ՔԱՐԸ ԿԸ ԿՈՏՐԷ ԱՊԱԿԻՆ…
Եթէ ուշադրութեամբ դիտուի բնութիւնը, պիտի տեսնուի որ հոն ամէն ինչ յարաբերական է։ Երեւոյթներ թէեւ կը նմանին իրարու, բայց երբեք նոյնը չեն, անոնք իրարմէ կը տարբերին էապէս։ Զոր օրինակ, նետուած քար մը ապակին կը կոտրէ, բայց ջուրի մէջ եթէ նետուի, ան ջուրին մէջ կը թաղուի եւ կը կորսուի…։
Քարին օրինակը կարելի է տեսնել ամէն տեղ ե՛ւ մարդկային անձերու մէջ։ Տան մէջ վերջին ծայր խիստ հայր մը, իր գործատեղին՝ գործատիրոջ առջեւ շատ խոնարհ եւ անձայն կրնայ ըլլալ…։
Չար խօսքերու դէմ ծայրայեղ եւ չափազանցուած զգայնութիւն՝ կ՚ենթադրէ դիմադրականութիւն մը, որ վնասակար կ՚ընծայէ չարութիւնը։ Ուստի, լա՛ւ է որ մարդ ճակատ չստեղծէ, որպէսզի նետուած քարը չվիրաւորէ զինք։
Կան շատ զգայուն մարդիկ՝ որոնք ամէն խօսքի «ճակատագրական կարեւորութիւն» կ՚ընծայեն. կը պնդեն, բարկանալով, զայրանալով, գրգռուելով վէճ կը հանեն, իրար կ՚անցնին ընդդիմախօսելու, դիմադրելու համար, եւ չեն հանգչիր, չեն հանդարտիր, մինչեւ որ «մուկը երկունքներու մէջ ծնի չնչին…»։
Ի՞նչ նշանակութիւն ունի իրերու ընթացքին համար, թէ ո՛վ ի՛նչ ըսեր է, կամ, ի՛նչ խորհեր, ի՛նչ մտադրեր է։
Իմաստութեան կէսը կը կայանայ խօսքերու կարեւորութիւնը զեղչելու մէջ։
Թո՛ղ չարը իր լեզուագարութիւնը, նախատինքը, հայհոյութիւնը, ամէն անվայել խօսքերը ընէ, մի՛ լսեր, մի՛ պատասխաներ, եւ վերջապէս վնասուողը ի՛նք պիտի ըլլայ, եւ ո՛չ թէ դուն. ամէն փչող հովին դէմ առագաստ պէտք չէ՛ բանալ…։
«Աւագ քահանաները բազմաթիւ ամբաստանութիւններ կ՚ընէին, բայց Յիսուս պատասխան չէր տար։ Պիղատոս կրկին անգամ հարցուց Յիսուսի.- Պատասխան չե՞ս տար, տե՛ս, որքա՛ն ամբաստանութիւններ կ՚ընեն քեզի դէմ։
«Յիսուս դարձեալ պատասխան չտուաւ, այնքան՝ որ Պիղատոս շատ զարմացաւ». (ՄԱՐԿ. ԺԵ 3-5)։
Արհամարհական լռութիւնը զարմանք կը պատճառէ հարցում ուղղողին, բայց արհամարհական լռութիւնը իմաստութիւն կը պահանջէ՝ որ շատերու զարմանք կը պատճառէ՝ անոնց որոնք լռութիւնը պահողէն նուազ իմաստուն են…։
Նշանակ մը մարդկային նկարագրին ամենէն զզուելի մէկ կողմին՝ որ է «կեղծաւորութի՛ւն»։ Ուստի, կարելի չէ բացատրել, թէ ինչո՞ւ համար Աստուած մարդ էակը այնքան «անվստահելի» նկարագրով ստեղծեր է, որ ընդունակ ըլլայ նոյնիսկ իր Ստեղծիչը խաբելու, եւ կամ, այսօր «Ովսաննա՜» կանչելու որեւէ հերոսի մը համար, մինչեւ Յիսուս Քրիստոս, եւ վաղը խաչը հանելու զանիկա. որ այսօր խաղաղութեան աւետիս տայ եւ վաղը սուրը քաշէ. որ այսօր սիրէ, եւ վաղը՝ ատէ։
