ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԿՈՉԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ
Մի քանի օրեր առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը դարձեալ հանդէս եկաւ կոչով մը, որով կը յորդորէր իր ընթերցողները անտարբեր չմնալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մշուշապատ ապագային, ինչու չէ նաեւ ներկային նկատմամբ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութիւնը ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, որովհետեւ ան իր գոյութեամբ կ՚ապահովէ նաեւ գոյութիւնը արեւմտահայէն լեզուին, որ վերջին ժամանակներուն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ճանչցուած է վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ: Յաճախ կուսակցութիւններու պատկանող թերթերու գոյութիւնը կուսակցութեան մը գոյութիւնը եւ զօրութիւնը ապահովելու կը ծառայեն, սակայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անկուսակցական ըլլալով նպատակ ունի միայն ու միայն արեւմտահայերէնի պահպանումը, որուն մասին մտահոգուելու պարտաւորութիւնը ունինք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ: Մամուլի մը կորուստը լեզուին գոյութիւնը պիտի վտանգէ, իսկ վտանգուած լեզուի գոյութիւնը տակաւ առ տակաւ պիտի սպաննէ արդէն իսկ վտանգուած սփիւռքը, որ արդէն իսկ օտարանալու լուրջ վտանգին դիմաց կը գտնուի:
Շատ շատեր այսօր մամուլի գոյութիւնը աննպատակ կը գտնեն, որովհետեւ արդի գիտութիւնը մամուլէն լաւ տարբերակներ կը ներկայացնէ մարդ արարածին. ճի՛շդ, մերօրեայ մարդը գրեթէ ամէ՛ն բանի կը տեղեկանայ նախքան մամուլի տպագրութիւնը, սակայն պէտք է գիտնանք, որ մեր օրերուն մամուլ ըսելով պէտք չէ անպայմանօրէն հասկնալ հաղորդագրութիւն ու քաղաքական լրատուութիւն: Այսօր սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր մամուլի, դպրոցի, կազմակերպութեան եւ կուսակցութեան նօսրացումը պարզապէս դժբախտ հեռանկարի մը մունետիկն են, որովհետեւ մամուլի մը կորուստով խմբագիրը կամ սեփականատէրը չէ որ պիտի «տուժէ», այլ ամբողջ գաղութը՝ այդ մէկը զգայ թէ ոչ:
Պէտք է բոլոր ընթերցողներուն համար յստակ ըլլայ, թէ մերօրեայ մամուլի հրատարակութիւնը (մա՛նաւանդ հայկական մամուլի), շահ ապահովող «գործ» մը չէ, այլ ընդհակառակը, արդիւնքն է հազար ու մէկ տեսակ զոհողութեանց. տեսնել ընթերցողներու զգալի պակասումը եւ շարունակել լոյս ընծայել մամուլը պարզապէս ջուրին հակառակ ուղղութեամբ նաւարկել կը նշանակէ:
Բոլորս ալ մեր սեփական աչքերով ականատես եղանք Փարիզի «Յառաջ» թերթի վախճանումին, որ աւելի քան 83 տարիներ հրատարակուելէ ետք առ յաւէտ փակեց իր դռները. այս դժբախտութիւնն ու ձախողումը ո՛չ թէ «Յառաջ»ի խմբագրութեան, ո՛չ թէ Փարիզի հայ գաղութին, այլ համազգային մաշտաբով խոցելի երեւոյթ մըն է, որովհետեւ մամուլի դադարումը այդ գաղութին լեզուէն հեռանալը ցոյց կու տայ. մամուլի փակուիլը գոյութիւն ունեցող դպրոցի մը վտանգն ալ կ՚ազդանշէ, որովհետեւ մամուլին կամայ թէ ակամայ պիտի յաջորդէ դպրոցը. իսկ դպրոցին պիտի յաջորդէ եկեղեցին, որ կա՛մ պիտի փակուի եւ կամ կամայ-ակամայ իր լեզուն պիտի փոխէ՝ ինչ որ արդէն իսկ կամաց-կամաց կը տեսնենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Եթէ գաղութը չյաջողի պահել իր մամուլը, նոյնպէս պիտի չյաջողի պահել իր դպրոցը, եկեղեցին եւ վերջապէս իր հայութիւնը, որովհետեւ ընդունինք կամ ոչ, մէկուն տկարացումը ինքնաբերաբար կ՚ազդէ միւսին վրայ եւ այսպէս մեր աչքերուն առջեւ տեղի կ՚ունենայ գաղութի մը մահը:
