ԱՆԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կ՚ըսուի որ անգիտութիւնը երջանկութիւն է։ Բայց իրապէս անգիտութիւնը երջանկութիւն կրնա՞յ ըլլալ։

Արդարեւ, գիտութիւնը իր ամենալայն առումով ուժ մը, զօրութիւն մը եւ կարողութի՛ւն է, ինչ որ ուրանալ կարելի չէ։ Ապա ուրեմն, տգիտութիւնը ի՞նչպէս կրնայ «երջանկութիւն» ըլլալ, քանի որ երջանիկ ըլլալու համար կատարեալ, ուժով եւ կարող պէտք է ըլլալ։ Թերութիւններու մէջ, տկարութիւններ ունեցող մէկը կրնա՞յ երջանիկ ըլլալ։

Սա յայտնի իրողութիւն մըն է, որ պատասխանատուութիւնը եւ յանցապարտութիւնը կրնան նուազիլ, նոյնիսկ բոլորովին ջնջուիլ «տգիտութեան» եւ այլ ազդակներու պատճառով։ Արդարեւ, ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։ Սխալ որեւէ արարք կը պահանջէ գիտակցութիւն եւ ամբողջական հաւանութիւն։ Ան կ՚ենթադրէ արարքին աննպաստ եւ վնասակար հանգամանքին ճանաչումը, անոր հակառակութիւնը օրէնքին։ Կ՚ենթադրէ նաեւ ըստ բաւականի ինքնակամ հաւանութիւնը՝ որպէսզի դառնայ անձնական ընտրանք մը։ Կեղծուած անգիտութիւնը չի նուազեցներ գործուած յանցանքին կամ սխալին կամաւոր հանգամանքը, այլ մանաւանդ կ՚աւելցնէ զայն։

«Ակամայ անգիտութիւն»ը կրնայ նուազեցնել կամ չքմեղել՝ ծանր յանցանքի մը, կարեւոր սխալի մը վերագրումը։ Ոչ ոք սակայն կ՚ենթարկուի անգիտանալ բարոյական օրէնքին սկզբունքները՝ որոնք արձանագրուած են ամէն մարդու խղճմտանքին մէջ։ Զգայնականութեան մղումները, անդիմադրելի կիրքերը կրնան նմանապէս նուազեցնել յանցանքին կամ սխալանքին կամովին եւ ազատ հանգամանքը. նոյնպէս եւ արտաքին ճնշումները կամ ախտաբանական խանգարումները, անշուշտ եթէ տեղեկագրուած են եւ պաշտօնագրուած։ Նաեւ չարութեամբ եւ չարին ինքնակամ ընտրանքով ծրագրուած եւ գործուած յանցանքը ծանրագո՛յնն է։

Ընդհանուր սկզբունք է. օրէնքի մը մասին անգիտութիւնը չ՚արդարացներ օրինազանցութիւնը եւ չի նուազեցներ յանցանքին հանգամանքը։

Յանցանքը մարդկային ազատութեան արմատական կարելիութիւն մըն է։ Ան իր հետ կը բերէ վստահութեան կորուստը եւ զրկումը շնորհքին, այսինքն շնորհքի վիճակին։ Արդարեւ, մարդկային ազատութիւնը կարողութիւն ունի կատարելու ընդմիշտ եւ անվերադարձ ընտրանքներ։ Այդ ընտրանքներէն է նաեւ զղջումը։

Մարդ թէեւ կարող է դատել, թէ արարք մը յինքեան ծանր յանցանք մըն է, սակայն ասիկա պէտք է կատարէ արդարութեան եւ անաչառութեան սկզբունքներուն միշտ հաւատարիմ մնալով։

Անշուշտ անձերու դատաստանը յանձնել Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմածութեան, հաւատաւոր անհատի մը համար իր հաւատքին բնական մէկ հետեւանքն է։ Մարդ «ներելի յանցանք» կը գործէ, երբ չի պահեր թեթեւ նիւթի մը մէջ բարոյական օրէնքին հրամայած չափաւորութիւնը, կամ երբ ծանր նիւթի մը մէջ չի հնազանդիր բարոյական օրէնքին, սակայն առանց իր գիտակցութեան եւ ամբողջական հաւանութեան։

Ներելի յանցանք մը կը տկարացնէ սէրը, կ՚արտաբերէ «անկարգ սէր» մը՝ ստեղծուած բարիքներու հանդէպ։ Ան կը խափանէ հոգիին յառաջդիմութիւնը, առաքինութիւններուն կատարումին մէջ, նաեւ գործադրութիւնը «բարոյական բարի»ին. ան կ՚արժանանայ ժամանակաւոր պատիժներու։ Արդարեւ, ամէն պատիժ համապատասխան ըլլալու է յանցանքին։

Ազատակամ եւ գիտակցաբար գործուած եւ առանց զղջումի մնացած ներելի յանցանքը հետզհետէ՝ կամաց կամաց մարդը տրամադիր կ՚ընէ գործելու աւելի ծանր եւ աններելի յանցանքը։

Ներելի յանցանքը մարդկօրէն դարմանելի է. ան մարդը չի զրկեր շնորհքէն եւ սէրէն, հետեւաբար նաեւ երանութենէն։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Մարդը այնքան ատեն որ մարմնի մէջ է, չի կրնար խուսափիլ մեղքէ, գէթ թեթեւ մեղքերէն։ Բայց այս մեղքերը զորս մենք կը կոչենք թեթեւ, դուն անվնաս մի՛ նկատեր. եթէ կշռելով անվնաս նկատես զանոնք դողա՛ երբ անոնց թիւը համրես։ Բազմաթիւ թեթեւ առարկաներ մեծ զանգուած մը կը կազմեն։ Բազմաթիւ կաթիլներ կը լեցնեն գետ մը, բազմաթիւ հատիկներ կը կազմեն կոյտ մը։ Այն ատեն՝ ի՞նչ յոյս կը մնայ մեզի։ Ամէն բանէ առաջ՝ խոստովանանքը…»։

Անգիտութիւնը երբեք արդարացում չէ ճշմարտութիւնը չճանչնալու. անգիտութիւնը մարդը երջանիկ ալ չ՚ըներ, հապա, անգիտութիւնը տկարութիւն է՝ թերութիւն, եւ մարդկային բնութեան բոլորովին ներհակ վիճակ մը։

Անգիտութիւնը ժամանակաւոր խաղաղութեան մը կրնայ պատճառ ըլլալ, երբ մարդ միջոցի մը համար նեղացուցիչ պատահարի մը մասին տեղեկութիւն չունի. անբաղձալի դէպք մը երբ պատահած է եւ մարդ տակաւին այդ մասին անտեղեակ է՝ նեղութիւն եւ տրտմութիւն չի զգար, բայց այդ վիճակը «երջանկութիւն» կարծել՝ ինքնախաբէութի՛ւն է պարզապէս…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 28, 2021, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 5, 2021