ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՁԱՅՆ ԴԱՍԵՐԸ

Բնութիւնը՝ որուն մէջ կ՚ապրինք, լռելեայն պատգամներ կու տայ մարդուն, որ այնքան անձայն չէ։ Մարդ, ընդհանրապէս ինքզինք հպարտ կը զգայ շատ բան գիտնալով։ Այո՛, մարդը շատ բան գիտէ, կը սորվի, բայց շատ ալ կարեւորութիւն չի տար, թէ այդ գիտութեան ակը ո՞ւր է։

Այս իմաստով, բնութիւնը գիտութեան անվերջ ակ մըն է. մարդ բնութիւնը դիտելով, անոր լռութեանը մէջ շատ բան կրնայ սորվիլ, զարգանալ եւ հոգին ազնուացնել։

Ահաւասիկ, օրինակ մը, թէ բնութիւնը ո՜րքան հարուստ է գիտութեամբ, որը կը բաշխէ առատաձեռնութեամբ եւ ձրի կերպով, բայց դժբախտաբար մարդ չ՚անդրադառնար այդ հարստութեան եւ առատութեան։ Օրինակը կու գայ հեռաւոր Արեւելքէն՝ Չինաստանէն։

Չինաստանի Քուչէնկ շրջանի բլուրներու լանջքին, կը պատմուի, թէ կը գտնուին ամենաթանկարժէք «պամպու»ի ծառերը, որոնք իրենց սեփականատէրերուն անուններովը նշուած են։ Լեռներու աղբիւրներէն վարի գիւղերը ջուր հասցնելու բնական միջոցն է այդ եղէգները իրարու կպցնել եւ խողովակներ կազմել։

Գեղեցիկ պամպուի ծառ մը, ուրիշ բազմաթիւ ծառերու կարգին, կանգնած էր սիրուն բլուրի մը լանջքին։ Անոր կոճղը մութ գոյնով էր եւ փայլուն փետուրի նման երկնասլաց ճիւղերը երեկոյեան զեփիւռին հետ նազանքով կ՚օրօրուէին։ Մինչ զմայլանքով կը դիտէին մարդիկ զայն, կը զգային անոր տերեւներուն շարժումը, երբ ան ցած ձայնով սկսաւ խօսիլ հիացումով դիտողներուն հետ. «Դուք կը խորհիք, թէ գեղեցիկ եմ։ Կը սքանչանաք երկար ցօղունիս եւ շնորհալի ճիւղերուս, բայց ես հպարտանալիք բան մը չունիմ։ Ի՛նչ որ ունիմ, ամբողջութեամբ իմ Տիրոջս հոգատար սիրոյն կը պարտիմ։ Ան է որ զիս այս արգասաւոր բլուրին վրայ տնկեց, խնամեց արմատներս, որոնք գետնին տակ պահուած ջուրի աղբիւրներուն կը հասնին, շարունակ կը խմեն անոնց կենսատու ջուրէն՝ սնունդ ստանալով, կենսունակութիւն, գեղեցկութիւն եւ զօրութիւն պատճառելով իմ ամբողջ էութեանս համար։

«Կը տեսնէ՞ք սա միւս կողմը գտնուող պամպուի ծառերը, որքան խղճալի եւ խանձուած են։ Անոնց արմատները տակաւին չեն հասած կենդանի աղբիւրներուն։ Այն ատեն որ ես գտայ թաքուն ջուրերը, բանի մը կարիքը չեմ ունեցած։

«Կը նշմարէ՞ք ցօղունիս վրայի գիրերը։ Մօտէն նայեցէք՝ անոնք իմ ներսիդիս մխրճուած են։ Այս գործողութիւնը շատ տառապալից էր. այդ ժամանակ կը խորհէի, թէ ինչո՞ւ այսքան ցաւելու եմ, սակայն իմ վարպետիս անձնական ձեռքն էր, որ դանակը կը գործածէր։ Եւ երբ գործը վերջացաւ, անսահման ուրախութեան տրոփիւնով մը գիտակցեցայ, թէ Ան իր անունը փորագրած էր կոճղիս վրայ։ Ապա անկասկած գիտցայ, թէ իմ Տէրս զիս շատ կը սիրէր եւ կ՚արժէքաւորէր ու կ՚ուզէր, որ ամբողջ աշխարհը գիտնայ, թէ ես Իրեն կը պատկանիմ։ Ես ալ կ՚ուզեմ պարծենալ այսպիսի Տէր ունենալուս համար»։

Մինչ եղէգը կը պատմէր իր Տիրոջ մասին, դիտողներ երբ իրենց շուրջը նայեցան, ահաւասիկ վարպետը հոն կեցած էր։ Ան սիրալիր եւ անձկալի նայուածքով կը դիտէր գեղեցիկ պամպուն, մինչ ձեռքին մէջ սուր կացին մը բռնած էր. «Քեզի պէտք ունիմ», ըսաւ ան. «Յօժա՞ր ես ինքզինքդ ինծի յանձնելու»։

