ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆՑԵԱԼԷՆ
Ո՛չ մէկ յանցանք անպատիժ կը մնայ։ Այս իմաստով ամերիկացիներ կ՚ըսեն.- Your sin will find you out.
15 մարտ 1938-ին դատավարութիւնը կատարուած էր Նիւ Եորքի Սակարանին նախագահ Րիչըրտ Հուիթնիի, որ ժամանակէ մը ի վեր խարդախութեամբ եւ խաբեպատիր միջոցներով իր ներկայացուցած դրամատան մէջ պահեստի դրուած գումարներէն հինգ միլիոն տոլարի չափ գողցած եւ ծուռ ճամբաներով գործածած էր։
Հուիթնիի այս զգայացունց դատավարութիւնը սարսեց ամբողջ առեւտրական աշխարհը, ամբողջ հրապարակը, քանի որ ամէնուն կողմէ յարգուած եւ վստահելի ճանչցուած անձնաւորութիւն մըն էր, որ խաբէութեան եւ գողութեան յանցանքին մէջ կը բռնուէր, եւ ան ալ կանխամտածութեամբ եւ ծրագրով ի գործ դրուած տարիներու ընթացքին։
Դատարանը իր վճիռը արձակեց եւ Հուիթնի դատապարտուեցաւ հինգէն տասը տարուան բանտարկութեան։
Այս վճիռով մասամբ գոհացաւ ժողովուրդը. տեսնելով որ մինչեւ իսկ մեծահարուստ եւ բարձր դիրքի տէր մարդ մը՝ որուն համբաւէն խաբուելով էր որ շատեր իրենց դրամը վստահեցան, արդարութեան ատեանին առջեւ կը յայտնուի իբրեւ «խարդախ», «գող», «աննկարագիր», եւ կ՚արժանանայ պատիժի։
Դատավարութեան ընթացքին Հուիթնիի փաստաբանը՝ Թըթըլ՝ որ որեւէ կերպով չէր կրնար պաշտպանել յանցապարտը, գէթ անոր պատիժը մեղմացնելու շարժառիթով սա դիտողութիւնը ըրաւ թէ՝ անիկա կը խոստովանի իր մեղսալից արարաքները, եւ խոստովանութեան մը փրկարար զօրութիւնը ճշմարտութիւն մըն է, որ բոլոր կրօնքները կը սորվեցնեն, եւ մարդկային կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնն ալ կ՚ընդունի։ Եւ Թըթըլ եզրակացուց ըսելով. «Այս մարդը միայնակ է. դառն է իրեն բարեկամներուն երեսն անգամ նայիլ»։
Եւ սակայն Դատաւորը Թըթըլի այս աղերսական բառերէն առանց ազդուելու՝ վճիռը արձակած պահուն, խօսքը Հուիթնիի ուղղելով ըսաւ. «Քու յայտնած տեղեկութիւններուդ, խոստովանութիւններուդ մէջ բան մը չկայ որ մեղմացնէ յանցանքիդ ծանրութիւնը. դուն քու վատ օրինակովդ աշխարհի պարկեշտ ուժերուն ծանր հարուած մը տուիր»։
Այս խօսքերով, ըսել կ՚ուզէր Դատաւորը, թէ միայն դրամ կորսնցնողներուն չէր որ վնաս հասցուց Հուիթնի, քանզի իր վատ արարքներովը պարկեշտութեան վրայ մարդոց վստահութիւնը հարուածեց եւ վիրաւորեց։
Այսու ամենայնիւ, դիտել կու տար «Նիւ Եորք Թայմզ», թէ այս կամ ասոր նման դէպքերէ ազդուած պէտք չէ՛ ծայրայեղութեան մղուիլ եւ անվստահութիւն ցոյց տալ ողջամիտ, պարկեշտ եւ բարձր նկարագրի տէր անձերու եւ անոնց կատարած ձեռնարկութիւններու վրայ։
Կան մարդիկ աշխարհի վրայ, - եւ անոնց թիւը քիչ չէ - որոնք ժայռի նման ամո՛ւր են, եւ որոնց մարդ կրնայ անվերապահօրէն վստահիլ ոչ թէ դրամը միայն, այլ՝ պատի՛ւն ալ, կեա՛նքն ալ։
