ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Սուտ»ը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ՝ խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Ուստի սուտին մէջ ճշմարտութիւն չի գտնուիր։ Սուտը, այս իմաստով, ճշմարտութեան դէմ ամենէն մեծ եւ ուղղակի թշնամին է։ Ուստի ստախօսութիւնը՝ ճշմարութեան դէմ խօսիլ կամ ընդհանուր առմամբ, գործել է՝ մարդս սխալի առաջնորդելու նպատակով։ Ճշմարտութեան եւ իր շուրջիններուն հետ մարդուն յարաբերութիւնը վիրաւորելով եւ վնասելով՝ սուտը մարդուն եւ անոր խօսքին Աստուծոյ հետ ունեցած հիմնական յարաբերութեան անհաւատարմութիւն կ՚ընէ։
Ճշմարտութեան դէմ է, ըսինք, սուտը, ապա ուրեմն իր բնութեամբ իսկ դատապարտելի է սուտը։ Ան սրբապղծութիւն մըն է խօսքին՝ որ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու եւ փոխանցելու միջոց մըն է։ Ճշմարտութեան հակառակ խօսքերով ուրիշներ սխալին առաջնորդելու, այսինքն խաբելու դիտումնաւոր առաջադրանքը, կը գոյացնէ «թերացում մը արդարութեան» եւ ընդհանրապէս մարդասիրութեան դէ՛մ։ Յանցաւորութիւնը աւելի՛ ծանր է, երբ խաբելու դիտաւորութիւնը կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ, մեծ վնասներու առիթ տալ անոնց համար, որոնք շեղուած են ճշմարիտէն։
Սուտը, քանի որ բռնաբարում մըն է ճշմարտախօսութեան եւ ուղղամտութեան առաքինութեան, ուրիշին վրայ գործուած իսկական բռնութիւն մըն է։ Եւ այս իսկ պատճառով արգիլուած է ամէն բարոյագիտական եւ կրօնական դրութեան մէջ։ «Գողութիւն մի՛ ընէք. սուտ մի՛ խօսիք եւ իրար մի՛ խաբէք։ Եւ իմ անունովս սուտ տեղը երդում մի՛ ընէք…» (ՂԵՒՏ. ԺԹ 11-12)։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ ստախօսութիւնը համազօր է գողութեան, քանի որ ան, կերպով մը ճշմարտութեան գողութիւն կ՚ընէ, ճշմարիտը կը գողնայ, գողցուածին տեղ կը թողու սուտը եւ սխա՛լը։ Նոյնիմաստ են Առաքեալին խօսքերը, երբ կ՚ըսէ. «Սուտ մի՛ խօսիք իրարու…» (ԿՈՂՈՍ. Գ 9)։ Իսկ Յիսուսի խօսքը յստակ կերպով պատուիրան մըն է՝ ճշմարիտը, շիտակը խօսելու. «Ձեր այոն թող այո ըլլայ, իսկ ոչը՝ ո՛չ»։ Յարափոփոխ նկարագիրը ստախօսութեան շարժառիթներէն մին է՝ ան որ զօրաւոր եւ կայուն նկարագիր չունի, հակամէտ է սուտ խօսելու՝ խաբելու եւ սխալին առաջնորդելու իր շուրջինները եւ ամէն անոնք, որ կերպով մը յարաբերութիւն մշակած են իրեն հետ։ Ուրեմն ստախօսութիւնը բնաւորութիւն մը՝ նկարագրի հետեւանք մըն է։
Սուտը իր սերմին մէջ կը բովանդակէ «մտքերուն պառակտում»ը եւ անոր յարուցած բոլոր չարիքները։
Սուտը կը քանդէ ամբողջ վստահութիւնը մարդոց միջեւ եւ կը պատռէ, կը վնասէ ընկերային յարաբերութիւններուն ներդաշնակ հիւսուածքը։ Ան մարդը կը խոցէ, կը վիրաւորէ ճանաչումի իր կարողութեան մէջ՝ որ նախապայմա՛նն է ամէն դատումի եւ որոշումի։
Այս պատճառով արդարութեան եւ ճշմարտութեան դէմ գործուած ամէն յանցանք «հատուցումի պարտադրութիւնն ու պարտականութիւն»ը կը ստեղծէ, նոյնիսկ եթէ անոր հեղինակը «ներուած» է։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ «սուտ»ը ո՜րքան ծանր հետեւանքներու պատճառ կ՚ըլլայ եւ «ստախօս»ին ներել՝ ո՜րքան ընկերային մեծ աւերներ ու քանդումներու պատճառ կրնայ ըլլալ։
Կ՚ըսեն, որ «սուտ» մը սկիզբը կրնայ ըլլալ բազմաթիւ սուտերու, իրա՛ւ է, քանի որ սուտ մը կը ծնի հարիւրաւոր նոր սուտեր եւ սուտը կ՚աճի ու կը բազմանայ սուտով։ Սուտին ամենակարեւոր սնունդը «սո՛ւտ»ն է՝ որ կը տրուի ստախօս սիրտերէ բխած լեզուներու միջոցով։ Սուտը մա՛յրն է բազմաթիւ սուտերու եւ անշուշտ ուրիշ շա՜տ մը յանցանքներու, մոլորանքներու եւ մոլորութիւններու։
