ՋՈՒՐԸ ԳԻՆԻԻ ՎԵՐԱԾԵԼ ԿԱՄ ՄԻՏՔԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ
Ջուրը գինիի փոխել, կամ որեւէ բանի մը բնութիւնը փոխել՝ մարդկային մտքին համար «հրա՜շք»ներ են։
Բայց մարդկային միտքը փոխել՝ զարգացնել, կրթել նոյնքան «հրաշք» մըն է, քանի որ «միտք»ը բարեփոխել, իր բարձրագոյն վիճակին հասցնել, իրապէս դժուար բան մըն է՝ բնական պայմաններու տակ։
Խորհեցէ՜ք, սիրելի բարեկամներ, մանուկի մը դեռափթիթ միտքը առնել եւ զայն կրթել, զարգացնել եւ օգտագործելի դարձնել ո՜րքան նուիրական ծառայութիւն մըն է մարդկութեան, եւ ո՜րքան աստուածահաճոյ գործ այդ միտքը Ստեղծող իմաստութեան նկատմամբ։
Ուրիշ առիթներով ալ յիշած ենք հնդկական առակը, ուր կ՚ըսէ.- Անտառէն փայտեր ժողվել՝ լաւ գործ մըն է, ժողված այդ փայտերէն նստարան մը շինել՝ օգտակար արարք մըն է, իսկ այդ նստարանին վրայ՝ մանուկի մը սորվեցնել՝ գիտութիւն տալ՝ վեհագոյն աշխատանք մըն է։ Եւ ահաւասի՛կ, ասոր նման է պարզ, անգոյն, անհամ ջուրին՝ առաւելութիւն տալ, երանգ եւ տաշակ տալ, աւելի եւս օգտակարութիւններով օժտել եւ գինիի վերածել զայն։
Ահաւասիկ, տակաւին աճումի ընթացքին սկզբնաւորութեան՝ պարզ եւ ընդհանրապէս իմաստէ զուր միտքը, որ երանգ եւ նպատակ չունի իր այդ նախնական վիճակով, առնել եւ աճեցնել, զարգացնել, իմաստ տալ եւ գոյն եւ նկարագիր տալ անոր՝ ջուրը գինիի վերածելու աստիճան եւ մօտաւորապէս անոր չափ մեծ գործ մըն է։ Անշուշտ, «հրաշք»ի հասկացողութեան համեմատ, միտքը զարգացնելու գործին «հրաշք»ի հանգամանք տալ կամ չտալ վիճելի է, բայց գոնէ միտքը զարգացնել՝ վեհագոյն աշխատողի, նուիրական աշխատաւորի մը գործն է։
Ամերիկացիներ կ՚ըսեն.- Եթէ եզական եւ մե՛ծ գործ մը ընել կ՚ուզես՝ ամէն մարդու ըրածէն տարբեր, եզական գործ մը կատարէ. իսկ եթէ չես կրնար եզական, աննախընթաց գործ մը կատարել, այն ժամանակ, սովորական գործ մը կատարէ, բայց լաւագո՛յնը կատարէ…։
Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ ջուրը գինիի վերածել «հրաշք» մըն է՝ այսինքն եզական, անօրինակ եւ աննախընթաց գործ մը՝ միտք զարգացնելու գործն ալ թէեւ սովորական, բայց լաւագոյն եւ վեհագոյն արարքը եւ ծառայութիւնն է՝ որ կրնայ կատարել մարդ՝ օգտակար եւ միտքով առողջ սերունդներ հասցնելով մարդկութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար։ Եւ միտքը զարգացնող նուիրական անձը՝ իր ամենալայն առումով, ուսուցիչն է՝ դաստիարակը՝ վեհագոյն աշխատաւո՛րը։ Այն պայմանով, թէ այդ «վեհագոյն աշխատաւոր»ը գիտակցութիւնը ունենայ իր նուիրական գործին վեհութեան եւ ըստ այն պատասխանատուութիւն զգայ իր նուիրական գործը կատարած ատեն։ Իսկ այն՝ որ մեքենաբար կը կատարէ իր պարտականութիւնը, չի կրնար արդիւնաբեր ըլլալ, ո՛չ միայն կրթական-դաստիարակչական ծառայութեան մէջ, այլ՝ ո՛րեւէ գործի մէջ։
