ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
Ղուկաս Աւետարանիչ իր «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Յիսուս պատասխանեց.- Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է» (ԳՈՐԾ. Ա 7)։ Արդարեւ, Համբարձումէն ետք, Քրիստոսի փառաւորեալ գալուստը մօտալուտ դարձած է, բայց մարդուս բոլորովին անծանօթ է անոր ժամանակը։ Կատարածնային այս գալուստը կրնայ իրականանալ ամէն պահ, ամէն րոպէ, նոյնիսկ եթէ ան եւ զինք կանխող վերջին փորձութիւնը զսպուած ըլլայ։ Փրկիչին, Մեսիային փառաւորեալ գալուստը կախում ունի, պատմութեան որեւէ պահուն, ամբողջ Իսրայէլի կողմէ կատարուելիք անոր ճանաչումէն։ Ուստի Քրիստոսի գալուստը պիտի իրականացնէ Իր լրումը՝ որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէնուն մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԵՓՍ. Դ 13) եւ (Ա. ԿՈՐՆ. ԺԵ 28)։ Բայց Քրիստոսի գալուստէն առաջ, Եկեղեցին պէտք է անցնի վերջնական փորձութենէ մը՝ որ բազմաթիւ հաւատացեալներու հաւատքը պիտի խախտէ, կրօնական խաբեպատիր կերպարանքի տակ մարդոց հարցերուն երեւութական լուծում պիտի բերէ «անօրէնութեան խորհուրդ»ը։
Այս «կրօնական խաբեպատիր գերագոյն կեղծիք»ը պիտի ըլլայ Նեռը, այսինքն «կեղծ-մեսիականութիւն»ը՝ ուր մարդ փոխանակ Աստուծոյ եւ Անոր մարմնացեալ Որդւոյն՝ Մեսիային, ինքզինք կը փառաբանէ։
Արդարեւ, Եկեղեցին, Արքայութեան փառքին մէջ պիտի մտնէ միայն «վերջին Զատիկ»ով, ուր պիտի հետեւի Տիրոջ՝ Անոր մահուան ու Յարութեան մէջ։ Ուրեմն, Արքայութիւնը իր լրումին պիտի հասնի ո՛չ թէ Եկեղեցւոյ յարաճուն յառաջդիմութեամբ կատարուած պատմական յաղթանակով մը, այլ Աստուծոյ յաղթանակով՝ չարին յետին շղթայազերծումին դէմ, որ Եկեղեցւոյ Փեսան Երկինքէն պիտի իջեցնէ։
Ուստի, Մարգարէներուն եւ Յովհաննէս Մկրտիչին նման Յիսուս ալ Իր քարոզութեան ընթացքին ներկայացուց «վերջին Օրուան Դատաստան»ը։ Այս Դատաստանին է որ լոյսի տակ պիտի դրուին իւրաքանչիւրին սրտի գաղտնիքները, վարքը եւ այն ամէն ինչ՝ որ ծածուկ մնացած էր նախապէս։ Եւ այն ատեն պիտի դատուի ու պիտի դատապարտուի «յանցապարտ անհաւատութիւնը»ը՝ որ առ ո՛չինչ համարեց Աստուծոյ պարգեւած շնորհքը։
Մերձաւորին՝ իր նմաններուն հանդէպ մարդուն ունեցած կեցուածքը չափանիշ պիտի ըլլայ, թէ՝ ան, շնորհքը եւ աստուածային սէրը ընդուած է կամ՝ մերժա՛ծ։
Վերջին Դատաստանի օրը Յիսուս պիտի ըսէ. «Ամէն անգամ որ Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն բան մը ըրիք, Ինծի ըրիք» (ՄԱՏԹ. ԻԵ 40)։ Արդարեւ, Քրիստոս Տէ՛րն է յաւիտենական ժամանակներու եւ յաւիտենական կեանքին։ Եւ իբրեւ «Աշխարհի Փրկիչ», Անոր կը պատկանի մարդոց գործերը եւ սրտերը վերջնականապէս դատելու ամբողջ իրաւունքը, իրաւասութիւնը եւ իշխանութիւնը։ Քանի որ Ան տիրացաւ այս իրաւունքին Իր Խաչով։ Իսկ Հայրը, ամբողջ դատաստանը յանձնեց Որդիին, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանիչը. (ՅՈՎՀ. Ե 22)։ Ուրեմն, Որդին չեկաւ դատելու, այլ փրկելու եւ Իր մէջ գտնուող «կեանք»ը տալու։
Շնորհքին մերժումովը, ուրացումովն է, որ իւրաքանչիւր մարդ ներկայ կեանքին մէջ ինքզինք կը դատէ, կը ստանայ ըստ իր կատարած գործերուն եւ կրնայ նոյնիսկ յաւիտենապէս դատապարտել ինքզինք՝ մերժելով եւ ուրանալով Սիրոյ Հոգին եւ Անոր շնորհները։