«Տէ՛ր իմ», պատասխանեց եղէգը. «Ես ամբողջութեամբ քո՛ւկդ եմ։ Բայց ի՞նչ օգուտ կրնամ ունենալ քեզի»։

«Քեզի կարօտ եմ», ըսաւ վարպետը, «որ իմ Կենդանի Ջուրս տանիս չոր եւ ցամաք տեղեր»։

«Սակայն Տէր իմ, ի՞նչպէս կարելի է այդ ընել։ Ես կրնամ Քու Կենարար Աղբիւրներուդ մէջ բնակիլ եւ ըմպել անոնց ջուրը որպէս սնունդ։ Կրնամ թերեւս դէպի երկինք բարձրացնել եւ քու կազդուրիչ անձրեւներդ խմել։ Այդպէսով կրնամ զօրանալ, գեղեցկանալ եւ ուրախանալ, որ քեզի պէս սքանչելի՜ Տէր մը ունիմ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնամ ուրիշներուն ջուր հասցնել։ Ես ինծի համար սնունդ կ՚առնեմ, սակայն ի՞նչ ունիմ որ ուրիշներուն կրնամ տալ»։

Վարպետին ձայնը շատ քաղցր էր, մինչ Ան պատասխանեց. «Եթէ յօժար ես, կրնամ քեզ գործածել։ Բայց գիտցիր որ քեզ պիտի կտրեմ, ճիւղերէդ մերկացնեմ, մէջդ պարպեմ, ապա այս ուրախ բնակարանէդ պիտի հեռացնեմ եւ տանիմ բլուրի ամայի մէկ մասը, ուր ոչ ոք անուշ խօսքեր պիտի փսփսայ ականջիդ։ Հոն միայն անպէտ բոյսեր կան։ Նաեւ սուր դանակս պիտի գործածեմ, որպէսզի քու սրտիդ մէջ գտնուող բոլոր աղտեղութիւնը մաքրեմ, մինչեւ որ անցքդ ազատ ըլլայ, որ իմ Կենարար Ջուրս մէջէդ անարգել հոսի»։

«Ուստի ըսել կ՚ուզես, որ պիտի մեռնի՞մ», հարց տուաւ պամպուն սրդողած։ «Այո՛, իմ ծառս, պիտի մեռնիս, բայց իմ Կենաց Ջուրս քու մէջէդ պիտի հոսի ծարաւի սիրտերը զովացնելու։ Ճիշդ է որ քու գեղեցկութիւնդ պիտի անհետանայ, սակայն շատ շատեր պիտի ծռին եւ ըմպեն քու առուակէդ, որ ձրիաբար պիտի հոսի քեզմէ։ Թերեւս անոնք քու մասիդ պիտի չմտածեն, սակայն պիտի փառաւորեն այն Տէրը, որ քու միջոցովդ Իր ջուրը կու տայ իրենց Իմ ծառս, յօժա՞ր ես այս բոլորին»։

Այս տեսարանին ներկաները իրենց շունչը բռնեցին լսելու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար երկնասլաց պամպուին պատասխանը։

«Իմ Տէրս», ըսաւ ան ժպտելով. «Ի՛նչ որ եմ եւ ի՛նչ որ ունիմ քեզմէ է։ Դուն իմ Արարիչս ես։ Եթէ իրապէ՛ս ինծի պէտք ունիս, սիրայօժար իմ կեանքս կու տամ քեզի։ Եթէ միայն իմ մեռնելովս կրնաս քու Կենաց Ջուրդ մատչելի դարձնել ուրիշներուն. ես յօժար եմ մեռնելու։ Ես քուկդ եմ։ Առ ու գործածէ զիս վարպետս, ինչպէս որ կը կամենաս»։

Տիրոջ դէմքը աւելի մեղմացաւ, մինչ սուր կացինը առաւ եւ մի քանի հարուածով գետին տապալեց զայն։ Եղէգը չընդդիմացաւ, այլ իւրաքանչիւր հարուածին ենթարկուեցաւ մեղմօրէն ըսելով. «Իմ Տէրս. քու կամքդ ըլլայ»։ Վարպետը շարունակեց հարուածել զայն մինչեւ որ ան մերկացաւ իր փառաշուք ճիւղերէն։

Հիմա ան բոլորովին լերկ էր։ Վարպետին սիրակէզ դէմքը փայլեցաւ, մինչ եղէգէն ինչ որ մնացած էր դրաւ Իր լայն ուսերուն վրայ եւ հեծկլտացող միւս պամպուներուն ընդմէջէն զայն հեռացուց լեռներէն անդին տանելով։