Ռուբէն Սեւակ իր ուսանողական նամակներուն մէջ կը գրէր. «Սեւ օրեր կ՚ապրինք նորէն, սարսափի օրեր։ Հեռագիրները ամէն ժամ նոր գոյժ մը կը բերեն». մեր օրերը նոյնպէս սեւ են ու սարսափելի եւ նոյն գոյժն է որ կ՚ապրինք ամէ՛ն օր, ամէն ժամ եւ ամէն վայրկեան, որովհետեւ մեր դէպի վեր բարձրացնել փորձած արժէքները հակառակ մեր կամքին դէպի վար, դէպի անդունդ կը գլտորին:
Խմբագիրը իր կոչին մէջ կը յիշէ ընթերցողները. գուցէ շատեր կասկածին նաեւ անոնց գոյութեան. ի հեճուկս բոլոր կասկածողներուն յայտնենք, որ կա՛ն ընթերցողներ եւ մենք մեծապէս կը զգանք անոնց գոյութիւնը. կը զգանք, երբ մարդիկ մեր այս կամ այն յօդուածին համար կը զանգեն եւ կամ նամակի ճամբով իրենց գնահատանքը կամ հարցումը կը փոխանցեն. կը զգանք, երբ մարդիկ մեր գրածներուն համար իրենց կարծիքը եւ ինչու չէ նաեւ որոշ անգամներ քննադատութիւնը կը բարձրաձայնեն:
Այնպէս ինչպէս զաւակ մը իր տարեց մօրը ամէն զոհողութեան գնով կը գուրգուրայ, նոյնպէս ազգը պարտաւոր է հոգատար գտնուիլ աշխարհի երեսին մինչեւ օրս իր գոյութիւնը շարունակող ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին նկատմամբ. նման թերթի մը վախճանը կը խաթարէ գոյութիւն ունեցող բոլոր թերթերու գոյութիւնը:
Յաճախ ժողովուրդը կ՚ըսէ, թէ մօր մը համար մեծագոյն ցաւն է տեսնել հարազատ զաւակին մահը. ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այդ ցաւը ապրած է բազմահազա՜ր անգամ. տեսած է մահը իրմէ ետք ծնունդ առնող եւ շատ անգամ տակաւին մանուկ առ յաւէտ անհետացող թերթերն ու մամուլները եւ այդ բոլորին ցաւը իր սրտին, յաջողած է գոյատեւել, տոկալ ու հասնիլ մինչեւ մեր օրերը: Հայութեան համար անոր գոյութիւնը ապահովելը պէտք է պարզապէս ըլլայ ճիտի պարտք մը, նուազագոյն երախտագիտութեան զգացումով մը:
Պէտք է ամօթ զգայ ազգը, որ ԺԱՄԱՆԱԿ կը պարտաւորուի նման կոչով մը հանդէս գալ, որովհետեւ նման կոչի մը կարիքը երախտագիտութեան պակասի մը արդիւնքն ու հետեւանքը կրնայ ըլլալ պարզապէս:
Մեր յօդուածը կ՚աւարտենք այն մաղթանքով ու յոյսով, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը վերջի՛ն անգամ զգայ կարիքը նման կոչերու:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -260-
Տարիներ առաջ դասընկերներէս մին մատենադարանի դարակներէն մէկուն մէջ գտաւ հին գրութիւն մը. գրութեան բովանդակութիւնը սքանչելի էր, սակայն յստակ չէր, թէ ո՛ր գիրքէն եւ կամ որ թերթէն փրցուած էր: Մտածելով թէ շատ հին գրութիւն մըն է եւ դժուար թէ գտնուի անձ մը, որ անոր ինչ ըլլալը գիտնայ, որոշեց իր անունով հրատարակութեան յանձնել եւ իր ստորագրութեամբ լիբանանահայ մամուլներէն մէկուն մէջ տպագրել տուաւ:
Յաջորդ օրն իսկ, իր գրութեան որպէս պատասխան բանասէր մը գիտնալով գրութեան բուն հեղինակին ով ըլլալը, գրագողութեան մասին հսկայ յօդուած մը հրատարակեց. կարծեմ այդ օրէն ետք մեր դասընկերը հասկցաւ, որ գրելը շնորհք մըն է պարզապէս՝ որ տրուած չէ բոլորին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024