Ի՛նչ որ հանելուկ է մարդուս համար այն է թէ՝ եթէ մէկը չար է, ամէն օր, ամէն տեղ չար չէ. նմանապէս, երբ մէկը բարի է՝ շարուակաբար բարի չէ, որովհետեւ մարդկային բնաւորութիւնը այս կ՚ենթադրէ։ Չարը բարի կ՚ըլլայ այսօր, վաղն ալ՝ նորէն չա՛ր. բարին ալ՝ նոյնքան անվստահելի, որովհետեւ ան ալ իր «գոյնը կը փոխէ…»։
«Գունափոխութիւն»ը տիրապետած եւ փոխած է արդի ընկերային կեանքը։
«Ո՞վ է բարեկամդ»։ «Ո՞վ է անկեղծ ընկերդ»։
Բանաւոր պատասխան կրնայ տալ մէկը միայն այսօրուան համար։ Այսօր «բարեկամ» մը՝ վաղն ալ բարեկա՞մդ է։ Ասոր բացարձակ գոհացուցիչ պատասխան չկայ դժբախտաբար մէկ կողմը կամ միւս կողմը։ Անորոշութիւնը ամենամեծ արգելքն է բացարձակ պատասխանի մը։ Անորոշութի՜ւն եւ մտքի խաւար. անվստահութի՜ւն եւ հոգիի մթութիւն…։
Երանելի՜ են անոնք, որոնք երբ բարեկամ են մէյ մը՝ մի՛շտ բարեկամ են եւ բարեկամ կը մնան։
Կա՞ն ասանկներ աշխարհի վրայ։
Անշուշտ կան։
Քրիստոս է մէկը, եւ ամէն անոնք որոնք իրենց նկարագիրը կաղապարած են Քրիստոսի նկարագրով։
Յիսուս աշխարհ եկաւ մէկ կոչումով, մէկ նպատակով, մէկ նպատակի մը նուիրումով, որ էր «փրկել մարդիկ Աստուծոյ սիրոյն յայտնութեամբը»՝ իր կեա՛նքովը։ Յիսուսի կեանքին վախճանը չէր խաչը, այլ՝ լրո՛ւմը։ Մեր ալ ամբողջ կեանքին լրումը սէ՛ր է. անկեղծ սէրը՝ ամէն գնով, որպէսզի ապացուցանենք, թէ մե՛նք ալ Աստուծոյ որդիներ ենք։ Եւ ուրեմն մէկ կողմ թողունք ամէն արտաքին արտայայտութիւն եւ նկատենք անոնց ներքին արտայայտութիւնները։ Սէրը սրտէն կը բխի, եւ ուրեմն կարեւորը մարդուս սի՛րտն է, եւ սիրտն է, որ ցոյց կու տայ իսկական եւ անկեղծ մարդը…։
Այո՛, քարը կը կոտրէ ապակին, բայց ջուրին մէջ կը թաղուի՝ կը կորսուի։ Խօսքն ալ երբ վիրաւորիչ է՝ սիրտը կը կոտրէ, կը փշրէ զայն, բայց նոյն խօսքը կը ստորնացնէ խօսքին տէրը, եւ մարդ իր խօսքով կը դատուի, իր խօսքին համեմատ արժէք կը ստանայ եւ կամ կ՚արհամարհուի։
«Ո՛չ մէկ բան, որ դուրսէն կը մտնէ մարդուն մէջ՝ կրնայ պղծել զայն, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ մարդէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը». (ՄԱՐԿ. Է 15)։
Քարին կոտրած ապակին նորոգել դիւրին է, բայց խօսքին կոտրած սիրտը նորոգել՝ շատ դժուա՛ր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 1, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/30/2025
- 04/30/2025