«ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԽՐԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ»
Տարեփակէն առաջ Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն մէջ ծանուցուեցաւ սոյն բացառիկ հատորին լոյս ընծայումը հրամանաւ Պոլսոյ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պաատրիարք Հօր։ Զոյգ թերթերու ակնարկներէն շատ բան չէինք քաղած, մինչեւ անցեալ շաբթու սկիզբը երբ արժանաշնորհ հեղինակէն՝ Տրդատ Աւագ Քահանայ Ուզունեանէն մակագրուած օրինակ մը ստացայ։ 160 էջերէ բաղկացած հատորը անտարակոյս անզուգական ներդրում մըն է, ըլլալով առաջինն ու վերջինը, իր բանասիրական, ձեռագրագիտական եւ բնագրագիտական ամբողջական տուեալներու բծախնդիր համադրութեամբ։ Տողատակերու հարուստ ծանօթագրութիւններն ու հատորին մէջ ցանկագրուած բազմաթիւ ձեռագիր օրինակներն ու ետին՝ բնագիրներու ցանկն ու աղբիւրագիտութինը, բանասիրական կարեւոր աշխատանք մը ըլլալը կ՚երաշխաւորեն՝ կատարուած խղճամիտ եւ գիտական մակարդակով։ Հեղինակը Հայոց Պատրիարքութեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց որպէս ներկայացուցիչ ակնառու եւ գործունեայ հոգեւորականն է։
Յանուն «Արմաշ մատենաշար»ի հրատարակչութեան բաժանմունքին, Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի «Փոխան յառաջաբանի» հակիրճ խօսքերէն հատորը կը գնահատուի «որպէս նուիրումի եւ զոհողութեան արդիւնք», արձագանգելով հեղինակ տէր հօր որպէս աւարտաճառ ներկայացուցած սոյն աշխատանքին՝ ի դէմս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ուսումնական խորհուրդին։ Արդարեւ հեղինակին «Երկու խօսք»էն կը հասկնանք, որ 1995 թուականին ստացած է իր ակադեմական վկայականը, յայտնելով նաեւ այն կարեւոր պարագան, որ «Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետի (1045-1129) խրատական գործերը բոլորովին անտեսուած էին եւ երբեք լուրջ ուսումնասիրութիւն մը չէր կատարուած»։ Հեղինակը կը ճշդէ նաեւ, որ երկու ուղղութիւններով ընթացած է իր աշխատասիրութիւնը՝ նախ մեծ Իմաստասէր Սարկաւագին «խրատական գործերով, եւ ապա ընդհանուր մատենագիտութեան ցանկով»։
Այստեղ յիշենք, որ նման անկրկնելի աշխատանք մը կատարած էր անցեալին փրոֆ. Աշոտ Աբրահամեան, երբ վերակենդանացուց 7-րդ դարու գիտնական Անանիա Շիրակացիի տոմարագիտական եւ թուաբանական հսկայ աւանդը՝ առաջին անգամն ըլլալով հայ բանասիրութեան մէջ։ Նման աշխատանք կատարած է նաեւ տողերս արձանագրողը 8-րդ դարու Ղեւոնդ Պատմիչի եւ 10-րդ դարու Ուխտանէս Պատմիչի երկհատորեակին գիտական անգլերէն թարգմանութեամբը առաջին անգամն ըլլալով։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ
Ներսէս Լամբրոնացիէն անուանուած «Երկրորդ Ոսկեբերան», Յովհաննէս ծնած է Գանձակ 1045 թուին, որդի քահանայի։ Կը թրծուի որպէս ուսումնատենչ պատանի, գիրքերու ջերմ պաշտպան եւ ընթերցող, որ շուտով սարկաւագ ձեռնադրուելով կը յայտնէր իր ուսումնական եւ կրթական անսովոր ունակութիւնները երիտասարդ տարիքին եւ, հաւանաբար, այդ պատճառով նկատելի եղած է իր սարկաւագութեան տարիներուն կատարած արդիւնաբեր աշխատանքը։ Վարդապետ ձեռնադրուած է եւ սակայն իր սարկաւագութեան շրջանին լուրջ եւ մնայուն վաստակ թողած ու այդ պատճառով ալ համեստ սարկաւագի եւ անսովոր մտաւորականի եւ փիլիսոփայի համբաւ կերտած։ Իր սարկաւագութեամբ հռչականուն Յովհաննէս Իմաստասէր ուսուցիչ դարձած է նախ Բագրատունեաց Անի քաղաքին մէջ իբր գերազանց ուսուցիչ, հիմնելով դպրոց մը եւ ուսուցանելով, ապա Հաղբատ Սանահին վանքերուն մէջ, ուր անցուցած է իր կեանքին հասուն տարիները եւ հոն վախճանած 1129-ին։
ՄԱՏԵՆԱԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ
Հեղինակին բնորոշմամբ այս բաժինը եօթ նիւթեր կը պարունակէ. Հակաճառութիւն, Պատմական երկեր, Տոմարական, Շարականներ, Փիլիսոփայական գործեր, Աղօթագիրք եւ Խրատական գործեր։