Այս իսկ պատճառաւ եթէ նոյնիսկ ներսի շատ մը յանցանքներ, եւ եթէ անոնց սկիզբը եղած է «սուտ»ը, զգոյշ ըլլալ պէտք է՝ գոնէ չմոռնալ խօսուած սուտը, ըսենք՝ պահ մը զանց առնել, բայց միշտ զգոյշ ըլլալ սուտին եւ ստախօսին հանդէպ։ Ըսինք, որ «ստախօսութիւն»ը նկարագիր մըն է, եւ քանի որ նկարագիրը փոխել շատ դիւրին գործ չէ, ուրեմն «ստախօսութիւն»ն ալ դժուար է փոխել «ճշմարտախօսութեան»։
Մարդս, ուրեմն պէտք է վերապահութեամբ մօտենայ անոնց՝ որոնք անգամ մը սուտ խօսած են, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ թէ անոնք «ստախօս» նկարագրի մը նշանը ցոյց տուած են։ Ո՞վ կրնայ ըսել, որ ինք «ճշմարտախօս» է, երբ անգամ մը սուտ խօսած է։ Ան իր մէկ սուտ վկայութեամբ արդէն յայտնած է իր հակումը՝ բնական միտումը կամ ձգտումը, տրամադրութիւնը սուտին։ Եւ ինչպէս որ «ճշմարտախօսութիւն»ը եւ «ուղղամտութիւն»ը նկարագիր են, «ստախօսութիւն»ն ալ նկարագի՛ր է՝ անփոփոխելի…։
«Սուտ խօսելու հարկադրուիլ» երբեք արդարացում մը չէ՛ ստախօութեան, սուտը ստիպումով, պարտադրութեամբ՝ արտաքին պայմաններէ չի՛ գոյանար, այլ սրտէն կու գայ, ներսէն կը բխի, քանի որ ինչպէս ըսինք, ստախօսութիւնը նկարագիր մըն է եւ մարդուս ներաշխարհին հետ առընչուած է։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ արդարացուցիչ սուտ չ՚ըլլար, սուտի համար ո՛չ մէկ պատրուակ ընդունելի է, քանի որ ճշմարտութիւնը շեղեցնել, խափանել ամենամեծ յանցանք մըն է՝ վիրաւորանք մը մարդկային արժանապատուութեան եւ վստահութեան։
Ուստի «սուտ»էն վնասուողին հա՛րկ է հատուցանել իր վնասը, բարոյական գոհացում տալ՝ յանուն մարդկային արժանապատուութեան եւ յանուն ճշմարտութեա՛ն։ Այս հատուցումի պարտաւորութիւնը կը հայի նաեւ այն բոլոր յանցանքներուն՝ որոնք գործուած են ուրիշին՝ մարդ էակին վարկին դէմ։ Եւ այս բարոյական եւ երբեմն ալ նիւթական հատուցումը, պէ՛տք է գնահատուի ու գործադրուի գործուած վնասին համեմատ։
Այս գնահատանքին ստուգանիշն է, ամենէն յստակ չափանիշը՝ խի՛ղճը։ Եւ արդէն երբ խիղճը գործել սկսի մարդուս մէջ, ան երբեք սուտ չի՛ խօսիր։
Ուրիշին բարիքը եւ ապահովութիւնը, անհատական կեանքին հանդէպ յարգանքը, հասարակաց բարիքը կը պահանջեն ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս ըլլալ՝ չխաբել, շեղումներու պատճառ չըլլալ, մոլորութիւններու առիթ չընծայել եւ փոխանցել միշտ ճշմարտութիւնը։
Արդարեւ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու Անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ» (ԱՌԱԿ. Զ 16-19)։ Ուստի ստախօսութիւնը մարդոց մէջ անիրաւութիւններու եւ անարդարութիւններու, ատելութեան եւ թշնամութեան պատճառ կ՚ըլլայ, սէրը կը խափանէ, կը ցամքեցնէ։
«Սուտ» շրթունքը Աստուծոյ զզուելի՛ է, բայց հաւատարմութիւն ցոյց տուողներ Անոր հաճելի են» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 22)։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ ճշմարտախօսութիւնը եւ ուղղամտութիւնը «հաւատարմութիւն» կ՚ենթադրեն, իսկ հաւատարմութիւնը առաքինութիւն է եւ ազնուութի՛ւն։ Եւ, քանի կա՛յ առաքինութիւն եւ ազնուութիւն, ապա ուրեմն մարդիկ ինչո՞ւ կը նախընտրեն մոլորութիւնը եւ մոլութիւնը։ Մարդկային տկարութի՜ւն եւ թերութիւն ահաւասիկ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 23, 2015, Իսթանպուլ