ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՆՔ -Ա.

Անցնող ամիսներուն ընթացքին կրթութեան ոլորտի փորձագէտ Սերոբ Խաչատրեան, հիմնուելով Վիճակագրական պետական կոմիէի յայտնած տուեալներուն՝ յայտարարեց, թէ մէկ տարուան մէջ 877-ով նուազած է ուսուցիչներուն թիւը: Փորձագէտը կը յայտնէ, որ համեմատելով անցնող տարիներուն հետ, զգալի է նուազումը երիտասարդ ուսուցիչներուն:

Այսօր թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ ունինք ուսուցիչի պակաս, որովհետեւ հիները կամաց կամաց կը հեռնան, իսկ անոնց պակասը լեցնող նոր սերունդ մը հասակ չ՚առներ: Կամաց կամաց ուսուցիչը իր առաքելութենէն մերկանալով կը վերածուի պաշտօնի, կը վերածուի արհեստի, որովհետեւ ո՛չ ժողովուրդը պէտք եղած սէրն ու արժէքը ցոյց կու տայ ուսուցիչին, ո՛չ ալ ուսուցիչը պէտք եղած գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ իր «պաշտօնին»:

Այս գահավիժութեան ընթացքը կարծես վախճան պիտի չունենայ, որովհետեւ եկող վաղն շատ աւելի տխուր պատկեր պիտի ներկայացնէ՝ քան այսօրը եւ այսպէս օրէ օր պիտի հասնինք անկումի անդունդը՝ որմէ փախուստ չունինք կարծես:

Այսօր պիտի խօսինք հիմնական երկու հարցերու մասին.

Ա.- Ո՞վ է ուսուցիչը:

Բ.- Ինչպէ՞ս ընտրել ուսուցիչ:

Գ.- Ինչո՞ւ համար կը պակսի ուսուցիչներուն թիւը:

Ա.- Ո՞Վ Է ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ.- Պէտք է բոլորիս համար յստակ ըլլայ տարբերութիւնը դասատուին եւ ուսուցիչին, որովհետեւ ամէն դասատու չէ որ ուսուցիչ կրնայ դառնալ: Դժբախտաբար այսօր մեր դպրոցները լեցուն են դասատուներով, որոնք որպէս գործ կու գան դասարան, ուսուցչութեան պարտադրած յանձնառութիւններէն ամբողջութեամբ թափուր, մէկ ականջը զանգին, իսկ աչքը ժամացոյցին կը փորձեն լեցնել ժամանակը:

Դասատուն ա՛ն է, որ աշակերտին նոյնութեամբ կը փոխանցէ այն՝ ինչ որ գրուած է գիրքին մէջ, ընդհանրապէս «այս էջը սորվէ՛» կամ «ընդօրինակէ՛» ըսելով: Դասատուն ա՛ն է, որ դասապահին կը պահանջէ նախորդ պահուն կարդացուածը եւ կ՚անցնի նորին. գացէ՛ք եւ հարցուցէք նման դասատուներու աշակերտներուն շաբաթ մը առաջ սորված դասը. անոնք ընդհանրապէս կը մոռնան շաբաթ մը առաջուան սորվածը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս ուսուցիչը որպէս պարտականութիւն սորվեցուցած է, նոյնպէս ալ աշակերտը սորված է որպէս պարտականութիւն՝ առանց հասկնալու կամ սորվիլ ուզելու:

Եթէ ուսուցչութիւնը դասագիրքին մէջինը նոյնութեամբ կարդալ ըլլար, այսօր կրնայինք մեր դպրոցներուն մէջ մեքենաներ տեղադրել, կրնայինք ամբողջ գիրքը որպէս ձայնագրութիւն դնել դասարանին մէջ, ինչո՞ւ դասատուի կարիք:

Անցեալին ուսուցիչին կողքին «յարգանք» կը վայելէր նաեւ դասատուն, որովհետեւ բարկանալով, պոռալով, «զերօ» կը դնեմ ըսելով կրնար ձեւով մը պահել իր «հեղինակութիւն»ը, սակայն նոր սերունդի պարագային այդ մէկը եւս կամաց կամաց կը դառնայ անիմաստ ու դասատուն կը սկսի յայտնուիլ իր անկարողութեան կատարեալ պատկերին մէջ:

Ներկայիս կը կարծուի, որ ուսուցչութիւնը վկայական ունենալով կ՚երաշխաւորուի. ըսե՛մ, որ աշխարհի լաւագոյն ուսուցիչները համալսարաններ չե՛ն աւարտած, իսկ անդին ամենէն բարձրագոյն համալսարանները աւարտողները ուսուցիչներ չեն կրցած ըլլալ, որովհետեւ ուսուցչութիւնը վկայականի թուղթէն անդին, վարքին, բարքին, ապրելակերպին եւ իմաստութեան մէջ կը կայանայ:

Բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ քննադատ Ինտրա «Նախակրթութեան սխալները» աշխատութեան 19-րդ գլխուն մէջ (որ հրատարակուած է «Արեւելք», 12 օգոստոս 1902, թիւ 5011-ին մէջ) կը գրէ.- Եռանդուն, զուարթ, եւ լրջօրէն հմուտ ու սրատես ուսուցիչ մը ի՜նչ բարիք է իրենց (աշակերտներուն): Իսկական ուսուցիչը ա՛յն է, որ դասագիրքէն դուրս գալով կը յաջողի սիրցնել դասապահը, իր իմաստութեամբ, իր վարուելակերպով: Յաճախ մենք կը կարծենք, որ աշակերտներ կ՚ունենան նախասիրած նիւթեր եւ անոնց հիման վրայ կ՚որոշեն, որ դասը լաւ պատրաստել եւ որը ո՛չ. Սխալ կարծիք է այս մէկը, որովհետեւ դասէն առաջ աշակերտին համար կարեւոր է ուսուցիչը: Օրինակը տամ անձնական կեանքէ.- բոլորս ալ գիտենք, որ փիլիսոփայութիւնը բարդ ու խրթին նիւթ մըն է. նստիլ ու սորվիլ, թէ մեր թուականէն հազարաւոր տարիներ առաջ Անաքսիմէն կամ Թալէս ինչ ըսած են այս կամ այն նիւթին մասին: Գտէ՛ք մեր դասարանի բոլոր աշակերտները եւ հարց տուէք, թէ կը սիրէի՞ն փիլիսոփայութեան պահը. վստահ եղէք, որ բոլորն ալ «այո՛»ով պիտի պատասխանեն, որովհետեւ դասէն առաջ սիրած են ուսուցիչը՝ Պրն. Կարօ Յովհաննէսեանը, որ ուսուցիչ ըլլալու կողքին հանրագիտարան մըն էր բոլորիս համար:

Դասատուին եւ ուսուցիչին տարբերութիւնը այն է, որ առաջինին կեդրոնացումը իր աշխատավարձին, իսկ երկրորդինը իր պատրաստած ապագայ սերունդին վրայ կ՚ըլլայ: Դասատուն կը նմանի այն մարդուն, որ կը սիրէ ուրիշին ծառէն խնձոր մը քաղել եւ ուտել, մինչ ուսուցիչը կը գերադասէ համբերութեամբ ցանել, ջրել ու խնամել՝ վստահ ըլլալով որ ապագային լաւ «խնձոր»ներ դուրս պիտի գան:

Յաճախ թերթիս «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժնին մէջ ներկայացուցած ենք մեծութիւններ, որոնք բառին ամբողջական իմաստով եղած են ՈՒՍՈՒՑԻՉներ. սերտեցէ՛ք անոնց կեանքը եւ պիտի տեսնէք, թէ իսկական ուսուցիչ մը ինչպիսի աշակերտներ կ՚ունենայ: Պատահականութեան արդիւնք չէ որ Եկմալեանի աշակերտները՝ Կոմիաստ Վարդապետը, Արմենակ Շահմուրատեանը, Արմէն Տիգրանեանը եւ ուրիշներ դարձած են երաժիշտներ, որովհետեւ իսկական ուսուցիչը ա՛ն է, որ կը յաջողի իրմէ շատ աւելի յաջող սերունդ մը կերտել. այդպիսիներէն են որ նոյնիսկ իրենց մահէն ետք, կը շարունակեն ապրիլ իրենց աշակերտներուն սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐԱՔՍԻԱ ԿԻՒԼԶԱՏԵԱՆ
(1907-1980)

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 5 յուլիս 1907-ին Կիւմրիի մէջ ծնած է երգչուհի եւ Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ Արաքսիա Կիւլզատեան:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ: Աշակերտական օրերուն սկսած է հանդէս գալ սիրողական խումբերու մէջ: Ապա 19 տարեկան հասակին՝ 1926 թուականին տեղափոխուած է Երեւան. նոյն թուականին եղած է Հայաստանի ձայնասփիւռի կոմիտէի ժողովրդական գործիքներու խումբին մեներգչուհին՝ մինչեւ 1955 թուականը: Ապա 1955 թուականէն մինչեւ 1967 թուականը եղած է Հայֆիլհարմոնայի մեներգչուհի: Հանդէս գալու կողքին որոշ ժամանակ աշակերտած է երաժիշտ, երգահան ու երաժշտագէտ Ռոմանոս Մելիքեանին:

Արաքսիա հանդէս եկած է հայկական, պարսկական եւ ազէրի ժողովրդական եւ աշուղական երգերով: Ան առաւելաբար յայտնի է Գուսան Շերամի երգերու կատարումով. անոր ձայնով մինչեւ այսօր հաճոյքով կը լսուին «Փնջլիկ-Մնջլիկ», «Քեզնից մաս չունենամ», «Դուն իմ մուսան ես», «Մարալ ջան», «Պլպուլ էիր» եւ այլ երգեր, որոնք հակառակ իրենց հնութեան, կը շարունակեն մնալ գոհարներ:

Շնորհիւ իր վաստակին, Արաքսիա 1960 թուականին արժանացած է Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին:

Մեծանուն երգչուհին մահացած է 7 հոկտեմբեր, 1980 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 5, 2022