ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Նեղութիւնը համբերութեան մա՛յրն է», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի։ Արդարեւ «համբերութիւն»ը կ՚ենթադրէ նեղութիւններու տոկալ, դիմանալ, հանդուրժել եւ զանոնք կրելու քաջութի՛ւն։ Ան կը նշանակէ նաեւ յարատեւութիւն։ Ուրեմն համբերութիւնը առաքինութիւն մըն է։ Այս մասին Յիսուս կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎ. ԺԶ 33)։ Յիսուս կ՚ըսէ այսպէս, որպէսզի Իրմով խաղաղութիւն ունենանք, եւ ուրեմն «համբերատար ըլլալ» կը նշանակէ Յիսուսի նմանիլ եւ Անոր հաւատարիմ ըլլալ։
Արդարեւ համբերութիւն եւ նեղութիւն համընթաց են. եթէ նեղութիւն գոյութիւն չունենայ՝ համբերութիւնը արժէք մը չի ներկայացներ, ուրեմն այս կերպով պէտք է հասկնալ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի «Նեղութիւնը համբերութեան մայրն է» խօսքը։
Եւ որքան կը համաձայնի Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի այն խօսքը նաեւ, որ կ՚ըսէ. «Չկա՛յ բարի որուն մէջ խառնուած չըլլայ չարը»։
Ուրեմն կ՚արժէ ուսումնասիրել՝ թէ ի՛նչ է նեղութիւնը եւ անոր հետեւող համբերութիւնը։
«Նեղութիւն»ը հոգեկան այն վիճակն է, որ մարդուն անհանգստութիւն եւ բարոյական չարչարանք կը պատճառէ։ Նեղութիւնը կարօտութիւն մըն է հանգստութեան, խաղաղութեան եւ երջանկութեան։ Եւ ուրեմն նեղութիւնը, ինչպէս ամէն հոգեկան անհանգստութիւն, կ՚ազդէ նաեւ մարմնին եւ որոշ չափով վնաս կը հասցնէ անոր։ Ուրեմն նեղութիւնը միայն բարոյական-հոգեկան վիճակ մը չէ, այլեւ նաեւ՝ մարմնական-ֆիզիքակա՛ն։ Այս իմաստով նեղութեան դեղթափն է զօրութիւնը, քաջութի՛ւնը։
Զօրութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններու, նեղութիւններու դիմադրելու, տոկալու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։ Զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, նեղութիւններու եւ նոյնիսկ մահուան վախին, համբերելու եւ ճակատելու նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն։ Ան մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր կեանքին, պաշտպանելու համար արդար դատ մը։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս Տէրն է» (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։
Զօրութեան կ՚ընկերանայ յոյսը։ Քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններուն հռչակումին մէջ։ Երանութիւնները կը բարձրացնեն մեր յոյսը դէպի Երկինք իբրեւ դէպի խոստացուած «Նոր Երկիր»ը։
Ուստի Քրիստոսի այլակերպութիւնը կամ պայծառակերպութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, թէ «հարկ է անցնիլ բազմաթիւ նեղութիւններէ, որպէսզի կարելի ըլլայ մտնել Աստուծոյ Արքայութեան մէջ» (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։ Այս մասին է, որ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Բայց այժմ՝ Ինք անձամբ մեզի կ՚ըսէ.- իջի՛ր երկրի վրայ վաստակելու, երկրի վրայ ծառայելու, արհամարհուելու, խաչուելու երկրի վրայ։ Կեանքը երկիր կ՚իջնէ որպէսզի սպաննուի, Հացը՝ որպէսզի քաղցը զգայ, Ճանապարհը՝ որպէսզի ճամբաներու յոգնութիւնը զգայ, Աղբիւրը՝ որպէսզի ծարաւի, եւ դուն տակաւին կը մերժե՞ս չարչարուիլ»։
Համբերութիւնը նախասկիզբն է Քրիստոսով այն նոր կեանքին, որ այլեւս հնարաւոր է, քանի որ մենք «ընդունած ենք ուժ մը, որ Սուրբ Հոգիին է» (ԳՈՐԾ. Ա 8)։ Հոգիին այս զօրութեամբ է որ Աստուծոյ որդիները պիտի կարենան պտղաբերել։ Ան որ մեզ պատուաստեց Ճշմարիտ Որթին վրայ, մեզ կարող պիտի դարձնէ բերելու «Հոգիին պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներուն վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ «Հոգին մեր կեանքն է», որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26), ա՛յնքան աւելի Սուրբ Հոգիով կ՚ընթանանք։ Ուստի Սուրբ Հոգիին «պտուղներ»ը կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը տասներկու «պտուղ» կը թուէ. սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, երկայնամտութիւն, բարեսրտութիւն, հեզութիւն, քաղցրութիւն, հաւատարմութիւն, համեստութիւն, ժուժկալութիւն, ողջախոհութիւն (ԳԱՂ. Ե 22-23)։
Մարդկային առաքինութիւն մըն է համբերատարութիւնը՝ որ հաստատ տրամադրութիւնն է իմացականութեան եւ զօրաւոր կամքին։ Ան կը կանոնաւորէ մարդուս արարքները, կը դասաւորէ կիրքերը եւ կ՚առաջնորդէ մարդկային ընդհանուր ընթացքը ըստ բանականութեան, չափաւորութեան եւ հաւա՛տքին։
Համբերատարութիւնը կրնայ խմբուիլ բարոյական չորս առաքինութիւններու շուրջ. խոհեմութիւն, արդարութիւն, զօրութիւն եւ ժուժկալութիւն։ Համբերատարութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ մանաւանդ յարատեւութիւնը, հաստատամտութիւնը՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր տրամադրութի՛ւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 22, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024