Բայց եղէգը այս բոլորին ենթարկուեցաւ սիրով, մինչ կը մրմռար. «Իմ Տէրս, ուր որ կ՚ուզես հոն տար զիս»։ Ամայի տեղ մը երբ հասան, վարպետը կեցաւ եւ ձեռքը դարձեալ սուր շեղբով գործիք մը առնելով զայն խրեց եղէգին սրտին կեդրոնը, որով կ՚ուզէր Իր Կենարար Ջուրին համար ջրանցք մը բանալ, քանի որ միայն ծառին կոտրած սրտէն կրնար ջուրը անարգել հոսիլ դէպի ծարաւի գետինը։ Այսուհանդերձ եղէգը բնաւ չգանգատեցաւ, այլ կոտրած սրտով կրկին փսփսաց. «Իմ Տէրս քու կամքդ ըլլայ»։

Ուստի վարպետը սիրակէզ սրտով եւ գթառատ ողորմութեամբ շարունակեց ցաւատենչ եւ ցաւատանջ հարուածներով մաքրել եղէգին սիրտը, որ հիմա ծայրէ ծայր բաց էր, մինչեւ որ ամէն արգելք վերացաւ եւ վարպետին սիրտը գոհունակութեամբ լեցուեցաւ։

Ապա դարձեալ վերցուց տանջուած եղէգը եւ կամացուկ մը շալկեց զայն, եւ տարաւ աննշան տեղ մը՝ ուր Կենաց Ջուրի աղբիւր մը կը ցայտէր ակնվանիի պէս բիւրեղ։ Հոն անոր մէկ ծայրը զետեղեց բժշկարար ջուրերուն ճիշդ մէջտեղը եւ կենաց գետը սկսաւ հոսիլ ծառին սրտին մէկ կողմէն միւսը. այն ճամբէն որ բացուած էր անգութ վէրքերով։

Սեղմ հոսանք մը որ անձայն կը հոսէր եւ յարատեւ կը վազէր։ Եւ վարպետը ժպտեցաւ գոհունակութեամբ։

Տէրը նորէն գնաց պամպուներու անտառը ուրիշ ծառեր փնտռելու։ Ոմանք քաշուեցան եւ վախցան, սակայն ուրիշներ անսակարկ Տիրոջը յանձնուեցան ըսելով. «Կը վստահինք քեզի, մեր Տէրը։ Քու ուզածիդ պէս վարուէ մեզի հետ»։ Ուստի ան՝ մէկ առ մէկ նոյն ցաւատենչ ճամբով բերաւ եւ զետեղեց զանոնք ծայրը ծայրին եւ մինչ իւրաքանչիւր նոր եղէգ որպէս խողովակ շիտակ դիրքի մէջ դրուեցաւ, Կենաց Գետին թարմ եւ զուլալ ջուրը թափեց իր խոցուած սրտէն եւ գնացքը աւելի եւ աւելի երկարեցաւ մինչեւ հասաւ խանձուած գետինը՝ ուր յոգնած մարդիկ եւ կիներ նաեւ երեխաներ՝ որոնք շատոնց ծարաւած էին, եկան եւ խմեցին այս փրկարար եւ բուժարար ջուրէն եւ աճապարեցին «Բարի լուր»ը ուրիշներուն տանելու, տարածելու, ըսելով. «Վերջապէս Կենաց Ջուրը հասաւ մեզի եւ երկարատեւ սովը աւարտեցաւ։ Եկէք ու խմեցէք Կենսատու Աղբիւրէն»։

Եւ շատեր եկան խմեցին եւ կ՚ազդուրուեցան եւ վարպետը այս տեսնելով սրտանց հրճուեցաւ։

Քիչ վերջ Տէրը մօտեցաւ իր ծառին եւ սիրալիր ժպիտով հարցուց. «Իմ եղէգս, արդեօք կը զղջա՞ս կրած տառապանքներուդ։ Շատ սո՞ւղ էր գինը, որ վճարեցիր Կենաց Ջուրը աշխարհին հասցնելու»։

Եւ պամպուն պատասխանեց անկեղծութեամբ.

«Ո՛չ, իմ Տէրս, հազար անգամ ո՛չ։ Եթէ տասը հազար կեանք ունենայի կատարեալ յօժարութեամբ կ՚ուզէի քեզի տալ այն գիտակցութեամբ, որ գիտեմ, թէ օգնեցի, որպէսզի դուն ուրախ ըլլաս Կենաց Ջուրը մատչելի դարձնելու ծարաւի հոգիներու»։

Սիրելի՜ բարեկամներ, հարցը այն է, որ մենք ո՞ր մէկը պիտի ընտրենք, կամ ո՞ր մէկուն պիտի նմանինք. հաւատարիմ պամպուի՞ն, թէ միւսներուն։ Այդ ընտրութիւնը ահաւասիկ, պիտի որոշէ մեր հոգեւոր կեանքի ընթացքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 4, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023