝ յաղթական փառապանծ, միւս օրը՝ պարտեալ մը անփառունակ։

Կեանքի հրաշալի՜ պատկեր…։

Պատմութիւնը կը վկայէ եւ կը հաստատէ, թէ ամէն չարիք ժամանակաւոր կեանք ունի։ Չարին ճակատը գրուած է. «ունայնութիւն ունայնութեանց»։ Արդարեւ, Քրիստոսի Աւետարանին դէմ Սատանան չի կրնար կենալ երկար ժամանակ։ Չարին՝ Սատանային իշխանութիւնը աշխարհի վրայ, միշտ սահման ունի։ Աստուծոյ զօրութիւնը սակայն յաւիտենական է։ Արդարեւ, պէտք չէ յուսահատիլ երբ մարդոց յոխորտանքը կը տեսնուի, նաեւ՝ չարերուն բարգաւաճումը։

Ան որ իր վստահութիւնը Աստուծոյ նկարագրին եւ զօրութեան վրայ դրած է, երբեք պիտի չզղջայ, քանի որ ի վերջոյ բարի՛ն յաղթական պիտի գայ։

Աստուծոյ տնտեսութեան մէջ «լո՛յս»ն է միշտ յաղթականը եւ յաւիտենականը. ճշմարտութեան լոյսը, եւ արդարութիւնը, եւ սէրը, եւ Աւետարանը, եւ Աստուած, իր նկարագրին լիակատար յայտնութիւնովը յանձին Յիսուս Քրիստոսի։

Սպասե՜նք Աստուծոյ կամքին տիրակալութեան յայտնութեա՛նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 2, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020