Տ. Տրդատ Քահանայի աշխատանքը գիտական բարձր մակարդակի կը հասնի շնորհիւ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի ձեռագիր օրինակներուն (թիւ 777, 2751, 6453) ու անոնց յիշատակարաններուն, մէջբերելով ու ներկայացնելով Սարկաւագ Վարդապետին «Ընդդէմ քաղկեդոնականաց» հակաճառութիւնը։ Իսկ պատմութեան կալուածէն ներս Յովհաննէսի, թէ իսկ կորսուած, «Պատմութիւնն» է գլուխ գործոցը, որմէ հատուածներ մէջբերուած ու փրկուած են Սամուէլ Անեցի պատմիչին կողմէ։ Կը յիշուի նաեւ «Վասն սքանչելեաց Աստուածածնին» խորագրով պատմական երկը, «ուր կը յիշուի Հաղբատի միաբանութեան փրկուիլը մոնղոլներու կողմէ՝ շնորհիւ Ս. Աստուածածնի սքանչելիքներուն», ըստ տէր հօր քննարկումներուն։
ՏՈՄԱՐԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐ
Տոմարական եւ թուաբանական գործը՝ որ ժառանգ մըն է փոխանցուած աւելի կանուխ Անանիա Շիրակացիի անուանի գործերէն, «իր լաւագոյն շրջանին Սարկաւագին կողմէ հայոց շարժական տոմարը անշարժ տոմարի վերածուած է», որուն ամենավերջին ուսումնասիրողները եղած են մերօրեայ Հ. Բադալեանն ու Գէորգ Արք. Սերայտարեանը։ Նաեւ ակնառու է Սարկաւագ Վարդապետին «Յաղագս անկիւնաւոր թուոց» գործը, որուն մասնագէտ ուսումնասիրողները Վենետիկի Մխիթարեան հայրերը եղած են։ Երախտապարտ ենք գրքիս հեղինակին, որ պրպտելով կազմած է մեզի անծանօթ Վարդապետի 27 տոմարագիտական գործերու ցանկը։ Անոնց մէջ յայտնի «Պատճէն տոմարի հայոց», «Մեկնութիւն տոմարի», «Լուսնի լրման եւ խաւարման մասին», «Պատմութիւն սրբոյ Զատկին» եւ այլն։
ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ ՈՒ ՆԵՐԲՈՂՆԵՐ
Յովհաննէս ապրած եւ գործած է Ներսէս Շնորհալի Հայրապետէն յիսնամեակ առաջ՝ նախակարապետը հանդիսանալով Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց շարականներու նախնական յօրինումով։ Անշուշտ անբաղդատելիօրէն աւելի մեծ եղած է Շնորհալիի շարականներուն թիւն ու որակը եւ սակայն Սարկաւագ Վարդապետի հեղինակած շարականները օրինակ հանդիսացած են անոնց կատարելագործման մէջ։ Ներկայ հատորին մէջ նշուածներն ալ մեզի համար նորութիւններ են. ինչպէս՝ Ղեւոնդեանց «Պայծառացան այսօր», «Անթառամ սիրոյ ծնունդ», Հռիփսիմեանց յատուկ «Անսկիզբն Բանդ Աստուած» շարականները։ Ներբողներ հիւսած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Տրդատ Գ. Թագաւորի, Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի, Սահակայ եւ Մեսրոպայ եւ Ղեւոնդեանց քահանայից նուիրուած։ Ըստ Տ. Տրդատ Քահանայի ներբողներէն չորսը կորսուած են եւ միայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուածը հասած է մեզի։
Յայտնի են նաեւ Իմաստասէր Սարկաւագին յօրինած աղօթքներն ու մեկնողական խրատները որոնց մասին հակիրճ կերպով կ՚անդրադառնայ տէր հայրը, զանոնք լրիւ դասաւորելով ու կը ցանկագրելով։ Զանոնք նկատի ունենալով կը տեսնենք, թէ Սարկաւագ Վարդապետը երկու ուղղութեամբ կը ջանայ դաստիարակել իր աշակերտները՝ աստուածաբանական եւ բարոյագիտական ուսուցմամբ, քահանային իրեն յատուկ առաքինութեանց պահանջով, ուղղափառ դաւանանքի գիտութեամբ եւ աշխարհականներուն կենցաղական նուիրուածութեամբ։
Հատորիս մնացեալ աւելի լայն բաժինը կը վերաբերի Յովհաննէսի մատենագիտութեան եւ բնագիրներու լրիւ հրատարակութեան։ Այս կալուածներուն մէջ հեղինակ Տ. Տրդատ Հայրը քննարկած է մեծ թիւով ձեռագիրներ քսանեակ մը վանքերէ եւ մատենադարաններէ, սկսեալ Երեւանի Ձեռագրաց մատենադարանէն, իսկապէս հերոսական աշխատանք մը ինքնին։ Վերջաւորութեան Սարկաւագ Վարդապետին 12 բնագիրները դասաւորեալ կ՚երեւին գրաբար լեզուով՝ քաղուած 12 թուագրեալ ձեռագիրներէ, բոլորն ալ աւետարանական հիմունքով պարզաբանուած հարցադրումներ, նոյնինքն Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետէն։ Այդ երկոտասան դաստիարակիչ հարցադրումներու մասին այլ առիթով կ՚անդրադառնամ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