ԼՈՒՌ ԿԵՆԱԼԸ ԱՐՈՒԵ՛ՍՏ ՄԸՆ Է

«Խօսիլը պահանջք մըն է, իսկ լռելը՝ արուե՛ստ»։ Այսպէս կ՚ըսէ Johann Wolfgang von Goethe (1749-1832)։

Արդարեւ, նախընտրելի է լռել, քան թէ անիմաստ եւ աննպատակ խօսիլ՝ դատարկախօսութեամբ զբաղեցնել մարդիկ։ Ուստի, անիմաստ խօսքը հոգեբաններ կ՚անուանեն. «salade de mots», այսինքն՝ «խօսքի աղցան»։

Լռել՝ համբերութիւն կ՚ենթադրէ, լուռ մնալ՝ համբերութիւն կը պահանջէ։

Կեանքէն վերցուած իմաստուն խօսքը լաւագոյն կերպով կը յայտնէ ճշմարտութիւնը, թէ՝ խօսիլը արծաթ է, իսկ լռելը՝ ոսկի՛։ Ուստի, լռութիւնը արժէ՛ք մը կը ներկայացնէ եւ այս իսկ պատճառով՝ լուռ կարենալ մնալ արուեստ մըն է։ Այս իմաստով՝ լռութեան մէջ կարելի է շա՜տ բան ըսել, քանի որ կարելի է շատ բան խօսիլ, բայց ոչինչ ըսել, եւ փոխադարձաբար՝ քիչ բան խօսիլ եւ շա՜տ բան ըսել։

Պէտք է նկատի ունենալ, որ մարդկային մարմինն ալ, թէ՛ կեցուածքով, թէ՛ շարժուձեւերով լեզու մը ունի, շատ բան կարելի է ըսել առանց խօսելու՝ միայն լռելով։ Զոր օրինակ, նայուածքով մը, ձեռքի պարզ շարժումով մը՝ լռելով կարելի է շատ բան ըսել, եւ այդ իսկ պատճառով՝ լուռ մնալը արուեստ մըն է։ Լռութեան մէջ երբեք սուտ չկա՛յ…

Արդարեւ, նայուածքը հրա՛շք մըն է. ըստ այնմ, մարդուս զգացումները եւ մտածումները, աւելի ուղիղ պիտի ըլլար, ըսել՝ հաւատքը եւ սէրը մարդուս երեւակայութեան առջեւ կը կանգնին դէմքը եւ հոգին, այսինքն՝ պատկերը եւ խորհուրդը բարոյականի մեծագոյն արժէքները։ Ուստի, եւ երբեմն նայուածքներ, կեցուածքներ եւ շարժումներ կան, որոնք հատու սուրի մը պէս կը կտրեն։ Մեծ մարդոց, անշուշտ, այդ բառին հոգեկան իմաստովը, նայուածքներն են անոնք՝ որոնց մէջ անդիմադրելիօրէն թափանցող «Ուժ» մը կայ։

Նայուածքներու, կեցուածքներու, շարժուձեւերու հրաշքներով լեցուն է պատմութիւնը, կեանքի փորձառութիւնները՝ որոնք շատ աւելի ազդո՛ւ եղած են քան խօսքը։ Անշուշտ, չենք անտեսեր խօսքին կարեւորութիւնը, բայց պէտք չէ՛ ուրանալ լռութեան կարեւորութիւնը եւ ազդեցութիւնը։

«Նայուածք»ը Սուրբ Գիրքին մէջ կը նշանակէ նաեւ «բարի աչքով քննել»՝ ճանչնալու եւ հասկնալու համար «ներքին մարդ»ը։ Ուստի, եւ սիրելու համար պէտք է նա՛խ նայիլ՝ ճանչնալ եւ հասկնալ։ Փոխադարձաբար՝ ատելէ առաջ մէկը՝ նախ պէտք է ճանչնալ, ինչ որ կը նշանակէ՝ կանխակալ եւ նախապաշարուած չըլլալ։ Եւ այս բոլորը կը յայտնուին լռութեան մէջ, եւ ո՛չ թէ խօսքերու, բարձրաձայն աղաղակներու մէջ։

Մարդ կը սիրէ բարեկամը, որովհետեւ սրտին սէրը միշտ լոյսի մէջ ցոյց կու տայ, եւ շատ անգամ ներողամտութեան եւ համբերութեան կամ լայնախոհութեան եւ բանականութեան լոյսին մէջ՝ որ ցոյց կու տայ առաքինութիւնը, թոյլ չի՛ տար որ ատելութեամբ լեցուին սիրտեր, նոյնիսկ «թշնամի»ներու նկատմամբ։ Ուրեմն, նայիլ սիրով, եւ միա՛յն սիրով, ինչ որ կարելի չէ յայտնել միայն խօսքով, այլ նաեւ եւ մանաւանդ խորհրդաւոր այն լռութեան մէջ՝ ուր կայ աստուածային անկեղծ սէր միայն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2024