Ուստի աշխարհի կատարածին՝ Քրիստոս, դատաստանին օրը մեծ փառքով պիտի գայ տանելու վերջնական յաղթանակը «բարի»ին՝ չարին դէմ, որոնք ինչպէս ցորենը եւ որոմը, միասին աճած պիտի ըլլան ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին։ Ժամանակներու լրումին՝ երբ փառաւորեալ Քրիստոս գայ դատելու ողջերն ու մեռեալները, Ան պիտի յայտնէ թաքուն՝ ծածկուած տրամադրութիւնը սրտերուն եւ իւրաքանչիւր մարդուն պիտի հատուցանէ ըստ անոր գործերուն եւ ըստ շնորհքը ընդունելուն եւ կամ մերժելուն՝ ըստ բարիին եւ չարի՛ն։
Հրապարակային կեանքին սեմին՝ Մկըր-տութիւնը, իսկ Զատիկին սեմին՝ Պայծառակերպութիւնը։ Յիսուսի Մկրտութեամբ կը յայտնուի մարդուս առաջին վերածնունդին խորհուրդը՝ մարդուս Մկրտութիւնը։ Իսկ Պայծառակերպութիւնը՝ երկրորդ վերածնըն-դեան սուրբ խորհուրդն է՝ մարդուս սեփական յարութեան։ (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։
Իւրաքանչիւր հաւատացեալ այժմէն իսկ կը մասնակցի Տիրոջ Յարութեան՝ Սուրբ Հոգիով, որ կը ներգործէ Քրիստոսի Մարմինին սուրբ խորհուրդներուն մէջ։
Ուստի Պայծառակերպութիւնը կու տայ մեզի նախաճաշակը փառաւոր գալստեան Քրիստոսին՝ որ պիտի վերանորոգէ մարդուս նուաստ մարմինը, որպէսզի, ան կերպարանակից ըլլայ Անոր փառքին՝ Անոր փառքի մարմինին (ՓԻԼ. Գ 21)։
Պայծառակերպութիւնը կը յիշեցնէ մեզի նաեւ, թէ՝ «հարկ է անցնիլ բազմաթիւ նեղութիւններէ, որպէսզի կարելի ըլլայ մտնել Աստուծոյ Արքայութեան մէջ» (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։
«Գալուստ»ը իր տառական իմաստով եւ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի վրայ առաջին յայտնութեամբը չի վերջանար։ Եթէ «գալուստ» բառը այսքան դրական եւ պատմական իմա՛ստ մը ունենար «գալստեան» յիշատակին մէջ, շատ դիւրին պիտի ըլլար ըմբռնումը անոր «Գալստեան» խորհուրդին, բայց «գալուստ»ը կը նշանակէ նաեւ Յիսուս Քրիստոսի «միւս անգամ» կամ «երկրորդ» Գալուստը այս աշխարհի վրայ, դատաստանի կամ հատուցումի համար։
Քրիստոսի «Երկրորդ Գալստեան» հաւատքը քրիստոնէութեան հիմնական կէտերէն է, այնպէս որ ծանօթ «Հաւատամք»ի մէջ ալ անցած է քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ, ժամանակին ամենէն հոյակապ եւ ուղղափառ վարդապետներուն, խորհողներուն եւ հաւատացեալներուն համամտութեամբ եւ համաձայնութեամբ։
Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոսի «Երկրորդ Գալստեան» աստուածաբանական, քրիստոսաբանական, հոգեբանական վերլուծումը ի վերջոյ խելամուտ եւ հմուտ մասնագէտներու գործն է, բայց պարզ մտածումով կարելի է նկատել, որ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալստեան նպատակն է՝ «հատուցում»ը։ Ուստի երկրորդ գալուստը կ՚անթադրէ «հատուցում», որ կը նշանակէ՝ փոխարինութիւն՝ բարի կամ չար, օգտակար կամ վնասակար գործի մը։ Այս իմաստով՝ ազատ պատասխանատուութեան հետեւանքն է «հատուցում»ը։ Պատասխանատուութեան հետեւանքը երբ բարի է եւ օգտակար, անոր հատուցումը «վարձք» է, իսկ եթէ չար է եւ վնասակար՝ «պատիժ» է անոր հատուցումը։
Ուրեմն ամէն մէկս մտածենք. ի՞նչ է մեր քրիստոնեայի պատասխանատուութեան հետեւանքը. ի՞նչ է իւրաքանչիւրիս արժէքը այս մասին՝ ի՞նչ է կշիռքը Երկնային Թագաւորութեան մէջ, մէկ ու կարճ խօսքով, ի՞նչ կ՚արժենք ամէն մէկս իբր անհատ, իբրեւ ընտանիքի անդամ, իբրեւ ընկերութեան անդամ, իբրեւ քրիստոնեայ, իբրեւ բարոյականի եւ զօրաւոր նկարագրի տէր, եւ վերջապէս՝ իբրեւ մա՛րդ։
Սա անուրանալի է թէ՝ ամէն աշխատութիւն, ամէն արարք, ամէն գործ, ամէն պատասխանատուութիւն իր վարձքը ունի եւ թէ պատիժը՝ հետեւանքներուն չափին կամ աստիճանին համեմատ։
Եւ մարդ ազատ չէ՛ ամէն բան ընելու, այլ օրէնքի մը պարտաւորութեան սահմանին մէջ գործելո՛ւ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 1, 2017, Իսթանպուլ