ՀԱՅԵՐ ՄԻԱՑԷ՛Ք… ՄԻԱՑԷ՛Ք ՀԱՅԵՐ

Մի քանի շաբաթ առաջ համահանցի մէջ դարձեալ տարածում գտաւ այն տեսանիւթը, ուր «Շնորհալի» երգչախումբի համերգի ժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ոգեւորուած ժողովուրդին հետ միասն «Հայեր միացէ՛ք» յայտնի երգը կ՚երգէր: Սակայն այս տեսանիւթը երկու տարբեր համոզում ունեցող մարդոց քննադատութեան եւ գնահատանքին արժանացաւ. շատեր դարձեալ շեշտեցին միութիւն ըլլալու կարեւորութիւնը եւ այս ոգեւորող միութեան մէջ գտան հայ ազգի փրկութիւնը, սակայն ուրիշներ՝ հակառակ առաջիններուն քննադատեցին այդ մէկը, յայտնելով այն կարծիքը, որ ազգ մը ո՛չ երգով եւ ո՛չ ալ համերգներով կը փրկուի. այդ միացումը պէտք է օրի՛ն թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական ձեւով ի գործ դրուէր:

Աւելի քան 250 մեկնաբանութեան ընթերցումը հասցուց այն եզրակացութեան, որ եկեղեցին այսպէս կամ այնպէս քննադատութեան զոհ պիտի դառնայ, որովհետեւ մեր մէջ եկեղեցւոյ դերը վերջնական պատկեր մը չէ՛ ստացած: Քաղաքական հարցերու դիմաց եթէ եկեղեցին լուռ մնայ, պիտի յայտնուի ժողովուրդ մը, որ քննադատէ այդ լռութիւնը. պիտի պահանջեն, որ եկեղեցին որպէս «առաջնորդ» ու «հոգեւոր հայր» ունենայ իր խօսքն ու ըսելիքը, կեցուածքն ու համոզումները եւ իր ազդեցիկ տեղը ունենայ քաղաքականութեան մէջ՝ ինչպէս էր անցեալին: Եթէ այս համոզումին հաւատարիմ մնալով եկեղեցին, կաթողիկոսը եւ կամ եկեղեցականները յայտնեն իրենց կարծիքը, ծնունդ պիտի առնէ քննադատողներու երկրորդ խումբ մը՝ որ պիտի քննադատէ եկեղեցւոյ կարծիքը, հաւատալով, որ եկեղեցին պէտք է միայն ու միայն զբաղուի հոգեւոր արժէքներով եւ հեռու մնայ քաղաքականութենէն. այս համոզումին լոյսին տակ եկեղեցւոյ յայտնած իւրաքանչիւր կարծիք անոնց համար սեփական շահերու հետապնդում պիտի նկատուի:

Այս բոլորի լոյսին տակ վերջապէս ի՞նչ է եկեղեցին. ինչքանո՞վ է հոգեւոր եւ ինչքան՝ ազգային: Այս երկու հակասող միտքերը մինչեւ ե՞րբ տեղ պիտի գտնեն մեր ժողովուրդին մէջ:

Մեկնաբանութիւններէն մէկուն մէջ Արմինէ անունով կին մը կը գրէր.- «Բա ինչո՞ւ Արցախը մինակ թողեցիք, ինչո՞ւ չմիացաք, ինչո՞ւ մեր հողը մնաց թշնամուն»: Կ՚ընդունինք, որ այս քննադատութիւնը ուղղուած է ո՛չ միայն Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կամ եկեղեցւոյ, այլ՝ ամբողջ սփիւռքահայութեան. Վերջին պատերազմական այս ժամանակաշրջանին շատեր քննադատեցին սփիւռքը, մեր պարտութեան հիմնական պատճառներէն մէկը նկատելով սփիւռքի «անտարբերութիւն»ը: Պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել «ինչո՞ւ չմիացաք» ըսելով հայրենակիցներ ի՞նչ ըսել կ՚ուզեն. վերջապէս ի՞նչ էր անոնց «միանալ»ու հասկացողութիւնը. եկեղեցին պէտք էր իր հոգեւորականներով մասնակցէր պատերազմի՝ այնպէս ինչպէս Ղեւոնդ Երէց եւ ուրիշ եկեղեցականներ ըրին: «Միանալ» ըսելով նիւաթական աջակցութիւն նկատի ունի՞ն:

Մեր համոզումը այն է, որ ո՛չ անոնց ֆիզիքական միացումը եւ ո՛չ ալ անոնց նիւթական մեծ նուիրատուութիւնները պիտի յաջողէին փրկել մեր ազգը նման դժբախտութենէ. մեր պարտութեան հիմնական պատճառը ո՛չ թիւի պակասն էր եւ ո՛չ ալ նիւթականի չգոյութիւնը։ Հազար կաթողիկոս եւ միլիոն եկեղեցական ալ իջնէր մարտի դաշտ՝ մենք դարձեալ պարտուած էինք, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ մեր ազգը իր պարտութիւնը կրած էր դիւանագիտական գետնի վրայ որ, շա՛տ աւելի վտանգաւոր է քան հակառակորդի դէմ մղուած պատերազմը եւ այդ պարտութեան պատճառը օտարները չեն, եկեղեցին չէ՛ եւ ոչ ալ ազգն է. մենք բոլորս ենք՝ որ տարիներու ընթացքին ներքին ճղճիմ նիւթերով զբաղուելով մոռցանք հիմնականը ու երբ հակառակորդը կը զօրանար, զբաղուեցանք ըսի-ըսաւներով ու բամբասանքներով՝ ո՛չ թէ ազգին, այլ մեր սեփական շահերը հետապնդելով:

