ՄԱՐԴՈՑ ԸՍԻ-ԸՍԱՒԸ

Տասնամեակներ առաջ ժողովուրդի ըսի-ըսաւէն ձանձրացած, այդ բամբասանքներուն ազդեցութիւնը իր սեփական մորթին վրայ զգացած Սնապեան, իր «Ժամանակ չկայ» գիրքին մէջ հետեւեալ բողոքը կը բարձրացնէր.- «Քո՞յրս... ուրիշնե՞րը... թող ով ի՛նչ կ՚ուզէ ան ըսէ: Բոլորին ալ ըսածները սրտէ չէ որ կու գան արդէն: Ծնունդ են գէշ վարժութիւններու: Սովորութիւններու: Անկար ու ո՜վ գիտէ որ փլատակ գոյութիւնը իր ճակատագրական առանձնութիւնը ընդհանրացնելու համար յղացած ու պարտադրած է զանոնք մեզի: Ձգէին մեզ ազատ ու ի՜նչ աղուոր կ՚ըլլար կեանքը: Թոյլ տային որ ազատութեամբ նայէի իմ զգացումներուս». պատմութիւնը վկայ՝ որ այդ սովորական կարծուած ըսի-ըսաւները կեանքեր քանդած են, որովհետեւ մարդ արարածը իր սեփական կեանքը մոռցած ու փորձած է ուրիշին հաճելի թուիլ, իր Ես-ովը հանդերձ՝ ուրիշին համար ապրիլ:

Այդ մէկն ալ ապրողներէն մէկն ալ գուցէ ես եմ, որովհետեւ մեր ընտանիքին մէջ եւս մենք կ՚ապրէինք «մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն»ի մտայնութեամբ. ամէ՛ն որոշում, ամէն զգացում սեփական ակնոցէն առաջ պէտք է որ դիտուէր եւ վերացական վերլուծութեան մը ենթարկուէր՝ որովհետեւ սեփական անձէն առաջ շրջապատը գոհացնելու պարտաւորութիւն մը տրուած ըլլար կարծես իւրաքանչիւրիս: Նման կեանք մը շատ աւելիով դժուար վիճակ կը ստանայ, երբ կ՚ունենաս գիտակցութիւնը այն դժբախտութեան, որ անոնք՝ որոնց համար վերացական վերլուծութիւններու կ՚ենթարկես կեանքդ, կ՚ապրին այնպէ՜ս անհոգ, այնպէ՜ս անտարբեր, որ կամայ ակամայ կը սկսիս քննադատել կա՛մ իրենց եւ կամ քու սեփական կեանքդ:

Իրականութեան մէջ իւրաքանչիւրիս կեանքն ալ որոշ չափով թատրերգութիւն է՝ որուն հանդիսատեսը ուրիշներն են եւ թատրոնը առանց հանդիսատեսի կրնայ պարզապէս «փորձ» մը նկատուիլ եւ այդ իսկ պատճառով այսպէս կամ այնպէս ունինք պարտաւորութիւնը հանդիսատես մը ունենալու, որոնք ի ծնէ քննադատի կոչումը կ՚ունենան իրենց մէջ:

Ինչքան գիտեմ Քրիստոնէութիւնը զիջումի, ներողամտութեան եւ սիրոյ կրօնքն էր եւ մենք Անոր առաջին հետեւող ազգն ենք, սակայն բամբասելու ժամանակ իւրաքանչիւրս մէյ մէկ հեթանոսներ կը դառնանք, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը պառկի ակռայի դէմ ակռայ, ատամի դէմ ատամ համոզումը եւ աւելին՝ յաճախ առանց ատամի ատամ, առանց ակռայի՝ ակռայի կը վերածուի մեր յարաբերութիւնները, որովհետեւ չես գիտեր ինչո՞ւ, ուրիշին յաջողութիւնը ցաւ եւ ձախողութիւնը՝ հաճոյք կը սկսի պատճառել իւրաքանչիւրիս:

