ԿՈՅՐԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

«Երբ Յիսուս կ՚անցնէր, տեսաւ ի ծնէ կոյր մարդ մը։

«Աշակերտները հարցուցին Իրեն.

«Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է, որ այս մարդը կոյր ծնած է. ի՞րն է, թէ իր հօրը եւ մօրը։

«Յիսուս պատասխանեց.

«Մեղքը ո՛չ իրն է, ո՛չ ալ հօրը եւ մօրը։ Կոյր ծնած է, որպէսզի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի ըլլայ իրմով». (ՅՈՎՀ. Ը 1-3)։

Կեանքի ընթացքին երբեմն աննպաստ եւ անհաճոյ իրադարձութիւններ կը պատահին, ենթական անմիջապէս կը սկսի գանգատիլ, տրտնջալ եւ դժգոհութիւն յայտնել, բայց ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Չկա՛յ չարիք որ չծնի բարիք»։ Արդարեւ, բնական է ասիկա, քանի որ բնութեան մէջ, ինչպէս հոգեւոր աշխարհի մէջ չկա՛յ արդիւնք առանց պատճառի։ Ուստի, եթէ պատահած է որեւէ անհաճոյ դէպք, մարդ կը հանդիպի երբ ձախողութիւններու, անպայման պատճառ մը ունի ան։

Պատճառը երկկողմանի է. նախ կը ծնի արդիւնքը, ապա այդ արդիւնքն ալ հետեւանք մը կ՚ունենայ, այսինքն պատճառներ իրերայաջորդ վերջնական իրողութեան մը կը յանգին, ինչպէս խաւարին կը յաջորդէ լոյսը։ Նաեւ մարդկային սխալներ մարդս կ՚առաջնորդեն զղջումի, մինչեւ իսկ սրբանալու եւ կատարելագործուելո՛ւ։

Հիւանդութիւններ ալ պատճառներ ունին. նախ՝ հիւանդութիւնը պատրաստող պատճառներ, յետոյ հոգեւոր պատճառներ՝ հրաշքով բժշկութիւններ, որով Աստուծոյ փառքը կը յայտնուի։ Մարդ եթէ չհիւանդանայ արդեօք կրնա՞յ առողջութեան յարգը գիտնալ, իսկ եթէ բժշկուի, չ՚անդրադառնա՞ր Աստուծոյ ճշմարտութեան։ Արդարեւ, միօրինակ ընթացող կեանքի մէջ պէտք է պատահին ազդանշաններ՝ զգաստացնելու համար մարդը, թէ անդրադառնայ ճշմարտութեան։

Եւ ահաւասիկ, վերոյիշեալ աւետարանական հատուածին մէջ ա՛լ, Յիսուսի իր աշակերտներուն տուած պատասխանին մէջ ա՛յս է որ կ՚ըսուի։

Արդարեւ, մարդիկ, ընդհանրապէս անհամբեր են իրենց որոշումներուն մէջ. միշտ «ներկայ» ժամանակին նկատմամբ կ՚որոշեն դէպքը եւ չեն մտածեր անոր «իմաստ»ին մասին։ Ընդհանրապէս կը փնտռեն «պատճառ»ը եւ կ՚անտեսեն «իմաստ»ը։

Ուստի, ամէն ձախողութիւն, ամէն հիւանդութիւն ունի անշուշտ պատճառ մը, բայց հոգեւոր իմաստով ունի նաեւ «իմա՛ստ» մը։ Այս ուղղութեամբ մարդ պէտք չէ մակերեսային նայի դէպքերուն, պատահարներուն, պէտք է տեսնէ նաեւ անոր նպատակը՝ իմաստը։ Ուրեմն, կարեւոր է հարցնել երեք հարցում. «ի՞նչ», «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս»։ Եւ այս հարցումներն են, որ մեզ պիտի առաջնորդեն ճշմարտութեան եւ կատարեալ, զօրաւոր հաւատքի։ Մարդ հաւատքով է, որ կը սիրէ, հաւատքով է, որ կը յուսայ, վերջապէս հաւատքով է, որ կ՚ապրի։ Մարդ հաւատքով է, որ կը հասկնայ եւ կ՚ըմբռնէ կեանքին բուն իմաստը՝ պատահածներուն պատճառը, նպատակը եւ իմաստը։ Իսկ, փոխադարձաբար, մարդ հասկնալով, ըմբռնելով է, որ կը հաւատայ, քանի որ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ անփոփոխ։

Կեանքին ծածկագի՛րն է ուրեմն.

Հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ հաւատալով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2024