Արդարեւ, ահաւոր տեսարան մըն էր, որ պարզուեցաւ Նիւ Եորքի փողոցներուն վրայ այն պահուն, երբ ժողովուրդը հազա՜րներով խռնուած էր ամէն կողմ իրենց «լռիկ նայուածք»ովը եւ կեցուածքովը պատժելու եւ դատապարտելու այն մարդը, որ երէկ իր դիրքովը եւ տաղանդովը «Ուոլ Սթրիթ»ի կ՚իշխէր, տարեկան 800.000 տոլար կը շահէր, եւ պալատանման տան մէջ կը բնակէր տասնմէկ սպասաւորներով, իսկ այսօր իբրեւ «աւազակ» մը՝ ձեռնակապերով ոստիկաններու խիստ հսկողութեան տակ՝ գլխահակ եւ ամօթահար՝ կ՚երթար եղեռնագործներու հանրածանօթ կայանը՝ «Սինկ Սինկ» բանտը, իր յանցանքներուն եւ իր մեղքերուն պատիժը կրելու համար…։
Ժողովուրդին արդար զայրոյթին եւ խոժոռ նայուածքներուն ենթարկուիլը շատ աւելի՛ ծանր եւ տաժանելի պատիժ մըն է, քան բանտին ամրակուռ շղթաներուն տակ ձգուիլ։
Եւ այս դատավարութիւնը դա՛ս մըն է՝ դատարանը կը սորվեցնէ՝ թէ մեղքը անպատիժ չի մնար, եւ ինչպէս ամերիկացիներ կ՚ըսեն. «Your sin will find you out»։
Կարեւորը, այս դասէն օգտուիլ ուզողներու թիւն է, եւ եթէ այդ դասէն մէկ հոգի նոյնիսկ օգտուած եւ հրաժարած կամ զղջալով ե՛տ կեցած է իր չար արարքէն, ատիկա ահաւասիկ ամենամեծ շա՛հն է ընկերութեան։ Եւ այս ուղղութեամբ կարելի է մտածել սա հարցին մասին՝ թէ չար օրինակը «օրինակ» կրնա՞յ ըլլալ, թէ ո՛չ։
Երբ այս յանցանքէն դա՛ս մը առնուած է, եւ հաւանաբար գոնէ մի քանի հոգի առած են այդ դասը, գէշ կամ չար օրինակը «օրինակ» եղա՛ծ է։
Արդարեւ, միշտ կարելի է չարիքէն բարիք քաղել։ Շատ անգամ ի՛նչ որ մարդիկ ընդհանրապէս «չարիք» կ՚անուանեն եւ կը խորշին անկէ՝ ծածկուած, քօղարկուած «բարի՛ք» մըն է, զոր չեն կրնար տեսնել եւ անդրադառնալ։
Մարդ էակին կարճատեսութիւնը ե՛ւ տգիտութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ահի եւ սարսափի մատնուին իրենց պատահած եւ կամ իրենց շուրջ իրականացած դժբախտութիւններէն։
Եթէ կարելի ըլլար այդ դժբախտութիւններու, չար պատահարներու մէջ տեսնե՛լ ծածկուած կարելիութիւնները, բարիքները եւ օգուտները, ահաւասիկ այն ատեն, մարդիկ ի՛նչ որ «չարիք» կամ «դժբախտութիւն» կը կոչեն եւ կ՚ահաբեկին, սիրով պիտի ողջունէին, որովհետեւ անոնք օրհնութիւններ կը բերեն իրենց հետ. դասեր, որոնք ա՜յնքան օգտակար պիտի ըլլան ապագային՝ որ մարդկային միտքը, կարճատեսութիւնը հիմա չի կրնար տեսնել, չի կրնար հասկնալ։
Չէ՞ որ ժողովրդական իմաստութիւնը ըսած է. «Չկա՛յ չարիք որ չծնի բարիք»։
Իմաստութիւնը այն կը պահանջէ, որ չարիքի մէջ բարիք, մութի մէջ լո՛յս տեսնէ մարդ՝ բանաւոր էակը, ապագայի գիտակցութի՛ւն ունեցողը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 27, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024