Սնապեան կ՚ըսէ.- «Բոլորին ալ ըսածները սրտէ չէ որ կու գան». սիրտէն եկած խօսքը իր մէջ խիղճ կ՚ունենայ, սակայն մերօրեայ բամբասողներուն ըսի-ըսաւները հեռու են այդ խիղճէն։ Անոնք ամենայն սիրով կը բամբասեն Լեւոնի անկարողութիւնը, սակայն օգնութեան ձեռք մեկնելու մասին երբեւէ չեն մտածեր: Կը տեսնեն Անահիտին սխալները, սակայն մօտենալով այդ սխալները սրբագրել չեն փորձեր, այլ պարզապէս հեռուէն հանդիսատեսի մը նման կը քննադատեն՝ յաճախ առանց երեւոյթներուն իսկութիւնն իսկ գիտնալու: Սնապեանի համաձայն այդ բոլորը «Ծնունդ են գէշ վարժութիւններու», սակայն վարժութենէն անդին սեփական սխալներու հանդէպ վարագոյր մըն է այդ բոլորը, որովհետեւ մարդուն մէջ սովորութիւն է սեփական սխալները արդարացնել ուրիշին սխալներով:

Սակայն տարօրինակ կը թուի, որ մարդիկ յաճախ կը բամբասեն այնպիսի նիւթերու մասին՝ ինչ որ իրենք առօրեայ դրութեամբ կը կատարեն: Եւ միա՜յն թէ տեսնենք անոնց վիճակը. պժգանքով կը խօսին նիւթերու մասին՝ որոնք իրենց օրական դրութեամբ կը կատարեն. կը քննադատեն, կը դատապարտեն նոյնիսկ, սակայն կը շարունակեն նոյնը իրենք ընել:

***

Օր մը քրոջս նշանածը մինչեւ ուշ ժամ մնաց մեր տուն. ուշ էր արդէն եւ սկսանք մտածել, թէ ինչպէս տուն պիտի վերադառնայ այս ժամուն եւ յարմար նկատեցինք, որ այդ օր մեր տուն մնայ եւ նստելու սենեակը քնանայ. սակայն մտահոգութիւն էր. եթէ ուրիշներ լսէին ի՞նչ պիտի ըսէին... վա՜յ մարդոց լեզուին եւ հազար ու մէկ մտահոգութեամբ այդ օր մեր տունը քնացաւ:

Սակայն ամիս մը ետք մեր ազգականներէն մէկուն աղջիկը իր սիրած տղուն հետ առանձին տուն փոխադրուեցաւ. մարդ կայ կեանքի մէջ իր ազատութիւնը կ՚ապրի. կ՚ապրի այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզէ եւ կը զգայ, իսկ կան մարդիկ, որոնք կ՚ապրին բանտուած, ուրիշներուն սիրոյն կ՚ապրին իրենց կեանքը:

Այս բանուած վիճակը քանդած է բազմաթիւ մարդոց կեանքը. շատեր ուրիշներու սիրոյն զոհած են իրենց անձը, սակայն տեսած են ուրիշներուն անտարբեր ու ազատ վերաբերմունքը նմանելով այն մարդոց՝ որոնք երկինքը կը տեսնեն միայն ճաղերու ետեւէն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -211-

Տեսած եմ երկու տեսակ ընտանիքներ. ընտանիք՝ որ իր հարազատ զաւակներուն սխալները, նպատակներն ու գրեթէ ամէ՛ն բան հրապարակաւ կը պատմեն, իսկ անդին տեսած եմ ընտանիքներ, որոնք ամէն գնով իրենց ընտանեկան գաղտնիքները կը պահեն:

Օրինակ ունինք ծանօթ մը, որ մի քանի տարիներ առաջ տղան թմրամիջոց օգտագործելու պատճառով հասաւ հիւանդանոց, սակայն յուսալից է, որ մինչեւ օրս իր ընտանիքին բերնէն չլսեցինք այդ մէկը, սակայն ունինք նաեւ ծանօթ մը, որ բախտախաղի մէջ փոքր գումար մը կորսնցուց, սակայն սեփական ընտանիքը լուրը տարածեց կայծակի արագութեամբ:

Այս է ընտանիքներուն տարբերութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2023