Երբ կը խօսինք «վեհագոյն աշխատաւոր»ի մասին, անշուշտ պէտք չէ՛ անտեսել վեհագոյն աշխատաւորին իր աշխատութեան միջավայր եւ շրջապատ պատրաստելով՝ լաւ եւ օգտակար գործ կատարողները՝ շէնք եւ ամէն տեսակ նիւթական նպաստ ապահովողները։ Ուստի ամէն մարդ երբ իր կարելին ընէ, եւ իր տարողութեան եւ կարողութեան համաձայն լաւագո՛յնը կատարելու մտադրութեամբ, օգտակարութիւն ունենայ միտք զարգացնելու եւ կրթելու գործին, ան ալ նուիրական գործ կատարած կ՚ըլլայ։
Եւ երբ կը խօսինք «միտք զարգացնելու եւ կրթելու» մասին, պէտք չէ՛ զանց առնել «հոգին ազնուացնել»ու նո՛յնքան կարեւոր եւ նուիրական գործը, որ կը վերաբերի իր ամենալայն իմաստով՝ հոգեւորակա՛ններու։
Հոգեւորական ըլլալ թերեւս «սովորական» ծառայութեան մը նուիրուիլ կը նշանակէ, բայց անոնք իրապէ՛ս նպատակայարմար մե՛ծ ծառայութիւն կը մատուցանեն՝ որոնք լաւագոյն կերպով կը կատարեն իրենց նուիրական ծառայութիւնը՝ պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ եւ անկեղծութեա՛մբ։
Եւ այս պարագային եւս, կան եւ պէտք է ըլլան լաւ եւ օգտակար գործ կատարող նուիրականները՝ նիւթական նպաստ եւ օգտակարութեամբ միջավայր եւ առիթ ստեղծողները՝ բարերարները, որոնք նեցուկ կը կանգնին հոգեւոր ծառայութեան վեհ գործին, այսինքն՝ հոգիներ ազնուացնելու աշխատանքին։
Եւ անոնք որ իրենց կարողութեան եւ տարողութեան չափով լաւ եւ օգտակար գործ կը կատարեն, պէտք է լաւագոյնը ընեն՝ անկեղծութեամբ եւ նուիրական ոգիով։
Փառքի, անունի, համբաւի նման անձնամոլութեամբ եւ «Ես»ը գոհացնելու համար կատարուած ծառայութիւնները եթէ նոյնիսկ արտաքնապէս, երեւութապէս հասնին իրենց նպատակին՝ հեռո՜ւ կը մնան աստուածահաճութենէ, քանի որ ներքին նպատակը բոլորովին տարբեր է այդ ծառայութեան մէջ…։
Այս կէտին՝ նպատակը եթէ նոյնիսկ օրինաւոր եւ բարի ըլլայ, երբ միջոցը, եթէ ո՛չ չար, բայց անհամեմատ է իսկական նպատակին, անընդունելի է, քանի որ հոն կը պակսի շատ կարեւոր տարր մը՝ անկեղծութի՜ւնը։ Ուստի կարեւորը՝ «բարի ըլլա՛լ»ն է, բարեգործել, եւ ո՛չ թէ «բարի երեւիլ» կամ «բարի համարուիլ»։ Անկեղծ ըլլալ կը նշանակէ՝ երեւիլ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ է, եւ ըլլալ այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚երեւի։ Այլ խօսքով՝ ներքինը եւ արտաքինը համաձա՛յն ըլլալ։
Այս իմաստով իրապէ՛ս մեծ են անոնք՝ որ անկեղծութեամբ կը գործեն՝ նպատակայարմար կը գործեն՝ լաւ, օգտակար կամ վեհ գործ մը կը կատարեն իրենց կարողութեան եւ տարողութեան համեմատ։ Այլապէս՝ ինքնախաբէութիւն է ամէն գործ, որ զո՛ւրկ է անկեղծութենէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 28, 2018, Իսթանպուլ