ՆՊԱՏԱԿԸ Չ՚ԱՐԴԱՐԱՑՆԵՐ ՄԻՋՈՑԸ

Պուտտայական կրօնքին պատկանող չինացի մը իր խանութին մէջ դրած էր Պուտտային մէկ արձանը՝ բաց ձեռքերով՝ բազկատարած եւ մէջը պտուղներ եւ դրամ դրած էր ձեռքերուն։ Երբ իրեն կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ այդ ուտելիքները եւ դրամը դրած էր Պուտտայի ձեռքերուն մէջ։

Պուտտայական խանութպանը կը պատասխանէ. «Քանի որ ան գործս կ՚օրհնէ եւ յաջողութիւն կու տայ»։

Աստուած երբեք չ՚ուզեր, որ մենք շարժառիթներով, որոշ պատճառներով զինք պաշտենք։ Երկար շարք մը կը կազմեն անոնք, որոնք «մարդապաշտ» են, «ցանկապաշտ» են, «նիւթապաշտ եւ եսապաշտ» են, որոնք միայն Աստուծոյ բարկութիւնը կը քրքրեն եւ Անոր դատաստանը կը փութացնեն։

Մարդոց մօտ ընդհանրապէս սխալ վերլուծում մը կայ, թէ նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը։ Բարոյական եւ ընկերային վերիվայրումները պատճառ կը դառնան, որ մարդը տարուի զանազան մտածումներու հոսանքներէ՝ սխալ հովերէ։ Զօրաւոր ճիգ պէտք է գործադրել անյողդողդ մնալու եւ հեգնելու այն բոլոր սովորական եւ անիմաստ բաները, որոնց ետեւէն կը վազեն հեւ ի հեւ «ստոմաքսաւորական» զանգուածները։ Մեծ համբերութիւն եւ տոկունութիւն պէտք է կարենալ դիմադրելու համար այդ հոսանքներուն։

Եպիկիւրեան ուսուցումը (Ն.Ք. 307) կ՚ըսէ, թէ մարդուն հիմնական նպատակը երջանկութիւնն է. (eudaimonia), եւ այս պատճառով, ան պէտք է հեռու մնայ ամէն վիշտէ եւ ցաւէ եւ կեանքին բարիքները վայելէ միայն…

Բայց ասիկա կարելի՞ է, երբ աշխարհի վրայ կան անխուսափելի նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր… Երանի՜ թէ աշխարհ Եպիկիւրի նախատեսած երջանկութեան աշխարհ մը ըլլար, բայց այդպէս չէ եւ մարդուն համար պայքարի դաշտ մըն է աշխարհը՝ չարին դէմ, ցաւին դէմ, վիշտին դէ՛մ…

Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը մեզի աշխարհը չի՛ խոստանար որպէս վարդաստան, այլ՝ փուշերու պարտէ՛զ։ Եւ կը պատուիրէ քա՛ջ ըլլալ՝ չյուսահատիլ, այլ պայքարիլ եւ այդ պայքարէն քաղել երջանկութիւնը։

Եւ այս ուղղութեամբ՝ պաշտամունքը բնածին եւ աստուածատուր ներքին մղում մըն է։ Աստուած այդ մղումը մարդուս մէջ դրած է ստեղծագործութենէն իսկ։ Չկայ անձ մը՝ որ չի պաշտեր բան մը, արարած մը կամ արձան մը՝ շինուած զանազան թանկագին նիւթերէ։ Անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ «Աստուած գոյութիւն չունի» որ պաշտենք, անոնք մղուած են քաղաքային-աշխարհային շարժառիթներէ, բայց փոխարէն կը պաշտեն մարդ մը, որ կ՚երեւի կամ «ԵՍ»ը, որ իրենց մէջ նստած է գաղտնօրէն։

Մարդիկ կ՚ուզեն պաշտել եւ իրենց սէրը եւ յարգանքը յայտնել «ուժ»ի մը, «էակ»ի մը կամ զօրութեան մը՝ ակնկալութիւններէ մղուած։ Մարդ, ընդհանրապէս կը պաշտէ, կը սիրէ եւ կը յարգէ՝ որպէսզի պահանջք մը ունի։ Ուրեմն, սիրոյ եւ յարգանքի մէջ յետին նպատակ մը կայ առհասարակ։ Այս յետին նպատակն է անձնական շահը՝ կը սիրէ, որովհետեւ սէր կը պահանջէ եւ կը յարգէ, որովհետեւ յարգանք կը պահանջէ եւ վերջապէս կը պաշտէ՝ որովհետեւ կ՚ուզէ որ իրեն կարեւորութիւն ընծայուի։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ նպատակը երբեք չ՚արդարացներ միջոցը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024