Շատեր կաթողիկոսն ու սփիւռքը «չմիանալ»ու համար կը մեղադրեն, սակայն յստակ չե՛ն յայտներ, թէ միանալ ըսելով ինչ կը հասկնան:

Այլ արեւելահայ մը կը գրէր. «Երգում են հա՛ երգում են ու հռհռում մեզ վրայ, իբր հայրենիք շատ են սիրում»: Շատ մը արեւելահայեր պարզապէս ծանօթ չեն, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ գործող կուսակցութիւնները ինչքա՛ն մեծ ու դրական ազդեցութիւն ունեցած են սփիւռքի մէջ հայապահպանման գործը առաջ մղելու սրբազան պարտականութեան մէջ: «Իբր հայրենիք սիրող»ներն են որ սփիւռքի մէջ հիմնած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, թերթեր, ակումբներ եւ ամէն գնով փորձած են պահել կորսուելու պատրաստ մեր հայ զաւակներուն հայկականութիւնը:

Մենք ալ կը հաւատանք, որ երգելով կարելի չէ ազգը փրկել, սակայն չի՛ բաւեր քննադատել եւ ըսել մի՛ երգէք. թող քննադատողներ լուրջ ձեւով գրի առնեն իրենց մտածումները եւ յայտնեն, թէ եկեղեցին ի՞նչ կրնար ընել փրկելու համար Արցախը՝ սակայն չըրաւ: Թող փաստեն, որ եկեղեցւոյ ամբողջ հարստութիւնը ծախսելով՝ կարելի՞ էր արդեօք փրկել Արցախը։ Ամբողջ եկեղեցականութեան դասը պատերազմի դաշտ տանելով կարելի՞ էր փրկել Արցախը: Այս բոլոր հարցերուն համոզիչ պատասխան մը տալէ ետք միայն ընդունելի կը գտնենք անոնց քննադատութիւնները:

Այլ հայորդի մը կը գրէ. նոյնութեամբ կը մէջբերենք իր գրածը (առանց փոխելու նոյնիսկ ուղղագրութիւնը).- «ուշե ջանիգս ուշե, պիտի ժամանակին ու ճիշտ վայրում գտնվեյն կամ հայտնվեին հայրենիք տենչացողները»: Ահաւասիկ յաղթութեան ճշմարիտ ճամբան։ Պէտք էր ժամանակին ու ճիշդ վայրին մէջ գտնուէին հայրենիք տենչացողները. դարձեալ հարց... ո՞րն էր ճիշդ ժամանակը եւ ո՞ւր էր այդ ճիշդ վայրը: Եթէ ժամը պատերազմի օրն էր, իսկ վայրը պատերազմի դաշտը... ինչո՞վ վստահ կրնանք ըլլալ, որ Արցախը փրկուած պիտի ըլլար այսօր... մեր կարծիքով՝ պարզապէս նահատակուողներուն թիւը պիտի բազմապատկուէր, որովհետեւ մերօրեայ պատերազմները պատերազմական դաշտէն առաջ քաղաքականութեան մէջ տեղի կ՚ունենան եւ հին «ոսկէ շերեփ»ի օրինակով կը յաղթէ ան՝ որ իր ձեռքը կը պահէ այդ շերեփը:

Հետեւաբար ազգովի քննադատելու աւանդական սովորութիւնը մէկդի դնելով լուրջ վերլուծում մը կատարենք. մանաւանդ թող քննադատող մեր հայորդիները յստակեցնեն եւ տան յստակ լուծումներ, որոնք կարելի էր ընել եւ այսօր տեսնել Արցախը անկախացած: Վերջապէս կին չունեցողին համար կին ծեծելը դիւրին է, կ՚ըսէին հիները...:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է մեզի հասած ամենէն հին գիրքը:

Պատասխան. Ամենէն հին գիրքը կը նկատուի «Գիլգամիշ»ը, որ գրուած է մօտաւորապէս Քրիստոսէ Առաջ 2100 թուականներուն (մօտաւոր չորս հազար հարիւր տարի առաջ): Ան գրուած է կաւէ տախտակներու վրայ սեպագիր գիրերով: Աշխատութիւնը կը պատմէ Ուրուկի պատմական թագաւոր Գիլգամիշի արկածներուն եւ անոր անմահութեան փնտռտուքին մասին: Այս աշխատութեան ճամբով է, որ մարդ պատկերացում կ՚ունենայ հին Միջագետքի հաւատալիքներուն, մշակոյթին եւ հասարակութեան մասին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2024